Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքին յունարէն անունը՝ A.po.kaʹly.psis կը նշանակէ «քօղազերծել» կամ «երեւան հանել»։ Այս անունը ցոյց կու տայ Յայտնութիւն գրքին իմաստը, թէ անիկա երեւան կը հանէ պահուած բաներ եւ կը յայտնէ դէպքեր, որոնք պիտի պատահէին հեռաւոր ապագային։ Այս գիրքին մէջի շատ մը մարգարէութիւնները տակաւին չեն կատարուած։
Յայտնութիւն գիրքին մասին ընդհանուր ակնարկ
Բացում (Յայտնութիւն 1։1-9)։
Եօթը ժողովքներուն Յիսուսին ուղղած խօսքերը (Յայտնութիւն 1։10-3։22)։
Տեսիլք մը, որուն մէջ Աստուած իր երկնային գահին վրայ նստած է (Յայտնութիւն 4։1-10)։
Իրարայաջորդ տեսիլքներու շարք մը.
Եօթը կնիքներ (Յայտնութիւն 5։1-8։6)։
Եօթը փողեր, որոնցմէ վերջին երեքը կը ներկայացնեն երեք վայեր (Յայտնութիւն 8։7-14։20)։
Եօթը սկաւառակներ. ամէն մէկուն մէջ կայ հարուած մը, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ դատաստանը որ պիտի թափուի երկրի վրայ (Յայտնութիւն 15։1-16։21)։
Աստուծոյ թշնամիներուն կործանումը նկարագրող տեսիլքներ (Յայտնութիւն 17։1-20։10)։
Տեսիլքներ, որոնց մէջ Աստուած կ’օրհնէ երկինքն ու երկիրը (Յայտնութիւն 20։11-22։5)։
Եզրակացութիւն (Յայտնութիւն 22։6-21)։
Յայտնութիւն գիրքը հասկնալու համար՝ օգնութիւն
Աստուծոյ ծառայողներուն համար, այս գիրքը վախնալիք չէ, հապա դրական իմաստ ունի։ Ճիշդ է որ շատեր «apocalypse» բառը կը կապեն մեծ աղէտի հետ, բայց Յայտնութիւն գիրքը կը սկսի եւ կը վերջանայ, ըսելով որ ուրախ պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք անոր պատգամը կը կարդան, կը հասկնան եւ կը գործադրեն (Յայտնութիւն 1։3. 22։7)։
Յայտնութիւն գիրքը կը գործածէ շատ մը նշաններ, որոնք բառացի չեն։
Յայտնութիւն գիրքին մէջի շատ մը անձնաւորութիւնները եւ նշանները Աստուածաշունչին մէջ նախապէս յիշուած են.
Եհովան՝ միակ ճշմարիտ Աստուածը երկինքի մէջ եւ ամէն բանի Ստեղծիչը (Բ. Օրինաց 4։39. Սաղմոս 103։19. Յայտնութիւն 4։10. 15։3)։
Յիսուս Քրիստոսը՝ «Աստուծոյ Գառը» (Յովհաննէս 1։29. Յայտնութիւն 5։6. 14։1)։
Բանսարկու Սատանան՝ Աստուծոյ հակառակորդը (Ծննդոց 3։14, 15. Յովհաննէս 8։44. Յայտնութիւն 12։9)։
Մեծ Բաբելոնը, որ անցեալի Բաբելոնին պէս Եհովա Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին թշնամին է եւ կրօնական սուտերու աղբիւր է (Ծննդոց 11։2-9. Եսայի 13։1, 11. Յայտնութիւն 17։4-6. 18։4, 20)։
«Ծով»ը՝ Աստուծոյ հակառակ եղող չար մարդկութիւնը (Եսայի 57։20. Յայտնութիւն 13։1. 21։1)։
Անցեալի խորանին իրերը, որոնք կը գործածուէին Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ. ինչպէս՝ ուխտին տապանակը, ապակեղէն ծովը (լուացուելու համար աւազան), ճրագները (կամ՝ ջահերը), խունկի պատարագներ եւ զոհասեղան մը (Ելից 25։10, 17, 18. 40։24-32. Յայտնութիւն 4։5, 6. 5։8. 8։3. 11։19)։
Գազաններ, որոնք կը ներկայացնեն մարդկային կառավարութիւններ (Դանիէլ 7։1-8, 17-26. Յայտնութիւն 13։2, 11. 17։3)։
Խորհրդանշական իմաստ ունեցող թիւեր (Յայտնութիւն 1։20. 8։13. 13։18. 21։16)։
Տեսիլքները կապ ունին «Տիրոջ օր»ուան հետ, որ սկսաւ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին եւ Յիսուս սկսաւ թագաւորել (Յայտնութիւն 1։10, ՆԹ, ստորանիշ)։ Ուրեմն, կրնանք ակնկալել որ Յայտնութիւն գրքին դէպքերը գլխաւորաբար կատարուին մեր օրերուն։
Յայտնութիւն գիրքը հասկնալու համար, պէտք ունինք Աստուծոյ իմաստութեան եւ այն անձերուն օգնութեան, որոնք արդէն Աստուածաշունչը կը հասկնան. այսինքն՝ այն նոյն բաներուն, որոնց պէտք ունինք Աստուածաշունչին մնացեալ մասերը հասկնալու համար (Գործք 8։26-39. Յակոբոս 1։5)։