Գլուխ 3
Աստուծոյ Խօսքին կառչած մնացէք
1. (ա) Վաղեմի Իսրայէլը Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ ըլլալուն փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ունեցաւ։ (բ) Ան ինչո՞ւ հետաքրքրական է մեզի համար։
«ԴՈՒՔ ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր [Եհովա] Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան»։ Յեսու այս վերյիշեցումը ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն, Խոստացեալ Երկրին մէջ անոնց հաստատուելէն վերջ։ Սակայն, յաջորդող տարիներու ընթացքին, անոնք յարատեւաբար Աստուծոյ Խօսքին սրտանց ուշադրութիւն չտուին եւ զայն չկատարեցին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ինչպէս որ Եհովայի օրհնութեան խոստումները իրականացան, նոյնպէս Եհովա իր խօսքին տէրը եղաւ, Իսրայելացիներուն վրայ բերելով իրենց անհնազանդութեան հետեւանքները։ (Յեսուայ 23։14–16) Այդ արձանագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Աստուածաշունչը, պահպանուեցաւ որպէսզի մեզի խրատ ըլլայ եւ մենք ալ «յոյս ունենանք», եւ չընենք բան մը որուն պատճառաւ զայն կորսնցնենք։—Հռովմայեցիս 15։4
2. (ա) Ի՞նչ իմաստով Աստուածաշունչը «Աստուծոյ շունչն է»։ (բ) Ասիկա գիտնալով, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
2 Թէեւ շուրջ 40 «գրագիրներ» գործածուեցան Աստուածաշունչը գրելու համար, սակայն անոր Հեղինակը Եհովան է։ Անիկա կը նշանակէ՞ թէ ինք առաջնորդեց անոր գրութիւնը։ Այո՛. ինչպէս Պօղոս առաքեալ ճշմարտօրէն ըսաւ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ Ասոր համոզուած ըլլալով, ամենուրեք մարդոց կը յորդորենք որ անոր ականջ տան եւ իրենց կեանքերը անոր պարունակութեան շուրջ կերտեն, ինչպէս մենք անհատապէս կը ջանանք ընել։—Բ. Տիմոթէոս 3։16. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ ԶԱՅՆ
3. Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը ըլլալուն համոզուած չեղողներուն օգնելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
3 Անշուշտ, շատեր որոնց հետ կը խօսինք, Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքը ըլլալու մեր համոզումին համակարծիք չեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել անոնց։ Յաճախ, լաւագոյն կերպն է ուղղակի բանալ Աստուածաշունչը եւ անոնց ցոյց տալ անոր պարունակութիւնը։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ ...։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) «Աստուծոյ խօսքը», Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իր խոստումն է։ Ան անկենդան պատմութիւն մը չէ, այլ կենդանի է եւ անդիմադրելիօրէն դէպի իր ամբողջական կատարումը կ’ընթանայ։ Մինչ այդ, պահանջուած պայմաններուն գոհացում տալու նկատմամբ անոր հետ շփման մէջ եկող մարդոց սրտին իրական շարժառիթները երեւան կ’ելլեն։ Անոր ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրեղ է քան ինչ որ անհատապէս մենք կը կարծենք։
4. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն պարզ բացատրութիւնները ինչպէ՞ս կարգ մը անհատներուն տեսակէտը փոխած են եւ ինչո՞ւ։
4 Պարզապէս Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչին մէջ տեսնելը շատ մը անհատներուն համար դարձակէտ մը եղած է։ Ուրիշներ սկսած են սերտել, երբ իրենց ցոյց տրուած է թէ ինչ է կեանքին նպատակը, թէ Աստուած ինչո՛ւ չարութիւնը թոյլատրած է, նաեւ ներկայ դէպքերուն նշանակութիւնը, եւ կամ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացած իրապաշտ յոյսը տեսնելով։ Այն երկիրներուն մէջ, ուր իրենց կրօնական սովորութիւններուն պատճառով մարդիկ չար ոգիներու կողմէ կը տանջուին, ոգիներու եւ անոնցմէ ձերբազատուելու մասին Աստուածաշունչին տուած տեղեկութիւնը հետաքրքրութիւն արթնցուցած է։ Ինչո՞ւ այս կէտերը մեծապէս տպաւորած են զիրենք։ Քանի որ այս կենսական հարցերուն մասին Աստուածաշունչը վստահելի տեղեկութիւններու միակ աղբիւրն է։—Սաղմոս 119։130
5. Երբ անհատ մը կ’ըսէ թէ ինք Աստուածաշունչին չի հաւատար, ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատճառը։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել իրեն։
5 Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել երբ անհատ մը մեզի ուղղակիօրէն ըսէ թէ Աստուածաշունչին չի հաւատար։ Ասով մեր խօսակցութիւնը վե՞րջ պէտք է գտնէ։ Պայման չէ, մանաւանդ երբ դիմացինը տրամաբանող է։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ համոզումով խօսելու պատասխանատուութեան զգացումը պէտք է ունենանք։ Կրնայ ըլլալ որ ան Աստուածաշունչին կը նայի որպէս Քրիստոնեայ Աշխարհին գիրքը։ Անոր կեղծաւորութիւնը եւ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալը, ինչպէս նաեւ անդադար դրամ ուզելը, կրնան իր մէջ Աստուածաշունչին հանդէպ ժխտական հակազդեցութիւն մը զարգացուցած ըլլալ։ Ինչո՞ւ անհատին չհարցնել թէ արդեօք ասո՞նք են պատճառները։ Քրիստոնեայ Աշխարհի ընթացքին հանդէպ Աստուածաշունչին դատապարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ ճշմարիտ Քրիստոնէութեան միջեւ եղող հակասութիւնն, կրնան իր հետաքրքրութիւնը արթնցնել։—Բաղդատել Մատթէոս 15։7–9. Յակոբու 4։4. Միքիա 3։11, 12։
6. (ա) Անհատապէս ի՞նչ բան կը համոզէ ձեզ որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ տրամաբանական պատճառաբանութիւններ կարելի է գործածել որպէսզի ուրիշներ ալ գնահատեն թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։
6 Իսկ ուրիշներուն, անոր ներշնչուած ըլլալուն ապացոյցներուն մասին խօսիլը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ի՞նչ բանը իրապէս փաստ մըն է ձեզի համար որ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։ Իր ծագումին մասին Աստուածաշունչին դաւանութի՞ւնն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Յայտնութիւն 1։1) Թէ ոչ այն իրողութիւնն է որ ան բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը պարունակէ, ապագայի նկատմամբ մանրամասն գիտութիւն տալով, եւ թէ այսպիսի մարգարէութիւններ միայն գերմարդկային աղբիւրէ մը կրնան գալ։ (Բ. Պետրոս 1։20, 21. Եսայեայ 42։9) Կամ արդեօք, Աստուածաշունչի ներքին ներդաշնակութի՞ւնն է, հակառակ անոր որ 1,610 տարիներու ընթացքին գրուած է ան, շատ մը անհատներու կողմէ։ Կամ թերեւս անոր գիտական ճշգրտութիւննե՞րն են, որոնք այն ժամանակուան գրութիւններուն հակառակ տեսութիւններ էին։ Զայն գրողներուն անկեղծութի՞ւնն է, թէ ոչ հակառակ զայն բնաջնջելու համար թափուած չարակամ ջանքերուն, անոր պահպանումն է։ Ինչ բան որ ձեզ տպաւորած է, կրնայ նաեւ ուրիշներուն օգնել այս ուղղութեամբ։
ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
7, 8. (ա) Անհատապէս մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։ (բ) Անձնական Աստուածաշունչի ընթերցանութենէ զատ, ի՞նչ բանի կարիքը ունինք, եւ ինքնին Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ ասիկա։ (գ) Անհատապէս Եհովայի նպատակները ինչպէ՞ս հասկցած էք։
7 Աստուածաշունչին հաւատալու համար ուրիշներուն օգնելէ զատ, մենք անհատապէս ժամանակ պէտք է տրամադրենք զայն կանոնաւորաբար կարդալու։ Ասիկա կ’ընէ՞ք։ Մինչեւ հիմա լոյս տեսած գիրքերուն մէջ, ան կարեւորագոյնն է։ Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր, եթէ զայն կարդանք ուրիշ որեւէ բանի պէտք պիտի չունենանք։ Աստուածաշունչը մեկուսանալու դէմ մեզ կը զգուշացնէ, խորհելով որ մեր անձնական փնտռտուքներով կրնանք ամէն բան հասկնալ։ Եթէ կ’ուզենք հաւասարակշռուած Քրիստոնեաներ ըլլալ, թէ՛ անձնական ուսումնասիրութեան կարիքը ունինք եւ թէ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլալու։—Առակաց 18։1. Եբրայեցիս 10։24, 25
8 Յօգուտ մեզի, Աստուածաշունչը կը պատմէ Եթովպիացի պաշտօնեայի մը մասին, որուն հրեշտակը Քրիստոնեայ աւետարանիչ Փիլիպպոսը ղրկեց, երբ պաշտօնեան Եսայեայ մարգարէութենէն կը կարդար։ Փիլիպպոս հարցուց մարդուն. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Եթովպիացին հեզութեամբ պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ», եւ ան խնդրեց Փիլիպպոսին որ այդ հատուածը իրեն բացատրէ։ Բայց Փիլիպպոս ինքնագլուխ կերպով Աստուածաշունչը կարդացող մը չէր, որ հոն իր անձնական կարծիքը տար Աստուածաշունչին մասին։ Արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան Երուսաղէմի ժողովքի առաքեալներուն հետ մօտէն շփում ունէր եւ ինք Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան մէկ անդամն էր։ Ուստի ան կրնար օգնել Եթովպիացիին, որպէսզի ան ալ իր կարգին այդ կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի տուած ուսուցումէն օգտուէր։ (Գործք 6։5, 6. 8։5, 14, 15, 26–35) Նմանապէս այսօր, մեզմէ ո՞վ իր անձնական ջանքով կրցաւ հասկնալ Եհովայի նպատակները։ Ճիշդ հակառակը, իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ Եհովայի սիրալիր կերպով հայթայթած օժանդակութեան կարիքը ունեցանք եւ կը շարունակենք ունենալ։
9. Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ի՞նչ յայտագիրներ կրնան բոլորիս օգտակար ըլլալ։
9 Աստուածաշունչը գործածելու եւ զայն հասկնալու մէջ մեզի օգնելու համար, Եհովայի կազմակերպութիւնը Դիտարանի եւ նման գրականութիւններու միջոցաւ սուրբ գրային նիւթեր կը հայթայթէ։ Ասկէ զատ, Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր մը պատրաստուած է մեզի համար։ Եհովայի Վկաներէն ոմանք, ասկէ զատ շարունակաբար կը կարդան Սուրբ Գիրքը։ Շատ մեծ օգուտ կարելի է ձեռք ձգել Աստուածաշունչը քննելու համար յատկացուած ժամանակէն։ (Սաղմոս 1։1–3. 19։7, 8) Անհատապէս ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացա՞ծ էք։ Եթէ ոչ, մասնաւոր ջանք մը թափեցէք ասիկա ընելու։ Նոյնիսկ երբ ամէն բան լման կերպով չհասկնաք, անոր մասին ընդհանուր գաղափար մը ունենալը շատ արժէքաւոր է։ Եթէ միայն օրական չորս կամ հինգ էջ կարդաք, ամբողջ Աստուածաշունչը կրնաք կարդալ մօտաւորապէս տարիէ մը։
10. (ա) Դուք անհատապէս ե՞րբ կը կարդաք Աստուածաշունչը։ (բ) Կանոնաւորութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։
10 Աստուածաշունչի այս ընթերցանութիւնը դուք անհատապէս ե՞րբ կրնաք ընել։ Եթէ կարենաք օրական 10–էն 15 վայրկեան տրամադրել անոր, ի՜նչ օգտակար պիտի ըլլայ։ Եթէ ասիկա չէք կրնար ընել, գոնէ շաբաթը որոշ ժամեր յատկացուցէք եւ այդ յայտագրին կառչած մնացէք։ Աստուածաշունչ կարդալը կերակուր ուտելու պէս առօրեայ սովորութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Ինչպէս գիտէք, եթէ անհատի մը ուտելու սովորութիւնը խեղճ ըլլայ, իր առողջութիւնը անկէ պիտի վնասուի։ Նոյնն է պարագան մեր հոգեւորականութեան։ Մեր կեանքը կախեալ է ‘Եհովայի բերնէն ելած բոլոր խօսքերով’ կանոնաւորաբար կերակրուելէ։—Մատթէոս 4։4
11. Աստուածաշունչը կարդալու մեր նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
11 Երբ Աստուածաշունչը կը կարդանք ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր նպատակակէտը։ Սխալ պիտի ըլլայ եթէ մեր նպատակն է որոշ քանակով էջեր վերջացնել եւ կամ ասիկա ընել միմիայն յաւիտենական կեանք շահելու համար։ Մնայուն օգուտ քաղելու համար, աւելի վեհ մղումներ պէտք է ունենանք, ինչպիսին է, Աստուծոյ հանդէպ սէր, զինք աւելի լաւ ճանչնալու փափաք մը, իր կամքը գիտնալ եւ ընդունելի կերպով զինք պաշտել։ (Յովհաննու 5։39–42) Մեր կեցուածքը Աստուածաշունչի գրողին պէս պէտք է ըլլայ որ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի»։—Սաղմոս 25։4
12. (ա) «Ճշգրիտ գիտութիւն» ստանալը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է, եւ զայն ձեռք ձգելու համար ի՞նչ ջանք պէտք է թափենք երբ կը կարդանք։ (բ) Ինչպէս ցոյց տրուած է էջ 27–ի վրայ, ո՞ր տեսանկիւններէ շինիչ կերպով պէտք է վերլուծենք Աստուածաշունչէն մեր կարդացած մասերը։ (գ) Այդ հինգ կէտերը բացատրեցէք, ամէն անգամ մէկ կէտը, այս պարբերութեան վերջաւորութեան տրուած հարցումներուն պատասխանելով։ Ասոր համար ձեր Աստուածաշունչը գործածեցէք։
12 Երբ այդ ուսուցումը կը ստանանք, մեր փափաքը պէտք է ըլլայ «ճշգրիտ գիտութիւն» ձեռք ձգել։ Առանց անոր ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը կիրարկել մեր կեանքին մէջ եւ կամ զայն ճշգրտօրէն բացատրել ուրիշներուն։ (Կողոսացիս 3։10. Բ. Տիմոթէոս 2։15) Ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու համար, ուշադրութեամբ պէտք է կարդանք, եւ եթէ հատուած մը խորիմաստ է, մէկէ աւելի անգամներ պէտք է կարդանք, որպէսզի անոր իմաստը ըմբռնենք։ Օգուտ կը քաղենք եթէ մեր կարդացած նիւթին վրայ խոկանք, անոր մասին մտածելով շատ մը տեսանկիւններէ դիտուած։ Էջ 27–ի վրայ գտնուող տեղեկութիւնը մեր կարդացածին մասին խոկալու հինգ կէտեր կը յայտնաբերէ։ Աստուածաշունչի շատ մը հատուածներ շինիչ կերպով կարելի է վերլուծել այդ կէտերէն մէկը կամ մի քանին գործածելով։ Յաջորդ էջի հարցումներուն պատասխանելով պիտի տեսնէք թէ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է։
(1) Շատ յաճախ Աստուածաշունչէն ձեր կարդացած հատուածը որոշ տեղեկութիւն կը հայթայթէ Եհովայի ինչպիսի մէկը ըլլալուն մասին։
Երբ գնահատանքով կը մտածենք Եհովայի ստեղծագործական արարքներուն մասին, անիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ իրեն հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքին։ (Սաղմոս 139։13, 14. Յոբ 38–42–ի մէջ, նկատի առէք մասնաւորաբար Յոբ 38։1, 2–ը եւ Յոբ 40։2, 8–ը, յետոյ Յոբ 42։1–6)։
Յովհաննու 14։9, 10–ի մէջ, Յիսուսի ըսածը նկատի ունենալով, Եհովայի մասին ի՞նչ եզրակացութեան կը հանգինք, Ղուկաս 5։12, 13–ի մէջ արձանագրուած դէպքէն։
(2) Նկատի առէք թէ պատմութիւնը ի՛նչպէս կը նպաստէ Աստուածաշունչի բնաբանին զարգացման, որ է՝ Եհովայի անուան սրբացումը Յիսուս Քրիստոսի՝ Խոստացեալ Սերունդին ներքեւ եղող Թագաւորութեան միջոցաւ։
Եգիպտոսի վրայ եկած պատուհասները ի՞նչ կապ ունին այս բնաբանին հետ։ (Տես Ելից 5։2. 9։16. 12։12)։
Ի՞նչ կրնանք ըսել Մովաբացի Հռութի յուզիչ պատմութեան մասին։ (Հռութայ 4։13–17. Մատթէոս 1։1, 5)
Յիսուսի ծնունդին մասին Գաբրիէլի տուած աւետիսը Մարիամի, ի՞նչ կապ ունի ասոր հետ։ (Ղուկաս 1։26–33)
Պէնտէկոստէին, Յիսուսի աշակերտներուն սուրբ հոգիով օծուիլը ինչո՞ւ յատկանշական է։ (Գործք 2։1–4. Ա. Պետրոս 2։4, 5, 9. Բ. Պետրոս 1։10, 11)
(3) Կարգ մը համարներուն շիտակ իմաստին համար ընդհանուր պարունակութիւնը անհրաժեշտ է։
Հռովմայեցիս 5։1–ի եւ 8։16–ի խօսքերը որո՞նց ուղղուած են։ (Տես Հռովմայեցիս 1։7)։
Եթէ ամբողջ պարունակութեան նայինք, Ա. Կորնթացիս 2։9–ն Աստուծոյ Նոր Դրութեան մէջ երկրայի՞ն կեանքի կ’ակնարկէ։ Ինչպէս ցոյց տրուած է 6–8–րդ համարներուն մէջ, որո՞նց աչքերը եւ ականջները չէին հասկնար Պօղոսի գրածները։
(4) Դուք ձեզի հարցուցէք թէ ձեր կարդացածը անհատապէս ինչպէ՛ս կրնաք կիրարկել։
Կայէնի կողմէ Աբէլի սպանութեան արձանագրութիւնը, պարզապէս պատմակա՞ն կարեւորութիւն ունի թէ ոչ անոր մէջ մեզի համար խրատ մը կայ։ (Ծննդոց 4։3–12. Ա. Յովհաննու 3։10–15. Եբրայեցիս 11։4)
Երբ կը կարդանք (Ելիցէն մինչեւ Բ. Օրինացի մէջ) անապատին մէջ Իսրայէլի ունեցած փորձառութիւնը, ինչպէ՞ս կրնանք զայն կիրարկել մեր անձին վրայ։ (Ա. Կորնթացիս 10։6–11)
Օծեալ Քրիստոնեաներուն վարքին մասին տրուած խրատները կրնա՞ն կիրարկուիլ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի ակնկալութիւն ունեցողներուն ալ։ (Թուոց 15։16. Յովհաննու 10։16)
Նոյնիսկ երբ ժողովքին մէջ յարգուած ենք, արդեօք արդէն մեր գիտցած կարգ մը սուրբ գրային խրատներ կա՞ն, որոնք աւելի լման կերպով կրնանք կիրարկել։ (Բ. Կորնթացիս 13։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1)
(5) Խորհեցէք թէ ձեր կարդացած բաները ինչպէ՛ս կրնան օգնել ուրիշներուն։
Յայրոսի աղջկան յարութեան պատմութիւնը որո՞ւ կրնայ օգնել։ (Ղուկաս 8։41, 42, 49–56)
13. Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչի շարունակական ընթերցանութենէն եւ ուսումնասիրութենէն ի՞նչ արդիւնքներ կրնանք ակնկալել։
13 Երբ այս կերպով կարդանք Աստուածաշունչը, ի՜նչ վարձահատոյց կ’ըլլայ։ Անկասկած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը մարտահրաւէր մը եւ ծրագիր մըն է որու վրայ պէտք է աշխատինք մեր կեանքի տեւողութեան։ Բայց երբ ասիկա ընենք հոգեւորապէս պիտի զօրանանք։ Ան մեզի աւելի պիտի մօտեցնէ մեր սիրալիր Հօրը՝ Եհովայի, եւ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ «կենաց խօսքը ամուր բռնել»ու։—Փիլիպպեցիս 2։16
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Աստուածաշունչը ինչո՞ւ գրուած եւ մինչեւ մեր օրերը պահուած է։
● Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել ուրիշներուն որ գնահատեն զայն։
● Ինչո՞ւ կանոնաւոր անձնական Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը օգտաշատ է։ Մեր կարդացած մասերը ո՞ր հինգ տեսանկիւններէն շինիչ կերպով վերլուծելով կրնանք օգտուիլ։
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 27]
Երբ Աստուածաշունչը կը կարդաք, նկատի առէք թէ՝
Իւրաքանչիւր հատուած ի՛նչ կ’ըսէ Եհովայի էութեան մասին
Ան Աստուածաշունչի ամբողջ բնաբանին հետ ի՛նչ կապ ունի
Ինչպէ՛ս ընդհանուր պարունակութիւնը իմաստին վրայ կ’ազդէ
Ան ինչպէ՛ս պէտք է ազդէ ձեր անձնական կեանքին
Ինչպէ՛ս կրնաք գործածել զայն ուրիշներուն օգնելու համար