Տեղեկութիւններու ցուցատախտակը կանոնաւորաբար աչքէ կ’անցընե՞ս
Երէցներ, օգնական ծառաներ եւ ժողովքային պատասխանատուութիւն ունեցող ուրիշ անհատներ կանոնաւորաբար աչքէ կ’անցընեն տեղեկութիւններու ցուցատախտակը, որպէսզի տեսնեն թէ ե՛րբ է իրենց նշանակումը։ Սակայն ժողովքին բոլո՛ր անդամները կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի գտնեն հոն։ Գիտե՞ս թէ Թագաւորութեան սրահը մաքրելու կարգդ երբ է։ Շրջանային տեսուչը կամ մասնաճիւղը կարեւոր նամակ մը ղրկա՞ծ է ժողովքին։ Այս շաբթուան հանրային դասախօսութեան բնաբանը գիտե՞ս, այնպէս որ կարենաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ հրաւիրել։ Ճշդումներ եղա՞ծ են ժողովներու յայտագրին կամ դաշտի ծառայութեան խումբիդ առնչութեամբ։ Այս տեղեկութիւններուն մեծ մասը ա՛լ չի ծանուցանուիր ժողովներու ընթացքին, եւ կարելի չէ որ երէցները զայն հրատարակիչներուն անհատապէս տեղեկացնեն։ Ուրեմն պէտք է կանոնաւորաբար աչքէ անցընենք տեղեկութիւններու ցուցատախտակը։ Եթէ միշտ մենք մեզ տեղեակ պահենք, ապա ամէն բան կրնայ «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» տեղի ունենալ (Ա. Կոր. 14։40)։