Եհովայէ սորված՝ մինչեւ մեր օրերը
«Եհովան ինծի իմաստուններու [սորվածներու (ՆԱ)] լեզու տուաւ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 50։4
1, 2. (ա) Եհովա իր նախասիրած աշակերտը ի՞նչ բանի համար պատրաստեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Յիսուս իր ուսուցումներուն Աղբիւրը ինչպէ՞ս ընդունեց։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ Հայր մը ըլլալէ ի վեր, Ուսուցիչ ալ եղած է։ Իր զաւակներէն ոմանք ըմբոստանալէ ժամանակ մը ետք, ան իր նախասիրած աշակերտը, իր Անդրանիկը, պատրաստեց երկրի վրայ ծառայութեան մը համար։ (Առակաց 8։30) Եսայեայ 50–րդ գլուխը մարգարէաբար կը ներկայացնէ այս աշակերտը, ըսելով. «Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու [սորվածներու (ՆԱ)] լեզու տուաւ, որպէսզի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին»։ (Եսայեայ 50։4) Երբ երկրի վրայ էր, իր Հօրը ուսուցումը կիրարկելուն որպէս արդիւնք, Յիսուս հանգըստութեան աղբիւր մը եղաւ բոլոր «յոգնած ու բեռնաւորուած»ներուն։—Մատթէոս 11։28–30
2 Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ ըրաւ առաջին դարու ընթացքին։ Ան կոյրերուն աչքերը բացաւ եւ նոյնիսկ մեռելները յարուցանեց։ Սակայն ան իր ժամանակակիցներուն կողմէ գլխաւորաբար ճանչցուած էր որպէս վարդապետ (ուսուցիչ)։ Իր հետեւորդները, ինչպէս նաեւ իր հակառակորդները զինք այդպէս կը կոչէին։ (Մատթէոս 8։19. 9։11. 12։38. 19։16. Յովհաննու 3։2) Յիսուս իր սորվեցուցած բաներուն վարկը բնաւ իր անձին չէր վերագրեր, այլ՝ խոնարհաբար կ’ընդունէր. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է»։ «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։—Յովհաննու 7։16. 8։28. 12։49
Ուսուցիչ–Աշակերտի Իտէալ Յարաբերութիւն
3. Եսայիի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ այն հետաքրքրութիւնը զոր Եհովա կը ցուցաբերէ անոնց հանդէպ, որոնց ան կը սորվեցնէ։
3 Գերազանց ուսուցիչ մը իր աշակերտներուն հանդէպ անձնական, խղճամիտ եւ սիրալիր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։ Եսայեայ 50–րդ գլուխը կը յայտնէ որ Եհովա Աստուած այդպիսի հետաքրքրութիւն ունի անոնց հանդէպ, որոնց ան կը սորվեցնէ։ «Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ», կը նշէ մարգարէութիւնը, «անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէսզի աշակերտներու պէս լսեմ»։ (Եսայեայ 50։4) Հոս գործածուած ոճը կը թելադրէ ուսուցիչ մը որ իր աշակերտները առտու կանուխ կ’արթնցնէ անոնց սորվեցնելու համար։ Այս մարգարէութեան կիրարկման մասին մեկնաբանելով, Աստուածաշունչի ուսումնական մը դիտել տուաւ. «Միտքը այն է թէ Փրկիչը պիտի ըլլար ... մէկը որ, այլաբանօրէն խօսելով, Աստուծոյ դպրոցը յաճախած էր եւ որ ուրիշները ուսուցանելու որակելի պիտի ըլլար։ ... Մեսիան, Աստուածային ուսուցումով, մարդկութեան ուսուցիչը ըլլալու գերազանցօրէն որակելի պիտի ըլլար»։
4. Յիսուս իր Հօրը ուսուցումին ինչպէ՞ս ընդառաջեց։
4 Սովորաբար աշակերտները իրենց ուսուցիչին ուսուցումը կ’ընկալեն։ Յիսուս իր Հօրը ուսուցումին ինչպէ՞ս ընդառաջեց։ Իր ընդառաջումը Եսայեայ 50։5–ին մէջ մեր կարդացածին հետ ներդաշնակ էր. «Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ»։ Այո, Յիսուս սորվելու տենչ ունէր։ Ան, ինչպէս կ’ըսուի, ականջները չորս բացած ունկնդիր մըն էր։ Ասկէ զատ, ան կը կամէր ընել ինչ որ իր Հայրը կը խնդրէր իրմէ։ Ան անհնազանդ չէր. ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։—Ղուկաս 22։42
5. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յիսուս կանխաւ գիտէր այն փորձութիւնները որոնց պիտի ենթարկուէր երկրի վրայ։ (բ) Եսայեայ 50։6–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
5 Մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ Որդին Աստուծոյ կամքը ընելուն հաւանական հետեւանքներէն քաջածանօթ էր։ Ասիկա յայտնի է սորվածին խօսքերէն. «Իմ կռնակս զարնողներուն եւ այտերս փետտողներուն տուի. իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի»։ (Եսայեայ 50։6) Ինչպէս մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ, Յիսուս բիրտ վերաբերմունք ստացաւ, երբ երկրի վրայ էր։ «Անոր երեսը թքնեցին», գրեց Մատթէոս առաքեալ։ ‘Ոմանք ալ ապտակ զարկին’։ (Մատթէոս 26։67) Ասիկա տեղի ունեցաւ կրօնական առաջնորդներու ձեռքով, Հ.Դ. 33–ի Պասեքի գիշերը։ Հետեւեալ օրը, Յիսուս զարնողներուն տուաւ իր կռնակը, երբ Հռովմէացի զինուորներ անողորմօրէն ծեծեցին զինք, մեռնելու համար ցիցի մը վրայ զինք կախելէ առաջ։—Յովհաննու 19։1–3, 16–23
6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Յիսուս իր Ուսուցիչին հանդէպ վստահութիւնը բնաւ չկորսնցուց, եւ իր վստահութիւնը ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ։
6 Որդին, որ կանխաւ լաւ ուսուցանուած էր, իր Ուսուցիչին հանդէպ վստահութիւնը բնաւ չկորսնցուց։ Ասիկա յայտնի է, ըստ մարգարէութեան, իր յաջորդ խօսքերէն. «Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ, անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ»։ (Եսայեայ 50։7) Իր Ուսուցիչին օգնութեան վրայ Յիսուսի վստահութիւնը առատապէս վարձատրուեցաւ։ Իր Հայրը բարձրացուց զինք, Իր միւս բոլոր ծառաներուն դիրքէն գերիվեր եղող դիրք մը շնորհելով իրեն։ (Փիլիպպեցիս 2։5–11) Հոյակապ օրհնութիւններ վերապահուած են մեզի ալ, եթէ Եհովայի ուսուցումին հնազանդութեամբ կառչինք եւ եթէ ‘ետ չդառնանք’։ Տեսնենք թէ այդ ուսուցումը ի՛նչպէս մատչելի եղած է մինչեւ մեր օրերը։
Ուսուցումի Ընդլայնուած Յայտագիր մը
7. Եհովա իր ուսուցումը երկրին վրայ ինչպէ՞ս մատակարարած է։
7 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Եհովա իր երկրային Ներկայացուցիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ գործածեց առաջին դարուն ընթացքին աստուածային ուսուցումը փոխանցելու համար։ (Յովհաննու 16։27, 28) Յիսուս անդադար Աստուծոյ Խօսքին կը մատնանշէր որպէս իր ուսուցումին հեղինակութիւնը, իր սորվեցուցած անհատներուն օրինակ հանդիսանալով։ (Մատթէոս 4։4, 7, 10. 21։13. 26։24, 31) Անկէ ետք, Եհովա իր ուսուցումը երկրի վրայ մատակարարեց իրմէ սորվածներուն ծառայութեան միջոցաւ։ Յիշենք որ Յիսուս անոնց պատուէր տուած էր. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, ... սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Երբ անհատներ աշակերտուեցան, անոնք ‘Աստուծոյ տանը, ... կենդանի Աստուծոյ ժողովքին’ մաս կազմեցին։ (Ա. Տիմոթէոս 3։15) Անոնք նաեւ անհատական ժողովքներ կազմեցին, ուր Եհովայէ կը սորվէին։ (Գործք 14։22. 15։41. 16։5. Ա. Կորնթացիս 11։16) Աստուածային ուսուցումը այդ կերպով շարունակուա՞ծ է մինչեւ մեր օրերը։
8. Յիսուս ցոյց տուաւ որ վերջը գալէն առաջ, երկրի վրայ քարոզելու գործունէութիւնը ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդուէր։
8 Արդարեւ, շարունակուած է։ Իր մահուընէ երեք օր առաջ, Յիսուս գուշակեց որ իրերու այս դրութեան վերջէն առաջ, քարոզելու մեծ գործունէութիւն մը պիտի կատարուէր։ «Արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու», ըսաւ ան, «անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Յիսուս շարունակեց նկարագրել այն միջոցը որով երկրածաւալ քարոզչութեան եւ ուսուցումի այս յայտագիրը պիտի առաջնորդուէր։ Ան ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ’ի մը մասին խօսեցաւ, որ պիտի ծառայէր որպէս խողովակ, կամ գործիք, Իր ծառաներուն հոգեւոր կերակուր տալու համար։ (Մատթէոս 24։14, 45–47) Եհովա Աստուած այս «ծառան» գործածած է ամբողջ երկրին վրայ Թագաւորութեան շահերուն վրայ հսկելու համար։
9. Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան որոնցմէ՞ կը բաղկանայ։
9 Այսօր, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան Թագաւորութեան ժառանգորդներու մնացորդէն բաղկացած է։ Այս ժառանգորդները օծեալ Քրիստոնեաներ են, 144,000–ին մնացորդը երկրի վրայ. անոնք «Քրիստոսինն» են եւ ‘Աբրահամի սերունդ’ին մաս կը կազմեն։ (Գաղատացիս 3։16, 29. Յայտնութիւն 14։1–3) Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան բնորոշել։ Յատկապէս այն գործունէութիւնով զոր ան կը կատարէ եւ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ սերտօրէն իր կառչումով։
10. Ծառայ դասակարգը ի՞նչ գործիքներ կը գործածէ Եհովայի ուսուցումները հայթայթելու համար։
10 Ներկայիս, Եհովա այս «ծառան» կը գործածէ որպէս իր միջոցը մարդոց սորվեցնելու համար։ 1931–ին, ծառայ դասակարգի անդամները Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ Անկէ ի վեր, միլիոնաւորներ անոնց ընկերակցած են, այդ անունը ընդունած են եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար միացած են։ Այս պարբերաթերթը՝ Դիտարան կը Ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը՝ գլխաւոր գործիքն է զոր «ծառան» կը գործածէ սորվեցնելու գործունէութեան մէջ։ Սակայն, ուրիշ գրականութիւններ ալ կը գործածուին, ինչպէս գիրքեր, գրքոյկներ, թերթիկներ եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթը։
