Զգուշացէ՛ք սուտ ուսուցիչներէն
«Ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ [«ուսուցիչներ», ՆԱ] պիտի ըլլան»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 2։1
1. Յուդա ի՞նչ բանի մասին մտադրած էր գրել, բայց ինչո՛ւ իր միտքը փոխեց։
Ի՜ՆՉ գայթակղեցուցիչ բան. սուտ ուսուցիչներ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ (Մատթէոս 7։15. Գործք 20։29, 30) Յիսուսի կէս–եղբայրը Յուդա՝ տեղեակ էր ասկէ։ Ան ըսաւ որ թէեւ մտադիր էր իր հաւատակիցներուն «հասարակաց փրկութեան» մասին գրել, բայց բացատրեց ըսելով. «Իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար»։ Յուդա ինչո՞ւ փոխեց իր նիւթը։ Ան կ’ըսէ որ «մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան [ժողովքներէն ներս], . . . որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին»։—Յուդա 3, 4
2. Բ. Պետրոսի երկրորդ գլուխը եւ Յուդան ինչո՞ւ իրարու կը նմանին։
2 Այնպէս կը թուի թէ Յուդա իր նամակը գրեց, Պետրոս իր երկրորդ նամակը գրելէն անմիջապէս ետք։ Անկասկած Յուդա տեղեակ էր այդ նամակէն։ Ան իր յորդորիչ նամակին մէջն ալ բազմաթիւ նման գաղափարներ ներմուծեց։ Հետեւաբար, մինչ Բ. Պետրոս երկրորդ գլուխը կը քննենք, պիտի նկատենք թէ անիկա որքան նման է Յուդայի նամակին։
Սուտ Ուսուցումներուն Հետեւանքները
3. Անցեալին ի՞նչ տեղի ունեցաւ, զոր Պետրոս կ’ըսէ որ դարձեալ պիտի պատահի։
3 Պետրոս իր եղբայրները յորդորելէ ետք, որ մարգարէութեան ուշադրութիւն ընծայեն, կ’ըսէ. «Սուտ մարգարէներ ալ կային [վաղեմի Իսրայէլի] ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ [«ուսուցիչներ», ՆԱ] պիտի ըլլան»։ (Բ. Պետրոս 1։14–2։1) Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդը ճշմարիտ մարգարէութիւններ ստացաւ, բայց անոնք կեղծ մարգարէներու ապականած ուսուցումներուն ընդդիմանալու ալ հարկադրուած էին։ (Երեմեայ 6։13, 14. 28։1-3, 15) Երեմիան գրեց. «Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն»։—Երեմեայ 23։14
4. Սուտ ուսուցիչները ինչո՞ւ կործանումի արժանի են։
4 Քրիստոնէական ժողովքէն ներս սուտ ուսուցիչներուն ընելիքին ակնարկելով, Պետրոս կ’ըսէ. «Որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը [Յիսուս Քրիստոս] ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը»։ (Բ. Պետրոս 2։1. Յուդա 4) Առաջին դարուն, հերձուածութեան վերջնական հետեւանքը եղաւ ներկայիս մեզի ծանօթ եղող Քրիստոնեայ Աշխարհը։ Պետրոս կը բացատրէ թէ սուտ ուսուցիչները ինչո՛ւ կործանման արժանի են. «Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն»։—Բ. Պետրոս 2։2
5. Սուտ ուսուցիչները ի՞նչ բանի պատասխանատու էին։
5 Պահ մը խորհեցէք։ Սուտ ուսուցիչներու ազդեցութեան պատճառաւ, ժողովքներուն մէջ շատեր անառակութեան անձնատուր պիտի ըլլային։ «Անառակութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը, զեղխ, անսանձ, անպարկեշտ, ցոփ, անամօթ վարմունք կը նշանակէ։ Պետրոս նախապէս ըսած էր որ Քրիստոնեաները ‘աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչած էին’։ (Բ. Պետրոս 1։4) Բայց անոնցմէ ոմանք պիտի վերադառնային այդ պղծութիւններուն, եւ ժողովքներուն մէջ գտնուող սուտ ուսուցիչները մեծապէս պատասխանատու էին ասոր։ Այս կերպով, ճշմարտութեան ճամբան կը վատաբանուէր։ Ափսո՜ս։ Ասիկա հարց մըն է, որու բոլոր Եհովայի Վկաները ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն ներկայիս։ Բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք, որ մեր վարմունքով կրնանք փառաբանել Եհովա Աստուած եւ իր ժողովուրդը, կամ անոնց վրայ նախատինք բերել։—Առակաց 27։11. Հռովմայեցիս 2։24
Սուտ Ուսուցումները Մուտք կը Գործեն
6. Սուտ ուսուցիչները ի՞նչ բանէ մղուած են եւ անոնք իրենց ուզածը ի՞նչպէս ձեռք կը ձգեն։
6 Իմաստութիւն է նշմարել թէ սուտ ուսուցիչները ի՛նչպէս կը ներմուծեն իրենց պիղծ խորհուրդները։ Պետրոս նախ կ’ըսէ որ անիկա անձայն, կամ գաղտուկ, խորամանկ կերպով կ’ընեն։ Ան կ’աւելցնէ. «Ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն»։ Սուտ ուսուցիչներու մղումը անձնասէր ցանկութիւնն է, ինչպէս Երուսաղէմի Աստուածաշունչը (Անգլերէն) կ’ըսէ՝ «խաբէական խօսքերով պիտի փորձեն ձեզ գնել»։ Նոյն գծով Արարատ թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Իրանց մտքից հնարած խօսքերով ձեզ վաճառաշահութեան կ’գործածեն»։ (Բ. Պետրոս 2։1, 3) Հոգեւորապէս արթուն չեղողները կրնան սուտ ուսուցիչներու խօսքերուն հաւանութիւն տալ, բայց անոնց խօսքերը ուշադիր կերպով չափուած են, որպէսզի անհատներ «գնեն», զիրենք մոլորեցնելով որ իրենց անձնասէր նպատակներուն ծառայեցնեն։
7. Առաջին դարուն, ո՞ր փիլիսոփայութիւնը ժողովրդականութիւն գտաւ։
7 Առաջին դարու սուտ ուսուցիչները, անկասկած այն ատենուան աշխարհային մտածելակերպէն ազդուած ըլլալու էին։ Պետրոսի գրութեան ժամանակ, Գնոստիկութիւն կոչուած փիլիսոփայութիւն մը սկսած էր ժողովրդականութիւն գտնել։ Գնոստիկները կը հաւատային որ բոլոր նիւթերը չար են եւ միայն հոգեկանին պատկանող բաները բարի են։ Ուստի, անոնցմէ ոմանք կ’ըսէին թէ կարեւոր չէ որ մարդ ինչ կ’ընէ իր ֆիզիքական մարմնով։ Անոնք կը պատճառաբանէին որ ի վերջոյ մարդ այս մարմնին կարիքը չունէր։ Հետեւաբար, կ’եզրակացնէին որ մարմնաւոր՝ մէջը ըլլալով սեռային մեղքերը՝ կարեւոր չեն։ Երեւութապէս, այսպիսի տեսակէտներ սկսան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Քրիստոնէութիւն դաւանողներէն ոմանց վրայ։
8, 9. (ա) Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ո՞ր խեղաթիւրուած պատճառաբանութենէն ազդուեցան։ (բ) Ըստ Յուդայի, ժողովքին մէջ ոմանք ի՞նչ կ’ընէին։
8 Աստուածաշունչի ուսումնական մը նշեց որ «Եկեղեցիին մէջ կային անհատներ, որոնք շնորհքի (կամ՝ անարժան ողորմութեան) վարդապետութիւնը խեղաթիւրեցին»։ (Եփեսացիս 1։5-7) Ըստ անոր, ոմանք հետեւեալ կերպով պատճառաբանեցին. «Կ’ըսէ՞ք որ Աստուծոյ [անարժան ողորմութիւնը] այնքան մեծ է որ ամէն մեղք կը ծածկէ։ . . . Ուրեմն, շարունակենք մեղանչել, քանի որ Աստուծոյ [անարժան ողորմութիւնը] կրնայ ամէն մեղք սրբել։ Արդարեւ, որքան մեղք գործենք, Աստուծոյ [անարժան ողորմութիւնը] այնքան աւելի ներգործելու առիթ պիտի ունենայ»։ Ասկէ աւելի խեղաթիւրուած պատճառաբանութիւն լսա՞ծ էիք։
9 Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ ողորմութեան շուրջ այս սխալ մտածելակերպին ընդդիմացաւ, երբ ըսաւ. «Մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ»։ Ան նաեւ հարցուց. «Ուրեմն ի՞նչ. մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ»։ Իւրաքանչիւր հարցումին, Պօղոս ուժգին կը պատասխանէր՝ «Քա՛ւ լիցի»։ (Հռովմայեցիս 6։1, 2, 15) Ուստի, ինչպէս Յուդա դիտել կու տայ, ոմանք «մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին»։ Սակայն, Պետրոս կը նշէ որ այդպիսիներուն «կորուստը պիտի չմրափէ»։—Յուդա 4. Բ. Պետրոս 2։3
Ազդարարական Օրինակներ
10, 11. Պետրոս ազդարարական ի՞նչ երեք օրինակներ կու տայ։
10 Ապացուցանելու համար որ Աստուած կամայական մեղաւորներու դէմ քայլեր պիտի առնէ, Պետրոս Սուրբ Գրութիւններէն երեք ազդարարական օրինակներ կու տայ։ Նախ՝ ան կը գրէ. «Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց»։ Յուդա կ’ըսէ որ անոնք «իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա [երկնքի մէջ] իրենց բնակութիւնը ձգեցին»։ Անոնք Ջրհեղեղէն առաջ երկիր եկան եւ մսեղէն մարմիններ առին, որպէսզի մարդոց աղջիկներուն հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենան։ Իրենց անպատշաճ, անբնական ընթացքին համար, «տարտարոս»ի՝ կամ, ինչպէս Յուդայի տեղեկութիւնը կ’ըսէ՝ «մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար»։—Բ. Պետրոս 2։4. Յուդա 6. Ծննդոց 6։1-3
11 Ապա, Պետրոս Նոյի օրուան մարդոց կ’ակնարկէ։ (Ծննդոց 7։17-24) Ան կ’ըսէ որ Նոյի ժամանակ, Աստուած «առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. . . . երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ»։ Վերջապէս, Պետրոս կը գրէ որ Աստուած «Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք»։ Յուդա յաւելեալ տեղեկութիւն կու տայ, ըսելով որ այդ անհատները «պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով»։ (Բ. Պետրոս 2։5, 6. Յուդա 7) Տղամարդիկ ո՛չ միայն կիներու, այլ նաեւ, ուրիշ տղամարդոց հետ, անօրէն սեռային յարաբերութիւններ ունեցան, հաւանաբար նոյնիսկ գազաններու հետ լրբութիւն ըրին։—Ծննդոց 19։4, 5. Ղեւտացւոց 18։22-25
12. Ըստ Պետրոսի, արդար ընթացք մը ի՞նչպէս կը վարձատրուի։
12 Պետրոս միեւնոյն ատեն կը նշէ որ Եհովա իրեն հաւատարմաբար ծառայողները կը վարձատրէ։ Օրինակ, կ’ըսէ թէ Աստուած ինչպէս «Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը» բերաւ։ Ան նաեւ կ’ըսէ որ Եհովա Սոդոմի ժամանակ ազատեց «արդար Ղովտը» ու կ’եզրակացնէ. «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել»։—Բ. Պետրոս 2։5, 7-9
Պատիժի Արժանի Եղող Արարքներ
13. Մասնաւորաբար որո՞նք դատաստանի արժանի են, եւ անոնք ի՞նչ ցնորքներու անձնատուր կ’ըլլան։
13 Պետրոս մասնաւորաբար Աստուծոյ դատաստանին արժանի եղողները կը մատնանշէ, ըսելով. «Անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն»։ Պետրոսի զայրոյթը իրապէս կը հասկնանք, երբ կ’ըսէ. «Ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ»։ Յուդա կը գրէ որ «այս ցնորածներն ալ մարմինը կը պղծեն, . . . մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն»։ (Բ. Պետրոս 2։10. Յուդա 8) Անոնք սեռային պիղծ տարփանքներ կ’երազէին, որոնք սեռային անբարոյ յագեցումներու կը հրահրէին զիրենք։ Սակայն ի՞նչ առումով ‘տէրութիւնը կ’անարգէին’ եւ ‘մեծափառներուն դէմ կը հայհոյէին’։
14. Սուտ ուսուցիչները ի՞նչ առումով «տէրութիւնը կ’անարգեն» եւ «մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն»։
14 Ասիկա կ’ընէին Աստուծոյ կողմէ նշանակուած հեղինակութիւնը անարգելով։ Քրիստոնեայ երէցները կը ներկայացնեն փառաւոր Եհովա Աստուած եւ իր Որդին, հետեւաբար անոնց որոշ փառք մը տրուած է։ Ճիշդ է որ անոնք սխալներ կը գործեն՝ ինչպէս Պետրոս գործեց, բայց Աստուածաշունչը ժողովքի անդամները կը յորդորէ որ այդ փառաւորներուն հնազանդ ըլլան։ (Եբրայեցիս 13։17) Անոնց թերացումները պատճառ մը չեն որ անոնց դէմ խօսինք։ Պետրոս կ’ըսէ որ հրեշտակները «հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց [սուտ ուսուցիչներուն] վրայ», հակառակ անոր որ անոր իրապէս արժանի են։ Պետրոս շարունակելով կ’ըսէ. «Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են) կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին»։—Բ. Պետրոս 2։10-13
«Երբ Ձեզի Հետ Կերուխումի կը Նստին»
15. Սուտ ուսուցիչներուն կերպերը ի՞նչ են եւ անոնք ո՞ւր յառաջ կը տանին իրենց մոլորութիւնները։
15 Թէեւ այս ապականած մարդիկը «ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն» եւ «արատ ու բիծ են», բայց նաեւ խաբեբայ են։ Ինչպէս Պետրոս նախապէս նշեց, անոնք «գաղտուկ» կը գործեն ու «հնարուած խօսքեր» ունին։ (Բ. Պետրոս 2։1, 3, 13) Ուստի, կրնայ ըլլալ որ անոնք Աստուծոյ բարոյական չափանիշները պահպանելու համար երէցներուն ջանքերուն բացէ ի բաց չեն ընդդիմանար, կամ սեռային յագեցումները բացայայտօրէն չեն հետապնդեր։ Այլ, ինչպէս Պետրոս կ’ըսէ, անոնք «իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ . . . ձեզի հետ կերուխումի կը նստին»։ Իսկ Յուդա կը գրէ. «Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են»։ (Յուդա 12) Այո, ճիշդ ինչպէս որ ջուրերուն ներքեւ պահուած սրակատար ժայռերը կրնան նաւը իր յատակէն ջարդել ու անտեղեակ նաւաստիները խեղդամահ ընել, նոյն կերպով, սուտ ուսուցիչները անզգոյշ անհատները կ’ապականէին, որոնց հանդէպ կեղծաւորութեամբ սէր կը ցուցաբերէին, իրենց «սիրոյ խնճոյքներուն մէջ»։
16. (ա) «Սիրոյ խնճոյքներ»ը ի՞նչ էին եւ ներկայիս ալ անբարոյ անհատներ ո՞ր նման առիթները կրնան շահագործել։ (բ) Սուտ ուսուցիչները իրենց աչքերը որո՞նց վրայ կը սեւեռեն, ուստի այսպիսի անհատներ ի՞նչ պէտք է ընեն։
16 Այս «սիրոյ խնճոյքներ»ը երեւութապէս ընկերային հաւաքոյթներ էին, երբ առաջին դարու Քրիստոնեաները ուտելու եւ միասնաբար ժամանակ անցընելու համար իրարու քով կը հաւաքուէին։ Ներկայիս ալ Եհովայի Վկաները երբեմն ընկերային հաւաքոյթներ կ’ընեն, թերեւս հարսանիքի, դաշտապտոյտի առիթով, կամ միասնաբար երեկոյ մը անցընելով։ Ապականած անհատներ այս առիթները ի՞նչպէս կը գործածեն իրենց զոհերը խաբելու համար։ Պետրոս կը գրէ. «Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, ու . . . անհաստատ հոգիները կը խաբեն»։ Անոնք իրենց «ագահութեան վարժուած սրտեր»ը կը սեւեռէին հոգեւորապէս անկայուն եղողներուն վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը չէին իւրացուցած։ Ուստի Պետրոսի օրերուն պատահած բաները որպէս կանխազդարարութիւն թող ծառայեն մեզի եւ արթո՛ւն ըլլանք։ Որեւէ պիղծ առաջարկի դէմ դրէք եւ անբարոյ առաջարկներ ընող անհատի մը հրապոյրէն կամ ֆիզիքական գրաւչութենէն մի՛ խաբուիք։—Բ. Պետրոս 2։14
‘Բաղաամին ճամբան’
17. ‘Բաղաամի ճամբան’ ի՞նչ էր եւ անիկա ի՞նչպէս 24,000 Իսրայելացիներու ազդեց։
17 Այս «անիծեալ»ները, որոշ ժամանակէ ի վեր ճշմարտութիւնը գիտցած են։ Կրնայ ըլլալ որ տակաւին ժողովքին մէջ գործունեայ կը թուին։ Բայց Պետրոս կ’ըսէ. «Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց»։ (Բ. Պետրոս 2։14, 15) Բաղաամ մարգարէին ճամբան՝ անձնական շահու համար անբարոյութեամբ հրապուրելու ընթացք մը խրատել էր։ Ան Մովաբացի Բաղակ Թագաւորին ըսաւ որ Աստուած Իսրայէլը կ’անիծէր, եթէ ժողովուրդը պոռնկութիւն գործելու համար ծուղակը ձգուէր։ Որպէս հետեւանք, Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր Մովաբացի կիներու կողմէ հրապուրուեցան եւ 24,000 անհատներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, իրենց անբարոյ ընթացքին պատճառաւ։—Թուոց 25։1-9. Թուոց 31։15, 16. Յայտնութիւն 2։14
18. Բաղաամ ո՞րքան յամառ էր, բայց անոր հետեւանքը ի՞նչ կը գուշակէ ներկայ սուտ ուսուցիչներուն համար։
18 Պետրոս կը նշէ որ էշը խօսելով Բաղաամի արգելք հանդիսացաւ, բայց ա՛յն աստիճան «անիրաւութեան վարձքը սիրեց» որ նոյնիսկ այս դէպքը զինք ետ չկեցուց իր ‘յիմարութենէն’։ (Բ. Պետրոս 2։15, 16) Ի՜նչ ամբարշտութիւն։ Վա՜յ անոր որ Բաղաամի նման կը փորձէ ապականել Աստուծոյ ծառաները, զանոնք անբարոյութեան հրապուրել ջանալով։ Բաղաամ իր չարութեան պատճառաւ մեռաւ. նախօրինակը ըլլալով բոլոր անոնց, որոնք իր ճամբուն կը հետեւին։—Թուոց 31։8
Անոնց Սատանայական Մոլորութիւնները
19, 20. (ա) Բաղաամի նմանողները ի՞նչ բաներու նմանցուած են եւ ինչո՛ւ։ (բ) Անոնք որո՞նց կը խաբեն եւ ի՛նչպէս։ (գ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ անոնց մոլորութիւնները սատանայական են եւ մենք մեզ եւ ուրիշները ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանել։
19 Բաղաամի նմանները նկարագրելով, Պետրոս կը գրէ. «Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ [կամ հորեր] են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր [կամ ամպեր]»։ Անապատին մէջ ծարաւ ճամբորդի մը համար, չոր աղբիւր մը մահ կրնայ նշանակել։ Այսպիսի անհատներու անկասկած «թանձր խաւարը պահուած է»։ Պետրոս կը շարունակէ. «Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ»։ Անոնք անփորձները կը խաբեն «անոնց ազատութիւն [խոստանալով], բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են»։—Բ. Պետրոս 2։17-19. Գաղատացիս 5։13
20 Այսպիսի ապականած ուսուցիչներուն մոլորութիւնները սատանայական են։ Օրինակ, անոնք կրնան ըսել. ‘Աստուած գիտէ թէ մենք տկար եւ կիրքերու ենթակայ ենք։ Ուստի, եթէ մեր սեռային ցանկութիւններուն գոհացում տանք, Աստուած մեզի հանդէպ ողորմած պիտի գտնուի։ Եթէ մեր մեղքերը խոստովանինք, ան մեր մեղքերը պիտի ներէ, ճիշդ ինչպէս որ ըրաւ՝ երբ ճշմարտութեան եկանք’։ Յիշեցէք որ Բանսարկուն նման կերպերով մօտեցաւ Եւայի, խոստանալով որ ան կրնայ մեղանչել առանց պատժուելէ վախնալու։ Եւայի պարագային, ան դաւանեցաւ որ Աստուծոյ դէմ մեղանչելով՝ պիտի լուսաւորուի եւ ազատութիւն ունենայ։ (Ծննդոց 3։4, 5) Եթէ ժողովքին հետ ընկերակցող այսպիսի պիղծ անհատի մը հանդիպինք, մենք մեզ եւ ուրիշները պաշտպանելու համար պարտաւոր ենք քրիստոնէական ժողովքին մէջի պատասխանատու եղբայրները տեղեակ պահելու։—Ղեւտացւոց 5։1
Ճշգրիտ Գիտութեամբ Պաշտպանուիլ
21-23. (ա) Ճշգրիտ գիտութիւնը գործադրելու մէջ թերանալուն հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ (բ) Յաջորդիւ, Պետրոսի յարուցած ո՞ր խնդիրը նկատի պիտի առնենք։
21 Պետրոս իր նամակին այս հատուածը կ’աւարտէ, նկարագրելով մեր ունեցած գիտութիւնը գործադրելու մէջ թերանալուն հետեւանքները. այն գիտութիւնը որ «կեանքի եւ աստուածպաշտութեան» համար կենսական է, ինչպէս նախապէս ըսած էր։ (Բ. Պետրոս 1։2, 3, 8) Ան կը գրէ. «Վասն զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ»։ (Բ. Պետրոս 2։20) Ափսո՜ս։ Պետրոսի օրերուն, այդպիսիները երկնային անմահ կեանքի թանկագին յոյսը լքած էին, սեռային յագեցումի վաղանցիկ պահերու համար։
22 Պետրոս կ’ըսէ. «Վասն զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։ Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. ‘Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու’»։—Բ. Պետրոս 2։21, 22. Առակաց 26։11
23 Բացայայտօրէն, ուրիշ հարց մըն ալ սկսած էր ազդել նախկին Քրիստոնեաներուն՝ ինչպէս ոմանց կ’ազդէ ներկայիս։ Ոմանք ակներեւաբար կը տրտնջային Քրիստոսի խոստացեալ ներկայութեան երեւութական ուշացման համար։ Արդ, քննենք թէ Պետրոս այս հարցը ի՛նչպէս ձեռք կ’առնէ։
Կը յիշէ՞ք
◻ Պետրոս ի՞նչ երեք ազդարարական օրինակներ կը թուէ։
◻ Սուտ ուսուցիչները ի՞նչպէս ‘տէրութիւնը կ’անարգէին’։
◻ Ի՞նչ է Բաղաամի ճամբան եւ անոր հետեւողները ի՞նչպէս կը ջանան ուրիշները մոլորեցնել։
◻ Ճշգրիտ գիտութիւնը գործադրելու մէջ թերանալուն հետեւանքը ի՞նչ կ’ըլլայ։