ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովան կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը
Առաջին Պասեքը շատ կարեւոր դէպք մըն էր։ Այդ գիշեր, երբ փարաւոնը գիտցաւ որ իր անդրանիկը մահացած է, Մովսէսին ըսաւ. «Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՝ ինչպէս ըսիք» (Ել. 12։31)։ Եհովան փաստած էր որ կը պաշտպանէ՛ իր ժողովուրդը։
Եթէ նկատի առնենք Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութիւնը, յստակօրէն կը տեսնենք որ Եհովան կը շարունակէ իր ժողովուրդը առաջնորդել եւ պաշտպանել։ Կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող թանգարան մը ասիկա յստակ կը դարձնէ։ Ատոր բնաբանն է՝ «Եհովային անուան համար ժողովուրդ մը»։
ԴԻՏԷ ՈՒՈՐՈՒԻՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ. «ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ» ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
1914–ին Աստուածաշունչի Աշակերտները հաւատք զօրացնող ի՞նչ նոր մեթոտ մը գործածեցին եւ ատիկա որքա՞ն յաջող էր։
1916–ին եւ 1918–ին Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հաւատքը ինչպէ՞ս փորձուեցաւ, եւ ի՞նչը կը փաստէր որ Եհովան իր կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէր։
Եհովային ծառաները ինչպէ՞ս հաւատարիմ մնացած են հակառակ անոր որ հակառակութիւն դիմագրաւած են։
1935–ին Եհովային ծառաները ի՞նչ նոր հասկացողութիւն մը ստացան, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց վրայ։
Եթէ այս թանգարանը այցելած ես, ի՞նչ բան հաւատքդ զօրացուցած է, որ Եհովան կ’առաջնորդէ եւ կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը։