Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 5/1 էջ 4-6
  • Բարին օր մը պիտի յաղթէ՞ չարին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարին օր մը պիտի յաղթէ՞ չարին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Տախաու մէջ Չարին Դէմ Պայքարիլ
  • Մեր Մէջ Եղող Չարին Յաղթենք
  • Բանսարկուն Փճացնել
  • «Անոնք Պիտի Չվնասեն»
  • Բարին կ’ընդդիմանայ չարին—Երկարատեւ պայքար մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Բարին ի՛նչպէս պիտի յաղթէ չարին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Մխիթարութիւն՝ Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 5/1 էջ 4-6

Բարին օր մը պիտի յաղթէ՞ չարին

ՇՈՒՐՋ երկու հազար տարի առաջ, Յիսուս Քրիստոս, անմեղ մարդ մը, դատի քաշուած էր։ Չար մարդիկ կը դաւադրէին զինք սպաննել, քանի որ ան ճշմարտութիւնը կը խօսէր։ Ան նենգօրէն ամբաստանուեցաւ որպէս մոլորեցնող, իսկ ամբոխը աղաղակելով անոր սպաննուիլը պահանջեց։ Հռովմէացի կուսակալ մը, որու համար շատ աւելի արժէք ունէր իր քաղաքական վարկը քան համեստ ատաղձագործի մը կեանքը, Յիսուսը դաժան մահուան մը դատապարտեց։ Երեւութապէս, չարը յաղթած էր։

Սակայն, իր սպանութեան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Մասամբ ըսել ուզեց որ աշխարհի մէջ չարը ո՛չ դառնացուցած էր զինք, ոչ ալ կրցած էր չարութեամբ փոխարինել իրեն։ Աշխարհը չէր կրցած զինք չարութեամբ կաղապարել։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 12։2, Phillips։) Նոյնիսկ մեռնելու ատեն, ան զինք սպաննողներուն համար աղօթեց. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասնզի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։—Ղուկաս 23։34

Մինչեւ իր վերջին շունչը, Յիսուս ցոյց տուաւ որ կարելի է չարին յաղթել։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց որ անձամբ չարին դէմ պայքարին։ Ինչպէ՞ս կրնային ասիկա ընել։ ‘Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն չհատուցանել’ու եւ ‘չարին բարիով յաղթել’ու սուրբ գրային խրատին հետեւելով, ինչպէս Յիսուս ըրած էր։ (Հռովմայեցիս 12։17, 21) Բայց այսպիսի ընթացք մը իրապէս գործնակա՞ն է։

Տախաու մէջ Չարին Դէմ Պայքարիլ

Էլզէն, Տախաուի մէջ Գերմանուհի բանտարկեալ մը, 14 տարեկան Ռուս մանկամարդուհիի մը թանկագին պարգեւ մը տուաւ. հաւատքի ու յոյսի պարգեւ մը։

Տախաուը տխրահռչակ կեդրոնացման ճամբար մըն էր, ուր հազարաւորներ թունաւոր կազերով սպաննուեցան եւ հարիւրաւորներ, այս ռուս մանկամարդուհին ալ մէջը, բժշկական սարսափելի փորձերու ենթարկուեցան։ Տախաուը չարութեան մարմնացումը կը թուէր ըլլալ։ Այսուհանդերձ, երեւութապէս այսպիսի անբերրի հողի մը մէջ, բարին ծիլ տուաւ եւ աճեցաւ։

Էլզէն անհուն վիշտ մը կը զգար այս մանկամարդուհիին համար, որու պարտադրեցին որ ԷՍ.ԷՍ. պահակներու կողմէ իր մօրը վայրագօրէն բռնաբարուիլը դիտէ։ Էլզէն, իր կեանքը վտանգելով, պատեհութիւն կը փընտռէր որ այս աղջկան խօսէր բարիի ու չարի եւ Աստուածաշունչի յարութեան յոյսին մասին։ Ան իր երիտասարդ ընկերուհիին սորվեցուց սիրել, փոխանակ ատելու։ Իսկ Էլզէի շնորհիւ, Ռուս աղջիկը վերապրեցաւ Տախաուի սոսկումներէն։

Էլզէն ասիկա ըրաւ, քանի որ կ’ուզէր Քրիստոսի անձնուրաց օրինակին հետեւիլ։ Որպէս Եհովայի Վկայ մը, ան սորված էր չարութիւնը չարութիւնով չփոխադարձել եւ իր հաւատքը մղեց զինք որ այս ուղղութեամբ ուրիշներուն օգնէ։ Ան թէեւ տառապեցաւ Տախաուի մէջ, բայց չար վարչաձեւի մը վրայ բարոյական յաղթանակ մը տարաւ։ Իսկ ան միակը չէր։

Քրիստոնէութեան Պատմութիւնը խորագրով իր գիրքին մէջ (Անգլ.), Փոլ Ճոնսըն նշեց որ «[Եհովայի Վկաները] մերժեցին որեւէ համագործակցութիւն Նացի պետութեան հետ, զոր այպանեցին որպէս ամբողջովին չար։ ... Ինիսուն եօթը տոկոսը կերպով մը հալածանքէ տառապեցաւ»։ Արդեօք ասիկա անյոյս պայքա՞ր մըն էր։ Աուսվիցի Արժէքներն ու Բռնութիւնը խորագրով գրքին մէջ (Անգլ.), Լեհ ընկերաբան Աննա Փավէլշինսգա Վկաներուն մասին ըսաւ. «Բանտարկեալներու այս պզտիկ խմբակը, գաղափարաբանական հաստատուն ոյժ մըն էր եւ անոնք Նացիականութեան դէմ իրենց պայքարէն յաղթական դուրս եկան»։

Բայց շատերուս համար, գլխաւոր պայքարը մեր մէջ եղող չարութեան դէմ է, ոչ թէ արտաքին։ Անիկա մեր ներսիդին մղուած պայքար մըն է։

Մեր Մէջ Եղող Չարին Յաղթենք

Պօղոս առաքեալ այս պայքարը հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ (Հռովմայեցիս 7։19) Ինչպէս Պօղոս լաւ գիտէր, բարին ընելը միշտ բնականաբար չի գար։

Էօկէնիոն,a Սպանացի երիտասարդ մըն էր, որ երկու տարի իր չար հակումներուն դէմ պայքարեցաւ։ «Իմ անձիս հանդէպ խիստ պէտք էր ըլլայի», կը բացատրէ ան։ «Կանուխ հասակէս, անբարոյութեան հակումը ունէի։ Երբ երիտասարդ էի, ուզելով կը մասնակցէի միասեռական խայտառակութիւններու եւ, անկեղծ ըլլալու համար, կ’ախորժէի այդ ապրելակերպէն»։ Վերջապէս, ի՞նչ բան մղեց զինք որ ան ուզէ փոխուիլ։

«Ուզեցի Աստուած հաճեցնել եւ Աստուածաշունչէն սորվեցայ որ իրեն հաճելի չէր իմ ապրելակերպս», ըսաւ Էօկէնիոն։ «Ուստի որոշեցի տարբեր անձ մը ըլլալ. Աստուծոյ ուղղութիւններով ապրիլ։ Ամէն օր, պէտք էր պայքարէի ժխտական, պիղծ խորհուրդներու դէմ, որոնք տակաւին միտքս կը հարուածէին։ Վճռած էի այս պայքարին յաղթել, ուստի աղօթքով անդադար Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէի։ Երկու տարի ետք, այդ ամենէն գէշ պահերը անցան, բայց տակաւին շատ խիստ եմ անձիս հանդէպ։ Սակայն կ’արժէր մղել այս պայքարը։ Հիմա անձիս հանդէպ յարգանք, լաւ ամուսնութիւն մը եւ, ամենէն կարեւորը, Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունիմ։ Անձնական փորձառութենէս գիտեմ որ եթէ իրական ջանք թափուի, կարելի է չար խորհուրդները վանել, առաջ որ անոնք արգասաբեր ըլլան»։

Ամէն անգամ որ չար խորհուրդ մը մերժուի, բարին կը յաղթէ չարին։ Սակայն, այս յաղթանակները, որքան ալ կարեւոր ըլլան, չարութեան երկու գլխաւոր աղբիւրները չեն վաներ։ Որքան ալ ծանր ջանք թափենք, չենք կրնար լիովին յաղթել մեր ժառանգական տկարութիւններուն, իսկ Սատանան տակաւին կը շարունակէ չար ազդեցութիւն բանեցնել մարդոց վրայ։ Ուստի, այս վիճակը օր մը պիտի փոխուի՞։

Բանսարկուն Փճացնել

Մինչեւ ի մահ Յիսուսի հաւատարմութիւնը Սատանային համար մեծագոյն պարտութիւնն էր։ Բանսարկուն չյաջողեցաւ Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանել եւ այդ ձախողութիւնը Սատանայի վախճանին սկիզբը նշեց։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կը բացատրէ, Յիսուս մահ ճաշակեց, «որպէսզի իր մահովը փճացնէ ... Սատանան»։ (Եբրայեցիս 2։14) Իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18) Իսկ այս իշխանութիւնը պիտի գործածուի Սատանայի գործերը փճացնելու համար։

Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ այն օրը, երբ Յիսուս երկնքէն դուրս պիտի նետէր Սատանան։ Այս Գերչարագործը, իր դեւերուն հետ, երկրի շրջակայքը պիտի արգելափակուէր։ Որպէս հետեւանք, Աստուածաշունչը ազդարարած էր, որ չարութիւնը պիտի շատնար. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։7–9, 12

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ այս պատմական դէպքը արդէն տեղի ունեցած է Առաջին Աշխարհամարտի ատենները։b Ահաւասիկ բացատրութիւնը թէ ի՛նչու մեր օրերուն չարութիւնը յատկանշականօրէն աւելցած է։ Բայց շուտով Սատանան ամբողջովին պիտի արգելափակուի, այնպէս որ ան այլեւս ո՛չ մէկուն վրայ ազդեցութիւն պիտի բանեցնէ։—Տես Յայտնութիւն 20։1–3։

Այս բոլորը ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենան մարդկութեան համար։

«Անոնք Պիտի Չվնասեն»

Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս շուտով իր «իշխանութիւն»ը պիտի գործածէ «երկրի» վրայ, հոգեւոր վերադաստիարակչական յայտագիր մը կազմակերպելու համար։ «Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին»։ (Եսայեայ 26։9) Ասոր օգուտները բացայայտ պիտի ըլլան բոլորիս։ Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն .... քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9

Նոյնիսկ հիմա, կարելի է մեր չար հակումները սանձել։ Երբ այլեւս դիւային ազդեցութիւն չըլլայ, վստահաբար շա՜տ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ‘չարութենէ ետ քաշուիլ ու բարութիւն ընել’։—Ա. Պետրոս 3։11

Ամէն պատճառ ունինք վստահ ըլլալու որ բարին պիտի յաղթէ չարին, քանի որ Աստուած բարի է եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին բարին ընել, իր օգնութեամբ կրնան յաղթել չարին, ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ իր օրինակով։ (Սաղմոս 119։68) Անոնք, որոնք կը փափաքին չարին դէմ պայքարիլ, կրնան ակնկալել մաքրուած երկրի մը վրայ ապրիլ, ուր պիտի իշխէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, կառավարութիւն մը՝ որու յանձնուած է ընդմիշտ չարութիւնը երկրէն արմատախիլ ընելու պատասխանատուութիւնը։ Սաղմոսերգուն ասոր հետեւանքը կը նկարագրէ. «Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։ Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի»։—Սաղմոս 85։10, 11

[Ստորանիշ էջ 5]

a Իր իրական անունը չէ։

[Ստորանիշ էջ 6]

b Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տես Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գրքին 20–22–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել