Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/13 էջ 3
  • «Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՛ւ կը Սիրենք Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոր աշխարհին հիմը հիմակուընէ կը կազմուի
    Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
  • Ձեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
թծ 1/13 էջ 3

«Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»

Այս վերնագրին ներշնչեալ խօսքերը գրեթէ երկու հազար տարի առաջ գրուեցան (Ա. Պետ. 2։17)։ Բայց այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունինք զանոնք կիրարկելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհածաւալ եղբայրութիւն մը սիրել։ Իսկ այս անսիրալիր աշխարհին մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր սէրը բնաւ պիտի չմարի (Մատ. 24։12)։ Կրնա՞ս հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել, դիտելով Մեր եղբայրութիւնը տեսաֆիլմը։

1) Ե՞րբ պաշտօնապէս մաս կազմեցինք մեր քրիստոնէական եղբայրութեան։ 2) Մեր համաշխարհային եղբայրութեան հետ հասարակաց ո՞ր երեք գործունէութիւններուն կը մասնակցինք։ 3) Մեր եղբայրները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան իրենց վճռակամութիւնը քարոզելու՝ ա) Ալասքայի ամայի վայրերուն մէջ, բ) Եւրոպայի հսկայ նաւահանգիստներուն մէջ եւ գ) Փերուի խիտ անտառներուն մէջ։ 4) Ինչո՞ւ բնաւ պէտք չէ խորհինք որ քարոզչութիւնը պարզապէս սովորական գործունէութիւն մըն է։ 5) Օրինակներ տուր թէ Եհովայի Վկաները ինչպէ՛ս իրարու օգնած եւ մխիթարած են՝ ա) երկրաշարժէ մը ետք, բ) ոլորամրրիկէ մը ետք եւ գ) քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ 6) Ի՞նչ գործնական կերպերով բոլորս կրնանք ցոյց տալ մեր քրիստոնէական եղբայրութիւնը բնորոշող մեծ նշանը (Յովհ. 13։35)։ 7) Մեր Թագաւորութեան սրահները կառուցանելու համար միասնաբար աշխատելուն օգուտները ի՞նչ են։ 8) Արեւելեան Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մէջ մեր եղբայրները ինչպէ՞ս Եհովային մօտիկ մնացին, երբ գործը արգելքի տակ էր։ 9) Շատ մը Վկաներ ի՞նչ արտակարգ ջանք կը թափեն համաժողովներու ներկայ գտնուելու համար եւ ինչո՞ւ։ 10) Այս տեսաֆիլմը քեզի ինչպէ՞ս օգնեց որ աւելի՛ վճռակամ ըլլաս՝ ա) եղբայրներուդ հետ միասին Եհովան պաշտելու՝ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ, բ) նեղութեան ժամանակ ուրիշներուն օգնելու եւ գ) հաւատարմօրէն քարոզելու ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս որ կրնաս։ 11) Այս տեսաֆիլմը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ կրնանք գործածել ծառայութեան մէջ։

Մեր քրիստոնէական եղբայրութեան մէկ մասը ըլլալուն գլխաւոր պատճառն է՝ Եհովայի հանդէպ մեր ունեցած սէրը։ Ուստի հաճոյքով կ’ուզենք իր մասին սորվիլ եւ ուրիշներուն ալ սորվեցնել։ Նաեւ կը սիրենք զանոնք, որոնք Եհովան կը սիրէ։ Երբ նեղութեան ժամանակ անոնց կ’օգնենք, Աստուծմէ շնորհակալութիւն չենք ակնկալեր։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ շնորհակալ կ’ըլլանք, քանի որ մեր քրիստոնէական եղբայրութիւնը իր կողմանէ թանկագին պարգեւ մը կը սեպենք։ Մինչ այս անսիրալիր աշխարհի վերջին օրերը իրենց աւարտին կը հասնին, թող որ շարունակե՛նք սէր ցուցաբերել մեր ամբողջ եղբայրութեան հանդէպ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել