Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/02 էջ 1
  • «Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Բոլոր ազգերուն վկայութիւն»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Մարդիկը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Բոլոր երկրին ողորմած Դատաւորին վստահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ղովտի կինը ետ կը նայի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 1/02 էջ 1

«Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն»

1 Յիսուս վճռականօրէն ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մար. 13։10) Հակառակ մեր ժրաջան ջանքերուն, տակաւին հարիւր միլիոնաւոր անհատներ անհատապէս վկայութիւն չեն ստացած։ Կարգ մը կառավարութիւններ մեր գործին վրայ արգելք կը դնեն։ Բազմաթիւ երկիրներ շատ բնակչութիւն ունին, որ կը շարունակէ արագօրէն աճիլ։ Ուստի, անոնք «ի՞նչպէս պիտի լսեն»։—Հռովմ. 10։14

2 Եհովայի Վրայ Վստահութիւն Ունեցէք. Պէտք է յիշենք թէ Եհովա գիտէ բոլոր մարդոց սրտին վիճակը։ Անհատի մը կացութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, եթէ անկեղծօրէն Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, զայն պիտի գտնէ։—Ա. Մնաց. 28։9

3 Աբրահամ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն նկատմամբ մտահոգ էր։ Սակայն Աստուած զինք վստահեցուց թէ Սոդոմ պիտի չկործանուէր նոյնիսկ եթէ միայն տասը արդար անձեր գտնուէին անոր մէջ։ (Ծննդ. 18։20, 23, 25, 32) Եհովա երբեք արդարը ամբարշտին հետ չի կործաներ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ Ղովտի ու իր աղջիկներուն ազատագրութեամբ։—Բ. Պետ. 2։6-9

4 Անգամ մը Եղիան խորհեցաւ թէ ճշմարիտ Աստուածը պաշտելու մէջ բոլորովին առանձին էր։ Սակայն, Եհովա զինք վստահեցուց որ ինք բնաւ առանձին չէր եւ իր սկսած գործը պիտի ամբողջացնէր։ (Գ. Թագ. 19։14-18) Ի՞նչ է պարագան մեր օրերուն։

5 Աստուծոյ Ծառայութեան Մէջ Զբաղած Մնացէք. Վկայութեան գործը տակաւին ո՛ր տարողութեամբ պէտք է կատարուի, չենք գիտեր։ Եհովան է այս գործին պատասխանատուն, եւ իր հրեշտակները կը գործածէ անոր վերահսկելու համար։ (Յայտ. 14։6, 7) Ինքն է որ կ’որոշէ թէ ո՛ր տարողութեամբ վկայութիւն պէտք է տրուի բոլոր ազգերուն։ Եթէ ուզէ, Եհովան կրնայ Թագաւորութեան պատգամը տարածել այնպիսի կերպերով, որ տակաւին չենք կրնար երեւակայել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով անհատներ կարենան ‘աւետարանին խօսքը լսել ու հաւատալ’։ (Գործք 15։7) Ինչ որ Եհովան պիտի ընէ, սիրալիր, իմաստուն ու արդար Աստուած մը ըլլալուն հետ լիովին ներդաշնակ պիտի ըլլայ։

6 Մեր առանձնաշնորհումն է Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակ գործել, մեր լաւագոյնը ընելով որ ամէն մարդ բարի լուրը լսէ։—Ա. Կորն. 9։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել