Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասպ էջ 207-223
  • Բացատրութիւններ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բացատրութիւններ
  • Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի աննման յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կերտէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը ծառայութեանդ մէջ յայտնի դարձուր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
ասպ էջ 207-223

ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1 ԵՀՈՎԱ

Աստուծոյ անունը Եհովա է եւ կը նշանակէ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Եհովան ամենակալ Աստուածն է եւ ամէն բան ինք ստեղծած է։ Ան կարողութիւնը ունի ընելու այն ինչ որ կ’որոշէ ընել։

Եբրայերէնով, Աստուծոյ անունը չորս տառերով կը գրուէր։ Այդ տառերը արեւմտահայերէնով ԵՀՎՀ կը գրուին։ Աստուածաշունչի եբրայերէն բնագրին մէջ, Աստուծոյ անունը մօտ 7000 անգամ կ’երեւնայ։ Ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ Աստուծոյ անունը տարբեր ձեւերով կը հնչեն, ինչպէս որ իրենց լեզուին մէջ կը գրուի։

▸ Դաս 1, պարբ. 15, ստորանիշ

2 ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՈՒՆՉՆ Է»

Սուրբ Գիրքին հեղինակը Աստուած է, բայց ան մարդոց գրել տուաւ զայն։ Ճիշդ ինչպէս որ գործատէր մը իր քարտուղարին կ’ըսէ որ իր գաղափարները նամակի մը մէջ գրէ, նոյնպէս ալ Աստուած սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուածաշունչը գրողները առաջնորդեց, որ իր մտածումները գրեն։ Եւ ասիկա ըրաւ շատ մը կերպերով. երբեմն ան պատճառ դարձաւ, որ անոնք տեսիլքներ կամ երազներ տեսնեն եւ յետոյ իրենց տեսածը գրի առնեն։

▸ Դաս 2, պարբ. 5

3 ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Սկզբունքները Սուրբ Գիրքին մէջ ճշմարտութիւններ են, որոնք մեզի կ’օգնեն որ ճիշդ որոշումներ առնենք։ Օրինակ, «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» սկզբունքը կը սորվեցնէ, որ մեր ընկերակցութիւնները մեզի կ’ազդեն (Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Եւ «ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» սկզբունքը կը սորվեցնէ, որ մեր ըրածներուն հետեւանքները պիտի կրենք (Գաղատացիս 6։8)։

▸ Դաս 2, պարբ. 12

4 ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ

Մարգարէութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած տեղեկութիւն մըն է, որուն միջոցաւ Աստուած իր կամքը կը բացատրէ, բարոյական չափանիշներ կը սորվեցնէ կամ ալ դատավճիռ կ’արձակէ։ Անիկա կրնայ նաեւ ըլլալ տեղեկութիւն՝ ապագային ըլլալիք բանի մը մասին։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մարգարէութիւններ, որոնք արդէն կատարուած են։

▸ Դաս 2, պարբ. 13

5 ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեսիային մասին Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները Յիսուսի՛ն վրայ կատարուեցան։ Տե՛ս «Մեսիային մասին մարգարէութիւններ» ցանկը։

▸ Դաս 2, պարբ. 17, ստորանիշ

ՄԵՍԻԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԴԷՊՔ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ

ԿԱՏԱՐՈՒՄ

Յուդայի ցեղէն կը ծնի

Ծննդոց 49։10

Ղուկաս 3։23-33

Կոյսէ մը կը ծնի

Եսայի 7։14

Մատթէոս 1։18-25

Դաւիթ թագաւորի սերունդէն կու գայ

Եսայի 9։7

Մատթէոս 1։1, 6-17

Եհովան կը յայտարարէ, որ Յիսուս իր Որդին է

Սաղմոս 2։7

Մատթէոս 3։17

Շատեր չեն հաւատար, որ Յիսուս Մեսիան է

Եսայի 53։1

Յովհաննէս 12։37, 38

Երուսաղէմ կը մտնէ աւանակի մը վրայ նստած

Զաքարիա 9։9

Մատթէոս 21։1-9

Կը մատնուի մտերիմ բարեկամի մը կողմէ

Սաղմոս 41։9

Յովհաննէս 13։18, 21-30

Կը մատնուի 30 կտոր արծաթի փոխարէն

Զաքարիա 11։12

Մատթէոս 26։14-16

Զինք ամբաստանողներուն առջեւ լուռ կը մնայ

Եսայի 53։7

Մատթէոս 27։11-14

Իր հագուստներուն վրայ վիճակ կը ձգուի

Սաղմոս 22։18

Մատթէոս 27։35

Փայտին վրայ կ’անարգուի

Սաղմոս 22։7, 8

Մատթէոս 27։39-43

Իր ոսկորներէն ո՛չ մէկը կը կոտրուի

Սաղմոս 34։20

Յովհաննէս 19։33, 36

Հարուստներուն հետ կը թաղուի

Եսայի 53։9

Մատթէոս 27։57-60

Յարութիւն կ’առնէ

Սաղմոս 16։10

Գործք 2։24, 27

Յարութիւն առնելէ ետք երկինք կը բարձրանայ, որ Աստուծոյ աջ կողմը ըլլայ

Սաղմոս 110։1

Գործք 7։55

6 ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Եհովա Աստուած երկիրը ստեղծեց որ դրախտ մը ըլլայ եւ զինք սիրող մարդիկ հոն ապրին։ Անոր նպատակը չէ փոխուած։ Մօտ ատենէն ան չարութեան վերջ պիտի դնէ եւ իր ժողովուրդին յաւիտենական կեանք պիտի տայ։

▸ Դաս 3, պարբ. 1

7 ԲԱՆՍԱՐԿՈՒ ՍԱՏԱՆԱՅ

Սատանան այն հրեշտակն է, որ Աստուծոյ դէմ ելաւ։ Ան կը կոչուի Սատանայ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ», քանի որ Աստուծոյ կը հակառակի։ Ան նաեւ կը կոչուի Բանսարկու, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ», քանի որ Աստուծոյ մասին սուտեր կը խօսի եւ մարդիկը կը խաբէ։

▸ Դաս 3, պարբ. 4

8 ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ

Եհովա Աստուած հրեշտակները ստեղծեց երկիրը ստեղծելէն շա՜տ առաջ։ Անոնք ստեղծուեցան երկինքի մէջ ապրելու համար։ Հարիւր միլիոնէ աւելի հրեշտակներ կան (Դանիէլ 7։10)։ Անոնք ունին անուններ, տարբեր անձնաւորութիւններ եւ ազատ կամք։ Հաւատարիմ հրեշտակները խոնարհ են եւ չեն ուզեր որ մարդիկ զիրենք պաշտեն։ Անոնք տարբեր դիրքեր եւ տարբեր պաշտօններ ունին։ Օրինակ, անոնք Եհովային գահին առջեւ կը ծառայեն, իր պատուէրները կը փոխանցեն, երկրի վրայ իր ծառաները կը պաշտպանեն ու կ’առաջնորդեն, իր դատավճիռները կը գործադրեն եւ քարոզչութեան կ’օգնեն (Սաղմոս 34։7. Յայտնութիւն 14։6. 22։8, 9)։ Ապագային, Արմագեդոն պատերազմին, անոնք Յիսուսի կողքին պիտի կռուին (Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։14, 15)։

▸ Դաս 3, պարբ. 5. Դաս 10, պարբ. 1

9 ՄԵՂՔ

Մեղք կրնայ ըլլալ որեւէ բան որ կը զգանք, կը մտածենք կամ կ’ընենք, որ Եհովա Աստուծոյ կամ իր կամքին հակառակ է։ Քանի՛ որ մեղքը Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս կը հասցնէ, Աստուած մեզի տուած է օրէնքներ եւ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ դիտմամբ մեղք չգործենք։ Երբ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց, անոր վրայ սխալ բան մը չկար, անոր համար պիտի չծերանար ու պիտի չմեռնէր։ Այս վիճակը կը կոչուի կատարելութիւն եւ այսպիսի մարդու մը համար կ’ըսենք կատարեալ մարդ։ Բայց երբ Ադամն ու Եւան որոշեցին Եհովային չհնազանդիլ, մեղք գործեցին եւ իրենց կատարելութիւնը կորսնցուցին։ Անոնք ծերացան ու մեռան. եւ քանի՛ որ մենք Ադամէն մեղքը ժառանգեցինք, մենք ալ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։

▸ Դաս 3, պարբ. 7. Դաս 5, պարբ. 3

10 ԱՐՄԱԳԵԴՈՆ

Արմագեդոնը Աստուծոյ պատերազմն է, որուն միջոցաւ ան Սատանային աշխարհը պիտի կործանէ եւ չարութեան վերջ պիտի դնէ։

▸ Դաս 3, պարբ. 13. Դաս 8, պարբ. 18

11 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է, որ Եհովա Աստուած հիմնած է երկինքին մէջ։ Անոր Թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է։ Ապագային, Եհովան այս Թագաւորութեան միջոցաւ չարութեան վերջ պիտի դնէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ երկրին վրայ պիտի իշխէ։

▸ Դաս 3, պարբ. 14

12 ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ

Եհովա Աստուած ամէն բանէ առաջ Յիսուսը ստեղծեց։ Ան Յիսուսը աշխարհ ղրկեց, որ բոլոր մարդոց համար մեռնի։ Իր մահէն ետք, Եհովան իրեն յարութիւն տուաւ։ Յիսուս հիմա երկինքին մէջ կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։

▸ Դաս 4, պարբ. 2

13 70 ԵՕԹՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Գիրքը սկիզբէն ըսած էր, որ Մեսիան ե՛րբ պիտի գար։ Ան պիտի գար ժամանակաշրջանի մը վերջաւորութեան, որ կը կոչուի 69 եօթնեակ (կամ շաբաթ)։ 69 շաբաթները սկսան Ք.Ա. 455–ին եւ վերջ գտան Ք.Ե. 29–ին։

Ուրկէ՞ գիտենք որ այդ շաբաթները վերջ գտան Ք.Ե. 29–ին։ Բացատրենք. 69 շաբաթները սկսան Ք.Ա. 455–ին, երբ Նէեմիան Երուսաղէմ հասաւ եւ սկսաւ քաղաքը նորէն շինել (Դանիէլ 9։25. Նէեմիա 2։1, 5-8)։ Երբ «շաբաթ» բառը լսենք, մեր միտքը կու գայ 7 օր։ Բայց այս մարգարէութեան մէջ ամէն մէկ շաբաթը եօթը օր չէ, հապա եօթը տարի է։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները շատ անգամ օրերը կը հաշուեն այսպէս. «Ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ–մէկ տարի» (Թուոց 14։34. Եզեկիէլ 4։6)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ամէն մէկ շաբաթ հաւասար է եօթը տարուան (ոչ թէ 7 օրուան). ուրեմն 69 շաբաթները 483 տարիներ են (69 x 7)։ Եթէ Ք.Ա. 455–էն սկսինք 483 տարի հաշուել, կը հասնինք Ք.Ե. 29–ին (զէռօ տարի չկայ)։ Ասիկա ճիշդ այն տարին է, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ դարձաւ Մեսիան (Ղուկաս 3։1, 2, 21, 22)։

Նոյն մարգարէութիւնը կը խօսի յաւելեալ եօթնեակի կամ շաբաթի մը մասին, որ նորէն եօթը տարի է։ Այդ շաբաթին կամ 7 տարուան ընթացքին, Ք.Ե. 33–ին, Մեսիան պիտի սպաննուէր, իսկ Ք.Ե. 36–ի սկիզբը, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզուէր բոլոր ազգերուն,– եւ ոչ միայն հրեաներուն (Դանիէլ 9։24-27)։

▸ Դաս 4, պարբ. 7

Ցուցակ. 70 շաբաթի մարգարէութիւնը, որ Դանիէլ 9–⁠ին մէջ գրուած է, կը խօսի Մեսիային գալուն մասին

14 ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ Եհովա Աստուած Ստեղծիչն է եւ թէ ան ամէն բանէ առաջ Յիսուսը ստեղծեց (Կողոսացիս 1։15, 16)։ Յիսուս Ամենակալ Աստուածը չէ, եւ բնա՛ւ չըսաւ որ Աստուծոյ հաւասար է։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28. Ա. Կորնթացիս 15։28)։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն «Երրորդութիւն»ը. այսինքն կ’ըսեն՝ որ Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է, բայց երեք Աստուածներ չկան, հապա մէկ Աստուած կայ։ Աստուածաշունչին մէջ չենք գտներ «Երրորդութիւն» բառը. ատիկա կրօնական սուտ մըն է։

Սուրբ հոգին Աստուծոյ ուժը կամ զօրութիւնն է, որուն միջոցաւ ան իր կամքը կը կատարէ։ Սուրբ հոգին չի տեսնուիր եւ անիկա անձ չէ։ Օրինակ, առաջին դարու քրիստոնեաները «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան», եւ Եհովան ըսաւ. «Իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ» (Գործք 2։1-4, 17)։

▸ Դաս 4, պարբ. 12. Դաս 15, պարբ. 17

15 ԽԱՉ

Ճշմարիտ քրիստոնեաները պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր։ Ինչո՞ւ։

  1. Հինէն ի վեր խաչը սուտ կրօնքին մէջ գործածուած է։ Անցեալին, մարդիկ խաչ կը գործածէին բնութիւնը պաշտելու ատեն եւ հեթանոսական սեռային արարողութիւններու մէջ։ Յիսուսի մահէն ետք, առաջին 300 տարիներուն ընթացքին, քրիստոնեաները իրենց պաշտամունքին մէջ խաչ չգործածեցին։ Բայց ետքը, հռոմայեցի Կոստանդին կայսրը խաչը քրիստոնէութեան խորհրդանշանը դարձուց։ Խաչը գործածուեցաւ, որ քրիստոնէութիւնը ժողովուրդին մէջ դիւրաւ տարածուի։ Բայց խաչը բնա՛ւ կապ չունէր Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Համայնագիտարան մը կը բացատրէ. «Խաչը կը գտնուի թէ՛ Քրիստոսի թուականէն առաջ եղող մշակոյթներու մէջ եւ թէ հեթանոսական մշակոյթներու մէջ» (New Catholic Encyclopedia)։

  2. Յիսուս խաչի վրայ չմեռաւ։ Այն յունարէն բառը, որ հայերէնով «խաչ» թարգմանուած է, իրականութեան մէջ կը նշանակէ «ուղիղ ձող կամ ցից», «գերան», «փայտ» կամ «ծառ»։ Սուրբ Գիրք մը կը բացատրէ. «Անիկա բնաւ չի նշանակեր որեւէ անկիւնէ իրարու վրայ դրուած երկու փայտի կտորներ, հապա կը նշանակէ փայտի մէ՛կ կտոր. . . Յունարէն լեզուին մէջ [Նոր Կտակարան] չկայ բառ մը, որ ակնարկէ երկու փայտի կտորներու» (The Companion Bible)։ Յիսուս ուղիղ ցիցի վրայ մեռաւ։

  3. Եհովան չ’ուզեր, որ մեր պաշտամունքին մէջ նկարներ կամ խորհրդանշաններ գործածենք (Ելից 20։4, 5. Ա. Կորնթացիս 10։14)։

▸ Դաս 5, պարբ. 12

16 ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆ

Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց, որ իր մահը յիշեն։ Ամէն տարի իր հետեւորդները իր մահը կը յիշեն լուսնական օրացոյցի նիսան 14–ին,– նոյն թուականին երբ իսրայէլացիները Պասեքը կը տօնէին։ Յիշատակատօնին բոլոր ներկաները ձեռքէ ձեռք հաց եւ գինի կը փոխանցեն։ Հացը կը ներկայացնէ Յիսուսին մարմինը եւ գինին կը ներկայացնէ Յիսուսին արիւնը։ Անոնք՝ որոնք Յիսուսին հետ երկինքին մէջ պիտի իշխեն, հացէն կ’ուտեն եւ գինիէն կը խմեն։ Իսկ անոնք՝ որոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին, առ ի յարգանք ներկայ կը գտնուին Յիշատակատօնին, բայց հացէն չեն ուտեր եւ գինիէն չեն խմեր։

▸ Դաս 5, պարբ. 21

17 ՀՈԳԻ

Սուրբ Գիրքին մէջ «հոգի» թարգմանուած եբրայերէն եւ յունարէն բառերը կ’ակնարկեն մարդու կամ մարդու կեանքին։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

  • Մարդ։ «Նոյին օրերը. . . քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան» (Ա. Պետրոս 3։20)։ Հոս, «հոգի» բառը կ’ակնարկէ մարդոց. Նոյին, իր կնոջ, իրենց երեք որդիներուն եւ անոնց կիներուն։

  • Մարդու կեանք։ Առակաց 16։17–ն կ’ըսէ. «Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ»։ Նաեւ Եսայի 44։20–ը կ’ըսէ. «Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ եւ իր հոգին չի կրնար փրկել»։

  • «Հոգի» բառը ուրիշ իմաստներ ալ ունի։ Օրինակ, երբ մէկը բան մը ընէ իր «բոլոր հոգիով», ասիկա կը նշանակէ որ ան զայն կ’ընէ յօժարաբար եւ իր ամբողջ ուժով (Բ. Օրինաց 4։29. 6։5)։

    Դաս 6, պարբ. 4, ստորանիշ. Դաս 15, պարբ. 17

18 ՈԳԻ

Սուրբ Գիրքին մէջ «ոգի» թարգմանուած եբրայերէն եւ յունարէն բառերը տարբեր իմաստներ ունին։ Բայց անոնք միշտ կ’ակնարկեն բաներու, որոնք մարդիկ չեն կրնար տեսնել. օրինակ՝ հոգեղէն արարածներու (Ա. Թագաւորաց 22։21-23. Մարկոս 5։2, 8)։ Սուրբ Գիրքը չի սորվեցներ, որ երբ մէկը մեռնի իր մարմինէն բան մը դուրս կ’ելլէ եւ կը շարունակէ ապրիլ։

▸ Դաս 6, պարբ. 4, ստորանիշ. Դաս 15, պարբ. 17

19 ԴԺՈԽՔ ԵՒ ԳԵՀԵՆ (ԳԵՀԵԱՆ)

«Դժոխք»ը որոշ վայրի մը մէջ գտնուող բառացի տեղ մը չէ։ Անիկա մեռած մարդկութեան ընդհանուր գերեզմանն է. այսինքն, այն այլաբանական վայրը, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը մահուան քունի մէջ է։ Օրինակ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ «դժոխք» բառը կը տեսնենք Սաղմոս 89։48–ին եւ Առակաց 27։20–ին մէջ, իսկ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ՝ Յայտնութիւն 1։18–ին մէջ։ «Դժոխք»ը նաեւ կը թարգմանուի «գերեզման» (տե՛ս Սաղմոս 6։5. 49։15 Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ եւ Գործք 2։27, 31 Յունարէն Գրութիւններուն մէջ)։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ որ այն մեռելները, որոնք դժոխքին (այսինքն գերեզմանին) մէջ են, յարութիւն պիտի առնեն։

Իսկ «գեհեն»ը Երուսաղէմին մօտ գտնուող ձորի մը անունն էր (Ենովմի ձոր), ուր աղբը ամբողջովին կ’այրուէր։ Բայց փաստ մը չկայ, որ Յիսուսի ժամանակ անասուններ կամ մարդիկ այս ձորին մէջ կը չարչարուէին կամ ողջ–ողջ կ’այրուէին։ Ուրեմն գեհենը չի խորհրդանշեր անտեսանելի վայր մը, ուր մեռած մարդիկ յաւիտեան կը չարչարուին եւ կ’այրուին։ Երբ Յիսուս խօսեցաւ մարդոց մասին, որոնք գեհեն պիտի ձգուին, ան ըսել ուզեց որ անոնք ամբողջովին պիտի բնաջնջուին (Մատթէոս 5։22. 10։28. Ղուկաս 12։5)։

▸ Դաս 7, պարբ. 17, ստորանիշ եւ պարբ. 20

20 ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

Յիսուս այս աղօթքով իր աշակերտներուն օրինակ տուաւ, որ ինչպէ՛ս աղօթեն։ Այս աղօթքը նաեւ կը կոչուի «Հայր մեր»։ Յիսուս ըսաւ որ մեր աղօթքին մէջ յիշենք այս բաները.

  • «Քու անունդ սուրբ ըլլայ»

    Մենք կ’աղօթենք, որ Աստուած իր անունը կամ համբաւը մաքրէ բոլոր սուտերէն, որպէսզի երկինքին մէջ եւ երկրի վրայ բոլորը իր անունը պատուեն ու յարգեն։

  • «Քու թագաւորութիւնդ գայ»

    Մենք կ’աղօթենք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սատանային չար աշխարհը կործանէ, երկրի վրայ իշխէ եւ երկիրը դրախտի վերածէ։

  • «Քու կամքդ ըլլայ. . . երկրի վրայ»

    Մենք կ’աղօթենք, որ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ըլլայ, որ հնազանդ եւ կատարեալ մարդիկ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրին,– ինչ որ արդէն Եհովային նպատակն էր երբ մարդ արարածը ստեղծեց։

▸ Դաս 8, պարբ. 2

21 ՓՐԿԱՆՔ

Եհովա Աստուած փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ, որ մարդիկ մեղքէն ու մահէն ազատէ։ Փրկանքը այն գինն էր, որ պէտք էր վճարուէր, ետ գնելու համար կատարեալ կեանքը, որ Ադամ կորսնցուց։ Փրկանքը նաեւ Աստուծոյ հետ մարդ արարածին փոխյարաբերութիւնը պիտի շտկէր։ Փրկանքը տալու համար, Աստուած Յիսուսը երկիր ղրկեց որ բոլոր մարդոց համար մեռնի։ Յիսուսին մահը բոլոր մարդոց առջեւ առիթ բացաւ, որ կատարեալ ըլլան եւ յաւիտեան ապրին։

▸ Դաս 8, պարբ. 21. Դաս 9, պարբ. 13

22 ԻՆՉՈ՞Ւ 1914–Ը ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԱՐԻ Է

Դանիէլի 4–րդ գլուխին մարգարէութենէն կը գիտնանք, որ Աստուած իր Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր 1914–ին։

Դանիէլի մարգարէութիւնը։ Եհովան պատճառ դարձաւ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր տեսնէր երազ մը, որ ապագային պիտի կատարուէր։ Նաբուգոդոնոսոր տեսաւ մեծ ծառ մը, որ կտրուեցաւ եւ անոր կոճղը երկաթէ ու պղինձէ շղթաներով կապուեցաւ, որ «եօթը ժամանակ» չմեծնայ։ Անկէ ետք ծառը նորէն պիտի մեծնար (Դանիէլ 4։1, 10-16)։

Մարգարէութեան իմաստը։ Ծառը կը ներկայացնէ Աստուծոյ իշխանութիւնը։ Երկար տարիներ, Եհովան Երուսաղէմի մէջ թագաւորներ նշանակեց, որ իսրայէլ ազգին վրայ թագաւորեն (Ա. Մնացորդաց 29։23)։ Բայց այդ թագաւորները Եհովային անհաւատարիմ եղան, անոր համար անոնց իշխանութիւնը վերջ գտաւ։ Երուսաղէմը կործանեցաւ Ք.Ա. 607–ին։ Այդ տարին «եօթը ժամանակ»ը սկսաւ (Դ. Թագաւորաց 25։1, 8-10. Եզեկիէլ 21։25-27)։ Երբ Յիսուս ըսաւ որ «Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան», ան կը խօսէր «եօթը ժամանակ»ին մասին (Ղուկաս 21։24)։ Ուրեմն «եօթը ժամանակ»ը չէր վերջացած երբ Յիսուս երկրի վրայ էր։ Եհովան խոստացած էր Թագաւոր մը նշանակել «եօթը ժամանակ»ը վերջանալէն ետք։ Այս նոր Թագաւորին՝ Յիսուսին իշխանութիւնը առատ ու մնայուն օրհնութիւններ պիտի բերէր Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ (Ղուկաս 1։30-33)։

«Եօթը ժամանակ»ին տեւողութիւնը։ «Եօթը ժամանակ»ը 2520 տարի տեւեց։ Եթէ 2520 տարի սկսինք հաշուել Ք.Ա. 607–էն, կը հասնինք Ք.Ե. 1914 (զէռօ տարի չկայ)։ Այդ տարին էր որ Եհովան Յիսուս Քրիստոսը Իր Թագաւորութեան Թագաւորը ըրաւ երկինքին մէջ։

Լաւ ուրկէ՞ գիտենք որ «եօթը ժամանակ»ը 2520 տարի է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երեքուկէս ժամանակը հաւասար է 1260 օրուան (Յայտնութիւն 12։6, 14)։ Ուրեմն «եօթը ժամանակ»ը ատոր երկու անգամն է, այսինքն՝ 2520 օր (1260 x 2)։ Իսկ 2520 օրը հաւասար է 2520 տարուան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները շատ անգամ օրերը կը հաշուեն այսպէս. «Ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ–մէկ տարի» (Թուոց 14։34. Եզեկիէլ 4։6)։

▸ Դաս 8, պարբ. 23

Թուականներու եւ դէպքերու ցուցակ մը, որ կապ ունի Նաբուգոդոնոսորի երազին հետ

23 ՄԻՔԱՅԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԸ

«Հրեշտակապետ» բառը կը նշանակէ հրեշտակներու պետ։ Սուրբ Գիրքը միայն մէկ հրեշտակապետի մասին կը խօսի, որուն անունը «Միքայէլ» է (Դանիէլ 12։1. Յուդա 9)։

Միքայէլը Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակներու բանակին Առաջնորդն է։ Յայտնութիւն 12։7–ն կ’ըսէ. «Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ»։ Յայտնութիւն գիրքը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ բանակին առաջնորդը Յիսուսն է։ Ուրեմն, «Միքայէլ»ը Յիսուսին ուրիշ մէկ անունն է (Յայտնութիւն 19։14-16)։

▸ Դաս 9, պարբ. 4, ստորանիշ

24 ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ

«Վերջին օրեր»ը այն ժամանակամիջոցն է, որուն ընթացքին կարեւոր դէպքեր տեղի պիտի ունենան երկրի վրայ, առաջ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սատանային աշխարհը կործանէ։ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները այս ժամանակամիջոցը նաեւ կը կոչեն «աշխարհիս վերջը» եւ «Որդի մարդոյ գալուստը [կամ ներկայութիւնը]» (Մատթէոս 24։3, 27, 37)։ «Վերջին օրերը» սկսան 1914–ին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքին մէջ սկսաւ իշխել։ Անոնք վերջ պիտի գտնեն Արմագեդոնին, երբ Սատանային աշխարհը կործանուի (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Բ. Պետրոս 3։3)։

▸ Դաս 9, պարբ. 2

25 ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեռած անհատի մը ետ կեանք տալը կը կոչուի յարութիւն։ Սուրբ Գիրքը կը խօսի ինը յարութիւններու մասին։ Եղիան, Եղիսէն, Յիսուսը, Պետրոսը եւ Պօղոսը յարութիւն տուին։ Անոնք Եհովային զօրութեամբ է որ կրցան յարութիւն տալ։ Եհովան կը խոստանայ երկրի վրայ ետ կեանքի բերել ‘թէ՛ արդարները եւ թէ մեղաւորները’ (Գործք 24։15)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ կարգ մը մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն երկինքի մէջ Յիսուսին հետ ապրելու համար։ Եւ Աստուած է որ այդ մարդիկը կ’ընտրէ (Յովհաննէս 5։28, 29. 11։25. Փիլիպպեցիս 3։11. Յայտնութիւն 20։5, 6)։

▸ Դաս 9, պարբ. 13

26 ՈԳԵՀԱՐՑՈՒԹԻՒՆ (ԴԻՒԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ)

Ոգեհարցութիւնը ոգիներու հետ կապի մէջ մտնելն է կա՛մ անձամբ, կամ ալ ոգեմիջնորդի միջոցաւ։ Կարգ մը մարդիկ ոգիներու հետ կապի մէջ կը մտնեն, քանի որ կը կարծեն թէ մահէն ետք մարդուն մէջ բան մը կը շարունակէ ապրիլ եւ զօրաւոր ոգի կը դառնայ։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ։ Ոգիներու հետ կապի մէջ մտնել կը նշանակէ՝ դեւերու հետ կապի մէջ մտնել։ Դեւերը նաեւ կը փորձեն մարդիկը մղել որ Աստուծոյ չհնազանդին։ Աստղերուն նայելով գուշակելը, կախարդութիւնը, վհուկութիւնը, դիւային սովորութիւնները եւ գուշակութեան ուրիշ տեսակներ նաեւ ոգեհարցութեան մաս կը կազմեն։ Շատ մը գիրքեր, պարբերաթերթեր, ֆիլմեր եւ երգեր դիւային բաները այնպէս մը կը ներկայացնեն, որ կարծես թէ անվնաս կամ հետաքրքրական են։ Ասկէ զատ, պէտք է նաեւ զգոյշ ըլլանք սովորութիւններէ, որոնց նպատակն է լաւ բախտ բերել կամ չար ոգիներէ պաշտպանել։ Աստուած այս սովորութիւնները չ’ընդունիր։ Շատ մը թաղումի սովորութիւններ ալ դեւերուն հետ կապ ունին, ինչպէս՝ հոգեհանգիստ, հոգեճաշ, տարելից, մեռելին քով արթուն նստիլ եւ թաղումի կրօնական արարողութիւններ։ Անոնք՝ որոնք կը փորձեն դեւերուն հետ կապի մէջ մտնել շատ անգամ թմրեցուցիչ կը գործածեն (Գաղատացիս 5։20, 21. Յայտնութիւն 21։8)։

▸ Դաս 10, պարբ. 10. Դաս 16, պարբ. 4

27 ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եհովան Ամենակարող Աստուածն է եւ ամբողջ տիեզերքին Ստեղծիչը (Յայտնութիւն 15։3)։ Անոր համար ամէն բան իրեն կը պատկանի եւ ինք գերիշխանութիւն, այսինքն՝ իշխելու իրաւունք ունի իր ստեղծագործութեան վրայ (Սաղմոս 24։1. Եսայի 40։21-23. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Եհովան իր ստեղծած բոլոր բաներուն համար օրէնքներ դրած է։ Ասկէ զատ, ան իրաւունք ունի ուրիշները իշխաններ նշանակելու։ Երբ Աստուած սիրենք եւ իրեն հնազանդինք, ցոյց կու տանք որ իր գերիշխանութեան կողմը դիրք կը բռնենք (Ա. Մնացորդաց 29։11)։

▸ Դաս 11, պարբ. 10

28 ՎԻԺՈՒՄ

Վիժումը չծնած մանուկ մը դիտմամբ մեռցնելն է։ Վիժում չի կոչուիր այն պարագան, երբ յղի կին մը արկածով իր մանուկը կը կորսնցնէ կամ երբ անիկա ինքնիրեն կը վիժի։ Կազմուած վայրկեանէն, մանուկը իր մօր մարմնին մէկ մասը չէ, հապա զատ անձ է։ Ուրեմն վիժում ընելը հաւասար է մարդ սպաննելուն։

▸ Դաս 13, պարբ. 5

29 ԱՐԵԱՆ ՓՈԽՆԵՐԱՐԿՈՒՄ

Արեան փոխներարկում ըսելով կը հասկնանք հիւանդին մարմնին մէջ ներարկել ամբողջական արիւն կամ անոր չորս գլխաւոր բաղադրութիւններէն մէկը։ Արեան չորս գլխաւոր բաղադրութիւններն են՝ ջրարիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ եւ թիթեղիկներ։ Հիւանդին կը ներարկուի կա՛մ ուրիշի մը արիւնը կամ ալ նախապէս պահուած իր անձնական արիւնը։

▸ Դաս 13, պարբ. 13

30 ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Գիրքին մէջ «կրթութիւն» բառը միայն պատժել չի նշանակեր։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ՝ խրատել, սորվեցնել եւ սրբագրել։ Եհովան բնա՛ւ խիստ եւ կոշտ կերպով չի կրթեր (Առակաց 4։1, 2)։ Ան գեղեցիկ օրինակ է ծնողներուն։ Անոր տուած կրթութիւնը այնքա՛ն օգտակար է, որ անհատը կրնայ սիրել իրեն տրուած խրատը (Առակաց 12։1)։ Եհովան իր ժողովուրդը կը սիրէ, կը մարզէ եւ կը խրատէ, որ իրենց սխալ մտածելակերպը փոխեն ու սորվին մտածել եւ վարուիլ իրեն հաճելի կերպով։ Իրենց զաւակները կրթելու ատեն, ծնողները պէտք է անոնց օգնեն որ հասկնան, թէ ինչո՛ւ պէտք է հնազանդ ըլլան։ Անոնք նաեւ պէտք է անոնց սորվեցնեն, որ Եհովան եւ Աստուածաշունչը սիրեն ու ատոր սկզբունքները հասկնան։

▸ Դաս 14, պարբ. 13

31 ԴԵՒԵՐ

Դեւերը չար ոգիներ են, չեն երեւիր եւ մարդոցմէ շա՛տ աւելի զօրաւոր են։ Անոնք չար հրեշտակներ են։ Դեւերը չար հրեշտակներ դարձան, երբ Աստուծոյ չհնազանդեցան եւ անոր թշնամիները եղան (Ծննդոց 6։2. Յուդա 6)։ Անոնք Սատանային պէս Աստուծոյ դէմ ելան (Բ. Օրինաց 32։17. Ղուկաս 8։30. Գործք 16։16. Յակոբոս 2։19)։

▸ Դաս 16, պարբ. 4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել