Աստուածատուր ազատութեան համար ամո՛ւր կեցէք
«Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան [գերութեան (ՆԱ)] լուծի տակ մի՛ մտնէք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5։1
1, 2. Աստուածատուր ազատութիւնը ինչպէ՞ս կորսուեցաւ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները ազատ են։ Բայց անոնք չեն ջանար Աստուծմէ անկախ ըլլալ, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէր Սատանայի գերի դառնալ։ Անոնք Եհովայի հետ իրենց ունեցած յարաբերութեան վրայ կը գուրգուրան եւ կ’ուրախանան ազատութեան մէջ զոր ան կու տայ։
2 Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ մեղանչելով եւ մեղքին, մահուան եւ Բանսարկուին գերիները դառնալով, կորսնցուցին իրենց աստուածատուր ազատութիւնը։ (Ծննդոց 3։1–19. Հռովմայեցիս 5։12) Ճիշդ է որ Սատանան ամբողջ աշխարհը կործանումի տանող մեղքի ճամբուն մէջ դրաւ, բայց աստուածատուր ազատութեան համար ամուր կեցողները յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ կը քալեն։—Մատթէոս 7։13, 14. Ա. Յովհաննու 5։19
Գերութենէ Ազատագրութիւն
3. Աստուած ի՞նչ յոյս տուաւ Եդեմի մէջ։
3 Եհովայի նպատակն է որ իր անունը պատուող անհատները ազատագրուին Սատանային, մեղքին եւ մահուան տանող գերութենէն։ Աստուած անոնց այս յոյսը տուաւ, երբ Եդեմի մէջ Սատանայի կողմէ գործածուած օձին ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։14, 15) Եհովայի երկնային կազմակերպութենէն յառաջ եկած Սերունդին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ գարշապարը խայթուեցաւ, երբ ցիցին վրայ մահացաւ, սակայն այս կերպով Աստուած փրկանքի զոհ մը հայթայթեց հաւատացեալ մարդիկը մեղքէն ու մահէն ազատագրելու համար։ (Մատթէոս 20։28. Յովհաննու 3։16) Երբ ժամանակը գայ, Յիսուս պիտի ջախջախէ առաջուան օձին՝ Սատանային գլուխը։—Յայտնութիւն 12։9
4. Աբրահամ ի՞նչ ազատութիւն վայելեց, եւ Եհովա ի՞նչ խոստացաւ իրեն։
4 Եդեմի մէջ տրուած խոստումէն շուրջ 2,000 տարիներ ետք, «Աստուծոյ բարեկամ»ը՝ Աբրահամ Աստուծոյ հնազանդեցաւ եւ Ուր քաղաքէն ուրիշ վայր մը մեկնեցաւ։ (Յակոբու 2։23. Եբրայեցիս 11։8) Այս կերպով ան ստացաւ աստուածատուր ազատութիւնը եւ այլեւս Սատանայի աշխարհին՝ սուտ կրօնքին, եղծանուած քաղաքականութեան եւ ընչաքաղց առեւտրականութեան՝ որպէս գերի մը չապրեցաւ։ Աստուած Եդեմական մարգարէութեան վրայ աւելցուց խոստումներ թէ բոլոր ընտանիքները եւ ազգերը Աբրահամի եւ անոր Սերունդին միջոցաւ իրենք զիրենք պիտի օրհնէին։ (Ծննդոց 12։3. 22։17, 18) Աբրահամ դատապարտութենէ զերծ էր, քանի որ ան «հաւատաց Տէրոջը, որը [իրեն] արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Ծննդոց 15։6) Ներկայիս ալ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցողները ամէն դատապարտութենէ եւ Սատանայի զօրութեան ներքեւ եղող աշխարհի գերութենէն աստուածային ազատութիւն կը վայելեն։
Հետաքրքրաշարժ Այլաբանական Թատերախաղ մը
5. Իսահակի ծնունդը ո՞ր պարագաներուն հետ կապուեցաւ։
5 Որպէսզի Աբրահամ կարենար սերունդ մը ունենալ, իր ամուլ կինը՝ Սարան՝ իր աղախինը՝ Հագարը տուաւ անոր որ զաւակ մը ունենայ Աբրահամի։ Աբրահամ անկէ Իսմայէլը ծնաւ, սակայն Աստուած զայն չընտրեց որպէս խոստացեալ Սերունդը։ Այլ՝ երբ Աբրահամ 100 տարեկան էր, իսկ Սառան՝ 90, Եհովա անոնց կարողութիւն տուաւ որ որդի մը ունենան Իսահակ անունով։ Երբ Իսմայէլ սկսաւ ծաղրել Իսահակը, Հագարն ու իր որդին դուրս ղրկուեցան, ազատ կնոջմէն՝ Սառայէն ունեցած Աբրահամի որդին անոր անվիճելի սերունդը մնալով։ Աբրահամի նման, Իսահակն ալ հաւատք գործադրեց եւ աստուածատուր ազատութիւն վայելեց։—Ծննդոց 16։1–16. 21։1–21. 25։5–11
6, 7. Սուտ ուսուցիչներ ի՞նչ բանի համոզած էին Գաղատացի կարգ մը Քրիստոնեաները, բայց Պօղոս ի՞նչ բացատրեց։
6 Այս դէպքերը շատ իմաստալից նախաշուքեր էին աստուածատուր ազատութիւնը սիրողներուն համար։ Ասիկա նշուած է Հ.Դ. շուրջ 50–52–ին Գաղատիոյ ժողովքներուն գրած Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ։ Այդ ժամանակ, կառավարիչ մարմինը որոշած էր որ թլփատութիւնը չէր պահանջուած Քրիստոնեաներէն։ Սակայն, սուտ ուսուցիչներ անոնցմէ ոմանց համոզած էին թէ անիկա Քրիստոնէութեան կենսական երեսակներէն մէկն էր։
7 Պօղոս Գաղատացիներուն ըսաւ. Անհատ մը Քրիստոսի հաւատալով արդար կը յայտարարուի եւ ոչ թէ Մովսիսական Օրէնքի գործերէն։ (Գաղատացիս 1։1–3։14) Օրէնքը՝ Աբրահամական ուխտին կապուած խոստումը անվաւեր չդարձուց, այլ՝ յանցանքը յայտնաբերեց եւ Քրիստոսի առաջնորդելու որպէս դաստիարակ ծառայեց։ (Գաղատացիս 3։15–25) Իր մահով, Յիսուս ազատագրեց Օրէնքին ներքեւ եղողները, թոյլ տալով որ անոնք Աստուծոյ որդիներ ըլլան։ Հետեւաբար, օրեր, ամիսներ, եղանակներ եւ տարիներ պահելու կարգադրութեան վերադառնալը գերութեան վերադառնալ կը նշանակէր։ (Գաղատացիս 4։1–20) Ապա Պօղոս գրեց.
8, 9. (ա) Ձեր բառերով, հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ Պօղոս ի՛նչ ըսաւ Գաղատացիս 4։21–26–ի մէջ։ (բ) Այս այլաբանական թատերախաղին մէջ, ո՞վ կամ ի՞նչ պատկերացուեցաւ Աբրահամով եւ Սառայով, եւ ո՞վ է խոստացեալ Սերունդը։
8 «Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։ Վասնզի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը [Իսմայէլը] աղախինէն [Հագարէն] ու միւսը՝ [Իսահակը] ազատ կնոջմէն [Սառայէն]։ Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։ Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասնզի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը [Օրէնքի ուխտը] Սինա լեռնէն [ուր Աստուած Իսրայելացիներուն հետ այդ ուխտը հաստատեց]՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար. [միւս ուխտը իր Սերունդին մասին Աբրահամի հետ կատարուած էր.] Վասնզի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով [Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի սերունդով] մէկտեղ կը ծառայէ։ Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է»։—Գաղատացիս 4։21–26
9 Այս այլաբանական թատերախաղին մէջ, Աբրահամը կը պատկերացնէր Եհովան։ ‘Ազատ կինը’՝ Սառան կը ներկայացնէր Աստուծոյ «կին»ը կամ տիեզերական սուրբ կազմակերպութիւնը։ Անիկա Մեծագոյն Աբրահամին եւ այլաբանական կնոջ Սերունդը՝ Քրիստոսը՝ յառաջ բերաւ։ (Գաղատացիս 3։16) Պիղծ պաշտամունքէն, մեղքէն եւ Սատանայէն մարդոց ազատութեան ճամբան ցոյց տալու համար, Յիսուս ճշմարտութիւնը սորվեցուց եւ սուտ կրօնքը քօղազերծեց, բայց Երուսաղէմը եւ իր զաւակները կրօնական գերութեան մէջ մնացին, քանի որ մերժեցին զինք։ (Մատթէոս 23։37, 38) Յիսուսի Հրեայ հետեւորդները ազատագրուեցան Օրէնքէն որ անկատարութեան, մեղքի եւ մահուան գերիներ ըլլալնին կը յայտնէր։ Արդարեւ ազատագրուած են բոլոր անոնք որոնք կ’ընդունին Յիսուսը որպէս Աստուծոյ «կնոջմէն» յառաջ եկած Մեսիական Թագաւորը եւ ‘գերիներուն ազատութիւն հրատարակող’ Ազատարարը։—Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։18, 19
Գերեվարող Լուծէն Խուսափեցէք
10, 11. Քրիստոս իր հետեւորդները գերութեան ո՞ր լուծէն ազատագրեց, եւ ներկայիս ի՞նչ զուգահեռ կարելի է գծել։
10 Քրիստոսին՝ Մեծագոյն Իսահակին՝ հետ Աբրահամի սերունդը կազմողներուն Պօղոս կ’ըսէ. «Վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։ ... Մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։ Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը [Իսմայէլը] կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր [Իսահակը], նոյնպէս ալ հիմա։ ... Մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։ Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով [Օրէնքէն], որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան [գերութեան (ՆԱ)] լուծին տակ մի՛ մտնէք»։—Գաղատացիս 4։26–5։1
11 Յիսուսի ոեւէ հետեւորդ գերութեան լուծի մը տակ պիտի արգելափակուէր, եթէ Օրէնքին ենթարկուէր։ Ներկայիս, սուտ կրօնքն է գերութեան լուծը, իսկ Քրիստոնեայ Աշխարհը կը համեմատի վաղեմի Երուսաղէմին եւ իր զաւակներուն։ Իսկ օծեալները, վերի Երուսաղէմին՝ Աստուծոյ երկնային ազատ կազմակերպութեան՝ որդիներն են։ Անոնք եւ երկրային յոյս ունեցող անոնց հաւատակիցները այս աշխարհին մէկ մասը չեն եւ Սատանայի կողմէ չեն գերեվարուած։ (Յովհաննու 14։30. 15։19. 17։14, 16) Ճշմարտութեան եւ Յիսուսի զոհագործութեան կողմէ ազատագրուած ըլլալով, շարունակենք աստուածատուր ազատութեան համար ամուր կենալ։
Աստուածատուր Ազատութեան Համար Դիրք Բռնենք
12. Հաւատացեալները ի՞նչ ընթացք կը բռնեն, եւ հիմա ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։
12 Հիմա միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ իրական ազատութիւնը կը վայելեն։ Անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն միլիոնաւոր ուրիշներու հետ, որոնցմէ շատեր ‘յաւիտենական կեանքի սահմանուած են’։ Անոնք, երբ հաւատացեալներ ըլլան, մկրտուելով դիրք պիտի բռնեն աստուածատուր ազատութեան համար։ (Գործք 13։48. 18։8) Սակայն Քրիստոնէական մկրտութեան նախորդ քայլերը ի՞նչ են։
13. Գիտութեան եւ մկրտութեան միջեւ ի՞նչ յարաբերութիւն կայ։
13 Մկրտուելէ առաջ, անհատ մը Սուրբ Գրութիւններուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն պէտք է ստանայ եւ անոր համաձայն գործէ։ (Եփեսացիս 4։13) Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։—Մատթէոս 28։19, 20
14. Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուիլը ի՞նչ գիտութիւն կը պահանջէ։
14 Հօրը անունով մկրտուիլը կը նշանակէ ճանաչել Եհովայի պաշտօնը եւ հեղինակութիւնը որպէս Աստուած, Ստեղծիչ եւ Տիեզերական Գերիշխան։ (Ծննդոց 17։1. Դ. Թագաւորաց 19։15. Յայտնութիւն 4։10) Որդւոյն անունով մկրտուիլը կը նշանակէ ճանաչել Քրիստոսի պաշտօնը եւ հեղինակութիւնը որպէս բարձրացեալ հոգեղէն արարած մը, Մեսիական Թագաւորը եւ մէկը որու միջոցաւ Աստուած ‘համապատասխան փրկանք մը’ հայթայթեց։ (Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6, ՆԱ. Դանիէլ 7։13, 14. Փիլիպպեցիս 2։9–11) Սուրբ հոգիին անունով մկրտուած անհատ մը կը գիտակցի որ անիկա Աստուծոյ գործօն ոյժն է, զոր Եհովա գործածեց ստեղծագործութեան մէջ, Աստուածաշունչի գրողները ներշնչելու համար, ինչպէս նաեւ այլ կերպերով։ (Ծննդոց 1։2. Բ. Պետրոս 1։21) Անշուշտ, Աստուծոյ, Քրիստոսին եւ սուրբ հոգիին մասին տակաւին ա՛լ աւելի սորվելիք կայ։
15. Անհատ մը ինչո՞ւ հաւատք պէտք է գործադրէ մկրտուելէ առաջ։
15 Մկրտուելէ առաջ, անհատ մը ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած հաւատք պէտք է գործադրէ։ «Առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»։ (Եբրայեցիս 11։6) Աստուծոյ, Քրիստոսին եւ աստուածային նպատակին վրայ հաւատք գործադրող անհատ մը պիտի ուզէ Եհովայի Վկայ մը ըլլալ, Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ ապրելով եւ բարի լուրի քարոզչութեան մէջ իմաստալից մասնակցութիւն մը բերելով։ Ան Եհովայի թագաւորութեան փառքին մասին պիտի խօսի։—Սաղմոս 145։10–13. Մատթէոս 24։14
16. Զղջումը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչ յարակցութիւն ունի Քրիստոնէական մկրտութեան հետ։
16 Զղջումը մկրտութեան ուրիշ նախապահանջ մըն է։ Զղջալ կը նշանակէ «անցեալի (կամ մտադրուած) արարքի, կամ վարքի, նկատմամբ միտքը փոխել, ցաւ զգալով կամ դժգոհ ըլլալով», կամ՝ «անցեալին ըրած կամ զանց ըրած բանի մը համար ցաւ, ափսոսանք, կամ խղճի խայթ զգալ»։ Առաջին դարու Հրեաները Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ իրենց գործած մեղքերուն համար պէտք էր զղջային։ (Գործք 3։11–26) Կորնթոսի մէջ կարգ մը հաւատացեալներ պոռնկութեան, կռապաշտութեան, շնութեան, միասեռականութեան, գողութեան, ագահութեան, գինովութեան, նախատինքին եւ յափշտակութեան համար զըղջացին։ Որպէս հետեւանք, անոնք ‘լուացուեցան’ Յիսուսի արիւնովը, ‘սրբուեցան’ որպէս Եհովայի ծառայութեան համար զատուածներ, ու ‘արդարացան’ Յիսուս Քրիստոսի անունովը եւ Աստուծոյ հոգիովը։ (Ա. Կորնթացիս 6։9–11) Ուստի զղջումը քայլ մըն է, որ բարի խղճմտանքի ու աստուածատուր ազատութեան կ’առաջնորդէ եւ մեղքի յանցապարտութեան զգացումի տաղտուկէն կ’ազատագրէ։—Ա. Պետրոս 3։21
17. Դարձի գալ ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անիկա ի՞նչ կը պահանջէ մկրտութեան համար պատրաստուողէ մը։
17 Անհատ մը պէտք է դարձի գայ, որպէս Եհովայի Վկայ մը կարենալ մկրտուելէ առաջ։ Զղջացող անհատի մը դարձի գալը տեղի կ’ունենայ երբ կը հրաժարի իր սխալ ընթացքէն եւ կ’որոշէ շիտակը ընել։ Դարձի գալու իմաստը կրող Եբրայերէն եւ Յունարէն բայերը կը նշանակեն՝ «ետ դարձ ընել, դառնալ, կամ ետ դառնալ»։ Երբ հոգեւոր լաւ իմաստով գործածուի, ասիկա կ’ակնարկէ սխալ ընթացքէ մը Աստուծոյ դառնալ։ (Գ. Թագաւորաց 8։33, 34) Դարձի գալը կը պահանջէ «ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր», այսինքն, ընել ի՛նչ որ Աստուած կը պատուիրէ, լքել սուտ կրօնքը եւ մեր սիրտը առանց խոտորելու Եհովայի ուղղել միմիայն իրեն ծառայելու համար։ (Գործք 26։20. Բ. Օրինաց 30։2, 8, 10. Ա. Թագաւորաց 7։3) Ասիկա «նոր սիրտ ու նոր հոգի»՝ փոխուած միտք, տրամադրութիւն եւ կեանքի նպատակ՝ կը պահանջէ։ (Եզեկիէլ 18։31) Ասկէ առթող նոր անձնաւորութիւնը բարեպաշտ յատկութիւններով կը փոխարինէ ամբարիշտ յատկանիշներուն։ (Կողոսացիս 3։5–14) Այո, իրական զղջումը իսկապէս պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը ‘դարձի գայ’։—Գործք 3։19
18. Ինչո՞ւ աղօթքով Աստուծոյ պէտք է նուիրուիլ, եւ այս քայլին նշանակութիւնը ի՞նչ է։
18 Մկրտութեան պէտք է նախորդէ աղօթքով իր անձը Աստուծոյ նուիրելը։ (Բաղդատել Ղուկաս 3։21, 22)։ Իր անձը նուիրել կը նշանակէ սրբազան նպատակի մը համար զատուիլ։ Այս քայլը ա՛յնքան կարեւոր է որ Զինք բացարձակապէս պաշտելու եւ յաւիտեան իրեն ծառայելու մեր որոշումը Աստուծոյ պէտք է յայտնենք աղօթքով։ (Բ. Օրինաց 5։8, 9. Ա. Մնացորդաց 29։10–13) Անշուշտ, մենք գործի մը չենք նուիրուիր, այլ՝ ուղղակի Աստուծոյ։ Այս կէտը պարզուեցաւ, Դիտարանի Ընկերութեան առաջին նախագահին՝ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի՝ յուղարկաւորութեան ատեն։ Այդ առիթով, 1916–ին, Ընկերութեան քարտուղար–գանձապահը, Ու. Է. Վան Էմպըրկ, ըսաւ. «Այս երկրածաւալ հսկայ գործը մէկ անհատի մը գործը չէ։ Անիկա շատ հսկայ գործ մըն է մէկ հոգիի համար։ Այլ՝ Աստուծոյ գործն է, ու անիկա չի փոխուիր։ Աստուած անցեալին բազմաթիւ ծառաներ գործածեց եւ անկասկած Ան շատ մը ուրիշներ պիտի գործածէ ապագային։ Մենք մարդու մը, կամ մարդու մը գործին, չենք նուիրագործուած (նուիրուած), Այլ՝ Աստուծոյ կամքը ընելուն, ինչպէս որ Ան պիտի յայտնէ մեզի Իր Խօսքին ընդմէջէն եւ նախախնամական առաջնորդութեամբ։ Աստուած կը շարունակէ մնալ մեր ղեկավարը»։ Բայց Աստուծոյ նուիրուելէն ետք, տակաւին ի՞նչ պէտք է ընել։
19. (ա) Անհատներ ինչպէ՞ս հանրապէս կ’ապացուցանեն Եհովայի իրենց նուիրումը։ (բ) Ջուրի մկրտութիւնը ի՞նչ բանի խորհրդանիշ մըն է։
19 Եհովայի նուիրուիլը հանրապէս կ’ապացուցուի, երբ անհատ մը կը մկրտուի։ Մկրտութիւնը խորհրդանիշ մըն է, որ կը մատնանշէ թէ ջուրի մէջ մկրտուող անհատը առանց պայմանի նուիրուած է Եհովա Աստուծոյ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ (Բաղդատել Մատթէոս 16։24)։ Երբ մկրտութեան թեկնածուն ջուրին մէջ կը մխրճուի եւ ապա անկէ դուրս կու գայ, ան կեանքի իր նախկին ընթացքին նկատմամբ այլաբանօրէն կը մեռնի եւ կը յարուցուի նոր ապրելակերպի մը, անվերապահօրէն Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 6։4–6)։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, ան իր անձը իր երկնաւոր Հօրը ներկայացուց անվերապահ կերպով մը։ (Մատթէոս 3։13–17) Իսկ Սուրբ Գրութիւնները կրկնակիօրէն ցոյց կու տան թէ որակելի հաւատացեալները պէտք է մկրտուին։ (Գործք 8։13. 16։27–34. 18։8) Այսօր ալ Եհովայի Վկայ մը ըլլալու համար, ուրեմն, անհատ մը իրապէս հաւատք գործադրող հաւատացեալ մը պէտք է ըլլայ եւ մկրտուի։—Բաղդատել Գործք 8։26–39։
Ամո՜ւր Կեցէք
20. Սուրբ գրային կարգ մը օրինակներ տուէք փաստելու որ աստուածատուր ազատութեան համար Եհովայի որպէս մկրտուած Վկաներ մեր դիրք բռնելուն համար պիտի օրհնուինք։
20 Եթէ Եհովայի մկրտուած Վկայ մը ըլլալով աստուածատուր ազատութեան համար հաստատ դիրք մը բռնած էք, ան պիտի օրհնէ ձեզ, ինչպէս օրհնեց իր վաղեմի ծառաները։ Օրինակի համար, Աստուած տարեց Աբրահամը եւ Սառան օրհնեց աստուածավախ որդիով մը՝ Իսահակով։ Հաւատքով, Մովսէս ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, «քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։ Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը [կամ՝ Աստուծոյ Օծեալին տիպական պատկեր մը ըլլալը]՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը»։ (Եբրայեցիս 11։24–26) Մովսէս Եհովայի կողմէ գործածուելու առանձնաշնորհումը ունեցաւ Իսրայելացիները Եգիպտոսի գերութենէն դուրս հանելու համար։ Ասկէ զատ, քանի որ ան հաւատարմօրէն ծառայեց Աստուծոյ, ան պիտի յարուցուի եւ պիտի ծառայէ որպէս «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ»էն մէկը՝ Մեծագոյն Մովսէսի՝ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ։—Սաղմոս 45։16. Բ. Օրինաց 18։17–19
21. Վաղեմի աստուածապաշտ կիներու քաջալերական ի՞նչ օրինակներ ունինք։
21 Արդի նուիրուած Քրիստոնեաները կրնան նաեւ քաջալերուիլ նկատի առնելով այն կիները որոնք իրապէս ազատագրուեցան եւ ուրախացան։ Անոնցմէ մէկն էր Մովաբացի Հռութը որ թէ՛ այրիութեան սրտաբեկ փորձառութիւնը եւ թէ սուտ կրօնքէն աստուածատուր ազատութեան ուրախութիւնը վայելեց։ Իր ժողովուրդը եւ իր չաստուածները թողելով, ան իր այրի զոքանչին՝ Նոեմիին հետ մնաց։ «Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ», ըսաւ Հռութ, «եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։ (Հռութայ 1։16) Բոոսի կինը ըլլալով, Հռութ Դաւիթի մեծ հօրը՝ Ովբէդի մայրը եղաւ։ (Հռութայ 4։13–17) Այո, Եհովա ‘առատապէս վարձատրեց’ այս ոչ–Իսրայելացի հեզ կինը, թոյլ տալով որ ան Յիսուսին՝ Մեսիային՝ նախամայր ըլլայ։ (Հռութայ 2։12) Հռութ որքա՜ն պիտի ուրախանայ, երբ յարուցուի եւ գիտնայ թէ այսպիսի առանձնաշնորհո՜ւմ մը ունեցած է։ Անկասկած նոյնանման ուրախութեամբ պիտի պարուրուի սիրտը յարուցեալ նախկին պոռնիկին՝ Ռախաբի որ անբարոյութենէն եւ սուտ կրօնքէն ձերբազատուեցաւ, ինչպէս նաեւ մոլորուած բայց զղջացած Բերսաբէինը, քանի որ անոնք պիտի գիտնան որ Եհովա թոյլ տուաւ որ իրենք Յիսուս Քրիստոսի նախամայրեր ըլլան։—Մատթէոս 1։1–6, 16
22. Ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածով։
22 Տակաւին շարքը երկար է աստուածատուր ազատութիւն վայելած անհատներուն։ Օրինակի համար, անոնց շարքին մէջ կը գտնուին Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ յիշուած հաւատքի տէր այրերն ու կիները։ Անոնք նեղութիւններու ու չարչարանքներու տոկացին, «որոնց արժանի չէր աշխարհս»։ Անոնց թիւին վրայ կ’աւելցուին Քրիստոսի առաջին դարու հաւատարիմ հետեւորդները եւ անկէ ի վեր ուրիշ հաւատարիմներ, բովանդակելով ներկայիս Եհովայի որպէս իր Վկաները ծառայող միլիոնաւորներ։ Ինչպէս յաջորդ յօդուածով նկատի պիտի առնենք, եթէ անոնց հետ դուք ալ աստուածատուր ազատութեան համար դիրք բռնած էք, ուրախանալու շատ պատճառներ ունիք։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Աստուած ի՞նչ յոյս տուաւ երբ աստուածատուր ազատութիւնը կորսուեցաւ։
◻ Քրիստոս իր հետեւորդները «գերութեան» ո՞ր «լուծ»էն ազատագրեց։
◻ Որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուելէ առաջ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել։
◻ Սուրբ գրային ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ մենք պիտի օրհնուինք, քանի որ աստուածատուր ազատութեան համար դիրք կը բռնենք։
[Նկար՝ էջ 16]
Գիտէ՞ք ինչ քայլեր պէտք է առնուին որպէս Եհովայի Վկայ մը մկրտուելէ առաջ