Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 7-13
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 10-11
«Եհովան մեր ընտանիքէն աւելի սիրենք»
(Ղեւտացւոց 10։1, 2) Ահարոնին որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ՝ ամէն մէկը իր բուրվառը առաւ ու անոր մէջ կրակ դրին եւ վրան խունկ դրին ու Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց։ 2 Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սպառեց զանոնք եւ Տէրոջը առջեւ մեռան։
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
10։1, 2—Ահարոնի որդիներուն՝ Նադաբի եւ Աբիուդի մեղքը հաւանաբար ի՞նչ կը պարփակէր։ Նադաբ ու Աբիուդ իրենց քահանայական պարտականութիւնները կատարելու մէջ անպատշաճօրէն վարուելէն անմիջապէս ետք, Եհովա քահանաներուն արգիլեց գինի կամ օղի գործածել, երբ խորանին մէջ կը ծառայեն։ (Ղեւտացւոց 10։9) Ասիկա կը թելադրէ թէ այս միջադէպին մէջ Ահարոնի երկու որդիները հաւանաբար խմիչքի ազդեցութեան ներքեւ էին։ Սակայն անոնց մահուան բուն պատճառը այն էր, որ «Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց»։
(Ղեւտացւոց 10։4, 5) Մովսէս կանչեց Ահարոնին հօրեղբօրը Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը՝ եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն բանակէն դուրս տարէ՛ք»։ 5 Անոնք մօտեցան ու Մովսէսին ըսածին պէս՝ զանոնք իրենց շապիկներովը բանակէն դուրս տարին։
(Ղեւտացւոց 10։6, 7) Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք, որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի բոլոր տունը՝ Տէրոջը այրածին վրայ թող լան։ 7 Եւ դուք վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէս զի չմեռնիք. վասն զի Տէրոջը օծման իւղը վրանիդ է»։ Անոնք Մովսէսին ըսածին պէս ըրին։
Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ ես
16 Մովսէսին եղբայրը՝ Ահարոն, երկու զաւակներու առնչութեամբ դժուար պարագայ մը դիմագրաւեց։ Պահ մը խորհէ՛ թէ ան ի՛նչ զգացած ըլլալու էր, երբ իր որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եհովայի առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին եւ Ան զիրենք մահուան մատնեց։ Ահարոն այլեւս չէր կրնար իր զաւակներուն հետ խօսիլ. անոնք մեռած էին։ Աւելի՛ն, Եհովա Ահարոնին եւ անոր հաւատարիմ որդիներուն հրահանգեց, ըսելով. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք [սգալով], որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ [Եհովայի] բարկութիւն չգայ» (Ղեւ. 10։1-6)։ Պատգամը յստակ է։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը, ընտանիքի անհաւատարիմ անդամներուն հանդէպ մեր ունեցած սէրէն աւելի զօրաւոր պէտք է ըլլայ։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 10։8-11) Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին՝ ըսելով. 9 «Երբ վկայութեան խորանը մտնէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ, 10 որպէս զի սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ եւ անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք 11 եւ որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որոնք Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած է անոնց»։
Մեր ամբողջ վարքին մէջ պէտք է սուրբ ըլլանք
18 Սուրբ ըլլալու համար, հարկ է որ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ քննենք եւ Աստուծոյ պատուիրածները կատարենք։ Նկատի առ Ահարոնի որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, որոնք մահապատիժի ենթարկուեցան, քանի որ «անսուրբ կրակ» մատուցանեցին, հաւանաբար ալքոլի ազդեցութեան տակ (Ղեւ. 10։1, 2)։ Նկատէ թէ Աստուած այն ատեն Ահարոնին ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 10։8-11)։ Այս համարներէն կը հասկնա՞նք որ պէտք չէ որեւէ ոգելից ըմպելի խմենք ժողովի երթալէ առաջ։ Հետեւեալ կէտերուն մասին մտածէ։ Մենք Օրէնքին տակ չենք (Հռով. 10։4)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր հաւատակիցները ժողովներէ առաջ ճաշ ուտելու ընթացքին, չափաւորութեամբ ոգելից ըմպելիներ կը գործածեն։ Պասեքին, չորս բաժակ գինի կը գործածուէր։ Յիշատակատօնը հաստատելու ատեն, Յիսուս իր առաքեալներուն գինի խմել տուաւ, որ իր արիւնը կը ներկայացնէր (Մատ. 26։27, 28)։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ չափազանց խմելը եւ գինովութիւնը (Ա. Կոր. 6։10. Ա. Տիմ. 3։8)։ Եւ թերեւս շատ մը քրիստոնեաներու խիղճը զիրենք մղէ, որ ամբողջովին խմիչք չգործածեն որեւէ սուրբ ծառայութիւն կատարելէ առաջ։ Սակայն, երկրէ երկիր պարագան կը տարբերի։ Կարեւորը այն է, որ քրիստոնեաները ‘սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ տարբերութիւն դնեն’, որպէսզի սրբութեամբ վարուին եւ Աստուծոյ աչքին հաճելի ըլլան։
(Ղեւտացւոց 11։8) Ասոնց միսէն մի՛ ուտէք ու դիակներուն մի՛ դպչիք. ձեզի անմաքուր են։
it-1 111 ¶5
Անասուններ
Ուտելիքի նկատմամբ արգելքները միայն Մովսիսական օրէնքին տակ եղողներուն համար էր, ինչպէս որ Ղեւտացւոց 11։8–ը կ’ըսէ. «Ձեզի անմաքուր են», այսինքն՝ իսրայէլացիներուն։ Երբ Օրէնքը վերջ գտաւ Յիսուս Քրիստոսի զոհին հիման վրայ, ուտելիքի նկատմամբ արգելքները ջնջուեցան, եւ ամբողջ մարդկութիւնը նորէն գտնուեցաւ այն պատուէրին տակ, որ Նոյին տրուած էր Ջրհեղեղէն ետք (Կող. 2։13-17. Ծն. 9։3, 4)։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w11 2/15 12
Հարցումներ ընթերցողներէն
Մովսէս ինչո՞ւ բարկացաւ Ահարոնին որդիներուն՝ Եղիազարին եւ Իթամարին վրայ, անոնց եղբայրներուն՝ Նադաբին եւ Աբիուդին մահէն ետք, եւ իր բարկութիւնը ինչպէ՞ս թեթեւցաւ (Ղեւ. 10։16-20)։
Խորանին մէջ ծառայութիւններ մատուցանելու նպատակաւ քահանայութեան հաստատուելէն քիչ ետք, Եհովան մահուան դատապարտեց Ահարոնին տղաները՝ Նադաբը եւ Աբիուդը, քանի որ անսուրբ կրակ մատուցանեցին իր առջեւ (Ղեւ. 10։1, 2)։ Մովսէս Ահարոնին միւս տղաներուն հրամայեց, որ չսգան իրենց եղբայրներուն համար։ Ասկէ շատ չանցած, Մովսէս բարկացաւ Եղիազարին եւ Իթամարին վրայ, քանի որ մեղքի պատարագի նոխազը չէին կերած (Ղեւ. 9։3)։ Լաւ, ան ինչո՞ւ բարկացաւ։
Եհովային կողմէ Մովսէսի տրուած օրէնքները կ’ըսէին, որ մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պէտք էր որ ատոր մէկ մասը ուտէր վկայութեան խորանին սրահը։ Ասանկով կարծես թէ պատասխան կը հատուցանէր զոհը ընողներուն մեղքերուն համար։ Բայց եթէ զոհին արիւնէն մաս մը բերուէր սրբարան՝ խորանին առաջին բաժանմունքը, քահանան զոհէն պէտք չէր ուտէր, հապա՝ պէտք էր զոհը այրէր (Ղեւ. 6։24-26, 30)։
Այնպէս կ’երեւի թէ Նադաբին եւ Աբիուդին մահէն ետք, Մովսէս ուզեց վստահ ըլլալ որ Եհովային բոլոր պատուէրները կատարուեցան։ Երբ ան գիտցաւ որ մեղքի պատարագին նոխազը այրուած էր եւ ատոր արիւնը Եհովային առջեւ չէր ներկայացուած սրբարանին մէջ, բարկանալով հարցուց Եղիազարին եւ Իթամարին, որ ինչո՛ւ զայն չէին կերած տրուած ուղղութիւններուն համաձայն (Ղեւ. 10։17, 18)։
Պատասխանը Ահարոն տուաւ, քանի որ ըստ երեւոյթին իր տղաները ի՛ր հաւանութեամբ այդ քայլը առած էին։ Այս դէպքը Ահարոնին միւս երկու տղաներուն մահուընէ ետք եղաւ եւ ան թերեւս մտածեց, որ քահանաները պիտի չկարենային մաքուր խիղճով ուտել այդ օրուան մեղքի պատարագէն։ Կրնայ ըլլալ որ ան զգաց որ եթէ զոհէն ուտեն, Եհովան պիտի չհաճի անոնց, հակառակ անոր որ անոնք պատասխանատու չէին Նադաբին եւ Աբիուդին ըրած սխալին (Ղեւ. 10։19)։
Ահարոն խորհած ըլլալու էր, որ երբ իր ընտանիքին անդամները առաջին անգամ ըլլալով կատարեցին իրենց քահանայական պարտականութիւնները, իրենցմէ պահանջուած էր որ նոյնիսկ պզտիկ մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն դարձնեն, որպէսզի Աստուած հաճեցնեն։ Բայց հիմա Նադաբը եւ Աբիուդը Աստուծոյ անունը պղծած էին եւ Աստուած իր բարկութիւնը թափած էր անոնց վրայ։ Ուրեմն, Ահարոն թերեւս մտածած ըլլալու էր, որ քահանաներու ընտանիք մը, որուն մէջ այսպիսի մեղք մը գործուած է, պէտք չէ սուրբ ընծայ մը ուտէ։
Այնպէս կ’երեւի որ Մովսէս ընդունեց իր եղբօր պատասխանը, քանի որ «երբ Մովսէս այս լսեց, հաճեցաւ» (Ղեւ. 10։20)։ Ըստ երեւոյթին Եհովան ալ ընդունեց Ահարոնին պատասխանը։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 14-20
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 12-13
«Բորոտութեան նկատմամբ օրէնքներէն դասեր քաղէ»
(Ղեւտացւոց 13։4, 5) Բայց եթէ անոր մարմնին մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար եւ մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ ախտաւորը։ 5 Եւ քահանան եօթներորդ օրը թող նայի անոր ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, բայց մորթին վրայ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ զանիկա։
Չգիտցուած տուեալներ յայտնած է
• Հիւանդները հեռու պահել առողջներէն։
Մովսիսական օրէնքը ըսաւ որ բորոտները պէտք է հեռու պահուին միւսներէն։ Բժիշկները սկսան այս սկզբունքը գործադրել միջին դարերուն, երբ համաճարակներ տեղի ունեցան։ Ատիկա տակաւին մինչեւ այսօր կը գործադրուի (Ղեւտացւոց, գլուխ 13 եւ 14)։
(Ղեւտացւոց 13։45, 46) Ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը թող պատռուի եւ անոր գլուխը մերկ ու անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։ 46 Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ։
Գիտէի՞ր
Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, հրեաները կը վախնային բորոտութենէն։ Այս փոխանցիկ հիւանդութիւնը անհատին ջիղերուն ծայրերուն վրայ կը յարձակէր եւ մնայուն վնաս հասցնելով այլանդակում կը պատճառէր։ Բորոտութիւնը բուժում մը չունէր։ Անոնք որոնք այս հիւանդութիւնը ունէին, մարդոցմէ հեռու կը մնային եւ ստիպուած էին ուրիշները զգուշացնել իրենց վիճակէն (Ղեւտացւոց 13։45, 46)։
(Ղեւտացւոց 13։52) Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը կամ առէջ կամ թեզանը կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանը, որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետեւ բորբոքած բորոտութիւն է ան, կրակով պէտք է այրուի։
(Ղեւտացւոց 13։57) Եւ եթէ հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրէ՛։
it-2 238 ¶3
Բորոտութիւն
Հագուստներու եւ տուներու մէջ։ Բորոտութիւնը կրնար ազդել բուրդէ, կտաւէ կամ կաշիէ հագուստներուն։ Բորոտութիւնը կրնար անհետանալ հագուստը լուալէ ետք, եւ կարգադրութիւններ կային որ հագուստը ուրիշ բաներէ հեռու պահուէր։ Բայց եթէ հագուստին վրայի կանաչ կամ կարմիր ախտի նշանը մնար, ատիկա կը նշանակէր որ լուրջ բորոտութիւն կար եւ հագուստը պէտք էր այրուէր (Ղեւ. 13։47-59)։ Եթէ կանանչացած կամ կարմրած փոս տեղեր երեւէր տան մը պատերուն վրայ, քահանան տունը գոց կը պահէր։ Թերեւս պէտք ըլլար որ ախտացեալ քարերը հանուէին եւ տանը ներսը ամբողջութեամբ քերթուէր։ Ետքը, քարերը եւ քերթուած հողը կը թափուէին քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը։ Եթէ ախտը վերադառնար, տունը անմաքուր կը յայտարարուէր ու կը փլցուէր եւ բոլոր փլած կտորները անմաքուր տեղ մը կը թափուէին։ Բայց եթէ տունը մաքուր յայտարարուէր, որոշ կարգադրութեան մը պէտք էր հետեւէին ատոր մաքրութեան համար (Ղեւ. 14։33-57)։ Ոմանք կ’ըսեն որ հագուստի կամ տան բորոտութիւնը՝ բորբոսի կամ փտութեան տեսակ մըն էր, բայց ուրիշներ ասոր չեն համաձայնիր։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 12։2) Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. «Եթէ կին մը սերմ առնէ ու արու զաւակ ծնանելու ըլլայ, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանին համար զատուելու օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ»։
(Ղեւտացւոց 12։5) Բայց եթէ անիկա աղջիկ ծնանելու ըլլայ, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ իր դաշտանի ժամանակին պէս եւ վաթսունըվեց օր իր մաքրուելուն արիւնովը պիտի նստի։
Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր
12։2, 5—Ինչո՞ւ ծննդաբերութիւնը կինը «անմաքուր» կը դարձնէր։ Սեռային գործարանները մարդկային կատարեալ կեանք պիտի փոխանցէին։ Բայց ժառանգուած մեղքին պատճառով, մանուկը անկատար ու մեղաւոր կեանք կը ստանար։ Ծննդաբերութեան, ինչպէս նաեւ դաշտանի ու սերմի ծորումին ընկերակցող ժամանակաւոր ‘անմաքրութիւնը’, այս ժառանգական մեղաւորութիւնը կը վերյիշեցնէր։ (Ղեւտացւոց 15։16-24. Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12) Պահանջուած մաքրութեան կանոնները պիտի օգնէին Իսրայելացիներուն որ ըմբռնեն փրկանքի զոհի մը կարիքը, մարդկութեան մեղաւորութիւնը ծածկելու եւ մարդկային կատարելութիւնը վերահաստատելու համար։ Ուստի Օրէնքը անոնց ‘դաստիարակը եղաւ՝ զիրենք Քրիստոսին բերելու’։—Գաղատացիս 3։24
(Ղեւտացւոց 12։3) Եւ ութերորդ օրը տղուն անթլփատութեան մարմինը պիտի թլփատուի։
Չգիտցուած տուեալներ յայտնած է
• Թլփատութեան ժամանակը։
Աստուծոյ Օրէնքը ըսաւ թէ տղայ զաւակը պէտք է թլփատուի ծնելէն ութ օր ետք (Ղեւտացւոց 12։3)։ Երբ պզտիկ մը ծնի, արիւնը մէկ շաբաթ ետք բաւարար նիւթեր կ’ունենայ արիւնահոսութիւնը կեցնելու։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, երբ բժշկական դարմանումները չէին յառաջացած, իմաստութիւն էր մէկ շաբաթէ աւելի սպասել եւ ետքը նորածինը թլփատել։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 21-27
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 14-15
«Ճշմարիտ երկրպագուները պէտք է մաքուր ըլլան»
(Ղեւտացւոց 15։13-15) Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուի, իր մաքրուելուն համար եօթը օր պիտի համրէ եւ իր հանդերձները լուայ ու իր մարմինը վազող ջուրի մէջ լուայ, որ մաքուր ըլլայ։ 14 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է առնէ իրեն ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։ 15 Եւ քահանան անոնցմէ մէկը՝ մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն ընէ անոր իր ծորումին համար։
Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
▪ Յիսուսի թշնամիները շատ մը հարցերու մէջ յանցաւոր հանեցին զինք եւ իր աշակերտները։ Ձեռք լուալու հարցը միայն մէկ օրինակ է։ Մովսիսական օրէնքը շատ մը պատուէրներ կը պարունակէր ծիսական մաքրութեան շուրջ, խօսելով մարմնային ծորումներու, բորոտութեան եւ մարդկային ու անասնական դիակներու մասին։ Ատիկա նաեւ ցուցմունքներ տուաւ, թէ պղծութիւնները կրնային վերցուիլ՝ զոհ մատուցանելով, լուալով կամ սրսկելով (Ղեւ., գլուխ 11-15. Թուոց, գլուխ 19)։
(Ղեւտացւոց 15։28-30) Եւ եթէ իր ծորումէն մաքրուի, այն ատեն եօթը օր պիտի համրէ ու անկէ յետոյ մաքուր ըլլայ։ 29 Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ իրեն ու վկայութեան խորանին դուռը քահանային բերէ զանոնք։ 30 Եւ քահանան մէկը որպէս մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ եւ քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր անմաքրութեանը ծորումին համար։
it-2 372 ¶2
Դաշտան
Կին մը նաեւ անմաքուր կը սեպուէր ամբողջ այն ժամանակը, երբ անկանոն արեան ծորում կ’ունենար կամ երբ ‘իր արեանը ծորումը իր դաշտանէն աւելի կը վազէր’։ Եթէ այդ ժամանակաշրջանին ան բանի մը վրայ պառկէր կամ նստէր, այդ առարկաները, ինչպէս նաեւ անոնց դպչողները, անմաքուր կը սեպուէին։ Կնոջ անկանոն ծորումը կենալէն ետք, ան եօթը օր պէտք էր համրէր եւ անկէ ետք մաքուր պիտի ըլլար։ Ութերորդ օրը, ան երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ կը բերէր քահանային։ Քահանան իրեն քաւութիւն կ’ընէր՝ անասուններէն մէկը որպէս մեղքի պատարագ մատուցանելով, իսկ միւսը՝ ողջակէզ (Ղեւ. 15։19-30)։
(Ղեւտացւոց 15։31) Այսպէս Իսրայէլի որդիները իրենց անմաքրութենէն պիտի զգուշացնէք. որպէս զի իրենց մէջ եղած իմ խորանս պղծելով՝ իրենց անմաքրութեան պատճառաւ չմեռնին։
Աստուած մաքուր անհատները կը սիրէ
6 Մաքուր մնալու ա՛յլ պատճառ մը այն է, թէ Եհովա՝ մեր Գերիշխանը, իր երկրպագուներէն մաքրութիւն կը պահանջէ։ Իսրայէլի տրուած Եհովայի Օրէնքին մէջ, մաքրութիւնը սերտօրէն առնչուած էր պաշտամունքին։ Օրինակ՝ այս Օրէնքը մանրամասնեց թէ Քաւութեան օրը, քահանայապետը պէտք էր լոգնար ոչ թէ մէկ, այլ երկու անգամ (Ղեւտացւոց 16։4, 23, 24)։ Քահանաներէն պահանջուած էր իրենց ձեռքերն ու ոտքերը լուալ՝ Եհովայի զոհեր մատուցանելէն առաջ (Ելից 30։17-21. Բ. Մնացորդաց 4։6)։ Օրէնքը ֆիզիքական անմաքրութեան ու ծիսական պղծութեան վերաբերեալ 70 պարագաներ նշեց։ Ծիսականօրէն անմաքուր իսրայէլացին, որեւէ կերպով չէր կրնար պաշտամունքի մասնակցիլ. կարգ մը պարագաներուն ան նոյնիսկ մահուան կը դատապարտուէր (Ղեւտացւոց 15։31)։ Ոեւէ անհատ որ կը մերժէր մաքրուելու պահանջին ենթարկուիլ, ներառեալ՝ իր մարմինն ու հագուստները լուալ, ‘ժողովուրդին մէջէն պէտք էր կորսուէր’ (Թուոց 19։17-20)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 14։14) Եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու քահանան մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։
(Ղեւտացւոց 14։17) Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ թող դնէ։
(Ղեւտացւոց 14։25) Յանցանքի պատարագին գառնուկը պիտի մորթէ եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ, անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։
(Ղեւտացւոց 14։28) Եւ քահանան իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ՝ յանցանքի պատարագին արիւնը եղած տեղին վրայ թող քսէ։
it-1 665 ¶5
Ականջ
Օրէնքը կ’ըսէր որ քահանան պէտք էր յանցանքի պատարագի գառնուկին արիւնէն եւ ընծայուած իւղէն քսէր բորոտութենէ մաքրուած մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ (Ղեւ. 14։14, 17, 25, 28)։ Նման կարգադրութիւն մը կար այն մարդուն համար, որ կը փափաքէր իր տիրոջ ծառայ մնալ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Այս պարագային ծառան կը մօտեցնէին դրանդիքներուն եւ իր տէրը իր ականջը հերիւնով կը ծակէր։ Ականջին վրայի այս յայտնի նշանը կը նշանակէր, որ ծառան կը փափաքէր շարունակ հնազանդիլ եւ ականջ տալ իր տիրոջ (Ել. 21։5, 6)։
Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք
7 Իսրայէլի քահանայութեան հաստատման ժամանակ, Ահարոն քահանայապետին եւ անոր որդիներուն աջ ականջին բլթակին, աջ ձեռքին բթամատին եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ քսուեցաւ խոյի արիւն (կարդա՛ Ղեւտացւոց 8։22-24)։ Արեան այս գործածութիւնը նշանակեց, թէ քահանաները հնազա՛նդօրէն պիտի կատարէին իրենց պաշտօնները։ Նմանապէս, Յիսուս Քահանայապետը կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ օծեալներուն եւ ուրիշ ոչխարներուն։ Ան ականջ տուաւ Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ իր ձեռքերը գործածեց Եհովայի կամքը կատարելու, իսկ իր ոտքերը բնաւ չշեղեցան սուրբ ընթացքէն (Յովհ. 4։31-34)։
(Ղեւտացւոց 14։43-45) Եւ եթէ քարերը հանելէն ետքը ու տունը քերելէ ծեփելէ ետքը ախտը նորէն գայ ու տանը մէջ երեւան ելլէ, 44 այն ատեն քահանան թող գայ ու քննէ եւ եթէ ախտը տանը մէջ տարածուած է, տանը մէջ բորբոքած բորոտութիւն կայ. անմաքուր է այն։ 45 Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը ու տանը բոլոր ծեփուած հողը, փլցնէ եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թափէ։
g 1/06 14, շրջանակ
Բորբոսը թէ՛ լաւ է եւ թէ գէշ
ԲՈՐԲՈՍԸ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Սուրբ Գիրքը կը նշէ «տանը մէջ բորոտութեան հարուածը», այսինքն՝ ուղղակի տան պատերուն վրայ (Ղեւտացւոց 14։34-48)։ Ոմանք կ’ըսեն որ այս տեսակի բորոտութիւնը, որ նաեւ կը կոչուէր «բորբոքած բորոտութիւն»՝ բորբոսի կամ փտութեան տեսակ մըն էր, բայց ուրիշներ ասոր չեն համաձայնիր։ Ինչ ալ ըլլար պարագան, Աստուծոյ Օրէնքը պատուիրած էր տանտէրերուն որ ախտ ունեցող քարերը հանէին, տան ներսը ամբողջութեամբ քերթէին եւ հանուած ու քերթուած բոլոր բաները թափէին քաղաքէն դուրս «անմաքուր տեղ մը»։ Եթէ հարուածը վերադառնար, ամբողջ տունը անմաքուր կը յայտարարուէր, կը փլցուէր եւ կը թափուէր։ Եհովային տուած մանրամասն ցուցմունքները կը ցուցնէին իր ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած խոր սէրը եւ անոնց ֆիզիքական առողջութեան հանդէպ իր ունեցած խոր հետաքրքրութիւնը։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 28–ՅՈՒՆՈՒԱՐ 3
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 16-17
«Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Քաւութեան օրէն»
(Ղեւտացւոց 16։12) Եւ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։
Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք
4 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 16։12, 13։ Պատկերացուր թէ Քաւութեան օրը ինչ կը պատահէր։ Քահանայապետը այդ օրը երեք անգամ կը մտնէր խորանի Սրբութիւն սրբութեանցը։ Առաջին անգամին, ան իր մէկ ձեռքով կը բռնէր անուշահոտ խունկով լեցուն աման մը, իսկ միւս ձեռքով՝ կրակի կայծերով լեցուած ոսկիէ բուրվառ մը։ Ան Սրբութիւն սրբութեանցը անջատող վարագոյրին առջեւ կանգ կ’առնէր, ապա խոր յարգանքով ներս կը մտնէր եւ ուխտին տապանակին առջեւ կը կենար։ Այլաբանական առումով, ան Եհովա Աստուծո՛յ առջեւ կը կենար։ Ետքը, անուշահոտ խունկը զգուշութեամբ կը թափէր կրակի կայծերուն վրայ, եւ սենեակը կը լեցուէր անուշ հոտով։ Աւելի ուշ, ան նորէն Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր մեղքի պատարագներուն արիւնով։ Նկատէ թէ քահանայապետը խունկը կը վառէր մեղքի պատարագներուն արիւնը ներկայացնելէ առաջ։
(Ղեւտացւոց 16։13) Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին մուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։
Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք
5 Քաւութեան օրը խունկի գործածութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուներուն ընդունելի աղօթքները խունկի կը նմանին (Սաղ. 141։2. Յայտ. 5։8)։ Յիշէ թէ քահանայապետը մեծ յարգանքով խունկը բերաւ Եհովայի ներկայութեան։ Նոյնպէս, երբ աղօթքով Եհովայի կը մօտենանք, ասիկա խոր յարգանքով կ’ընենք։ Մենք շատ շնորհակալ ենք, որ տիեզերքի Ստեղծիչը թոյլ կու տայ որ իրեն մօտենանք, ինչպէս զաւակ մը իր հօր կը մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Ան մեզ կ’ընդունի իբրեւ իր բարեկամները (Սաղ. 25։14)։ Մենք այս առանձնաշնորհումը այնքան կ’արժեւորենք, որ բնա՛ւ չենք ուզեր զինք յուսախաբ ընել։
(Ղեւտացւոց 16։14, 15) Եւ զուարակին արիւնէն թող առնէ ու իր մատով քաւութեան վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ եւ իր մատով արիւնէն քաւութեան առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։ 15 Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը թող մորթէ ու անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ եւ ինչպէս զուարակին արիւնովը ըրաւ այնպէս ընէ ասոր արիւնովը, այսինքն քաւութեան վրայ ու քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։
Դասեր, որոնք Ղեւտացւոց գիրքէն կը քաղենք
6 Միտքդ բեր որ քահանայապետը պէտք էր խունկը վառէր զոհերը մատուցանելէ առաջ։ Այդպիսով ան վստահ կ’ըլլար, որ Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի ունենար, երբ զոհերը մատուցանէր։ Ասիկա մեզի բան մը կը սորվեցնէ Յիսուսին մասին։ Երկրի վրայ եղած ատեն, ան իր կեանքը որպէս զոհ տալէ առաջ, պէտք էր կարեւոր բան մը ընէր,– աւելի՛ կարեւոր բան մը, քան մարդկութեան փրկութիւն տալ։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պէտք էր ուղղամիտ եւ հաւատարիմ ըլլար, որպէսզի Եհովան իր զոհը ընդունէր։ Այդպէս, Յիսուս պիտի փաստէր, թէ Եհովային կերպով գործելը ապրելու ճիշդ կերպն է։ Ան ցոյց պիտի տար թէ իր Հօր գերիշխանութիւնը իրաւացի է եւ իշխելու կերպը արդար է։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ղեւտացւոց 16։10) Այն նոխազը, որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ ու ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։
Երկրի վրայ յաւիտենական կեանք. աստուածատուր յոյս մը
17 Նաեւ նկատի առ ի՛նչ որ մովսիսական օրէնքը նշեց՝ ազատ արձակուելիք նոխազին մասին։ Տարին անգամ մը՝ Քաւութեան օրը, քահանայապետը ‘իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլուխին վրայ կը դնէր, Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները կը խոստովանէր անոր վրայ, եւ զանոնք նոխազին գլուխին վրայ կը դնէր։ Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ կրելով՝ անբնակ երկիր մը կը տարուէր ու կ’արձակուէր’ (Ղեւ. 16։7-10, 21, 22)։ Եսայի նախագուշակեց Մեսիային գալուստը, որ նման դեր մը պիտի խաղար եւ «շատերու մեղքը», «ցաւերը» եւ «վիշտերը» պիտի կրէր, այսպէս յաւիտենական կեանքի տանող ճամբան բանալով (կարդալ՝ Եսայի 53։4-6, 12)
(Ղեւտացւոց 17։10, 11) Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ. 11 վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։
Ինչո՛ւ պէտք է սուրբ ըլլանք
10 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 17։10։ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ «ոեւէ արիւն» չուտեն։ Քրիստոնեաներո՛ւն ալ պատուէր տրուած է ետ կենալ արիւնէ,– մարդկային թէ անասնական (Գործք 15։28, 29)։ Մեզ կը վախցնէ այն գաղափարն իսկ, որ կրնանք պատճառ դառնալ որ Աստուած ‘մեզի դէմ ելլէ’ եւ մեզ իր ժողովքէն հեռացնէ։ Մենք կը սիրենք զինք եւ կ’ուզենք հնազանդիլ իրեն։ Նոյնիսկ երբ կեանքին սպառնացող կացութեան առջեւ գտնուինք, վճռած ենք տեղի չտալ այն մարդոց աղաչանքներուն եւ պահանջներուն, որոնք Եհովան չեն ճանչնար եւ անոր չեն հնազանդիր։ Գիտենք որ արիւնէ ետ կենալուն պատճառով պիտի ծաղրուինք, սակայն կ’ընտրենք Աստուծոյ հնազանդիլ (Յուդա 17, 18)։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ վճռականութեամբ ‘զգուշանանք’ արիւն ուտելէ կամ արեան ներարկում ընդունելէ (Բ. Օր. 12։23)։