11. «Ծառան» ի՞նչ դպրոցներ կը կազմակերպէ, եւ այս դպրոցներուն իւրաքանչիւրը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։
11 Ասկէ զատ, «ծառան» զանազան դպրոցներ կը կազմակերպէ։ Անոնց մաս կը կազմեն Դիտարանի, Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը՝ հնգամսեայ դասընթացք մը՝ որ երիտասարդ ծառաներ կը պատրաստէ օտար երկիրներու մէջ միսիոնարական ծառայութեան համար, իսկ երկամսեայ դասընթացքով Ծառայութեան Մարզումի Դպրոցը որ ամուրի երէցներ եւ օգնական ծառաներ կը մարզէ աստուածպետական մասնաւոր նշանակումներու համար։ Կայ նաեւ Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցը որով Քրիստոնեայ երէցներ եւ օգնական ծառաներ պարբերաբար ուսուցում կը ստանան իրենց ժողովքային պատասխանատուութիւններուն համար, իսկ Ռահվիրաներու Համար Ծառայութեան Դպրոցը որ լիաժամ աւետարանիչները կը զինէ, որպէսզի իրենց քարոզելու գործունէութեան մէջ աւելի ազդու ըլլան։
12. Ուսուցումի յայտագրին շաբաթական մէկ երեսակը ի՞նչ է։
12 Համայն աշխարհին Եհովայի ժողովուրդին աւելի քան 75,500 ժողովքներուն մէջ տեղի ունեցող շաբաթական հինգ ժողովները ուսուցումի յայտագրին ուրիշ մէկ երեսակն են։ Այս ժողովներէն կարելի եղած չափով լիովին օգուտ կը քաղէ՞ք։ Հոն տրուած ուսուցումին ուշադրութիւն ընծայելով, ցոյց կու տա՞ք որ իրապէս կը հաւատաք թէ, այլաբանօրէն խօսելով, Աստուծոյ դպրոցը կը յաճախէք։ Ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնները ուրիշներու կ’ապացուցանե՞ն որ դուք «իմաստուններու [սորվածներու (ՆԱ)] լեզու»ն ունիք։—Եսայեայ 50։4. Ա. Տիմոթէոս 4։15, 16
Սորված՝ Ժողովքին Ժողովներուն Ընթացքին
13. (ա) Եհովա իր ժողովուրդին ո՞ր կարեւոր միջոցով կը սորվեցնէ այսօր։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ Դիտարանը կը գնահատենք։
13 Եհովա մասնաւորաբար իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ Աստուածաշունչի շաբաթական ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ, Դիտարանը գործածելով որպէս ուսուցումին օժանդակող մը։ Այս ժողովը կը նկատէ՞ք որպէս Եհովայէ սորվելու առիթ մը։ Թէեւ Եսայեայ 50։4–ը գլխաւորաբար Յիսուսին կը կիրարկուի, սակայն անիկա կրնայ նաեւ կիրարկուիլ բոլոր անոնց որոնք Աստուծոյ կարգադրութիւններէն օգուտ կը քաղեն «իմաստուններու [սորվածներու (ՆԱ)] լեզու»ն ստանալու համար։ Կերպերէն մէկը որով կրնաք ցոյց տալ թէ Դիտարանը շատ կ’արժեւորէք իւրաքանչիւր թիւ ստանալէ ետք շուտով կարդալն է։ Ապա, երբ Դիտարանը ուսումնասիրէք ժողովքին մէջ, կրնաք Եհովայի հանդէպ ձեր գնահատութիւնը ցոյց տալ ներկայ գտնուելով եւ ձեր յոյսը հանրապէս դաւանելու պատրաստուած ըլլալով։—Եբրայեցիս 10։23
14. (ա) ժողովներուն ընթացքին պատասխան տալը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր առանձնաշնորհում մըն է։ (բ) Զաւակներուն կողմէ տրուած ի՞նչպիսի պատասխաններ շատ քաջալերական են։
14 Կը գիտակցի՞ք որ ժողովներուն ընթացքին ձեր պատասխաններով կրնաք Եհովայի ուսուցումին հոյակապ յայտագրին մէջ բաժին մը բերել։ Կասկած չկայ այդ մասին։ Ժողովներուն ընթացքին պատասխան տալը կարեւոր կերպ մըն է իրարու «սիրոյ եւ բարեգործութեան» մղելու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Երախաներն ալ կրնա՞ն բաժին մը բերել ուսուցումի այս յայտագրին մէջ։ Անշուշտ։ Անոնց անկեղծ պատասխանները յաճախ քաջալերական են չափահասներուն համար։ Երբեմն, մեր ժողովներուն մէջ նորեկներ զաւակներուն պատասխաններէն կը մղուին եւ աւելի լրջօրէն կը հետաքրքրուին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնով։ Կարգ մը երախաներ սովորութիւն կ’ընեն իրենց պատասխանները ուղղակիօրէն պարբերութենէն կարդալ կամ կը կըրկնեն ինչ որ չափահաս մը իրենց ականջին կը փսփսայ։ Սակայն, շատ քաջալերական է, երբ անոնց պատասխանները լաւ պատրաստուած ըլլան։ Այսպիսի պատասխաններ իրապէս պատիւ կը բերեն մեր Մեծ Ուսուցիչին եւ ուսուցումի իր վսեմ յայտագրին։—Եսայեայ 30։20, 21, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն։
15. Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու համար, որ աւելի ազդու կերպով պատասխանեն։
15 Ուրախութիւն է տեսնել զաւակներ որոնք կը փափաքին մեր Աստուածը փառաբանելուն մասնակցիլ։ Յիսուս պատանիներու ըրած փառաբանական արտայայտութիւնները կը գնահատէր։ (Մատթէոս 21։15, 16) Քրիստոնեայ երէց մը դիտել կու տայ. «Երբ պատանի էի, կ’ուզէի Դիտարանի Ուսումնասիրութեան ընթացքին պատասխաններ տալ։ Պատասխան մը պատրաստելու համար ինծի օգնելէ ետք, հայրս կը պահանջէր ինծմէ որ պատասխանը առնուազն եօթը անգամ կրկնէի»։ Աստուածաշունչի ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին թերեւս, ո՛վ ծնողներ, կրնաք ձեր զաւակներուն օգնել, որ Դիտարանին մէջ ընտրուած պարբերութիւններու վրայ իրենց բառերով իսկ պատասխաններ պատրաստեն։ Օգնեցէք անոնց որ Եհովայի ուսուցումի յայտագրին մասնակցելու իրենց մեծ առանձնաշնորհումը գնահատեն։
16. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին օգուտը ի՞նչ եղած է, եւ որո՞նք կրնան այդ դպրոցը արձանագրուիլ։
16 Քրիստոնէական միւս ժողովներուն ընթացքին մատակարարուած ուսուցումին ալ լուրջ նկատառութիւն պէտք է տրուի թէ՛ անոնց կողմէ, որոնք զայն ներկայացնելու առանձնաշնորհումը ունին եւ թէ անոնց կողմէ, որոնք ներկայացուած ուսուցումը կ’ունկնդրեն։ Հիմա աւելի քան 50 տարիներէ ի վեր, Եհովա շաբաթական Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը կը գործածէ միլիոնաւոր այրեր ու կիներ մարզելու համար, որ Թագաւորութեան պատգամը աւելի ազդու կերպով ներկայացնեն։ Անոնք որոնք գործունեայ կերպով կ’ընկերակցին ժողովքին, կրնան այս դպրոցը արձանագրուիլ, ի ներառեալ այն անհատները որոնք վերջերս սկսած են ժողովներու ներկայ գտնուիլ, այնքան ատեն որ անոնք Քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ կեանք մը կը վարեն։
17. (ա) Հանրային Ժողովը յատկապէս ի՞նչ նպատակի համար հաստատուած է։ (բ) Հանրային դասախօսները ի՞նչ հարցեր ի մտի պէտք է ունենան։
17 Հանրային Ժողովը երկար ժամանակէ ի վեր ուսուցումի յայտագրին մաս կազմող ուրիշ երեսակ մըն է։ Ինչպէս անոր անունը կը նշէ, այս ժողովը հաստատուած է յատկապէս Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները Վկայ չեղողներուն ծանօթացնելու համար։ Հետեւաբար, դասախօսը նիւթը այնպիսի կերպով մը պէտք է ներկայացնէ որ անիկա պատգամը առաջին անգամ լսողներուն հասկնալի ըլլայ։ Ասիկա կը նշանակէ «ուրիշ ոչխարներ», «եղբայրներ» եւ «մնացորդ» արտայայտութիւնները բացատրել, զորս Վկայ չեղողները թերեւս չհասկնան։ Քանի որ Հանրային Ժողովին ներկայ եղողները կրնան Սուրբ Գրութիւններուն բոլորովին հակառակ հաւատալիքներ կամ ապրելակերպեր ունենալ, որոնք ներկայ ընկերութեան մէջ ընդունելի են, դասախօսը միշտ փափկանկատ պէտք է ըլլայ եւ բնաւ ծաղրանքով չարտայայտուի այսպիսի հաւատալիքներու կամ ապրելակերպերու մասին։—Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 9։19–23։
18. Ժողովքին միւս շաբաթական ժողովները ի՞նչ են, եւ անոնք ի՞նչ նպատակներու կը ծառայեն։
18 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը շաբաթական ժողով մըն է, որու ընթացքին հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային առաջնորդութեան ներքեւ պատրաստուած գրականութիւններ կ’ուսումնասիրուին Աստուածաշունչին հետ մէկտեղ։ Յայտնութիւն. Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է խորագրով գիրքը այժմ շատ մը երկիրներու մէջ կ’ուսումնասիրուի։ Իսկ Ծառայութեան Ժողովը ծրագրուած է Եհովայի ծառաները զինելու համար, որպէսզի Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու մէջ լման բաժին մը բերեն։—Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 13։10
Սորված՝ Աւելի Մեծ Ժողովներուն Ընթացքին
19. Ամէն տարի «ծառան» ի՞նչ մեծ հաւաքումներ կը կարգադրէ։
19 Աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր, ‘հաւատարիմ ծառան’ համաժողովներ կը կարգադրէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն ուսուցում եւ մասնայատուկ քաջալերութիւն տալու համար։ Ներկայիս, ամէն տարի այսպիսի երեք մեծ հաւաքումներ տեղի կ’ունենան։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովը, որու ներկայ կ’ըլլան որոշ թիւով ժողովքներ որոնք շրջան մը կը կազմեն։ Տարուան ընթացքին, իւրաքանչիւր շրջան երկու օրուան հաւաքում մըն ալ կ’ունենայ, կոչուած՝ շրջանային համաժողով։ Ասկէ զատ, հաւաքում մը կայ, կոչուած՝ նահանգային համաժողով, որու ներկայ կ’ըլլան բազմաթիւ շրջաններ։ Որոշ տարիներ, միջազգային համաժողովներ կը կազմակերպուին։ Այս մեծ հաւաքումները, ուր շատ մը երկիրներէ Վկաներ կը հրաւիրուին, Եհովայի ժողովուրդին հաւատքը իսկապէս կ’ամրապնդեն։—Բաղդատել Բ. Օրինաց 16։16։
20. Եհովայի Վկաներու մեծ հաւաքումներուն ընթացքին ի՞նչ բանի վրայ կանոնաւորաբար շեշտ կը դրուի։
20 1922–ին, երբ շուրջ 10,000 պատուիրակները Ա.Մ.Ն.–ու Օհայոյի Սիտըր Փոյնթ քաղաքին մէջ կազմակերպուած համաժողովի մը ներկայ էին, դասախօսին սա քաջալերութենէն ոգեւորուեցան. «Ասիկա օրերուն օրն է։ Ահաւասիկ, Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք իր մունետիկներն էք։ Ուստի, ծանուցանեցէք, ծանուցանեցէք, ծանուցանեցէք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը»։ Այսպիսի մեծ համաժողովներ կանոնաւորաբար շեշտ կը դնեն քարոզելու գործունէութեան վրայ։ Օրինակի համար, 1953–ին, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովին ընթացքին, բոլոր ժողովքներուն մէջ տունէ–տուն քարոզելու մարզումի յայտագիր մը հաստատելու մասին ծանուցում մը եղաւ։ Անոր կատարումը շատ մը երկիրներու մէջ շատ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ Թագաւորութեան քարոզչութեան վրայ։
Աստուծմէ Սորված՝ Սորվեցնելու Համար
21. Ի՞նչ առանձնաշնորհում կ’ուզենք ընդունիլ, առանց անոր նպատակը մոռնալու։
21 Վստահաբար Եհովա ներկայիս ուսուցումի սքանչելի յայտագիր մը ունի երկրին վրայ։ Անկէ բոլոր օգտուողները կրնան Աստուծմէ սորված ըլլալ, այո, կրնան անոնց մէջ գտնուիլ, որոնց «իմաստուններու [սորվածներու (ՆԱ)] լեզու»ն տրուած է։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում մըն է, այլաբանօրէն խօսելով, Աստուծոյ դպրոցը յաճախել։ Սակայն, երբ այս առանձնաշնորհումը կ’ընդունինք, անոր նպատակը պէտք չէ մոռնանք։ Եհովա Յիսուսին սորվեցուցած է, որպէսզի ան ուրիշներուն սորվեցնէր, իսկ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուցած է, որպէսզի անոնք նոյն գործը ընէին զոր ինք ըրաւ, բայց աւելի մեծ տարողութեամբ։ Նոյնպէս, մենք Եհովայի ուսուցումին հոյակապ յայտագրով կը մարզուինք ուրիշներուն սորվեցնելու նպատակով։—Յովհաննու 6։45. 14։12. Բ. Կորնթացիս 5։20, 21. 6։1. Բ. Տիմոթէոս 2։2
22. (ա) Մովսէս եւ Երեմիա ի՞նչ խնդիր ունէին, բայց անիկա ինչպէ՞ս լուծուեցաւ։ (բ) Ի՞նչ հաւաստիք կրնանք ունենալ թէ Աստուած պիտի հսկէ որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը կատարուի։
22 Դուք ալ Մովսէսին նման կ’ըսէ՞ք. «Ես ճարտարախօս չեմ», կամ ՝ Երեմիային նման. «Ես խօսիլ չեմ գիտեր»։ Եհովա պիտի օգնէ ձեզի, ինչպէս օգնեց անոնց։ «Ես քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ», ըսաւ ան Մովսէսին։ Իսկ ան Երեմիային ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ... ես քեզի հետ եմ»։ (Ելից 4։10–12. Երեմեայ 1։6–8) Երբ կրօնական առաջնորդներ ուզեցին իր աշակերտները լռեցնել, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։ (Ղուկաս 19։40) Սակայն հարկ չեղաւ որ քարերը աղաղակէին այն ատեն եւ հիմա ալ հարկ չկայ, քանի որ Եհովա իր Թագաւորութեան պատգամը հաղորդելու համար իրմէ սորվածներուն լեզուն կը գործածէ։
Կրնա՞ք Պատասխանել
◻ Եսայեայ 50–րդ գլուխին մէջ, Ուսուցիչ–աշակերտի ի՞նչ իտէալ յարաբերութիւն ցցուն է։
◻ Եհովա ինչպէ՞ս ուսուցումի ընդարձակ յայտագիր մը մատակարարած է։
◻ Եհովայի ուսուցումի յայտագրին կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։
◻ Եհովայի ուսուցումի յայտագրին մասնակցիլը ինչո՞ւ մեծ առանձնաշնորհում մըն է։
[Նկար՝ էջ 15]
Զաւակներու անկեղծ պատասխանները յաճախ քաջալերական են չափահասներուն համար