Կիրակի, օգոստոս 31
Իմաստունները պիտի հասկնան (Դան. 12։10)։
Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար պէտք է օգնութիւն խնդրենք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ քեզի անծանօթ եղող շրջան մը կ’այցելես, բայց հետդ կայ բարեկամդ, որ այդ շրջանին շատ լաւ ծանօթ է։ Ան գիտէ ճիշդ ո՛ւր էք եւ իւրաքանչիւր ճամբայ ո՛ւր կը տանի։ Անկասկած ուրախ պիտի ըլլաս որ բարեկամդ քեզի հետ է։ Նոյնպէս, Եհովան գիտէ թէ մենք ո՛ր ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ ի՛նչ դէպքեր կը սպասեն մեզի։ Ուրեմն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար, պէտք է խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրենք (Դան. 2։28. Բ. Պետ. 1։19, 20)։ Լաւ ծնողքի մը պէս, Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները լաւ ապագայ մը ունենան (Եր. 29։11)։ Բայց մարդկային ծնողներուն հակառակը, Եհովան կրնայ մեզի ըսել թէ ապագային ինչ պիտի ըլլայ եւ իր ըսածը մի՛շտ ճիշդ կ’ելլէ։ Ան իր Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ գրել տուաւ, որպէսզի կարեւոր դէպքերը ըլլալէն առաջ անոնք գիտնանք (Եսա. 46։10)։ դ23.08 8 ¶3-4
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 1
Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ (Ղուկ. 1։78)։
Աստուած Յիսուսին տուած է մարդոց բոլոր խնդիրները լուծելու զօրութիւնը։ Իր հրաշքներով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ զօրութիւնը ունի լուծելու այն խնդիրները, որոնց հետ անձամբ գլուխ չենք կրնար ելլել։ Օրինակի համար, ան զօրութիւնը ունի մեզ ազատելու՝ մարդոց խնդիրներուն պատճառները լուծելով, որ են՝ ժառանգուած մեղքն ու անոր հետեւանքները, մէջը ըլլալով՝ հիւանդութիւնն ու մահը (Մատ. 9։1-6. Հռով. 5։12, 18, 19)։ Յիսուսի հրաշքները ցոյց տուին, որ ան կրնայ «ամէն կերպ» հիւանդութիւն բժշկել եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տալ (Մատ. 4։23. Յովհ. 11։43, 44)։ Ան նաեւ զօրութիւնը ունի կործանիչ փոթորիկներ կեցնելու եւ մարդիկը չար ոգիներէն ազատելու (Մար. 4։37-39. Ղուկ. 8։2)։ Որքա՜ն կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան Յիսուսին ա՛յսքան զօրութիւն տուած է։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւնները պիտի իրականանան։ Յիսուսի ըրած հրաշքները երբ երկրի վրայ էր, մեզի կը սորվեցնեն թէ ան, որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան երկնային Թագաւոր, ինչ պիտի ընէ ամբո՛ղջ երկրի վրայ։ դ23.04 3 ¶5-7
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 2
Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ (Ա. Կոր. 2։10)։
Եթէ մեծ ժողովքի մը մէջ ես եւ կը զգաս որ քեզի շատ առիթ չի տրուիր որ պատասխանես, թերեւս որոշես ժողովներուն միայն նստիլ։ Բայց մի՛ յանձնուիր։ Քանի մը պատասխան պատրաստէ։ Ասանկով եթէ ժողովին սկիզբը քեզի առիթ չտրուի պատասխանելու, թերեւս ետքը տրուի։ Երբ որ Դիտարան–ը կը պատրաստես, մտածէ որ ամէն մէկ պարբերութիւն ինչպէ՛ս գլխաւոր նիւթին հետ կապուած է։ Վստահաբար բան մը պիտի գտնես պատասխանելու։ Ասկէ զատ, կրնաս պատասխաններ պատրաստել պարբերութիւններու վրայ, որոնք խոր նիւթերու մասին են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թերեւս քիչեր պատասխանեն այդ պարբերութիւններուն։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ քանի մը ժողով անցաւ եւ դուն դեռ չես պատասխանած։ Ժողովէն առաջ վարիչին ըսէ թէ ո՛ր հարցումին կ’ուզես պատասխանել։ դ23.04 21-22 ¶9-10