Թոյլ մի՛ տաք որ ձեր զօրութիւնը ձեր տկարութիւնը ըլլայ
Կմախքը 16 անջրանցիկ բաժանմունքներ ունենալով, Թայթէնիք փարթամ մարդատար շոգենաւը անընկղմելի նկատուած էր։ 1912–ին, իր առաջին ճամբորդութեան, անիկա հարկ եղած ազատարար նաւերու գրեթէ միայն կէսը ունէր։ Նաւը սառնակոյտի մը զարնուեցաւ եւ ընկղմեցաւ, աւելի քան 1,500 կեանքերու կորուստին պատճառ ըլլալով։
ՎԱՂԵՄԻ Երուսաղէմի աստուածավախ Ոզիա Թագաւորը յաջողակ զինուրական հրամանատար մըն էր։ Եհովայի օգնութեամբ, ան իր թշնամիները մէկը միւսին ետեւէն նուաճեց։ «[Ոզիայի] անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ»։ Բայց յետոյ «անոր սիրտը հպարտանալով . . . իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց»։ Ոզիա իր հպարտութեան պատճառաւ բորոտութեամբ զարնուեցաւ։—Բ. Մնացորդաց 26։15-21. Առակաց 16։18
Այս երկու դրուագները կը սորվեցնեն որ երբ զօրութիւնը հաւասարակշռուած չըլլայ իմաստութեամբ, համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ, կրնայ շուտով տկարութիւն, կամ խոչընդոտ մը ըլլալ։ Ասիկա մեզ պէտք է զգաստացնէ, քանի որ ամէն մարդ կերպով մը որոշ զօրութիւններ կամ շնորհքներ ունի եւ կ’ուզենք որ անոնք մեզի եւ ուրիշներու, ու մանաւանդ մեր Ստեղծիչին համար արժանիք մը եւ ուրախութեան աղբիւր մը ըլլան։ Արդարեւ մեր ունեցած աստուածատուր որեւէ պարգեւ լիովին պէտք է գործածենք, միեւնոյն ատեն այնպիսի ուղղութիւն մը տալ, որ անիկա թանկագին արժանիք մը մնայ։
Օրինակ, իր գործը սիրող անհատ մը կրնայ դիւրութեամբ այս պարգեւը տկարութեան վերածել, գործի մոլի մը դառնալով։ Շրջահայեաց անհատ մը հաւանաբար դիւրութեամբ չի խաբուիր, բայց կրնայ այն աստիճան զգոյշ ըլլալ որ բնաւ որոշումներ չի տար։ Արդիւնաբեր ըլլալն ալ գեղեցիկ յատկութիւն մըն է, բայց եթէ ծայրայեղութեան երթայ, անիկա մարդկային բնոյթը կ’անտեսէ եւ արդիւնքը կրնայ ըլլալ տխրութիւն յառաջացնող պաղ, անթեք շրջապատ մը։ Ուստի, պահ մը խորհեցէք ձեր ունեցած զօրութիւններուն մասին։ Զանոնք լաւ կերպով կը գործածէ՞ք։ Անոնք ուրիշներուն համար օրհնութի՞ւն մըն են։ Ամենէն կարեւորը, զանոնք կը գործածէ՞ք Եհովան՝ «ամէն բարի տուրք»ի Աղբիւրը, պատուելու համար։ (Յակոբու 1։17) Այս նպատակաւ, զօրութեան կարգ մը ուրիշ օրինակներ մօտէն քննենք, որոնք եթէ հսկողութեան տակ չառնուին, կրնան տկարութեան վերածուիլ, նոյնիսկ՝ վնասակար հանգամանք ստանալ։
Ձեր Մտային Կարողութիւնները Իմաստութեամբ Գործածեցէք
Լաւ միտք մը վստահաբար լաւ արժանիք մըն է։ Սակայն անիկա կրնայ տկարութիւն մը ըլլալ, եթէ չափազանց ինքնավստահութեան առաջնորդէ, կամ մեր մէջ սնապարծ հոգի մը զարգացնէ, մանաւանդ երբ ուրիշներ մեզ շատ գովեն ու փաղաքշական խօսքեր ըսեն։ Կամ՝ կրնանք Աստուծոյ Խօսքը եւ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան գրականութիւնները նկատել որպէս մտային աշխատանք մը։
Չափազանց ինքնավստահութիւնը կրնայ տարբեր կերպերով երեւան ելլել։ Օրինակ, երբ շատ արթուն միտք ունեցող անհատի մը քրիստոնէական ժողովքին մէջ նշանակում մը տրուի, թերեւս հանրային դասախօսութիւն մը կամ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ զեկոյց մը, ան կրնայ պատրաստութիւնը վերջին վայրկեանին ձգել, Եհովայի օրհնութիւնը ունենալու համար նոյնիսկ չաղօթելով։ Ան աւելի իր ունեցած գիտութեան պաշարին եւ ամէն բանի մէջէն ելլելու իր կարողութեան կը վստահի։ Իր բնական կարողութիւնը որոշ ժամանակ իր անփութութիւնը կրնայ ծածկել, բայց Եհովայի լման օրհնութիւնը չունենալով, իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կրնայ դանդաղիլ եւ նոյնիսկ կանգ առնել։ Տրուած գեղեցիկ պարգեւի մը ի՜նչ վատնում։—Առակաց 3։5, 6. Յակոբու 3։1
Սուր միտք ունեցող անհատ մը Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային ուսումնասիրութեան օժանդակող գիրքերը կրնայ նկատել որպէս մտային աշխատանք։ Սակայն, այսպիսի գիտութիւն միայն «կը հպարտացնէ», կամ փուչիկի մը նման կը փքեցնէ անհատը. անիկա քրիստոնէական սիրալիր յարաբերութիւն ‘չի շիներ’։ (Ա. Կորնթացիս 8։1. Գաղատացիս 5։26) Միւս կողմէ, իր մտային կարողութիւնները ինչ որ ալ ըլլան, հոգեւոր անհատ մը միշտ Աստուծոյ հոգիին համար կ’աղօթէ ու անոր կ’ապաւինի։ Անոր զօրութիւնը շատ աւելի արժանիք մը կ’ըլլայ, մինչ սիրոյ, խոնարհութեան, գիտութեան եւ իմաստութեան մէջ կ’աճի եւ այս բոլորը՝ հաճելի համեմատութեամբ։—Կողոսացիս 1։9, 10
Կարողութիւն մը տկարութեան կրնայ վերածուիլ նաեւ, երբ մեր անձին նկատմամբ բարձր համարում զարգացնենք, համեստութեան պակաս ցոյց տալով։ Պարգեւատրուած ոեւէ անհատ եւ զինք փաղաքշողները կրնան մոռնալ որ Եհովա «սրտով իմաստուններուն [«ինքն իրանում իմաստուն եղողին», Արարատ] բնաւ չի նայիր», որքան ալ շնորհքներ ունեցած ըլլան։ (Յոբայ 37։24) «Իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը։ (Առակաց 11։2) Պօղոս առաքեալ շատ խելացի եւ բարձր կրթութիւն ունենալով հանդերձ, Կորնթացիներուն ըսաւ. «Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։ . . . Ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ. ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը»։—Ա. Կորնթացիս 2։1-5
Իրապէս իմաստուն անհատ մը չի խաբուիր խելացութեան նկատմամբ աշխարհի տեսակէտով, ոչ ալ՝ յաջողութեան նկատմամբ անոր չափանիշով։ Ուստի, փոխանակ իր տաղանդները մարդոց կողմէ ծափահարուելու կամ աշխարհային հարստութիւն դիզելու համար գործածելու, ան իր լաւագոյնը կու տայ Անոր, որ իրեն տուաւ իր կեանքն ու այդ կարողութիւնները։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17) Այդ նպատակով, ան Թագաւորութեան շահերը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը պահէ, «ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս» ըլլալով։ Եհովայի օրհնութեան ու ո՛չ թէ իր բնական տաղանդներուն շնորհիւ է որ ան «ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։—Սաղմոս 1։1-3. Մատթէոս 6։33
Թող որ Քրիստոնէութիւնը Ձեր Զօրութիւնը Աւելցնէ
Քրիստոնէութիւնը իր բուն իսկ էութեամբ այնքան հարուստ է զօրութիւններով, որ աշխարհային փիլիսոփայութիւնները անոր քով շուքի մէջ կը մնան։ Քրիստոնէական ապրելակերպը, զոր օրինակ, լաւագոյն ամուսիններ ու կիներ, լաւագոյն դրացիներ եւ լաւագոյն գործաւորներ յառաջ կը բերէ. մարդիկ որոնք պարկեշտ, յարգալից, խաղաղասէր եւ աշխատասէր են։ (Կողոսացիս 3։18-23) Ասկէ զատ, խօսելու եւ սորվեցնելու քրիստոնէական մարզումը հաղորդակցութեան լաւ հմտութիւններ կը կերտէ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։13-15) Ուստի զարմանալի չէ որ գործատէրեր յաճախ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ու պաշտօնի բարձրացում կու տան Քրիստոնեաներուն։ Բայց այսպիսի զօրութիւններ ալ կրնան սխալ գործածուիլ, եթէ ուշադրութեամբ չհսկենք անոնց վրայ։ Պաշտօնի բարձրացում մը կամ գրաւիչ գործի առաջարկ մը ընկերութեան ամբողջական նուիրում, քրիստոնէական ժողովներէն կանոնաւոր բացակայում, կամ ընտանիքին հետ անցընելիք արժէքաւոր ժամանակը զոհել կրնայ նշանակել։
Աւստրալիոյ մէջ, Քրիստոնեայ երէց ու ընտանիքի տէր մարդ մը, որ նաեւ շատ յաջող առեւտրական մըն էր, «աշխարհը իր ոտքերուն տակ ունէր»՝ ինչպէս կ’ըսեն։ Բայց ան մերժեց այս դրութեան մէջ յաջողակ ըլլալու փորձութիւնը։ «Ուզեցի շատ աւելի ժամանակ անցընել ընտանիքիս ու քրիստոնէական ծառայութեան մէջ», ըսաւ ան։ «Ուստի կինս ու ես համաձայնեցանք որ աշխարհային գործիս համար տրամադրած ժամանակս ուշադիր կերպով նուազեցնեմ։ Ինչո՞ւ շաբաթը հինգ օր աշխատիմ, երբ անոր կարիքը չունիմ», աւելցուց ան։ Իր կեանքին մէջ լաւ մտածուած վերաճշդումներ ընելով, այս երէցը նկատեց որ շաբաթը երեք կամ չորս օր աշխատելով կրնար իր ընտանիքին լաւ հոգ տանիլ։ Ժամանակի ընթացքին, անոր ծառայութեան ուրիշ առանձնաշնորհումներ հրամցուեցան, ինչպէս՝ տեղական Համաժողովի Սրահի Յանձնախումբին եւ, նահանգային համաժողովի վարչութեան մէջ ծառայել։ Իր զօրութիւնները իմաստուն կերպով ուղղելը իրեն եւ իր ընտանիքին ուրախութիւն ու գոհունակութիւն բերաւ։
Առանձնաշնորհումներու Հանդէպ Հաւասարակշռուած Կեցուածք
Քրիստոնեայ տղամարդոց քաջալերութիւն տրուած է որ ժողովքին մէջ ծառայութեան առանձնաշնորհումներու ցանկան։ «Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան [կամ, օգնական ծառայութեան] կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1) Ուստի, ինչպէս զօրութիւններու պարագային զորս յիշեցինք, պատասխանատուութիւններ ընդունելու յօժարակամութիւնն ալ լաւ դատողութեամբ պէտք է հաւասարակշռել։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ ա՛յնքան նշանակումներ ստանձնէ, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ իր ուրախութիւնը կորսնցնէ։ Այո, յօժար հոգի մը գովելի, արդարեւ անհրաժեշտ է, քանի որ ինքզինքին խնայող կեցուածք մը Եհովայի հաճելի չէ. բայց կամեցողութիւնն ալ համեստութիւն եւ ‘խոհեմութիւն’ պէտք է ցոլացնէ։—Տիտոս 2։12, Արարատ. Յայտնութիւն 3։15, 16
Յիսուսի ազնուութիւնը, ներատեսութիւնը եւ զգայնութիւնը պատճառ եղան որ ամենէն ինկած անհատն անգամ հանգիստ զգայ իր ներկայութեան։ Այսօր ալ, մարդիկ հանգիստ կը զգան անոնց հետ, որոնք կարեկից, հոգատար անձնաւորութիւն ունին։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, այսպիսի ջերմ, դիւրամերձ երէցներ իրապէս արժէքաւոր են ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’։ Անոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս ու ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլան»։—Եփեսացիս 4։8. Եսայեայ 32։2
Բայց երէցները ուրիշներուն օգնելու համար յատկացուած ժամանակը պէտք է հաւասարակշռեն անձնական ուսումնասիրութեան, խոկալու, աղօթելու եւ հանրային ծառայութեան համար իրենց անձնական կարիքին հետ։ Բնական է որ ամուսնացած երէցներ ժամանակ յատկացնեն իրենց ընտանիքներուն համար ալ, որոնց մասնաւորաբար դիւրամերձ պէտք է ըլլան։
Կարող Կիներ՝ Հոյակապ Օրհնութիւն մը
Կարող երէցներու նման, հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող կիներն ալ շատ մեծ արժէք ունին Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Ընդհանրապէս կիները ուրիշներով հետաքրքրուելու բնածին պարգեւը ունին, յատկութիւն մը որ Եհովա կ’արժեւորէ ու կը քաջալերէ։ «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Բայց «ուրիշներու շահը փնտռել»ն ալ իր սահմանները ունի, քանի որ ոեւէ Քրիստոնեայ պէտք չէ «ուրիշի բանին խառնուող», ոչ ալ՝ բամբասող ըլլայ։—Ա. Պետրոս 4։15. Ա. Տիմոթէոս 5։13
Կիները ուրիշ շատ շնորհքներ ունին։ Քրիստոնեայ կին մը, զոր օրինակ, մտային կարողութեան կողմէ կրնայ իր ամուսինէն աւելի պարգեւատրուած ըլլալ։ Այսուհանդերձ, որպէս Եհովայէ վախցող «կարող կին մը», ան պէտք է յարգէ իր ամուսինը եւ իր ունեցած շնորհքները գործածէ զինք ամբողջացնելու ու ոչ թէ անոր հետ մրցելու համար։ Իսկ իմաստուն ու հեզ ամուսին մը փոխանակ նախանձելու կամ ընդվզելու, իր կնոջ զօրութիւնները կ’արժեւորէ եւ անոնցմով կ’ուրախանայ։ Ան կը քաջալերէ զինք որ իր տաղանդները լիովին գործածէ իր ընտանիքը կերտելու եւ իր զաւակներուն օգնելու, որպէսզի անոնք ալ իրեն նման ‘Եհովայէ վախնան’։ (Առակաց 31։10, 28-30, ՆԱ. Ծննդոց 2։18) Այսպիսի համեստ, հեզ ամուսիններ ու կիներ ամուսնութեան մէջ բարգաւաճելով իրապէս Եհովան կը պատուեն։
Զօրաւոր Անձնաւորութիւն մը Հպատակեցնել
Արդարութիւն սիրող եւ բոլոր սրտով Եհովայի կամքը կատարող զօրաւոր անձնաւորութիւն մը կրնայ լաւ արժանիք մը ըլլալ, երբ համեստութեամբ ու խոնարհութեամբ խառնուած ըլլայ։ Սակայն, անիկա կրնայ տկարութիւն մը ըլլալ, եթէ ուրիշներուն վրայ տիրելու կամ զանոնք վախցնելու պատճառ ըլլայ։ Ասիկա մանաւանդ ճշմարիտ է քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Քրիստոնեաները իրարու հետ՝ ժողովքի երէցներուն ներկայութեան անգամ՝ հանգիստ պէտք է զգան։—Մատթէոս 20։25-27
Երէցները իրենց կարգին, հանգիստ պէտք է զգան իրարու հետ։ Իսկ երբ իրարու հետ կը ժողվուին, սուրբ հոգիին՝ եւ ո՛չ թէ աձնաւորութեան զօրութիւնը՝ պէտք է ազդէ իրենց որոշումներուն։ Արդարեւ, սուրբ հոգին կրնայ երէցներու մարմինին մէջ գտնուող ոեւէ երէցի, նոյնիսկ ամենէն երիտասարդին, կամ լռակեացին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։ Ուստի անոնք որոնք զօրաւոր անձնաւորութիւն ունին, նոյնիսկ երբ խորհին որ իրաւունքով են, ուրիշին կարծիքին ենթարկուելու արուեստը սորվելով, իրենց զօրութիւնը պէտք է զսպեն ու այսպիսով ընկեր երէցները ‘պատուեն’։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ժողովողի 7։16–ը ազնիւ կերպով կը զգուշացնէ. «Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։ Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր»։
Եհովա՝ «ամէն բարի տուրք»ի Աղբիւրը, իր ահաւոր զօրութիւնը բացարձակ կատարելութեամբ կը գործածէ։ (Յակոբու 1։17. Բ. Օրինաց 32։4) Իսկ ի՛նքն է մեր Ուսուցիչը։ Ուստի, իրմէ սորվինք եւ ծանր աշխատինք թէ՛ մեր բնատուր շնորհքները կամ զօրութիւնները մշակելու, եւ թէ զանոնք իմաստութեամբ, համեստութեամբ ու սիրալիր կերպով գործածելու։ Այդ պարագային, ուրիշներուն համար ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մը պիտի ըլլանք։
[Նկար՝ էջ 27]
Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ջերմեռանդ ուսումնասիրութենէն եւ Եհովայի ապաւինելէն կախեալ է
[Նկար՝ էջ 29]
Ուրիշներուն շահը փնտռելը օրհնութիւն մը կ’ըլլայ, եթէ՝ համեստութեամբ խառնուած ըլլայ
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 26]
Courtesy of The Mariners’ Museum, Newport News, VA