Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 12/1 էջ 18-22
  • Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարգարէներուն Դերը
  • Զգացումներ ու Մղումներ
  • «Բերանը Սրտին Աւելցուքէն կը Խօսի»
  • Հանրապէս Յայտարարելուն Արդիւնքները
  • Քարոզչութեան մէջ Ընկերակցութիւն
  • Աստուծոյ մարգարէները օրինակ առէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Մարգարէներուն ոգին ընդօրինակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամովս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 12/1 էջ 18-22

Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարենք

«Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։15

1. Ովսէ մարգարէն յորդորեց Իսրայելացիները որ ի՞նչ ընեն։

ԵՀՈՎԱՅԻ Ովսէ մարգարէն կենսական պատգամ մը պէտք էր հաղորդէր իր ազգակիցներուն։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն առաջ ութերորդ դարուն, ան յորդորեց իր մոլորած ժամանակակիցները որ դարձի գան։ Ան ըսաւ. «Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք. անոր ըսէ՛ք. ‘Ամէն անօրէնութիւնները վերցո՛ւր եւ բարութիւնը ընդունէ՛ ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք’»։ (Ովսեայ 14։2) Ժողովուրդը յորդորելով, որ ‘իր շրթունքներուն պտուղները’ մատուցանէ Եհովայի, Ովսէի մարգարէութիւնը կը քաջալերէր Իսրայելացիները որ զղջային ու փառաբանութեան անկեղծ զոհեր մատուցանէին Աստուծոյ։

2. Պօղոս քաջալերեց Քրիստոնեաները որ ի՞նչպիսի զոհեր մատուցանեն։

2 Այսօր ալ Եհովայի Վկաները ‘իրենց շրթունքներուն պտուղները’ կը մատուցանեն։ Անոնք Պօղոսի յորդորին ալ մտիկ կ’ընեն, որ Ովսէի մարգարէութեան այս խօսքերը մէջբերեց, երբ գրեց. «Ուստի [Յիսուս Քրիստոսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։ (Եբրայեցիս 13։15) Ուստի, Աստուծոյ ծառաները ուրախութեամբ կը փառաբանեն Եհովան, զոր օրինակ, Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութիւնով։—Մատթէոս 24։14

3. Ինչպէ՞ս կրնանք «օրհնութեան պատարագ» մատուցանել Եհովայի, եւ հիմա որո՞նց գործունէութիւնները պիտի քննենք։

3 Անկատար մարդոց համար, Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարելը առանձնաշնորհում մըն է, որուն արժանի չեն անոնք։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք, երբ ուրիշներուն կը խօսինք մեր Աստուծոյ մասին, այսպիսով «օրհնութեան պատարագ»՝ «մեր շրթունքներուն պտուղը»՝ կը մատուցանենք Եհովայի։ Մեր օրերուն Թագաւորութեան բարի լուրը հանրապէս քարոզելու քաջալերութիւն ստանալու համար, տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Աստուծոյ մարգարէներուն եւ Եհովայի ուրիշ ծառաներուն մասին։ Անոնց կեանքի ընթացքէն շա՛տ բան կը սորվինք, որոնք պիտի օգնեն մեզի որ քարոզելու գործունէութեան մէջ ուրախութիւն գտնենք։

Մարգարէներուն Դերը

4, 5. (ա) Աստուածաշունչի բնագիր լեզուին մէջ «մարգարէ» թարգմանուած բառին հիմնական իմաստը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մարգարէները Աստուծոյ կարգադրութիւններուն մէջ աչքառու դեր մը կը խաղային։

4 Եհովայի մարգարէները իր պատգամը հանրապէս ծանուցանելու առանձնաշնորհումը ունէին։ Եբրայերէն «մարգարէ» (նավի) բառին ստուգաբանութիւնը որոշ չէ, բայց Աստուածաշունչին մէջ անոր գործածութիւնը ցոյց կու տայ որ ճշմարիտ մարգարէները Եհովայի բանբերներն էին. Աստուծոյ ներշնչուած պատգամները ունեցող մարդիկ։ «Մարգարէ» (փրոֆեթէս) թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «ծանուցանող», մէկու մը «դիմաց» կամ «առջեւ» բան մը ըսող։ Մարգարէ մը անհատ մըն է, որ աստուածային աղբիւրէ եկող պատգամներ կը ծանուցանէ։ Յաճախ, բայց ոչ միշտ, Աստուծոյ ճշմարիտ մարգարէները ապագայ դէպքեր գուշակած են։

5 Աստուծոյ կարգադրութիւններուն մէջ մարգարէներուն խաղցած աչքառու դերին ակնարկելով, Մաքլինթոք եւ Սթրոնկի Համայնագիտարանը կը նշէ. «Երբեմն անոնցմէ խորհուրդ կը հարցուէր։ ... Բայց շատ աւելի յաճախ, անոնք ներքնապէս մղուած կը զգային մարդոց խօսելու, առանց որ իրենցմէ խորհուրդ հարցուէր եւ անոնք չէին վախնար այնպիսի վայրեր գտնուելէ, ուր իրենց ներկայութիւնը կրնար ցասում ու սարսափ յառաջ բերել»։ (Հատոր Ը., էջ 640, Անգլ.) Նկատի առէք կարգ մը օրինակներ թէ ի՛նչ բան մղեց մարգարէներուն որ այսպիսի քաջառի կեցուածք մը որդեգրեն։

Զգացումներ ու Մղումներ

6, 7. Եհովա իր Եզեկիէլ մարգարէին ի՞նչ ուտել տուաւ, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոր վրայ։

6 Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, Եհովա Բաբելոնի մէջ գտնուած Հրեայ գերիներուն խօսեցաւ իր Եզեկիէլ մարգարէին միջոցով։ Եհովա անոր ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։ Եզեկիէլ հնազանդեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց եւ ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր’։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր»։—Եզեկիէլ 3։1–3

7 Մեր մարմինը կը սնանի մեր կերած բաներով եւ կերպով մը անոնք մեր մէկ մասը կը դառնան։ Նմանապէս, Եզեկիէլի կերած «տոմս»ը՝ մարգարէին ծանուցանելիք Եհովայի պատգամը՝ իր մէկ մասը պիտի դառնար իր զգացումներուն ազդելով։ Աստուծոյ խօսքերը ա՛յնքան յուզեցին Եզեկիէլի ներքնագոյն զգացումները որ զանոնք հանրապէս ծանուցանելը հաճոյք մը եղաւ իրեն։ Եթէ Եհովայի Վկայ մըն էք, Աստուծոյ պատգամները հանրապէս յայտարարելէն հաճոյք կ’առնէ՞ք։

8, 9. Ի՞նչ բան մղեց Ամովսին որ մարգարէանայ։

8 Նկատի առէք նաեւ Ամովս մարգարէն։ Ան Հ.Դ.Ա. իններորդ դարուն ապրեցաւ եւ Եբրայեցի առաջին մարգարէն էր, որ իր անունը կրող Աստուածաշունչի գրքերէն մէկը գրեց։ Եզեկիէլին նման, Ամովս Եհովայի խօսքը համարձակօրէն խօսող մըն էր։ Արդարեւ, «Տէրը այսպէս կ’ըսէ» արտայայտութիւնը 11 անգամ կրկնուած է իր անունը կրող գրքին մէջ։ (Ամովսեայ 1։3, 6, 9, 11, 13. Ամովսեայ 2։1, 4, 6. 3։12. 5։4. 7։17) Ամովս Աստուծոյ խօսքը հանրապէս ծանուցանելու կարիքը կը զգար։

9 Աստուծոյ մարգարէն ըլլալով, Ամովս աստուածային յայտարարութիւններուն հակազդեց անյապաղ գործի լծուելով։ Անոր միջոցով, Աստուած ըսաւ. «Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։ (Ամովսեայ 3։8) Մարգարէն անդիմադրելիօրէն Եհովայի պատգամը յայտարարելու մղումը կը զգար։

10. Եհովայի արդի ծառաները ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ իրենց քարոզելու գործունէութիւնը հակառակութեան հանդիպի։

