Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա18 Սեպտեմբեր էջ 1-9
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 3-9
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 10-16
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 17-23
  • ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 24-30
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2018)
ժտա18 Սեպտեմբեր էջ 1-9

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 3-9

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1-2

«Յիսուս իր առաջին հրաշքը կը կատարէ»

(Յովհաննէս 2։1-3) Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը եւ Յիսուսին մայրը հոն էր։ 2 Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ։ 3 Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսին մայրը ըսաւ անոր. «Գինի չունին»։

դ15 6/15 էջ 4 պարբ. 3

Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն է

3 Յիսուս իր առաջին հրաշքը ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ՝ հարսանեկան խնճոյքի մը ընթացքին։ Կրնայ ըլլալ որ ներկայ գտնուողները ակնկալուածէն աւելի էին։ Ամէն պարագայի, գինին պակսեցաւ։ Յիսուսի մայրը՝ Մարիամն ալ ներկայ էր։ Ան անկասկած տարիներէ ի վեր կը խոկար բոլոր այն մարգարէական խոստումներուն վրայ, որոնք իր որդիին կը վերաբերէին, եւ գիտէր թէ «Բարձրեալին Որդի» պիտի կոչուէր (Ղուկ. 1։30-32. 2։52)։ Արդեօք ան կը կարծէ՞ր որ Յիսուս իր մէջ պահուած ուժեր ունէր։ Մէկ բան յստակ է, թէ Կանայի մէջ Մարիամ եւ Յիսուս կարեկցեցան նոր ամուսնացած զոյգին եւ ուզեցին որ անոնք ամօթով չելլեն։ Յիսուս գիտէր թէ հիւրասիրութիւնը պարտականութիւն էր։ Ուստի ան հրաշալիօրէն շուրջ 380 լիդր ջուր «աղէկ գինի»ի վերածեց (կարդա՛ Յովհաննէս 2։3, 6-11)։ Յիսուս ստիպուա՞ծ էր այս հրաշքը կատարել։ Ո՛չ։ Ան պարզապէս հետաքրքրուած էր մարդոցմով եւ իր առատաձեռն երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակէր։

(Յովհաննէս 2։4-11) Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։ 5 Իր մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ 6 Հոն վեց հատ քարէ կարասներ դրուած էին Հրէից մաքրուելու սովորութեանը համեմատ, որոնց ամէն մէկը երկու կամ երեք մար բան կ’առնէր։ 7 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Անոնք լեցուցին զանոնք մինչեւ բերանը։ 8 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։ Անոնք ալ տարին։ 9 Սեղանապետը երբ գինի դարձած ջուրին համը առաւ, ինք չէր գիտեր ուրկէ ըլլալը, (բայց սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցեր էին, գիտէին,) 10 ըսաւ փեսային. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ 11 Յիսուս հրաշքներուն սկիզբը այս ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ եւ իր փառքը յայտնեց ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն։

jy էջ 41 պարբ. 6

Յիսուս իր առաջին հրաշքը կը կատարէ

Ասիկա Յիսուսին կատարած առաջին հրաշքն է։ Երբ իր նոր աշակերտները այս հրաշքը կը տեսնեն, իրեն հանդէպ իրենց հաւատքը կը զօրանայ։ Անկէ ետք Յիսուս, իր մայրը եւ խորթ եղբայրները կ’ուղղուին Կափառնայում քաղաքը, որ կը գտնուի Գալիլիոյ ծովուն հիւսիս–արեւմտեան ափին։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յովհաննէս 1։1) Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։

nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 1։1

Բանը։ Կամ «Խօսքը»։ Յունարէնով՝ ho loʹgos։ Այս բառը հոս կը գործածուի որպէս տիտղոս, եւ կ’երեւնայ նաեւ Յովհաննէս 1։14–ին եւ Յայտնութիւն 19։13–ին մէջ։ Յովհաննէս յայտնեց որ Յիսուսն էր այն անձը, որուն այս տիտղոսը կը պատկանէր։ «Բանը» տիտղոսը Յիսուսին կիրարկուեցաւ, երբ ան հոգեղէն արարած էր իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, երբ երկրի վրայ կը ծառայէր եւ երբ երկինք համբարձաւ։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսնակն էր, քանի որ Ստեղծիչին կողմէ տեղեկութիւններ կամ ուղղութիւններ կը փոխանցէր Անոր միւս հոգեղէն որդիներուն եւ մարդոց։ Ուրեմն տրամաբանական է որ մտածենք, թէ առաջ որ Յիսուս երկիր գար, Եհովան մարդոց հետ կը հաղորդակցէր Բանին՝ իր հրեշտակային պատգամախօսին միջոցաւ (Ծն. 16։7-11. 22։11. 31։11. Ել. 3։2-5. Դատ. 2։1-4. 6։11, 12. 13։3)։

քով։ Բառացիօրէն կը նշանակէ «մօտ»։ Հոս յունարէն pros նախդիրը կ’ակնարկէ շատ մօտ գտնուելու եւ ընկերակցելու։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ որ երկու տարբեր անձնաւորութիւններ կան. այս պարագային՝ Բանը եւ միակ ճշմարիտ Աստուածը։

Բանը Աստուած էր։ Կամ «Բանը աստուածային էր [կամ «աստուածանման էր»]»։ Յովհաննէս իր այս խօսքով կը նկարագրէ «Բան»ին, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսին, մէկ յատկութիւնը կամ յատկանիշը (յունարէնով ho loʹgos. տես Յովհաննէս 1։1–ին մէջ Բանը բառին սերտելու նոթը)։ Բանը Աստուծոյ անդրանիկ զաւակն է, որուն միջոցաւ Աստուած միւս բոլոր բաները ստեղծեց։ Եւ այս գերազանց դիրքին հիման վրայ է որ ան կը նկարագրուի որպէս «աստուած, աստուածանման, աստուածային, աստուածային էակ»։ Շատ մը թարգմանիչներ կը նախընտրեն Յովհաննէս 1։1–ի այս մասը թարգմանել «Բանը Աստուած էր» եւ այսպէս Բանը կը հաւասարեցնեն Ամենակալ Աստուծոյ։ Բայց կարեւոր պատճառներով կրնանք ըսել, թէ Յովհաննէս ըսել չուզեց որ «Բանը» Ամենակալ Աստուածն էր։ Նախ, թէ՛ նախորդող նախադասութիւնը եւ թէ յաջորդող նախադասութիւնը յստակօրէն կ’ըսեն որ «Բանը»՝ Յիսուս՝ «Աստուծոյ քով» էր։ Նաեւ, յունարէն the·osʹ բառը երեք անգամ կը նշուի առաջին եւ երկրորդ համարներուն մէջ։ Առաջին եւ երրորդ the·osʹ բառերէն առաջ որոշիչ յօդ կայ, իսկ երկրորդ the·osʹ բառէն առաջ որոշիչ յօդ չկայ։ Շատ մը ուսումնականներ կը համաձայնին, որ հոն որոշիչ յօդ չըլլալը աչքառու է։ Այս հատուածին մէջ, երբ the·osʹ բառէն առաջ որոշիչ յօդը գործածուի, բառը կ’ակնարկէ Ամենակալ Աստուծոյ։ Միւս կողմէ, երբ այս քերականական կազմուածքին մէջ որոշիչ յօդը չգործածուի, the·osʹ բառը տարբեր իմաստ կ’ունենայ եւ կը նկարագրէ «Բան»ին մէկ յատկութիւնը։ Անոր համար՝ անգլերէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տարբեր թարգմանութիւններ այս հատուածը կը թարգմանեն այնպէս՝ ինչպէս որ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կը թարգմանէ. այսինքն, թէ «Բանը»՝ Յիսուս՝ «աստուած, աստուածային, աստուածանման, աստուածային տեսակ, աստուածային էակ» էր։ Այս գաղափարին թիկունք կը կանգնին ղպտերէն լեզուին սահիտեան եւ բոհայիրեան բարբառներու հին թարգմանութիւնները, որոնք հաւանաբար լոյս տեսան Ք.Ե. 3–րդ եւ 4–րդ դարերուն։ Այս թարգմանութիւնները Յովհաննէս 1։1–ի մէջ նշուած առաջին the·osʹ բառը երկրորդ the·osʹ բառէն տարբեր կը թարգմանեն. երկրորդ բառին մէջ ատոնք ցցուն կ’ընեն «Բան»ին մէկ յատկութիւնը, այսինքն կը յստակացնեն թէ ան բնոյթով Աստուծոյ նման է, բայց հաւասար չէ իր Հօր՝ Ամենակալ Աստուծոյ։ Այս համարին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Կողոսացիս 2։9–ն Քրիստոսը կը նկարագրէ որպէս մէկը որ «Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը» ունի։ Եւ Բ. Պետրոս 1։4–ի համաձայն, նոյնիսկ Քրիստոսի ժառանգակիցները ‘աստուածային բնութեանը պիտի հաղորդակցէին’։ Ասկէ զատ, Եօթանասնից թարգմանութեան մէջ the·osʹ բառը ընդհանրապէս հաւասար է «Աստուած» թարգմանուած ʼel եւ ʼelo·himʹel եբրայերէն բառերուն, որոնց մասին կ’ըսուի թէ «Հզօր» եւ «Զօրաւոր» իմաստները կը կրեն։ Այս եբրայերէն բառերը կը գործածուին ակնարկելու Ամենակալ Աստուծոյ, ուրիշ աստուածներու եւ մարդոց։ Բանը «աստուած» կամ «հզօր» կոչելը համապատասխան է Եսայի 9։6–ին, որ կը մարգարէանայ, թէ Մեսիան պիտի կոչուէր «Հզօր Աստուած» (ոչ թէ «Ամենազօր Աստուած») եւ թէ ան «Յաւիտենականութեան Հայր»ը պիտի ըլլար բոլոր անոնց, որոնք առանձնաշնորհումը ունին իր հպատակները ըլլալու։ Եւ իր Հօր՝ «Զօրքերու Տէրոջը», նախանձախնդրութիւնն էր որ ասիկա պիտի կատարէր (Եսա. 9։7)։

(Յովհաննէս 1։29) Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 1։29

Աստուծոյ Գառը։ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսը ներկայացուց որպէս «Աստուծոյ Գառը»՝ անոր մկրտութենէն եւ Սատանային կողմէ փորձուելէն ետք։ Այս արտայայտութիւնը կը տեսնենք միայն հոս եւ Յովհաննէս 1։36–ին մէջ (տե՛ս Ուղ 4)։ Տեղին է որ Յիսուս գառի հետ համեմատուի։ Աստուածաշունչին մէջ ոչխարները կը մատուցուէին մեղք խոստովանելու եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն վերահաստատելու համար։ Ասիկա կը նախապատկերացնէր այն զոհը որ Յիսուս պիտի ընէր, երբ իր մարդկային կատարեալ կեանքը տար մարդկութեան համար։ «Աստուծոյ Գառը» արտայայտութիւնը կրնայ մեր միտքը բերել Աստուածաշունչէն շատ մը ներշնչեալ հատուածներ։ Քանի՛ որ Յովհաննէս Մկրտիչ ծանօթ էր Եբրայերէն Գրութիւններուն, ան իր այս խօսքով թերեւս ակնարկեց հետեւեալներուն կամ անոնցմէ մէկուն. այն արու ոչխարին (խոյ), որ Աբրահամ զոհեց իր տղուն՝ Իսահակին փոխարէն (Ծն. 22։13), Պասեքի գառնուկին, որ Եգիպտոսի մէջ մորթուեցաւ՝ ճամբան բանալով ստրկացած իսրայէլացիներուն ազատագրումին (Ել. 12։1-13), կամ ալ այն արու գառին, որ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սեղանին վրայ կը զոհուէր ամէն առտու եւ ամէն իրիկուն (Ել. 29։38-42)։ Թերեւս նաեւ Յովհաննէսին մտքին մէջ կար Եսայիին մարգարէութիւնը, ուր կ’ըսուի որ ան որ Եհովան «իմ ծառաս» կը կոչէ, «մորթուելու տարուող ոչխարի պէս» պիտի ըլլայ (Եսա. 52։13. 53։5, 7, 11)։ Երբ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակը գրեց, Յիսուսին ակնարկեց որպէս «մեր Պասեքի Գառը» (Ա. Կոր. 5։7, ՆԱ)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ խօսեցաւ ‘Քրիստոսին պատուական արեան մասին՝ որպէս անբիծ ու անարատ գառի մը’ արիւնը (Ա. Պետ. 1։19)։ Եւ Յայտնութիւն գրքին մէջ փառաւորուած Յիսուսին կ’ակնարկուի որպէս այլաբանական «Գառնուկը» աւելի քան 25 անգամ (օրինակ՝ Յայտ. 5։8. 6։1. 7։9. 12։11. 13։8. 14։1. 15։3. 17։14. 19։7. 21։9. 22։1)։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 10-16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3-4

«Յիսուս սամարացի կնոջ մը կը վկայէ»

(Յովհաննէս 4։6, 7) Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։ 7 Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 4։6

յոգնած ըլլալով։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ միակ տեղն է, ուր Յիսուսին մասին կ’ըսուի որ «յոգնած» էր։ Կէսօրուան մօտ ժամը 12։00–ն էր եւ այդ առտու Յիսուս հաւանաբար 900 մեթր (կամ աւելի) բարձրութեամբ զառիվեր ճամբայ կտրած էր. Հրէաստանի մէջ գտնուող Յորդանանի հովիտէն մինչեւ Սամարիայի Սուքար քաղաքը (Յովհ. 4։3-5. տե՛ս Ուղ 4)։

(Յովհաննէս 4։21-24) Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա՛ ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ 22 Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ 23 Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ 24 Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։

(Յովհաննէս 4։39-41) Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։ 40 Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու օր հոն կեցաւ։ 41 Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յովհաննէս 3։29) Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 3։29

փեսային բարեկամը։ Աստուածաշունչի օրերուն, փեսային ճանչուորներէն մէկը իր օրինաւոր ներկայացուցիչը կ’ըլլար եւ ամուսնութեան համար կարգադրութիւններ ընելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղար։ Մարդոց աչքին, ինքն էր որ հարսն ու փեսան իրար կը միացնէր։ Ամուսնութեան օրը, հարսնեւորները կա՛մ փեսային տունը կու գային կամ ալ՝ անոր հօր տունը, եւ հոն ամուսնական խնճոյքը տեղի կ’ունենար։ Այս խնճոյքին ընթացքին, երբ փեսային բարեկամը փեսային ձայնը լսէր, մինչ ան իր հարսին հետ կը խօսէր, կ’ուրախանար, քանի որ կը զգար որ ինք յաջողութեամբ իր պարտականութիւնը կատարած էր։ Յովհաննէս Մկրտիչ ինքզինք նմանցուց «փեսային բարեկամ»ին։ Այս պարագային, Յիսուսն էր փեսան իսկ անոր աշակերտները, որպէս դասակարգ, իր այլաբանական հարսն էին։ Մեսիային առջեւ ճամբան պատրաստելով, Յովհաննէս Մկրտիչը «հարս»ին առաջին անդամները Յիսուս Քրիստոսին ներկայացուց (Յովհ. 1։29, 35. Բ. Կոր. 11։2. Եփ. 5։22-27. Յայտ. 21։2, 9)։ Եւ այսպէս «Փեսային բարեկամը» իր նպատակը իրագործեց. անկէ ետք, ան այլեւս գլխաւոր դէմք մը չէր։ Երբ ինքզինք Յիսուսին հետ կը համեմատէր, Յովհաննէս ըսաւ. «Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտիկնամ» (Յովհ. 3։30)։

(Յովհաննէս 4։10) Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 4։10

կենդանի ջուր։ Յունարէնով, այս արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ հոսող ջուր, աղբիւրի ջուր կամ ջրհորի պաղ ջուր, որ աղբիւրներէ կու գայ։ Ասիկա հակառակն է ջրամբարի մէջ գտնուող անշարժ ջուրին։ Ղեւտացւոց 14։5–ին մէջն ալ կը գտնենք «կենդանի ջուր» արտայայտութիւնը։ Երեմիա 2։13–ին եւ 17։13–ին մէջ, Եհովան կը նկարագրուի որպէս «կեանքի ջուրին աղբիւրը», այսինքն՝ կեանք տուող այլաբանական ջուրին աղբիւրը։ Երբ Յիսուս սամարացի կնոջ հետ կը խօսէր, «կենդանի ջուր» արտայայտութիւնը այլաբանօրէն գործածեց, բայց այնպէս կ’երեւի որ կինը սկիզբը իր ըսածը բառացիօրէն հասկցաւ (Յովհ. 4։11)։

cf էջ 77 պարբ. 3

Ան իր խօսակցութիւնը սկսաւ կնոջ առօրեայ կեանքէն առնուած նիւթով մը։ Կինը եկած է ջուր քաշելու. Յիսուս կը խօսի կեանք տուող ջուրի մասին, որ կնոջ հոգեւոր ծարաւը պիտի յագեցնէ։ Կինը կրկին անգամ վիճելի նիւթեր կը բանայ։ Յիսուս փափկանկատօրէն խօսակցութիւնը կը շրջէ եւ կը կեդրոնանայ հոգեւոր նիւթերու վրայ. այսինքն՝ ճշմարիտ պաշտամունքին եւ Եհովա Աստուծոյ վրայ։ Իր խօսքերը շատ մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան, քանի որ կինը իր լսածները կը փոխանցէ քաղաքին տղամարդոց, որոնք նոյնպէս կ’ուզեն Յիսուսին մտիկ ընել (Յովհաննէս 4։3-42)։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 17-23

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5-6

«Յիսուսին հետեւէ ճիշդ շարժառիթով»

(Յովհաննէս 6։9-11) «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։ 10 Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թիւով հինգ հազարի չափ։ 11 Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 6։10

Մարդիկը նստան՝ թիւով հինգ հազարի չափ։ Միայն Մատթէոս այս հրաշքը արձանագրած ատեն կ’աւելցնէ «կիներէն եւ տղաքներէն զատ» արտայայտութիւնը (Մատ. 14։21)։ Կրնայ ըլլալ որ այդ օրը հրաշքով կերակրուողներուն թիւը աւելի քան 15,000 էր։

(Յովհաննէս 6։14) Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։

(Յովհաննէս 6։24) Այն ատեն ժողովուրդը տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուսը հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրենք ալ նաւերը մտան ու գացին Կափառնայում Յիսուսը փնտռելու։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 6։14

մարգարէն։ Ք.Ե. առաջին դարուն շատ մը հրեաներ կ’ակնկալէին, որ Բ. Օրինաց 18։15, 18–ին մէջ նշուած Մովսէսին պէս մարգարէն Մեսիան ըլլար։ Այնպէս կ’երեւի որ հոս աշխարհ պիտի գար արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Մեսիային յայտնուելուն, որ մարդիկ կ’ակնկալէին։ Միայն Յովհաննէս արձանագրեց այս համարին մէջ նշուած դէպքերը։

(Յովհաննէս 6։25-27) Ու երբ զանիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին անոր. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս»։ 26 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք’։ 27 Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ [«համար», ՆԱ] կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։

(Յովհաննէս 6։55) Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։

(Յովհաննէս 6։61) Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։

(Յովհաննէս 6։67-70) Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր։ 68 Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ 69 Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ 70 Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։

nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 6։27, 55

կորստական կերակուրին. . . այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի համար կը մնայ։ Յիսուս գիտէր որ կարգ մը մարդիկ իրեն եւ իր աշակերտներուն հետ կ’ընկերակցէին միայն նիւթապէս օգտուելու համար։ Ճիշդ է որ բառացի կերակուրը կարելի կը դարձնէ, որ մարդիկ օրը օրին ապրին, բայց Աստուծոյ Խօսքէն մեր ստացած «կերակուրը» կարելի կը դարձնէ, որ մարդիկ յաւիտեան ապրին։ Յիսուս բազմութիւնը կը յորդորէ, որ գործեն «այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի համար կը մնայ». այսինքն՝ ջանք թափեն, որ իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնեն եւ իրենց սորվածներուն հաւատան (Մատ. 4։4. 5։3. Յովհ. 6։28-39)։

իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ։ Հատուածէն կը հասկնանք որ անոնք, որոնք կ’ուտեն եւ կը խմեն, այլաբանօրէն ասիկա կ’ընեն՝ Յիսուս Քրիստոսին հաւատալով (Յովհ. 6։35, 40)։ Յիսուս այս խօսքը ըսաւ Ք.Ե. 32–ին. ուրեմն ան չէր խօսեր Տէրունական ընթրիքին մասին, որ մէկ տարի ետք պիտի հաստատէր։ Ան այս խօսքը ըսաւ «Հրեաներու զատկի տօն»էն առաջ (Յովհ. 6։4). ուրեմն հաւանաբար իրեն մտիկ ընողներուն միտքը եկաւ գալիք տօնը եւ գառնուկին արեան կարեւորութիւնը կեանքեր փրկելու համար այն գիշերը՝ երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս ելան (Ել. 12։24-27)։ Յիսուս հոս կը շեշտէր որ իր արիւնը նոյնպէս շատ կարեւոր դեր պիտի խաղար. անիկա իր աշակերտներուն կարելի պիտի դարձնէր, որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։

դ05 9/1 էջ 30 պարբ. 13-14

ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԻՏԻ ՔԱԼԵՆՔ

13 Այսուհանդերձ ամբոխը վճռականօրէն Յիսուսի հետեւեցաւ եւ զինք «ծովուն անդիի կողմը» գտաւ, ինչպէս Յովհաննէս կ’ըսէ։ Անոնք ինչո՞ւ զինք փնտռեցին, զինք թագաւոր ընելու իրենց ջանքերը խափանելէ ետք։ Շատեր մարմնաւոր տեսակէտ յայտնեցին, շեշտակիօրէն խօսելով այն նիւթական հայթայթումներուն մասին, որոնք Մովսէսի օրերուն Եհովա ըրաւ անապատին մէջ։ Անոնք ուզեցին Յիսուսի հասկցնել թէ պէտք է շարունակէ իրենց համար նիւթական հայթայթումներ ընել։ Անոնց սխալ շարժառիթները ըմբռնելով, Յիսուս սկսաւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնել, որոնք կրնային անոնց մտածելակերպը սրբագրել։ (Յովհաննու 6։17, 24, 25, 30, 31, 35-40) Բայց ոմանք տրտնջացին, մանաւանդ երբ ան ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։—Յովհաննու 6։54, 55

14 Յիսուսի օրինակները յաճախ մարդիկը կը մղէին ցոյց տալու թէ իսկապէս կը փափաքէի՞ն Աստուծոյ հետ քալել կամ ոչ։ Այդ օրինակը բացառութիւն մը չէր, եւ զօրաւոր հակազդեցութիւններ յառաջ բերաւ։ Կը կարդանք. «Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. ‘Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել’»։ Յիսուս բացատրեց թէ իր խօսքերուն հոգեւոր իմաստը պէտք է նկատի առնէին, ըսելով. «Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են»։ Այսուհանդերձ շատեր մտիկ չըրին, ինչպէս արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր»։—Յովհաննու 6։61, 64, 67

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յովհաննէս 6։44) Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 6։44

զանիկա չքաշէ։ Ճիշդ է որ յունարէն «քաշել» բայը կ’ակնարկէ ձուկի ուռկան մը քաշելուն (Յովհ. 21։6, 11), բայց հոս Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Աստուած մարդիկը կը քաշքշէ առանց իրենց ուզելուն։ «Քաշել» բայը նաեւ կրնայ նշանակել «դէպի իրեն հրաւիրել» եւ Յիսուսին այս խօսքը թերեւս կ’ակնարկէ Երեմիա 31։3–ին, ուր Եհովան իր ժողովուրդին ըսաւ. «Ողորմութեամբ քեզ քաշեցի» (Եօթանասնից թարգմանութիւնը հոս նոյն յունարէն բայը կը գործածէ)։ Յովհաննէս 12։32–ը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս նոյն կերպով ամէն տեսակ մարդիկ իրեն կը քաշէ։ Աստուածաշունչէն կը գիտնանք, որ Եհովան մարդոց ազատ կամք տուած է։ Ամէն մարդ ինք կ’ընտրէ թէ արդեօք կ’ուզէ՛ Եհովային ծառայել կամ ոչ (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Աստուած մեղմօրէն իրեն կը քաշէ անոնք՝ որոնք յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած են (Սաղ. 11։5. Առ. 21։2. Գործք 13։48, ՆԱ)։ Ան ասիկա կ’ընէ Աստուածաշունչին եւ սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Յովհաննէս 6։45–ին մէջ մէջբերուած Եսայի 54։13–ի մարգարէութիւնը կը կիրարկուի անոնց, որոնք Հայրը իրեն կը քաշէ (համեմատէ Յովհաննէս 6։66–ին հետ)։

(Յովհաննէս 6։65) «Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար». վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։

nwtsty սերտելու նոթեր. Յովհ. 6։65

Յիսուս. . . գիտէր թէ. . . ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։ Յիսուս կ’ակնարկէր Յուդա Իսկարիովտացիին։ Յիսուս իր 12 առաքեալները ընտրելէ առաջ, ամբողջ գիշերը իր Հօր աղօթեց (Ղուկ. 6։12-16)։ Ուրեմն այդ ատեն Յուդան Աստուծոյ հաւատարիմ էր։ Բայց Յիսուս Եբրայերէն Գրութիւններու մարգարէութիւններէն գիտէր, որ մտերիմ բարեկամ մը զինք պիտի դաւաճանէր (Սաղ. 41։9. 109։8. Յովհ. 13։18, 19)։ Եւ երբ Յուդան սկսաւ գէշ յատկութիւններ զարգացնել, Յիսուս, որ կրնար սրտեր ու մտքեր կարդալ, ասիկա նկատեց (Մատ. 9։4)։ Աստուած իր կանխագիտութիւնը գործածելով գիտցաւ, որ Յիսուսին վստահելի մէկ բարեկամը դաւաճան պիտի դառնար։ Բայց Աստուած իր յատկութիւններուն եւ անցեալի գործառնութեան հետ ներդաշնակ վարուած պիտի չըլլար, եթէ Յուդային դաւաճանութիւնը նախասահմանած ըլլար, այսինքն որոշած ըլլար որ Յուդա՛ն պէտք է որ Յիսուսը դաւաճանէ։

սկիզբէն։ Այս բառը չ’ակնարկեր Յուդային ծնելու ժամանակին։ Ոչ ալ անիկա կ’ակնարկէ այն ժամանակին՝ երբ Յուդան առաքեալ ընտրուեցաւ, քանի որ Յիսուս ամբողջ գիշերը աղօթելէ ետքն էր որ Յուդան ընտրեց (Ղուկ. 6։12-16)։ Հապա, «սկիզբ» բառը կ’ակնարկէ այն ատենուան, երբ Յուդան սկսաւ նենգութեամբ վարուիլ, ինչ որ Յիսուս անմիջապէս նշմարեց (Յովհ. 2։24, 25. Յայտ. 1։1. 2։23)։ Ասիկա նաեւ ցոյց կու տայ, որ Յուդային արարքները կանխաւ մտածուած եւ ծրագրուած էին, եւ ոչ թէ որ իր սրտին վիճակը յանկարծ փոխուեցաւ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ «սկիզբ» (յունարէնով ar·kheʹ) բառին իմաստը կախեալ է հատուածէն։ Օրինակ, Բ. Պետրոս 3։4–ին մէջ, «սկիզբ» բառը կ’ակնարկէ ստեղծագործութեան սկսելուն։ Բայց անիկա մեծաւ մասամբ սահմանափակ առումով կը գործածուի։ Օրինակ, Պետրոս ըսաւ որ սուրբ հոգին հեթանոսներուն վրայ թափուեցաւ «ինչպէս նախապէս [«սկիզբը», ՆԱ] մեր վրայ ալ» (Գործք 11։15)։ Հոս Պետրոս չէր ակնարկեր իր ծնելուն ժամանակին կամ այն ատենուան, երբ առաքեալ դարձաւ։ Հապա ան կ’ակնարկէր Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, այսինքն այն ատենուան, երբ սուրբ հոգին ‘սկսաւ’ թափուիլ՝ որոշ նպատակի մը համար (Գործք 2։1-4)։ Ուրիշ օրինակներ կը գտնենք Ղուկաս 1։2–ին, Յովհաննէս 15։27–ին եւ Ա. Յովհաննէս 2։7–ին մէջ, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս «սկիզբ» բառին իմաստը կը փոխուի հատուածին համաձայն։

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 24-30

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7-8

«Յիսուս իր Հայրը փառաւորեց»

(Յովհաննէս 7։15-18) Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։ 16 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ 17 Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։ 18 Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։

cf էջ 100-101 պարբ. 5-6

«Գրուած է»

5 Յիսուս կ’ուզէր որ մարդիկ գիտնային, թէ իր պատգամին աղբիւրը ո՛վ էր։ Ան ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է» (Յովհաննէս 7։16)։ Ուրիշ առիթով, ան ըսաւ. «Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ» (Յովհաննէս 8։28)։ Ասկէ զատ ան ըսաւ. «Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը» (Յովհաննէս 14։10)։ Կերպերէն մէկը, որով Յիսուս ցոյց տուաւ իր խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը, կրկին անգամ Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերելն էր։

6 Երբ Յիսուսին արձանագրուած խօսքերը մօտէն սերտենք, կը տեսնենք որ ան Եբրայերէն Գրութիւններուն աւելի քան կէսէն կա՛մ ուղղակիօրէն մէջբերեց կամ ալ ատոնց ակնարկեց։ Կրնայ ըլլալ որ սկիզբը ասիկա քեզ չտպաւորէ։ Թերեւս հարց տաս, թէ ինչո՛ւ Յիսուս բոլոր ներշնչեալ Եբրայերէն Գրութիւններէն չմէջբերեց այն երեքուկէս տարուան մէջ երբ հանրապէս կը սորվեցնէր եւ կը քարոզէր։ Բայց կրնայ ըլլալ որ մէջբերեց։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Յիշենք որ Յիսուսին ըսածներուն եւ ըրածներուն միայն մէկ մասը արձանագրուած է (Յովհաննէս 21։25)։ Իրականութեան մէջ, դուն կրնաս միայն քանի մը ժամուան մէջ Յիսուսին արձանագրուած խօսքերը կարդալ։ Կրնա՞ս երեւակայել որ միայն քանի մը ժամուան մէջ Աստուծոյ եւ իր Թագաւորութեան մասին կը խօսիս եւ միեւնոյն ժամանակ Եբրայերէն Գրութիւններուն աւելի քան կէսէն մէջբերումներ կ’ընես։ Ասկէ զատ, ի մտի ունենանք որ Յիսուս ընդհանրապէս իր քով գալարներ չունէր։ Օրինակ, երբ ան իր նշանաւոր Լերան քարոզը կու տար, շատ անգամ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով անգիր մէջբերումներ ըրաւ Եբրայերէն Գրութիւններէն։

(Յովհաննէս 7։28, 29) Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ 29 Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։

(Յովհաննէս 8։29) Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց։

դ11 3/1 էջ 18 պարբ. 19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈԳԻՆ ՍՏԱՑԻՐ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՈԳԻՆ

19 Եհովային լման կերպով հնազանդէ՛։ Յիսուս միշտ իր Հօր հաճելի բաները ըրաւ։ Առնուազն մէկ առիթով, կացութեան մը հետ վարուելու կերպին նկատմամբ Յիսուսի հակումը տարբեր էր իր Հօր ուզածէն։ Այսուհանդերձ, ան վստահութեամբ իր Հօր ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկ. 22։42)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուծոյ կը հնազանդի՞մ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը դիւրին չէ’։ Աստուծոյ հնազանդիլը անհրաժեշտ է կեանքի համար։ Մենք անվերապահ հնազանդութիւն կը պարտինք իրեն՝ որպէս մեր Արարիչը, մեր կեանքին Աղբիւրն ու Հայթայթիչը (Սաղ. 95։6, 7)։ Հնազանդութեան տեղը բան մը չ’առներ։ Առանց ատոր, մենք չենք կրնար Աստուծոյ հաւանութիւնը շահիլ։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Յովհաննէս 7։8-10) «Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես դեռ չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ 9 Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։ 10 Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։

w07 2/1 էջ 6 պարբ. 4

Ճշմարտախօս եղիր

Յիսուս այս առնչութեամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ Առիթով մը, Յիսուս կը խօսէր անհաւատներու հետ, որոնք հետաքրքրուած էին գիտնալու թէ ո՛ւր պիտի երթայ։ «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա», ըսին իրեն։ Յիսուս ի՞նչ պատասխանեց։ «Դուք ելէ՛ք այս տօնին [Երուսաղէմի մէջ]. ես դեռ չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ Բայց անկէ քիչ ետք, Յիսուս տօնին համար գնաց Երուսաղէմ։ Լաւ Յիսուս ինչո՞ւ այդպէս պատասխանեց։ Քանի որ անոնց չէր իյնար գիտնալ թէ ո՛ւր պիտի երթար–գար։ Ուրեմն Յիսուս սուտ չխօսեցաւ, բայց անոնց լման կերպով ալ չպատասխանեց, որպէսզի իրեն եւ իր հետեւորդներուն վնաս չհասցնեն։ Իր ըրածը ստախօսութիւն չէր, քանի որ Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի մասին ըսաւ. «Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ» (Յովհաննէս 7։1-13. Ա. Պետրոս 2։22)։

(Յովհաննէս 8։58) Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։

nwtsty սերտելու նոթ. Յովհ. 8։58

եմ ես։ Հրեայ հակառակորդները ուզեցին Յիսուսը քարկոծել, քանի որ ըսաւ որ ‘Աբրահամը տեսած էր’, հակառակ անոր որ, ինչպէս ըսին, Յիսուս ‘յիսուն տարեկան չկար’ (Յովհ. 8։57)։ Մինչդեռ իր պատասխանով Յիսուս կ’ակնարկէր Աբրահամին ծնելէն առաջ իր գոյութեան որպէս զօրեղ հոգեղէն արարած երկինքի մէջ։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ այս համարէն յստակ է որ Յիսուս Աստուած է։ Անոնք կ’ըսեն, թէ հոս գործածուած յունարէն e·goʹ ei·miʹ արտայայտութիւնը (որ կարգ մը Աստուածաշունչեր կը թարգմանեն «եմ ես») անուղղակի ակնարկումն է Ելից 3։14–ի Եօթանասնից թարգմանութեան, ուր Աստուած ինքզինք կը ծանօթացնէ, եւ թէ երկու համարներն ալ պէտք է որ նոյն կերպով թարգմանուին. այսինքն՝ e·goʹ ei·miʹ արտայայտութիւնը պէտք է որ ներկայ եղանակով թարգմանուի։ Բայց այս հատուածին մէջ, յունարէն ei·miʹ բայով արտայայտուած գործողութիւնը սկսաւ «Աբրահամին ըլլալէն առաջ» եւ դեռ կը շարունակուէր։ Կարգ մը հին եւ նոր թարգմանութիւններ այս բացատրութեան վրայ կը հիմնուին եւ այս համարը ներկայ եղանակով չեն թարգմաներ. հապա կը թարգմանեն «եղած եմ» կամ ատոր նման արտայայտութիւն մը։ Իրականութեան մէջ, Յովհաննէս 14։9–ին մէջ, յունարէն ei·miʹ բային նոյն ձեւը կը գործածուի, ուր Յիսուս կ’ըսէ. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եղած եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս» (ՆԱ)։ Թարգմանութիւններուն մեծ մասը կը գործածէ բայի եղանակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ գործողութիւնը (այսինքն Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ըլլալը) սկսած է անցեալին եւ դեռ կը շարունակուի (ուրիշ օրինակներ կրնանք գտնել Ղուկաս 2։48–ին, 13։7–ին, 15։29–ին, Յովհաննէս 1։9–ին, 5։6–ին, 15։27–ին, Գործք 15։21–ին, Բ. Կորնթացիս 12։19–ին եւ Ա. Յովհաննէս 3։8–ին մէջ, ուր ներկայ եղանակ ունեցող յունարէն բայը ցոյց կու տայ, որ գործողութիւնը անցեալին սկսաւ բայց դեռ կը շարունակուի)։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս 8։54, 55–ին մէջ Յիսուսին գործածած պատճառաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան չէր փորձեր ըսել թէ ինքն ու Հայրը նոյն անձն են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել