Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 1/1 էջ 16-20
  • Կեանքի վազքին մէջ մի՛ հեղգանաք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կեանքի վազքին մէջ մի՛ հեղգանաք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Շատ Աւելի Ուշադիր Ըլլանք»
  • ‘Շարունակեցէք Մէկզմէկ Յորդորել’
  • «Պէտք Է Ձեզի Համբերութիւն»
  • Կրնա՛նք Համբերել
  • Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Զգուշացէ՛ք հաւատքի պակասէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Նամակ մը՝ որ կրնայ մեզի օգնել հաւատարմօրէն տոկալու մինչեւ վերջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 1/1 էջ 16-20

Կեանքի վազքին մէջ մի՛ հեղգանաք

«Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։1

1, 2. Այս վերջին օրերուն ընթացքին Եհովայի ծառաները ո՞ր սրտայոյզ դէպքերով խայտացին։

Կ’ԱՊՐԻՆՔ սրտայոյզ եւ դժուարին ժամանակներու մէջ։ Աւելի քան 80 տարիներ առաջ՝ 1914–ին, Յիսուս գահակալուեցաւ, որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։ Այն ժամանակ սկսաւ «տէրունական օրը» եւ անոր հետ իրերու այս դրութեան «վերջին ժամանակը»։ (Յայտնութիւն 1։10. Դանիէլ 12։9) Անկէ ի վեր, Քրիստոնեային կեանքի վազքը աւելի ստիպողական դարձած է։ Աստուծոյ ծառաները տգնաջան կ’աշխատին,որպէսզի Եհովայի երկնային կառքին՝ իր երկնային կազմակերպութեան՝ հետ քայլ պահեն, որ անարգել յառաջ կ’ընթանայ Եհովայի նպատակները իրագործելու համար։—Եզեկիէլ 1։4-28. Ա. Կորնթացիս 9։24

2 Աստուծոյ ծառաները յաւիտենական կեանքի առաջնորդող վազքին մասնակցելով ուրախութիւն գտա՞ծ են։ Այո՛, արդարեւ։ Անոնք Յիսուսի մնացեալ եղբայրներուն հաւաքուիլը տեսնելով խայտացած են, իսկ 144,000–ին մնացած անդամներուն վերջնական կնքումը ամբողջանալու վրայ ըլլալու գաղափարը զիրենք կ’ուրախացնէ։ (Յայտնութիւն 7։3, 4) Ասկէ զատ, անոնք կը հրճուին գիտակցելով որ Եհովայի նշանակած Թագաւորը իր մանգաղը երկնցուցած է, որպէսզի «երկրի հունձքը» հնձէ։ (Յայտնութիւն 14։15, 16) Իսկ անիկա ի՜նչ հոյակապ հունձք մըն է։ (Մատթէոս 9։37) Մինչեւ հիմա, աւելի քան հինգ միլիոն անհատներ հաւաքուած են՝ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ (Յայտնութիւն 7։9) Ոեւէ անհատ չի կրնար ըսել թէ ի վերջոյ որքա՛ն մեծ պիտի ըլլայ այդ բազմութիւնը, քանի որ մէ՛կը չի կրնար համրել զայն։

3. Հակառակ ի՞նչ բաներու պէտք է միշտ փորձենք ուրախ հոգի մը մշակել։

3 Ճիշդ է որ Սատանան կը փորձէ մեզ սայթաքեցնել կամ դանդաղեցնել, մինչ այս վազքին մէջ մեր քայլերը կ’արագացնենք։ (Յայտնութիւն 12։17) Իսկ դիւրին չէ եղած այս վազքին մէջ շարունակել, հակառակ վերջին ժամանակը նշող պատերազմներուն, սովերուն, մահտարաժամներուն եւ մնացեալ բոլոր դժուարութիւններուն։ (Մատթէոս 24։3-9. Ղուկաս 21։11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսուհանդերձ, մեր սրտերը ուրախութեամբ կ’ոստան, մինչ վազքը իր աւարտին կը մօտենայ։ Կը ջանանք ցուցաբերել այն հոգին, զոր Պօղոս իր ժամանակակից Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց որ ունենան. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—Փիլիպպեցիս 4։4

4. Փիլիպպեցի Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի հոգի մը ցուցաբերեցին։

