Յաւելուած
Դրամական բնոյթ ունեցող հարցեր լուծել
Ա. Կորնթացիս 6։1-8–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ քննարկեց հաւատակիցներու միջեւ ծագած դատական հարցեր։ Ան յուսախաբ էր, որ Կորնթոսի մէջ կարգ մը քրիստոնեաներ ‘կը համարձակէին անիրաւներուն առջեւ դատուիլ’ (համար 1)։ Պօղոս վաւերական պատճառներ տուաւ, թէ ինչո՛ւ քրիստոնեաները աշխարհիկ դատարաններու մէջ իրարու դէմ դատեր պէտք չէր ունենային, այլ խնդիրները ժողովքային կարգադրութեան միջոցաւ պէտք էր լուծէին։ Այժմ քննարկենք Պօղոսի տուած ներշնչեալ խրատին կարգ մը պատճառները, ապա նկատի առնենք կարգ մը պարագաներ, որոնց վրայ այս խրատը անպայմանօրէն չի կիրարկուիր։
Եթէ հաւատակիցի մը հետ դրամական բնոյթ ունեցող հարցեր ունինք, նախ պէտք է ջանանք հարցերը Եհովայի՛ ուզած կերպով ձեռք առնել եւ ոչ թէ՝ մեր (Առակաց 14։12)։ Յիսուս խրատ տուաւ անհամաձայնութիւնները արագօրէն լուծելու, նախքան որ անոնք վերածուին մեծ հարցերու (Մատթէոս 5։23-26)։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը քրիստոնեաներ այնքա՛ն վիճասէր կ’ըլլան, որ նոյնիսկ դատարան կը դիմեն։ Պօղոս ըսաւ. «Բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք»։ Ինչո՞ւ։ Գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, թէ այս քայլով ժողովքը եւ մեր պաշտած Աստուածը կը վարկաբեկեն։ Հետեւաբար, մենք Պօղոսի հարցումի ձեւով տուած խրատին կ’անսանք. «Ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր» (համար 7)։
Պօղոս նաեւ նշեց, թէ Աստուած ժողովքին խնդիրները լուծելու համար սքանչելի կարգադրութիւն մը ըրած է. Ան տուած է երէցներ։ Անոնք քրիստոնեայ տղամարդիկ են, իմաստութիւն ձեռք ձգած՝ սուրբգրային ճշմարտութիւններու մասին իրենց ունեցած գիտութեան պատճառաւ, եւ ըստ Պօղոսի անոնք ‘կարող են եղբայրներուն մէջ իրաւունքը որոշելու’ երբ «աշխարհային» հարցերը կամ այս կեանքին խնդիրները կը լուծեն (համար 3-5)։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ լուրջ սխալներու առնչուած վէճերը, ինչպէս՝ զրպարտութիւն ու խաբեբայութիւն, պէտք է լուծուին երեք քայլերով. առաջին՝ անհամաձայնութիւն ունեցող անհատները պէտք է հարցը լուծեն իրենց միջեւ, երկրորդ՝ եթէ առաջին քայլը ձախողի, ասիկա ընեն մէկ կամ երկու վկաներու առջեւ, իսկ երրորդ՝ եթէ նախորդ երկու քայլերը ձախողին, հարցը ժողովքի ներկայացուցիչներուն՝ երէցներուն առջեւ դնեն (Մատթէոս 18։15-17)։
Անշուշտ քրիստոնեայ երէցները անպայման որ իրաւաբաններ կամ առեւտրականներ չեն, ոչ ալ կը փորձեն այդ դերերը խաղալ։ Անոնք եղբայրներու միջեւ ծագած դրամական հարցերը լուծելու համար օրէնքներ չեն դներ։ Փոխարէն, անոնք կ’ուզեն երկու կողմերուն օգնել, որ Սուրբ Գրութիւնները կիրարկեն եւ խաղաղ լուծումի մը հասնին։ Կնճռոտ հարցերու պարագային, անոնք թերեւս դիմեն շրջանային տեսուչին կամ Եհովայի վկաներու մասնաճիւղին։ Սակայն կան պարագաներ, որոնց վրայ Պօղոսի խրատը անպայմանօրէն չի կիրարկուիր։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։
Կարգ մը պարագաներու, դատ մը կրնայ պարզ ձեւականութիւն կամ օրինական կարիք ըլլալ, որպէսզի արդարութեամբ լուծուի։ Օրինակ, միայն դատարան երթալով կարելի է ամուսնալուծուիլ, երեխայի խնամակալութեան իրաւունքը ձեռք ձգել, սննդագին ստանալ, ապահովագրութեան ու ժառանգութեան վերաբերեալ հարցեր լուծել, սնանկութեան պարագային պարտատէրերու շարքին սեպուիլ եւ այլն։ Կան նաեւ պարագաներ, երբ եղբայր մը կը ստիպուի դատարան երթալու, որպէսզի իրեն դէմ բացուած դատի մը համար ինքզինք պաշտպանէa։
Եթէ եղբայրներ այսպիսի դատերու համար դատարան ներկայանան առանց վիճաբանելու ոգի մը ցուցաբերելու, անոնք Պօղոսի ներշնչեալ խրատի ոգին բեկանած չեն ըլլարb։ Այսուհանդերձ, քրիստոնեան նախապատուութիւնը պէտք է տայ Եհովայի անուան սրբացման եւ ժողովքի խաղաղութեան ու միութեան։ Քրիստոսի հետեւորդները գլխաւորաբար բնորոշուած են իրենց սիրով, եւ «սէրը. . . իր շահը չի փնտռեր» (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5, ՆԱ. Յովհաննէս 13։34, 35)։
a Շատ հազուագիւտ պարագաներու, քրիստոնեան թերեւս ուրիշի մը դէմ լուրջ ոճիր մը գործէ, ինչպէս՝ բռնաբարում, յարձակում, մարդասպանութիւն կամ մեծ գողութիւն։ Այսպիսի պարագաներու, սխալ չէ ոճիրը հեղինակութիւններուն տեղեկացնել, նոյնիսկ եթէ ասիկա դատարան երթալու կարիքը պիտի ստեղծէ։
b Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հաճիս տե՛ս Դիտարան 1 յունիս 1997, էջ 23-27, եւ Դիտարան 15 հոկտեմբեր 1991, էջ 25-28 (անգլերէնով)։