Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 7 էջ 12-13
  • Անցեալէն ազդարարութիւն մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անցեալէն ազդարարութիւն մը
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեծ Ջրհեղեղը. որո՞նք մտիկ ըրին, որո՞նք մտիկ չըրին
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ամէն Ոք Կրնայ Սորվիլ Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց Պատկերիզէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյ տապան մը կը շինէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 7 էջ 12-13

ԴԱՍ 7

Անցեալէն ազդարարութիւն մը

Եհովա թոյլ պիտի չտայ որ չարերը Դրախտը աւերեն։ Միայն իր բարեկամները պիտի ապրին հոն։ Չարերուն ի՞նչ պիտի պատահի։ Պատասխանը գիտնալու համար, Նոյի իրական պատմութիւնը նկատի առէք։ Նոյ հազարաւոր տարիներ առաջ ապրած է։ Ան բարի մարդ մըն էր եւ Եհովայի կամքը կատարելու համար միշտ ջանք կը թափէր։ Բայց երկրի վրայ մնացեալ մարդիկը չարութիւն կ’ընէին։ Ուստի, Եհովա Նոյի ըսաւ որ Ինք ջրհեղեղ մը պիտի բերէր, այդ բոլոր չարերը բնաջնջելու համար։ Ան Նոյի ըսաւ որ տապան մը շինէ, որպէսզի ինք ու իր ընտանիքը չմեռնին, երբ Ջրհեղեղը գայ։—Ծննդոց 6։9-18

Թէպէտ Նոյ եւ իր ընտանիքը անասունները տապանը կը մտցնեն, չար մարդիկ տակաւին չեն ուզեր ականջ տալ իր ազդարարական պատգամինEven as Noah and his family bring the animals into the ark, the wicked people refuse to listen to the warning message

Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանը շինեցին։ Նոյ մարդիկը զգուշացուց որ Ջրհեղեղ պիտի գար, բայց անոնք մտիկ չըրին իրեն։ Անոնք շարունակեցին իրենց չարութիւնը։ Տապանը վերջանալէն ետք, Նոյ անասունները տապանը մտցուց եւ ինք ու իր ընտանիքն ալ ներս մտան։ Ապա Եհովա մեծ փոթորիկ մը բերաւ։ 40 օր ու 40 գիշեր անձրեւ տեղաց։ Ջուրը ամբողջ երկիրը ողողեց։—Ծննդոց 7։7-12

Չարերը իրենց կեանքը կորսնցուցին, բայց Նոյ եւ իր ընտանիքը փրկուեցան։ Եհովա զիրենք Ջրհեղեղէն ազատելով չարութենէ մաքրուած երկիր մը բերաւ։ (Ծննդոց 7։22, 23) Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մօտ ատենէն Եհովա դարձեալ պիտի կործանէ անոնք որոնք չեն ուզեր շիտակը ընել։ Բարի մարդիկ պիտի չկործանին։ Անոնք յաւիտեան պիտի ապրին Դրախտ երկրին վրայ։—Բ. Պետրոս 2։5, 6, 9

Ներկայիս շատեր չար բաներ կ’ընեն։ Աշխարհը խնդիրներով լեցուն է։ Եհովա իր Վկաները կրկին ու կրկին կը ղրկէ, որպէսզի մարդիկը ազդարարեն. բայց շատեր չեն ուզեր Եհովայի խօսքերը մտիկ ընել։ Անոնք չեն ուզեր իրենց կեանքը փոխել։ Անոնք չեն ուզեր ընդունիլ ինչ որ Աստուած կ’ըսէ շիտակի ու սխալի մասին։ Ի՞նչ պիտի պատահի այսպիսի մարդոց։ Արդեօք օր մը պիտի փոխուի՞ն։ Շատեր բնաւ պիտի չփոխուին։ Ժամանակը կու գայ, երբ չարերը պիտի բնաջնջուին եւ երբե՛ք պիտի չապրին։—Սաղմոս 92։7

Երկիրը պիտի չկործանի. անիկա դրախտի պիտի վերածուի։ Անոնք որոնք Աստուծոյ բարեկամները կ’ըլլան՝ Դրախտ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։—Սաղմոս 37։29

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել