Անոնք Եհովայի կամքը կատարեցին
Յիսուս 70 աշակերտներ կը ղրկէ
Հ.Դ. 32–ի աշունն էր։ Միայն վեց ամիս մնացած էր Յիսուսի մահուան։ Քարոզչութեան գործը արագացնելու եւ իր աշակերտներէն ոմանց յաւելեալ մարզում հայթայթելու համար, ան 70 աշակերտներ որոշեց եւ «զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար»։—Ղուկաս 10։1a
Յիսուս իր աշակերտները «իր առջեւէն» ղրկեց, որպէսզի մարդիկ կարենային Մեսիային նկատմամբ իրենց դիրքը աւելի արագօրէն որոշել, երբ հետագային Յիսուս անձամբ անոնց երթար։ Բայց ան ինչո՞ւ զանոնք «երկու երկու» ղրկեց։ Ակներեւաբար, որպէսզի զիրար քաջալերէին երբ հակառակութեան հանդիպին։
Իրենց քարոզչութեան ստիպողականութիւնը շեշտելու համար, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Ղուկաս 10։2) Հունձքի հետ այս բաղդատութիւնը պատշաճ էր, որովհետեւ հունձքի ժամանակ որեւէ ուշացում, կրնար արժէքաւոր բերքերու փճացման պատճառ ըլլալ։ Նմանապէս, եթէ աշակերտները իրենց քարոզչութեան նշանակումը զանց ընէին, թանկագին կեանքեր կրնային կորսուիլ։—Եզեկիէլ 33։6
Ուրիշ Բաներով Ժամավաճառ Չեղող Քարոզիչներ
Յիսուս իր աշակերտներուն յաւելեալ հրահանգներ տուաւ. «Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք»։ (Ղուկաս 10։4) Սովորութիւն էր որ ճամբորդ մը ոչ միայն պարկ մը եւ ուտելիք շալկէր, այլ նաեւ՝ աւելորդ զոյգ մը տրեխ, քանի որ անոր ներբանները կրնային մաշիլ, իսկ կապերը փրթիլ։ Սակայն, Յիսուսի աշակերտները այսպիսի բաներով պէտք չէր մտահոգուէին։ Այլ, պէտք էր վստահէին որ Եհովա իրենց հոգ պիտի տանէր Իսրայելացի ազգակիցներու միջոցաւ, որոնց համար հիւրասիրութիւնը սովորութիւն մըն էր։
Սակայն, ինչո՞ւ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ մարդու բարեւ չտային։ Անոնք անտարբեր կամ նոյնիսկ կոշտ պէտք էր ըլլայի՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Յունարէն է·սբազօ·մէ բառը, որ կը նշանակէ ողջագուրուելով բարեւել, առ ի քաղաքավարութիւն «բարեւ» կամ՝ «մնաք բարով» ըսելէն աւելին կրնայ նշանակել։ Անիկա կրնայ նաեւ պարփակել համբուրելու սովորութիւն, ողջագուրումներ, որոնց կը յաջորդէ երկար խօսակցութիւն մը, երկու ծանօթներու միջեւ։ Մեկնաբան մը դիտել կու տայ. «Արեւելքցիներու բարեւները մերիններուն չեն նմանիր, այսինքն՝ թեթեւ խոնարհութիւն մը ընել կամ ձեռքը երկարել. անոնք կը կատարուէին շատ մը ողջագուրումներով, խոնարհութիւններով եւ նոյնիսկ երկրպագութիւններով։ Այս բոլորը ժամանակ կը պահանջէր»։ (Դ. Թագաւորաց 4։29) Այս կերպով, Յիսուս իր հետեւորդներուն օգնեց որ անհրաժեշտ չեղող, բայց սովորութիւն դարձած բաներով ժամավաճառ չըլլան։
Ի վերջոյ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ երբ տուն մը մտնէին եւ հոն ընդունելութիւն գտնէին, պէտք էր ‘այն տանը մէջ մնային ու անոնց քով ուտէին ու խմէին’։ Բայց եթէ քաղաք մը մտնէին, ուր լաւ ընդունելութիւն չգտնէին, պէտք էր «անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէ[ին]. ‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք’»։ (Ղուկաս 10։7, 10, 11) Ոտքերուն փակած փոշին սրբելը կամ թօթուելը կը նշանակէր թէ աշակերտները խաղաղութեամբ ցոյց կու տային թէ իրենց չընդունող տունը կամ քաղաքը, ի վերջոյ Աստուծմէ գալիք հետեւանքներուն ձգուած էր։ Իսկ, Յիսուսի աշակերտները սիրով ընդունողները, օրհնութիւններու պիտի արժանանային։ Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։ Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։—Մատթէոս 10։40, 42
Առնուելիք Դասեր
Ներկայիս համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան հինգ միլիոն Եհովայի Վկաներ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու յանձնարարութիւնը կը կատարեն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Անոնք կը գիտակցին թէ իրենց պատգամը անյետաձգելի է։ Հետեւաբար, իրենց ժամանակէն լաւագոյնս կ’օգտուին, խուսափելով զբաղումներէ, որոնք արգելք կրնան հանդիսանալ իրենց կարեւոր նշանակումին լման ուշադրութիւն ընծայելու։
Եհովայի Վկաները կը ջանան իրենց հանդիպած բոլոր անհատներուն հետ սիրալիր ըլլալ։ Այսուհանդերձ, անոնք պարապաբանութիւններէ կը խուսափին, եւ ընկերային հարցերու կամ անիրաւութիւնները սրբագրելու այս աշխարհի ձախող փորձերուն շուրջ չեն վիճաբանիր։ (Յովհաննու 17։16) Այլ, իրենց խօսակցութիւնները կը կեդրոնացնեն մարդկութեան խնդիրներուն միակ մնայուն լուծումը եղող Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։
Շատ յաճախ, Եհովայի Վկաները զոյգ–զոյգ կը քարոզեն։ Եթէ իւրաքանչիւրը առանձին քարոզէ աւելի արդիւնաբեր չե՞ն ըլլար։ Թերեւս։ Բայց եւ այնպէս, ներկայիս Քրիստոնեաները կը գիտակցին որ հաւատակիցներու հետ կողք–կողքի քարոզելը իր օգուտները ունի։ Ասիկա վտանգաւոր շրջաններու մէջ վկայելու ընթացքին որոշ չափով պաշտպանութիւն կը հայթայթէ։ Ընկերակիցի մը հետ աշխատիլը նորեկներուն ալ կ’օգնէ որ բարի լուրի աւելի փորձառու հրատարակիչներու հմտութենէն օգտուին։ Իրապէս, երկուքն ալ կրնան փոխադարձ քաջալերութեան նպաստել։—Առակաց 27։17
Անկասկած, քարոզչութիւնը այս «վերջին օրեր»ուն մէջ տեղի ունեցող ամենէն ստիպողական գործունէութիւնն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Եհովայի Վկաները ուրախ են որ համաշխարհային եղբայրութեան մը օգնութիւնը կը վայելեն, որու մէջ կողք–կողքի կը գործեն «աւետարանին հաւատքին համար»։—Փիլիպպեցիս 1։27
[Ստորանիշ]
a Կարգ մը Աստուածաշունչեր եւ Յունարէն հին ձեռագիրներ կ’ըսեն թէ Յիսուս «եօթանասունըերկու» աշակերտներ ղրկեց։ Բայց բազմաթիւ ձեռագիրներ թիկունք կը կանգնին «եօթանասուն» թիւին։ Այս մանրամասնութեան տարբերութիւնը մեզ պէտք չէ շեղէ գլխաւոր կէտէն՝ թէ Յիսուս իր աշակերտներէն մեծ խումբ մը քարոզելու ղրկեց։