4 Այն Քրիստոնեաները, որոնց Պօղոս ուղղած էր այս խօսքերը, անկասկած ուրախ էին իրենց հաւատքով, քանի որ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Շարունակեցէ՛ք ուրախ ըլլալ Տէրոջմով»։ (Փիլիպպեցիս 3։1, ՆԱ) Փիլիպպեցիները առատաձեռն ու սիրալիր ժողովք մը կը կազմէին, որոնք նախանձախնդրութեամբ ու խանդավառութեամբ կը ծառայէին։ (Փիլիպպեցիս 1։3-5. 4։10, 14-20) Սակայն առաջին դարու բոլոր Քրիստոնեաներն ալ այդ հոգին չունէին։ Օրինակի համար, Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներէն ոմանք, որոնց Պօղոս ուղղեց Եբրայեցիս գիրքը, մտահոգութեան աղբիւր մըն էին։

«Շատ Աւելի Ուշադիր Ըլլանք»

5. (ա) Եբրայեցի Քրիստոնեաները ի՞նչպիսի հոգի մը ունէին, երբ քրիստոնէական առաջին ժողովքը հաստատուեցաւ։ (բ) Հ.Դ. 60–ի ատենները Եբրայեցի Քրիստոնեաներէն ոմանց ցուցաբերած հոգին նկարագրեցէք։

5 Աշխարհի պատմութեան մէջ, առաջին քրիստոնէական ժողովքը կազմուած էր բնական Հրեաներէ ու նորադարձներէ եւ հաստատուած էր Երուսաղէմի մէջ Հ.Դ. 33–ին։ Անիկա ի՞նչպիսի հոգի մը ունէր։ Կը բաւէ որ անհատ մը կարդայ Գործք Առաքելոց գրքին սկիզբի գլուխները, տեղեկանալու համար այդ ժողովքին խանդավառութեան եւ ուրախութեան մասին, նոյնիսկ՝ հալածանքներուն դիմաց։ (Գործք 2։44-47. 4։32-34. 5։41. 6։7) Սակայն, մինչ տարիները անցան, պարագաները փոխուեցան ու Քրիստոնեայ դարձած բազմաթիւ Հրեաներ կեանքի վազքին մէջ բացայայտօրէն դանդաղեցան։ Հ.Դ. 60–ի ատենները, տեղեկագրութիւն մը անոնց վիճակին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Անփոյթ ու յոգնած վիճակ մը կը տիրէր, չիրականացած ակնկալութիւններ, յետաձգուած յոյսեր, դիտումնաւոր թերացում ու ընդհանուր անհաւատութիւն մը։ Անոնք Քրիստոնեաներ էին, բայց իրենց երկնային կոչումի փառքին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը նուազած էր»։ Օծեալ Քրիստոնեաներ ի՞նչպէս այս վիճակին հասած էին։ Եբրայեցիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակին (գրուած շուրջ Հ.Դ. 61–ին) կարգ մը մասերը նկատի առնելը, պիտի օգնէ այդ հարցումին պատասխանելու։ Ներկայիս այսպիսի քննարկում մը, բոլորիս ալ պիտի օգնէ որ խուսափինք հոգեւորապէս նոյնանման տկար վիճակի մէջ իյնալէ։

6. Ի՞նչ են կարգ մը տարբերութիւնները, Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ եղած պաշտամունքին եւ Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ եղած հաւատքին վրայ հիմնուած պաշտամունքին միջեւ։

6 Եբրայեցի Քրիստոնեաները դուրս եկած էին Յուդայականութենէն, դրութիւն մը որ կը դաւանէր Մովսէսի միջոցաւ Եհովայի տուած Օրէնքին հնազանդիլ։ Կը թուի թէ այդ Օրէնքը տակաւին շատ մը Քրիստոնեայ Հրեաները կը հրապուրէր, թերեւս քանի որ դարերէ ի վեր անիկա Եհովայի մօտենալու միակ կերպը եղած էր. ինչպէս նաեւ ունէր պաշտամունքի տպաւորիչ դրութիւն մը, քահանայութեամբ եւ կանոնաւորաբար ներկայացուած զոհերով ու Երուսաղէմի մէջ աշխարհահռչակ տաճարով մը։ Բայց Քրիստոնէութիւնը տարբեր էր։ Անիկա հոգեւոր հայեցակէտ կը պահանջէր, Մովսէսի նման, որ «դիտելով կը սպասէր [ապագայ] վարձքին հատուցումին» ու «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։26, 27) Բացայայտօրէն, Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներէն շատեր այսպիսի հոգեւոր տեսողութիւն մը չունէին։ Անոնք կը կաղային, փոխանակ նպատակալից կերպով վազելու։

7. Այս դրութիւնը որմէ դուրս եկած ենք, ի՞նչպէս կրնայ ազդել կեանքի վազքին մէջ մեր վազած կերպին։

7 Ներկայիս ալ նոյնանման կացութիւն մը գոյութիւն ունի՞։ Անշուշտ վիճակները ճիշդ նոյնը չեն, բայց Քրիստոնեաները իրերու չափազանց պարծենկոտ դրութենէ մը եկած են։ Աշխարհը հրապուրիչ պատեհութիւններ կը ներկայացնէ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ ծանր պատասխանատուութիւններ կը բեռցնէ մարդոց վրայ։ Ասկէ զատ, շատերս կ’ապրինք երկիրներու մէջ, ուր մարդիկ կասկածամիտ են, ինչպէս նաեւ անձնասէր ու եսապաշտ հայեցակէտ մը ունին։ Եթէ թոյլ տանք որ այսպիսի դրութիւն մը ազդեցութիւն բանեցնէ մեր վրայ, մեր ‘սրտին աչքերը’ դիւրաւ կրնան ծանրանալ։ (Եփեսացիս 1։18) Կեանքի վազքին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք յարատեւել, երբ այլեւս չենք կրնար յստակօրէն տեսնել թէ ո՛ւր կ’երթանք։

8. Քրիստոնէութիւնը ի՞նչ կերպերով գերակայ է Օրէնքի ներքեւ եղած պաշտամունքէն։

8 Քրիստոնեայ դարձած Հրեաները խթանելու համար, Պօղոս անոնց յիշեցուց որ քրիստոնէական դրութիւնը Մովսիսական Օրէնքէն գերակայ էր։ Շիտակ է որ երբ մարմնաւոր Իսրայէլ ազգը Օրէնքին ներքեւ Եհովայի ժողովուրդն էր, Եհովա անոնց հետ խօսեցաւ ներշնչեալ մարգարէներու միջոցաւ։ Բայց Պօղոս կ’ըսէ որ ներկայիս ան «իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց»։ (Եբրայեցիս 1։2) Ասկէ զատ, Յիսուս Դաւիթի շառաւիղէն եղող բոլոր թագաւորներէն՝ իր «ընկերներ»էն՝ աւելի մեծ է։ Ան նոյնիսկ հրեշտակներէն բարձր է։—Եբրայեցիս 1։5, 6, 9

9. Պօղոսի օրուան Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներուն նման, ինչո՞ւ մենք ալ պէտք է Եհովայի ըսածներուն «շատ աւելի ուշադիր ըլլանք»։

9 Ուստի, Պօղոս Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլանք . . . ըսուածներուն, որպէսզի չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք»։ (Եբրայեցիս 2։1, ՆԱԹ) Թէեւ Քրիստոսի մասին սորվիլը անգին օրհնութիւն մըն էր, սակայն աւելին կը պահանջուէր։ Անոնք իրենց շրջապատող Հրեայ աշխարհին ազդեցութեան դէմ դնելու համար, Աստուծոյ Խօսքին մօտէն ուշադրութիւն պէտք էր ընծայէին։ Մենք ալ պէտք է «շատ աւելի ուշադիր ըլլանք» Եհովայի ըսածներուն, ի տես այս աշխարհի պրոպականդին, որ մեր վրայ կը տեղայ։ Ասիկա կը նշանակէ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ մշակել ու Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր մը պահպանել։ Ինչպէս Պօղոս Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ քիչ մը անդին ըսաւ, անիկա կը նշանակէ նաեւ ժողովներուն յաճախելու եւ մեր հաւատքը ուրիշներուն ծանուցանելու մէջ կանոնաւոր ըլլալ։ (Եբրայեցիս 10։23-25) Այսպիսի գործունէութիւններ մեզի պիտի օգնեն որ հոգեւորապէս արթուն մնանք ու մեր փառաւոր յոյսը չմոռնանք։ Եթէ մեր միտքը Եհովայի խորհուրդներով լեցնենք, այս աշխարհը ի՛նչ որ ալ փորձէ ընել, պիտի չընկրկինք, ո՛չ ալ մեր հաւասարակշռութիւնը պիտի կորսնցնենք։—Սաղմոս 1։1-3. Առակաց 3։1-6

‘Շարունակեցէք Մէկզմէկ Յորդորել’

10. (ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ անոր որ Եհովայի Խօսքին սովորականէն աւելի ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել ‘մէկզմէկ յորդորել’։

10 Եթէ հոգեւոր բաներու մօտէն ուշադրութիւն չընծայենք, Աստուծոյ խոստումները կրնան անիրական թուիլ։ Ասիկա պատահեցաւ նոյնիսկ առաջին դարուն, երբ ժողովքները ամբողջովին օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած էին ու առաքեալներէն ոմանք տակաւին ողջ էին։ Պօղոս Եբրայեցիները զգուշացուց, ըսելով. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ ‘Այսօր’ կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը»։ (Եբրայեցիս 3։12, 13) Պօղոսի «նայեցէ՛ք» արտայայտութիւնը արթուն կենալու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Վտանգը կը սպառնայ։ Անհաւատութիւնը՝ «մեղքը»՝ կրնայ մեր սրտերուն մէջ զարգանալ, ու փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, կրնանք իրմէ հեռանալ։ (Յակոբու 4։8) Պօղոս կը յիշեցնէ մեզի որ շարունակենք ‘մէկզմէկ յորդորել’։ Մենք եղբայրներու ջերմ ընկերակցութեան կարիքը ունինք։ «Զատուող [«մեկուսացող», ՆԱ] մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ»։ (Առակաց 18։1) Այսպիսի ընկերակցութեան կարիքը, ներկայիս Քրիստոնեաները կը մղէ որ ժողովներու եւ համաժողովներու յաճախելու մէջ կանոնաւոր ըլլան։

11, 12. Միմիայն քրիստոնէական հիմնական վարդապետութիւնները գիտնալով ինչո՞ւ պէտք չէ բաւականանանք։

11 Պօղոս աւելի անդին իր նամակին հետեւեալ արժէքաւոր խրատը կու տայ. «Թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։ . . . Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։12-14) Բացայայտօրէն, Քրիստոնեայ դարձած Հրեաներէն ոմանք իրենց հասկացողութիւնը աւելցնելու մէջ թերացած էին։ Օրէնքին ու թլփատութեան շուրջ յաւելեալ լոյսը ընդունելու մէջ արագ չէին եղած։ (Գործք 15։27-29. Գաղատացիս 2։11-14. 6։12, 13) Ոմանց աչքին թերեւս տակաւին արժէք ունէին աւանդական սովորութիւնները, ինչպէս՝ Շաբաթը պահելը ու Քաւութեան Օրուան տարեկան հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։—Կողոսացիս 2։16, 17. Եբրայեցիս 9։1-14

12 Հետեւաբար Պօղոս կ’ըսէ. «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք [«հասունութեան դիմենք», ՆԱ]»։ (Եբրայեցիս 6։1) Իր սննդականոնին լաւ ուշադիր եղող Մարաթոնի մարզիկ մը, կրնայ աւելի տոկալ երկար ու յոգնեցուցիչ վազքին։ Նոյնպէս, հոգեւոր սնունդին լաւ ուշադրութիւն ընող Քրիստոնեան, որ հիմնական ու «նախնական սորվելիքներ»ով չի բաւականանար, վազքին մէջ մնալու ու զայն աւարտելու աւելի կարող պիտի ըլլայ։ (Բաղդատել՝ Բ. Տիմոթէոս 4։7։) Ասիկա կը նշանակէ ճշմարտութեան ‘լայնութեան ու երկայնութեան եւ խորութեան ու բարձրութեան’ հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակել, եւ հետեւաբար՝ հասունութեան դիմել։—Եփեսացիս 3։18

«Պէտք Է Ձեզի Համբերութիւն»

13. Անցեալին, Եբրայեցի Քրիստոնեաները իրենց հաւատքը ի՞նչպէս ապացուցանեցին։

13 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին յաջորդող ժամանակամիջոցին սաստիկ հալածանք ըլլալով հանդերձ, Հրեայ Քրիստոնեաները հաստատ մնացին։ (Գործք 8։1) Թերեւս Պօղոս ասիկա ի մտի ունէր, երբ գրեց. «Մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք»։ (Եբրայեցիս 10։32) Այսպիսի հաւատարիմ համբերութիւն, Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանեց ու անոր մօտենալու համարձակութիւն տուաւ։ (Ա. Յովհաննու 4։17) Պօղոս զիրենք կը յորդորէ որ անհաւատութեան պատճառաւ այդ համարձակութիւնը մէկդի չնետեն, ըսելով. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. ‘Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ’»։—Եբրայեցիս 10։35-37

14. Ո՞ր իրողութիւնները պէտք է օգնեն որ համբերենք, նոյնիսկ եթէ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայենք։

14 Ի՞նչ կրնանք ըսել ներկայիս մեր մասին։ Գրեթէ բոլորս ալ նախանձախնդիր էինք, երբ առաջին անգամ քրիստոնէական ճշմարտութիւնը սորվեցանք։ Տակաւին այդ նախանձախնդրութիւնը ունի՞նք, թէ ոչ մեր ‘առաջուան սէրը ձգած’ ենք։ (Յայտնութիւն 2։4) Արդեօք պաղեցա՞նք, թերեւս յուսախաբ դառնալով կամ Արմագեդոնը սպասելէն ձանձրանալով։ Սակայն, վայրկեան մը կանգ առէք ու խորհեցէք։ Ճշմարտութիւնը առաջուընէ նուազ հոյակապ չէ։ Յիսուս տակաւին մեր երկնաւոր Թագաւորն է։ Տակաւին կը յուսանք դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ եւ տակաւին Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը վայելենք։ Իսկ բնաւ մի՛ մոռնաք. «Ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ»։

15. Յիսուսի նման, Քրիստոնեաներէն ոմանք բիրտ հալածանքի ի՞նչպէս տոկացած են։

15 Հետեւաբար, Եբրայեցիս 12։1, 2–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը շատ տեղին են. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը [անհաւատութիւնը]։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ Այս վերջին օրերուն մէջ, Աստուծոյ ծառաները բազմաթիւ բաներու համբերած են։ Մինչեւ տանջալից մահ հաւատարիմ եղող Յիսուսի նման, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք հաւատարմօրէն համբերած են ամենաբիրտ հալածանքներու. բանտերու, չարչարանքներու, բռնաբարումներու եւ նոյնիսկ մահուան։ (Ա. Պետրոս 2։21) Մեր սիրտը սիրով չի՞ յորդիր, երբ իրենց ուղղամտութեան մասին կը կարդանք։

16, 17. (ա) Քրիստոնեաներէն շատեր իրենց հաւատքին սպառնացող ո՞ր մարտահրաւէրներուն դէմ կը պայքարին։ (բ) Ի՞նչ բան յիշելը պիտի օգնէ մեզի, որ կեանքի վազքին մէջ շարունակենք վազել։

16 Սակայն, Պօղոսի յաջորդ խօսքերը շատերուն կը կիրարկուին. «Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին»։ (Եբրայեցիս 12։4) Այսուհանդերձ, այս դրութեան մէջ ճշմարտութեան ճամբան ոեւէ մէկուս համար դիւրին չէ։ Աշխատավայրին կամ դպրոցին մէջ, ոմանք կը յուսահատին ‘մեղաւորներուն հակառակ խօսքերէն’, ծաղրանքի համբերելով կամ մեղքի ճնշումին դիմադրելով։ (Եբրայեցիս 12։3) Զօրաւոր փորձութիւններու պատճառաւ, Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն կառչելու ոմանց վճռակամութիւնը տկարացած է։ (Եբրայեցիս 13։4, 5) Ոմանք հաւատուրացներու թունաւոր պրոպականդը մտիկ ընելով, իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը կորսունցուցած են։ (Եբրայեցիս 13։9) Անձնաւորութեան գծերու տարբերութիւնը շատերու ուրախութիւնը խլած է։ Զբօսանքի եւ ժամանցի վրայ չափազանց շեշտ դնելը, Քրիստոնեաներէն ոմանց տկարացուցած է։ Իսկ մեծամասնութիւնը իրերու այս դրութեան մէջ ապրուստի խնդիրներով ճնշուած կը զգայ։

17 Ճիշդ է որ այս պարագաներէն ո՛չ մէկը ‘արիւն թափելու չափ հակառակ կենալուն’ հաւասար է։ Իսկ կարգ մը կացութիւններ, մեր առած սխալ որոշումներուն արդիւնքն են։ Սակայն բոլորն ալ մեր հաւատքին մարտահրաւէր կը կարդան։ Այս պատճառով ալ մեր աչքերը Յիսուսի համբերութեան սքանչելի օրինակին վրայ պէտք է սեւեռենք։ Բնաւ չմոռնանք որ սքանչելի յոյս մը ունինք։ Անսասան պահենք մեր համոզումը թէ՝ ‘Աստուած վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն’։ (Եբրայեցիս 11։6) Այն ատեն, կեանքի վազքին մէջ շարունակելու հոգեւոր զօրութիւնը պիտի ունենանք։

Կրնա՛նք Համբերել

18, 19. Պատմական ո՞ր դէպքերը կը թելադրեն որ Երուսաղէմի մէջ ապրող Եբրայեցի Քրիստոնեաները Պօղոսի ներշնչեալ խրատին անսացին։

18 Հրեայ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին Պօղոսի նամակին։ Եբրայեցիս նամակը գրուելէն շուրջ վեց տարիներ ետք, Հրէաստան պատերազմի մէջ էր։ Հ.Դ. 66–ին, հռովմէական բանակը Երուսաղէմը պաշարեց, կատարելով Յիսուսի խօսքերը. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։20) Սակայն, այդ շրջանին Երուսաղէմի մէջ եղող Քրիստոնեաներուն օգտին համար, Յիսուս ըսաւ. «Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ»։ (Ղուկաս 21։21) Հետեւաբար, Հռովմի հետ պատերազմը փորձութիւն մըն էր. Այդ Հրեայ Քրիստոնեաները հրէական պաշտամունքի կեդրոնը ու փառաւոր տաճարին վայրը եղող Երուսաղէմէն պիտի հեռանայի՞ն։

19 Յանկարծ ու անծանօթ պատճառներով, հռովմէական բանակը ետ քաշուեցաւ։ Հաւանաբար, Հրեայ կրօնականները ասիկա նկատեցին որպէս ապացոյց թէ Աստուած իրենց սուրբ քաղաքը կը պաշտպանէր։ Իսկ Քրիստոնեաները ի՞նչ ըրին։ Պատմութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք փախան։ Ապա, Հ.Դ. 70–ին, Հռովմէացիները վերադարձան ու ամբողջովին կործանեցին Երուսաղէմը, մեծ թիւով կեանքեր խլելով։ Յովէլի գուշակած «Եհովայի օրը» Երուսաղէմի վրայ հասած էր։ Սակայն, հաւատարիմ Քրիստոնեաները քաղաքին մէջ չէին։ Անոնք ‘ազատեցան’։—Յովելեայ 2։30-32, ՆԱ. Գործք 2։16-21

20. ‘Եհովայի մեծ օրուան’ մօտ ըլլալը գիտնալը, մեզ ի՞նչ կերպերով պէտք է մղէ։

20 Ներկայիս, գիտենք որ «Եհովայի» ուրիշ մեծ «օր» մըն ալ շուտով պիտի հարուածէ իրերու այս ամբողջ դրութիւնը։ (Յովելեայ 3։12-14, ՆԱ) Չենք գիտեր թէ այդ օրը ե՛րբ պիտի գայ, սակայն, Աստուծոյ Խօսքը կը վստահեցնէ մեզ որ անիկա անպայմա՛ն պիտի գայ։ Եհովա կ’ըսէ թէ անիկա պիտի չուշանայ։ (Ամբակումայ 2։3, ՆԱ. Բ. Պետրոս 3։9, 10) Հետեւաբար, «շատ աւելի ուշադիր ըլլանք . . . ըսուածներուն»։ Խուսափինք անհաւատութենէ՝ ‘մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքէն’։ Վճռենք համբերել, որքան ալ տեւէ անիկա։ Մի՛ մոռնաք որ Եհովայի մեծ՝ կառանման երկնային կազմակերպութիւնը յառաջխաղացքի մէջ է։ Անիկա իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Ուստի, թող որ բոլորս ալ շարունակենք վազել ու կեանքի վազքին մէջ չհեղգանանք։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Փիլիպպեցիներուն ուղղած Պօղոսի ո՞ր յորդորին անսալը պիտի օգնէ մեզի որ կեանքի վազքին մէջ համբերենք։

◻ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ մեզ զբաղած պահելու այս աշխարհի հոսանքին դէմ դնենք։

◻ Այս վազքին մէջ համբերելու համար, ի՞նչպէս կրնանք իրարու օգնել։

◻ Ի՞նչ բաներ կրնան Քրիստոնեան դանդաղեցնել։

◻ Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ համբերենք։

[Նկար՝ էջ 19]

Ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի երկնային մեծ կառքը Աստուծոյ նպատակը իրագործէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել