ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԾՆՆԴՈՑ 48-50
Տարեցները շատ բաներ ունին մեզի սորվեցնելիք
Տարեցները ժողովքին մէջ օրհնութիւն են։ Անոնք Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնեն, երբ մեզի կը պատմեն որ անձամբ ինչպէ՛ս տեսած են Եհովային «հրաշալի գործեր»ը այս վերջին օրերուն ընթացքին (Սաղ. 71։17, 18)։ Եթէ ժողովքիդ մէջ տարեցներ կան, անոնց հարցուր. . .
թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց օգնեց որ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլեն իր ծառայութեան մէջ։
թէ ի՛նչ կը զգան երբ կը տեսնեն, որ հրատարակիչներուն թիւը ինչպէս բարձրացած է տարիներու ընթացքին։
թէ որքա՛ն ուրախացած են, երբ կազմակերպութիւնը յստակացուցած է Աստուածաշունչի ճշմարտութեան նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը։
թէ ի՛նչ լաւ փոփոխութիւններ տեսած են Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։