Առանց գողերու աշխարհ մը
ԱՅԴՔԱ՜Ն արագ պատահեցաւ։ Պրազիլիոյ Սաօ Փաօլո քաղաքին մէջ, լաւ հագուած մարդ մը զէնք մը դրաւ Անթոնիոյինa գլխուն, անոր տան դիմաց, անոր ինքնաշարժին բանալին եւ թուղթերը պահանջելով եւ շուտով քշեց գնաց։
Ռիո տէ Ժանէրոյի մէջ, լաւ զինուած չորս մարդիկ Փաուլօ անունով մարդ մը բռնեցին, անոր տասը տարեկան աղջկան աչքին առջեւ։ Ապա ինքնաշարժով անոր տունը երթալով, գողերը ներս մտան եւ իրենց ուզածը առին, Փաուլոյին երկու ինքնաշարժները լեցնելով։ Սպառնալով Փաուլոյի կինը սպաննել, զայն, ինչպէս նաեւ գործաւոր մը իրենց հետ պատանդ առնելով Փաուլոյի քաղաքի կեդրոնը գտնուող գոհարեղէնի խանութը գացին, ուր բոլոր արժէքաւոր բաները կողոպտեցին։ Սակայն յետոյ գողերը հեռաձայնեցին, ըսելու համար թէ ինքնաշարժները ո՛ւր ձգած են, ինչ որ անսպասելի էր։
Որքա՜ն ահաւոր բան է, երբ ճակտի քրտինքով շահուած դրամը եւ ստացուածքը գողցուի։ Թէեւ ո՛չ Անթոնիոն եւ ոչ ալ Փաուլոն ըրին ասիկա, սակայն ուրիշներ իրենք իրենց ձեռքով խնդիրը կը լուծեն։ Թերեւս անոնք գողին շատ սուղ վճարել կու տան եւ կամ իրենք կը սպաննուին։ Օրինակի համար, երբ պատանի մը Պրազիլիացի կնոջ մը ժամացոյցը խլեց, ան բարկանալով պայուսակէն զէնք մը հանեց եւ կրակելով սպաննեց գողը։ Արդի՞ւնքը։ Օրաթերթ մը (O Estado de S. Paulo) տեղեկագրեց. «Այս միջադէպին ականատես եղողները մեծապէս գովաբանեցին անծանօթ կնկան կեցուածքը եւ ո՛չ մէկը ուզեց ոստիկանութեան օգնել կնոջ ինքնութիւնը ճանչցնելու»։ Թէեւ Քրիստոնեաները կարօտով կը սպասեն առանց գողերու աշխարհ մը, սակայն անոնք այդ կնոջ նման չեն փոխարիներ։ Քանի որ վրէժխնդրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի, անոնք Առակաց 24։19, 20–ի խօսքերուն կը հնազանդին. «Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր. վասնզի չար մարդը բարի վախճան չունենար»։
Բայց երբ յարձակումի ենթարկուիք, ի՞նչ կրնաք ընել։ Ռիո տէ Ժանէրոյի մէջ միջադէպ մը ցոյց կու տայ թէ որքա՜ն կարեւոր է հանդարտ մնալ։ Քրիստոնեայ կին մը՝ Էլօիզան՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու կ’երթար օթոպիւսով։ Երկու մարդ սկսան անցորդները կողոպտել։ Երբ Էլօիզան հասաւ այն կայանը ուր պիտի իջնէր, ան կողոպտիչներուն ըսաւ որ ինք Եհովայի Վկայ մըն էր եւ կ’երթար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու։ Ան ցոյց տուաւ իր Աստուածաշունչը եւ ուսումնասիրութեան գիրքը։ Առանց զինք կողոպտելու, գողերը արտօնեցին որ ան իջնէ։ Բայց ուրիշ անցորդի մը թոյլ չտուին։ Հետագային, վարորդը ըսաւ որ ինք այսպիսի բան մը բնաւ չէր տեսած։
Ռէժինան ալ հանդարտ մնաց երբ երկու զինեալներ իրեն հրամայեցին որ իր ինքնաշարժը մտնեն։ Ան Զարթի՛ր պարբերաթերթի իր անձնական օրինակը ցոյց տալով անոնց, վկայութիւն տուաւ։ Քանի որ գողերը ջղագրգիռ էին, ան ըսաւ որ ձեռնոց դնելիք տուփը բանան, ուր քանի մը քաղցրեղէն ունէր։ Բայց Թագաւորութեան Մեղեդիներու ձայներիզները տեսնելով, անոնք սկսան այդ երաժշտութիւնը ունկնդրել։ Մթնոլորտը աւելի բարեկամական ըլլալով, գողերը որոշեցին Ռէժինան անվնաս պողոտային վրայ ձգել, անոր վստահեցնելով որ ան ազնիւ անհատի մը պիտի հանդիպէր որ իրեն օգնէր։ Տասը վայրկեան քալելէ ետք, ան տուն մը գտաւ, բայց տանտէրը չհաւատաց իր պատմութեան, ըսելով. «Դուք շատ հանդարտ էք, յարձակումի ենթարկուածի երեւոյթ չունիք»։
Թէեւ անհատ մը կրնայ ֆիզիքապէս անվնաս դուրս գալ, բայց այսպիսի ջլատիչ փորձառութիւն մը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ ‘Այս բանին զոհ գացողը կրնայ անապահով զգալ ինքզինք, իրեն օգնել ուզող ընտանիքի անդամներուն եւ ուրիշներուն հանդէպ ատելութեամբ կը լեցուի, այլեւս ուրիշներուն չի կրնար վստահիլ, ամեն բան մանրամասնօրէն կազմակերպելու վրայ կը կեդրոնացնէ իր միտքը եւ կը խորհի որ աշխարհը անիրաւ է», կը տեղեկագրէ օրաթերթ մը (O Estado de S. Paulo)։ Ասոր հակառակը, Եհովա Աստուծոյ վստահող անհատ մը շատ հաւանաբար այսպիսի փորձառութենէ մը ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն աւելի անվնաս դուրս կրնայ գալ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, համաձայն չէ՞ք որ օրհնութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ այլեւս ոճիր կամ վախ պատճառող որեւէ բան չըլլար։
«Ան որ Գողութիւն կ’Ընէր, Ա՜լ Թող Չգողնայ»
Թէեւ շատեր կը նախընտրեն իրենց ագահ ընթացքը շարունակել, բայց Աստուծոյ Խօսքը օգնած է կարգ մը գողերու որ փոխեն իրենց ցանկութիւններն ու անձնաւորութիւնները։ (Եփեսացիս 4։23) Կեանքի մէջ սուրբ գրային հիմ ունեցող իրական նպատակ մը ունենալով, անոնք ուշադրութեամբ կը հետեւին հետեւեալ խրատին. «Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ»։ (Առակաց 16։8) Գլաուտիօն կը պատմէ. «Գրեթէ բոլոր ընտանիքս Վկաներ էին, բայց ես բնաւ մտիկ չէի ըներ ինչ որ անոնք կ’ըսէին Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին։ Գողցուած բիգաբով մը մօտաւորապէս 2,000 քմ. պտոյտէ մը վերադառնալու ատեն, քանիցս ոստիկանական խուզարկութեան հանդիպեցայ։ Այս ընթացքին, անդրադարձայ որ պէ՛տք է կեանքս փոխեմ։ Նախապէս փորձած էի, բայց ապարդիւն եղած էր։ Այս անգամ սկսայ մտածել այն ազգականներուս մասին, որոնք Եհովայի Վկաներ են եւ որքա՜ն տարբեր են. անոնք երջանիկ, ուրախ եւ հանդարտ են»։ Վերջապէս Գլաուտիօն սկսաւ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, թմրեցուցիչը եւ իր նախկին բարեկամները ձգեց եւ Քրիստոնեայ ծառայ մը եղաւ։
Ուրիշներ ալ ականջ կու տան հետեւեալ խօսքերուն. «Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք»։ (Սաղմոս 62։10) Գողութեան մը ընթացքին մարդասպանութեան փորձ կատարելուն համար բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք, թմրամոլի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգ Խօսէն, իր քերայրին հետ ըրած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն օգտուեցաւ։ Ան թմրեցուցիչէն ձեռք քաշեց եւ հիմա նախանձախնդիր Վկայ մըն է։
Այսուհանդերձ, նոր անձնաւորութիւնը վայրկենական կամ հրաշքով ձեռք չի ձգուիր։ Թմրեցուցիչի եւ գողութեան մէջ խորապէս մխրճուած Օսգարը կ’ըսէ. «Ա՛յնքան ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէի Եհովայի, որ տախտակամածը արցունքներուս շատութենէն յաճախ կարծես լիճի մը երեւոյթը կ’առնէր»։ Այո, Աստուծոյ Խօսքը ջանադրութեամբ ուսումնասիրելէ զատ, յարատեւ ու սրտաբուխ աղօթքներ պէտք է մատուցանել։ Նկատի առէք այս բարեպաշտ գաղափարին մէջի իմաստութիւնը. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, որպէսզի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու ‘Տէրը ո՞վ է’, ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ»։—Առակաց 30։8, 9
Անձնական շահին տեղը պէտք է առնէ հարազատ սէրը. «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէսզի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին»։ (Եփեսացիս 4։28) Ինչպէս էր պարագան առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեաներուն, որոնք նախապէս ‘գողեր, կամ ագահներ’ էին, Եհովա, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքին շնորհիւ ողորմածօրէն կը ներէ զղջացողներուն։ (Ա. Կորնթացիս 6։9–11) Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ թէ ի՛նչ որ եղած ըլլայ մեր անցեալը, կրնանք մեր ապրելակերպը փոխել եւ Աստուծոյ հաճութիւնը ստանալ։—Յովհաննու 3։16
Ապահովութիւն՝ Աստուծոյ Նոր Աշխարհին մէջ
Երեւակայեցէք աշխարհ մը առանց գողերու։ Այլեւս կարիքը պիտի չունենաք դատաւորներու, փաստաբաններու, ոստիկաններու եւ բանտերու օրէնք պարտադրող մեծածախս դրութեան։ Անիկա բարեբեր երկիր մը պիտի ըլլայ, ուր ամէն մարդ պիտի յարգէ իր դիմացինները եւ անոնց ստացուածքը։ Ասիկա անհաւատալի՞ կը թուի։ Աստուած ի՛րապէս պիտի միջամտէ՞ մարդոց գործերուն եւ անօրէնութեան վերջ դնէ։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը ըլլալուն եւ անոր մարգարէութիւնները վստահելի ըլլալուն ապացոյցները քննէք։ Զօրաւոր հիմ մը պիտի ունենաք հաւատալու թէ փոփոխութիւնը մօտ է։ Ոեւէ մէկը Աստուծոյ արգելք չի կրնար հանդիսանալ, արդարասէր անհատներուն իր խոստացած հետեւեալ հանգստութիւնը բերելու. «Չարերուն համար մի՛ նեղանար, անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր, վասնզի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան»։ (Սաղմոս 37։1, 2) Շատոնց գրուած այս խօսքերը շուտով ամբողջական կատարում մը պիտի ունենան։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ թշուառութեան եւ անիրաւութեան, որոնք շա՜տ յուսալքումի եւ անորոշութեան պատճառ կ’ըլլան։ Ո՛չ մէկը կարօտեալ ըլլալով գողնալու կարիքը պիտի ունենայ։ Մարգարէութիւնը մեզ կը վստահեցնէ. «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը, անոր պտուղը Լիբանանի [վաղեմի] պէս պիտի ըլլայ։ Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները»։ (Սաղմոս 72։16) Վերահաստատուած Դրախտին մէջ, իրապէս ո՛չ մէկ բան պիտի խանգարէ ճշմարիտ Աստուածը ճանչցող եւ պաշտող մարդոց խաղաղութիւնը։—Եսայեայ 32։18
Այս ագահ աշխարհին ընդդիմանալու փոխարէն ի՜նչ հոյակապ վարձատրութիւն։ Առակաց 11։19–ն կ’ըսէ. «Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ»։ Այո, ամբարիշտները արմատախիլ ըլլալէ ետք, այլեւս ուեէ մէկը իր կեանքին կամ ստացուածքին համար վախնալու պէտք պիտի չունենայ։ Սաղմոս 37։11–ը հետեւեալ խոստումը կու տայ մեզի. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։
[Ստորանիշ էջ 4]
a Անուններէն ոմանք փոխուած են։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
«Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան»։—Մատթէոս 6։19, 20