10 Առիւծի մռնչիւնին նման, Եհովա դատաստանական պատգամներ կու տայ ներկայ ամբարիշտ աշխարհին։ Ամովսին նման, Եհովայի արդի ծառաները Աստուծոյ խօսքերը հանրապէս ծանուցանելու մղումը կը զգան։ Նոյնիսկ երբ հակառակորդներ սպառնան, անոնք Պետրոսի ու Յովհաննէսի դիրքը կ’որդեգրեն, որոնք քաջութեամբ ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ Առաքեալները նաեւ համարձակօրէն ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 4։20. 5։29) Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Տեղին է որ Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարելու նկատմամբ մեր զգացումները քննենք։

«Բերանը Սրտին Աւելցուքէն կը Խօսի»

11. Ի՞նչ բան պէտք է մղէ մեզի որ Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարենք։

11 Կասկած չկայ որ Եհովայի մարգարէները երախտապարտ էին իրենց առանձնաշնորհումներուն համար։ Եհովայի հանդէպ նոյնանման երախտագիտութիւն մը պէտք է մղէ մեզի որ իր անունը հանրապէս յայտարարենք։ Սաղմոս 145։1, 2–ը կ’ըսէ. «Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։ Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ»։ Դուք ձեզ կը տեսնէ՞ք այս արտայայտութիւններուն մէջ։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի անցեալին ըրած, ներկայիս ի՛նչ որ կ’ընէ ու ապագային ընելիք բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնենք։ Իսկ երբ ընտանիոք Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, չե՞նք զգար որ Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է եւ կը մղէ մեզի որ իր ու իր նպատակներուն մասին խօսինք։ (Եբրայեցիս 4։12) Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարելու մէջ ազդու ըլլալու համար, հարկ է որ լաւ կերպով գործածենք Քրիստոնէական հրատարակութիւնները զորս Եհովա Աստուած կը հայթայթէ օծեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով։—Մատթէոս 24։45–47

12. Հանրապէս յայտարարելու համար, Քրիստոնէական ժողովները եւ խոկալը ինչպէ՞ս կրնան օգնել մեզի։

12 Եհովան երախտապարտ սրտով գովաբանելու համար, կանոնաւորաբար ներկայ պէտք է գտնուինք Քրիստոնէական ժողովներուն։ Եհովայի բոլոր ծառաներն ալ պէտք է հնազանդին Պօղոս առաքեալի խրատին. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար ներկա՞յ էք։ Սուրբ գրային ճշմարտութիւններու, գեղեցիկ փորձառութիւններու եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովներուն մէջ ձեր լսած աստուածպետական ընդլայնումներուն մասին յաճախ կը խօսի՞ք։ Եթէ Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին խօսելու մէջ կը քաշուիք, Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի Իր խորհուրդները ձեր սրտին խորքը թափանցեն։ (Սաղմոս 77։12. 143։5) Թէ՛ Քրիստոնէական ժողովները եւ թէ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կանոնաւորաբար խոկալը պիտի օգնեն ձեզի որ Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարելու հոյակապ առանձնաշնորհումը գնահատէք։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սրտէն ‘բարի բաներ բղխեցնել’։

13 Եհովայի հանդէպ երախտագիտութեամբ լեցուն սրտով, կրնանք մեր սրտէն բարի բաներ բղխեցնել։ Յիսուս ըսաւ. «Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւնը կը բղխեցնէ. վասնզի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Ղուկաս 6։45) ‘Բարի բաներ բղխեցնել’ու լաւագոյն կերպն է մեր դրացիներուն, ազգականներուն, մեր հանդիպած բոլոր մարդոց Եհովայի անունը հանրապէս յայտարարել եւ իր նպատակներուն մասին խօսիլ։

Հանրապէս Յայտարարելուն Արդիւնքները

14. (ա) Թէ՛ Թագաւորութեան պատգամը յայտարարողը եւ թէ անոր լսողը ի՞նչ բանի փորձառութիւնը կ’ունենան։ (բ) Թագաւորութիւնը քարոզելով ի՞նչ կ’իրագործուի։

14 Աստուծոյ մարգարէները իրենց ծառայութենէն հաճոյք կ’առնէին եւ ի՛նչ որ կ’ըսէին օգտակար էր մտիկ ընողներուն։ Նմանապէս, Թագաւորութեան պատգամը հանրապէս յայտարարելը մեծ ուրախութիւն կը բերէ զայն հրատարակողներուն։ (Գործք 20։35) Իսկ անիկա որքա՜ն օգտակար է գնահատութեամբ մտիկ ընողներուն։ Բարի լուրը ընդունիլը կ’օգնէ մարդոց որ իրենց ընկճուածութիւնը նուաճեն կամ անոր հետ գլուխ ելլեն։ Սգաւորները յարութեան ակնկալութիւնով կ’ուրախանան։ Թմրեցուցիչի մոլիները ծխախոտի, հէրոյինի եւ նման նիւթերու գերութենէն կ’ազատագրուին։ Շատեր բարոյապէս կը կազդուրուին, իսկ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունողները հոգեւորապէս կ’ազատագրուին։ (Յովհաննու 5։28, 29. 8։32) Թագաւորութիւնը՝ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը՝ ծանուցանելը կը զգուշացնէ ամբարիշտը, մինչ պարկեշտ սիրտ ունեցողները ուրախութեամբ կ’ընդառաջեն։ Այս կերպով մարդիկ կը զատուին կա՛մ ‘յաւիտենական բնաջնջում’ին եւ կամ «յաւիտենական կեանք»ին համար, երբ աստուածային դատաստանը գործադրուի այս ամբարիշտ աշխարհին վրայ։ (Մատթէոս 24։14. 25։31–46. Եզեկիէլ 33։1–9. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Մեր քարոզչութիւնը փրկութեան աննախընթաց գործողութիւն մըն է, ուստի, որեւէ ժամանակէ աւելի տրուելիք ընդլայնուող ու տարածուող հանրային յայտարարութիւն մը։

15. Մեր թաղամասին մէջ արժանաւոր անհատներուն օգնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։

15 Մենք, Եհովայի արդի Վկաներս, ուրախութեամբ ու հլու կերպով կը ծառայենք մեր երկնաւոր Հօրը։ (Հռովմայեցիս 12։11) Ուստի, մենք ուրախ ենք, որ կանոնաւորաբար ժամանակ կը յատկացնենք, որպէսզի հանրապէս եւ տունէ տուն բարի լուրը քարոզելուն մասնակցինք։ (Գործք 5։42. 20։20) Համայն աշխարհէն ստացուած տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ մեր թաղամասերուն մէջ տակաւին արժանաւոր անհատներ կան։ Մինչ աշխարհի վիճակները կը փոխուին, մարդիկ անոնցմէ կ’ազդուին տարբեր կերպերով։ Շատեր անակնկալօրէն ապաստանեալներ՝ օտար երկրի մը մէջ պանդուխտներ՝ եղած են։ Թերեւս մեր թաղամասին մէջ այսպիսի անհատներ կան։ Եթէ այս է պարագան, անոնց հոգեւորապէս օգնելու համար մեր կարելին ընենք, մինչ կը շարունակենք ‘բարի լուրի սրբազան գործ’ին մէջ։ (Հռովմայեցիս 15։16, ՆԱ) Կարգ մը Քրիստոնեաներ ուրիշ լեզու մը սորված են այսպիսի անհատներու Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու համար։

16. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ յարատեւենք Եհովայի անունը յայտարարելու մէջ։

16 Աստուծոյ մարգարէներէն շատեր դժուար նշանակումներ ունէին։ Անոնց համար դիւրին չէր անընդունակ մարդոց աստուածային պատգամները քարոզել։ Եհովայի նուիրուած կարգ մը անհատներու համար ալ դիւրին չէ Իր անունը հանրապէս յայտարարել, մանաւանդ այն թաղամասերուն մէջ, ուր մարդիկ գրեթէ անընդունակ են։ Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը ջերմեռանդօրէն ուսումնասիրելէն ձեռք ձգուած վստահութեամբ եւ Եհովայի հայթայթած զօրութեամբ, կրնանք Թագաւորութեան պատգամը յայտարարելուն մէջ յարատեւել։ (Փիլիպպեցիս 4։13. Յայտնութիւն 14։6) Այս մարզին մէջ, տակաւին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայի մարգարէներէն եւ վաղեմի ուրիշ ծառաներէն։

Քարոզչութեան մէջ Ընկերակցութիւն

17. Աստուծոյ ծառայութեան մէջ շինիչ ընկերակցութեան սուրբ գրային կարգ մը օրինակները թուեցէք։

17 Աստուծոյ մարգարէն՝ Մովսէս, իր նշանակումը կատարելու համար, սկիզբը իր մեծ եղբօրմէն՝ Ահարոնէն՝ օգնութիւն ստացաւ։ Եհովա Մովսէսին ըսաւ. «[Ահարոնը] թող խօսի ժողովուրդին եւ անիկա քեզի բերնի տեղ ըլլայ»։ (Ելից 4։16) Մտաբերեցէք նաեւ Եղիա ու Եղիսէ մարգարէներուն օրերը, երբ «մարգարէներուն որդիները» բազմացան։ Այնպէս կը թուի որ անոնք խումբ մը Աստուծոյ ծառաներ էին, որոնք միասնաբար կ’աշխատէին, անկասկած իրարու հետ հաճելի ընկերակցութիւն մը վայելելով։ (Դ. Թագաւորաց 2։3–5. 4։38. բաղդատել Ա. Թագաւորաց 10։5, 10։) Անշուշտ, Մովսէս, Ահարոն եւ «մարգարէներուն որդիները» Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով չէին զբաղած։ Այսուհանդերձ, անոնց ընկերակցութիւնը բոլորին համար օգտակար էր։ Դարեր ետք, Յիսուս 70 աշակերտներ «երկու երկու» ղրկեց քարոզելու համար եւ անկասկած, անոնք մեծապէս օգուտ քաղեցին այս ընկերակցութենէն։—Ղուկաս 10։1–16. բաղդատել Գործք 17։10, 11. 20։20։

18. Ծառայութեան մէջ ընկերակցութիւն ունենալը ներկայիս ի՞նչ օգտակար նպատակի կը ծառայէ։

18 1953–ին, Եհովայի Վկաները յայտագրի մը ձեռնարկեցին, որու մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչները քարոզչութեան մէջ միասնաբար պիտի աշխատէին։ Անշուշտ, ասոր նպատակը միայն ընկերակցութիւն վայելել չէր։ Մարզումի այս յայտագիրը ծրագրուած էր, որպէսզի Աստուծոյ ծառաները բարի լուրի աւելի ազդու ուսուցիչներ եւ քարոզիչներ ըլլային։ Այս նպատակակէտը ի մտի ունենալով, աւելի փորձառու Թագաւորութեան հրատարակիչներ նորեկներուն հետ ծառայութեան մասնակցեցան։ Տունէ տուն մարզումի այս յայտագիրը մեծապէս օգտակար եղած է եւ օգնած է Աստուծոյ ժողովուրդին որ իր անունը աւելի լաւ կերպով հանրապէս յայտարարէ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Ներկայիս, երբ Քրիստոնեաները «երկու երկու» ծառայութեան կ’երթան, ասիկա, մասնաւորաբար կարգ մը շրջաններու մէջ, ապահովութեան ալ կը նպաստէ։

19. Ծառայութեան մէջ անձնական նպատակակէտեր իրագործելու առնչութեամբ ի՞նչ բան պէտք չէ մոռնանք։

19 Ծառայութեան մէջ հաւատակիցի մը հետ աշխատիք թէ առանձին դուռ մը զարնէք, անձնական նպատակակէտ մը իրագործելու ջանք թափեցէք։ Անիկա իրապաշտ, իրագործելի նպատակակէտ մը պէտք է ըլլայ։ Մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժելու համար ձեր բացումը թաղամասին յարմարցնելու կարիքը ունի՞ք։ Եթէ այո, թերեւս կարելի է ռահվիրայի մը՝ լման ժամանակով Թագաւորութեան քարոզիչի մը՝ կամ հրատարակիչի մը ընկերակցիլ, որ մասնաւորաբար ազդեցիկ է բացումներ գործածելու մէջ։ Ձեր ընկերակիցը կրնայ օգնել ձեզի որ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջէն, կամ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն բացումներ պատրաստէք ու զանոնք գործածէք։ Երբ իրարու հետ կը քարոզէք, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք թէ ձեր ընկերակիցը իր ներկայացումները ի՛նչպէս կ’ընէ։ Ապա դուք նման ներկայացումներ ըրէք, մինչեւ որ ծառայութեան այս երեսակը լաւ իւրացնէք։

20, 21. Մասնաւորաբար ի՞նչ բան ծառայութեան մէջ ընկերակից ունենալը օգտակար կը դարձնէ։

20 Ի՞նչ կրնաք ընել, եթէ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան առաջնորդող ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելու կարիքը ունիք։ Թերեւս ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչին միջոցով, կարգադրութիւններ կարելի է ընել, որպէսզի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ ատակ եղող հրատարակիչի մը հետ քարոզչութեան մէջ աշխատիք։ Երբ ուրիշի մը հետ վերայցելութեան երթաք, լուռ ընկերակից մը մի՛ ըլլաք։ Այլ, երբ ձեզ ընկերակցողը ցոյց տայ թէ վերայցելութեան ընթացքին հարցերը ի՛նչպէս ձեռք կ’առնէ, օգտակար կ’ըլլայ որ յաջորդ վերայցելութեան ղեկը դուք ձեռք առնէք։ Ձեր ընկերակիցը հոն է ձեզի օգնելու եւ ապա խրատներ տալու համար։—Բաղդատել Գաղատացիս 6։6։

21 Քարոզչութեան մէջ ձեր ընկերակիցին կողմէ տրուած այսպիսի սիրալիր օգնութիւն օգտակար կ’ըլլայ որ ծառայութեան մէջ ձեր նպատակակէտերուն հասնիք։ Այս օժանդակութիւնն ու այս առանձնաշնորհեալ գործը ընելու համար արտօնութիւն տալու Եհովայի ողորմութեան հանդէպ ձեր խոր գնահատութիւնը պիտի օգնեն ձեզի որ քարոզչութեան մէջ աւելի ատակ ըլլաք։ Եհովան օրհնելու ձեր առանձնաշնորհումին վրայ գուրգուրացէք, միշտ իր մասին լաւ խօսելով եւ կանոնաւորաբար իր անունը հանրապէս յայտարարելով։—Սաղմոս 145։1, 2, 9–13

22. Մեր յաջորդ յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պատասխանելու պիտի օգնէ։

22 Մենք, Եհովայի Վկաներս, մեր տունէ տուն ծառայութեամբ կրկին անգամ մարդոց կ’այցելենք։ Շատեր խոր գնահատանքով մտիկ կ’ընեն բարի լուրին։ Սակայն, ոմանք կը մերժեն Թագաւորութեան պատգամին լսել։ Այսպիսի պարագաներուն ի՞նչ պէտք է ընենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք յարատեւել այն գործունէութեան մէջ, որու մէջ Եհովա նշանակած է իր ժողովուրդը։ Սուրբ գրային ի՞նչ օրինակներ կրնան մեզի օգնել ու առաջնորդել մեզ։ Յաջորդ յօդուածով պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն։

Այս Կէտերը Ըմբռնեցի՞ք

◻ Ովսէ եւ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ զոհեր մատուցանելու մասին ի՞նչ ըսին։

◻ Ի՞նչ բան մղեց Եզեկիէլի եւ Ամովսի որ մարգարէանան։

◻ Թագաւորութիւնը քարոզելը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

◻ Քարոզչութեան մէջ ընկերակցութիւն ունենալէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղուին։

[Նկարներ՝ էջ 21]

Նպատակակէտ ունեցող ընկերակցութիւնը կրնայ օգնել մեզի որ ծառայութեան մէջ բարելաւումներ ընենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել