-
Այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայԶարթի՛ր 2017 | Թիւ 6
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ
Այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2017–ին, խումբ մը գիտնականներ յայտարարեցին, որ աշխարհը շատ մօտ ատենէն համաշխարհային գէշ աղէտի մը առջեւ պիտի գտնուի։ Բացատրելու համար թէ որքա՛ն մօտեցած ենք այդ աղէտին, անոնք «Դատաստանի ժամացոյց»ին երկար սլաքը 30 երկվայրկեան առաջ տարին։ Այսպէս, կը մնայ միայն 2,30 վայրկեան, որ ժամը կէս գիշերուան 12–ը ըլլայ։ Վերջին 60 տարուան մէջ ասիկա առաջին անգամն է, որ ա՛յսքան կը մօտենանք համաշխարհային աղէտի մը։
Գիտնականները կը ծրագրեն 2018–ին նորէն աչքէ անցընել, թէ աշխարհի վերջին ո՛րքան մօտեցած ենք։ Արդեօք «Դատաստանի ժամացոյց»ը նորէն ցոյց պիտի տա՞յ, որ շա՛տ մօտեցած ենք համաշխարհային աղէտի մը՝ որ ասկէ առաջ բնաւ չէ պատահած։ Քու կարծիքովդ, այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ։ Թերեւս ըսես, որ դժուար է գիտնալ։ Այսօր նոյնիսկ մասնագէտները այս նիւթին շուրջ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին։ Ասկէ զատ, ամէն մարդ չի հաւատար որ դատաստանի օր կայ։
Անդին, միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւատան որ մեզի լուսաւոր ապագայ մը կը սպասէ։ Անոնք կ’ըսեն որ փաստեր ունին, որ թէ՛ մարդ արարածը եւ թէ մեր մոլորակը մինչեւ վերջ գոյութիւն պիտի ունենան։ Ասկէ զատ, անոնք կ’ըսեն որ մեր կեանքին որակը պիտի բարելաւուի։ Արդեօք ատոնք վստահելի՞ փաստեր են։ Բոլո՛րս կ’ուզենք գիտնալ. այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ։
-
-
Պատասխանը փնտռելԶարթի՛ր 2017 | Թիւ 6
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ
Պատասխանը փնտռել
ԵԹԷ անդադար գէշ լուրեր լսելով կը մտահոգուիս եւ կը վախնաս, առանձին չես։ 2014–ին, Պարաք Օպաման, որ այն ատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահն էր, ըսաւ որ երբ շատեր թերթերուն մէջ գէշ լուրեր կարդան, կ’եզրակացնեն որ կարծես «աշխարհը շատ արագ կը դառնայ. . . եւ մէկու մը ձեռքէն բան չի գար»։
Բայց այս խօսքերը ըսելէն քիչ ետք, նախագահը խոր համոզումով ըսաւ, որ քայլեր կ’առնուին՝ աշխարհի շատ մը խնդիրները լուծելու համար։ Ան ըսաւ որ կարգ մը կառավարութիւններու առած քայլերը «ուրախ լուրեր» են եւ թէ ինք «յոյսով լեցուն» ու «լաւատես» է։ Նախագահը ըսել ուզեց, որ լաւ միտումով թափուած ջանքերը կրնան աշխարհը մարդ արարածին հակակշռին տակ պահել եւ չձգել որ ատիկա դէպի համաշխարհային աղէտ սուրայ։
Շատեր իրեն պէս լաւատես են։ Օրինակ, կարգ մը մարդիկ իրենց ամբողջ յոյսը դրած են գիտութեան վրայ եւ կ’ակնկալեն, որ թեքնոլոճի–ին արագ յառաջդիմութիւնը աշխարհի խնդիրները պիտի լուծէ։ Մասնագէտ մը խոր ակնկալութեամբ ըսաւ, որ մինչեւ 2030 «մեր թեքնոլոճի–ն հազար անգամ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ, իսկ մինչեւ 2045՝ միլիոն անգամ աւելի զօրաւոր»։ Ան աւելցուց. «Ամէն բան լաւ է։ Ճիշդ է որ որեւէ ժամանակէ աւելի խնդիրներ կան, բայց մենք կարողութիւնը ունինք ատոնք լուծելու՝ առա՛ջ որ մեր գլխուն պայթին»։
Լաւ որքա՞ն վատ են աշխարհի վիճակները։ Ճի՞շդ է որ համաշխարհային աղէտի մը սեմին ենք։ Հակառակ անոր որ կարգ մը գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ յոյսով լեցուն լուրեր կը փոխանցեն մարդոց, բայց դեռ շատեր կը զգան որ ապագան անորոշ է։
ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԶԷՆՔԵՐ ԱՀԱՒՈՐ ՎՆԱՍՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ։ Թէեւ ՄԱԿ–ը եւ ուրիշ կազմակերպութիւններ շատ ջանք թափած են, բայց չեն կրցած կարգ մը երկիրներ արգիլել հիւլէական զէնքեր ունենալէ։ Միւս կողմէ, կարգ մը կառավարիչներ թեթեւի կ’առնեն զէնքերը վար դնելու նկատմամբ առնուած որոշումներն ու օրէնքները։ Իսկ հիւլէական զէնքեր ունեցող երկիրները իրենց ռումբերը կը նորոգեն եւ նոր մահացու ռումբեր կը շինեն, վախնալով որ իրենց ունեցածը բաւական լաւ չէ։ Այսպէս, այն երկիրները՝ որոնք վնասներ պատճառելու կարողութիւնը չունէին, հիմա կրնան մեծ թիւով մարդիկ երկրի երեսէն բնաջնջել։
Ուրեմն, կրնանք ըսել որ ազգերը որեւէ ժամանակէ աւելի պատրաստ են հիւլէական պատերազմի,– ինչ որ աշխարհը շատ վտանգաւոր վայր մը կը դարձնէ՝ նոյնիսկ «խաղաղ» պայմաններու տակ։ Պարբերաթերթ մը կը զգուշացնէ. «Օրինակ, ինքնավար զէնքերու գոյութիւնը շատ մտահոգեցուցիչ է, քանի որ այս զէնքերը կրնան ‘սպաննէ’ որոշումը առնել, առանց մարդու միջամտութեան կամ հսկողութեան» (Bulletin of the Atomic Scientists)։
ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՏԱԿ Է։ Գիտութիւնը իր սահմանափակումները ունի եւ միշտ չի կրնար մարդոց լաւ առողջութիւն ապահովել։ Արեան գերճնշումը, գիրութիւնը, օդի ապականութիւնը եւ թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը, որոնք հիւանդութիւններու դուռ կը բանան, երթալով կ’աւելնան։ Այսօր շատեր կը մեռնին ոչ–փոխանցիկ հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝ քաղցկեղէ, սրտանօթային խանգարումներէ եւ շաքարախտէ։ Ասկէ զատ, երթալով աւելի մարդիկ ուրիշ հիւանդութիւններ կ’ունենան, մէջը ըլլալով մտային հիւանդութիւններ։ Իսկ վերջերս, շատեր մեռան Իպոլա եւ Զիքա վարակիչ հիւանդութիւններուն պատճառով։ Մէկ խօսքով, մարդ արարածին ձեռքէն բան չի գար եւ կարծես յոյս չկայ, որ օր մը հիւանդութիւնները վերջ գտնեն։
ՄԱՐԴԸ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍ ԿԸ ՀԱՍՑՆԷ։ Գործարանները կը շարունակեն օդը ապականել։ Ամէն տարի միլիոնաւորներ կը մեռնին, քանի որ ապականուած օդ կը շնչեն։
Մարդիկ, ընկերութիւններ եւ կառավարական հաստատութիւններ կը շարունակեն ովկիանոս թափել աղբ, բժշկական եւ հողագործական աղտեր, փլասթիք եւ այլն։ Համայնագիտարան մը կը բացատրէ. «Այս բոլորը կը թունաւորեն ծովային անասուններն ու բոյսերը, ինչպէս նաեւ մարդիկ՝ որոնք ապականուած ծովային ուտելիքներ կ’ուտեն» (Encyclopedia of Marine Science)։
Թարմ ջուրը երթալով կը պակսի։ Բրիտանացի գրագէտ Ռոպին Մէքի կը զգուշացնէ. «Աշխարհի մէջ ջուրի տագնապ կայ եւ անիկա ամբողջ աշխարհին պիտի ազդէ»։ Քաղաքագէտները կը խոստովանին, թէ ջուրի խնդրին պատճառը մեծաւ մասամբ մարդ արարա՛ծն է եւ թէ ատիկա լուրջ վտանգ է։
ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՎՏԱՆԳԷ։ Փոթորիկները, ոլորամրրիկները, փոթորկահովերը եւ երկրաշարժները ամէն կողմ կը քանդեն եւ հեղեղներ ու հողի սահանքներ կը պատճառեն։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, այս տեսակ բնական աղէտներ մարդոց կեանքը կը խլեն կամ ալ տակնուվրայ կ’ընեն։ ՆԱՍԱ–ին (NASA) հրատարակած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ «երթալով աւելի զօրաւոր փոթորիկներ, մահացու տաքի ալիքներ, հեղեղներ եւ ծայր աստիճան չորութիւն» ըլլան։ Արդեօք բնական աղէտներու պատճառով մարդկութիւնը աշխարհի երեսէն պիտի բնաջնջուի՞։
Անշուշտ ասոնք վտանգներէն միայն քանի մը հատն են. ցանկը երկար է։ Բայց ամէն մէկ գէշ դէպք վերլուծելը մեր հարցումներուն պիտի չպատասխանէ։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ քաղաքագէտներուն եւ գիտնականներուն մտիկ ընելն ալ օգուտ մը չունի։ Լաւ, ո՞ւր կրնանք համոզիչ պատասխաններ գտնել աշխարհի վիճակին եւ ապագային մասին։
-
-
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէԶարթի՛ր 2017 | Թիւ 6
-
-
«Դատաստանի ժամացոյց»ին ենթադրութիւնները պիտի չկատարուին, քանի որ Աստուած լուսաւոր ապագայ կը խոստանայ մարդոց եւ երկրագունդին համար
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ դարեր առաջ մարգարէացած էր, որ մեր օրերուն աշխարհը տակնուվրայ եւ ցաւալի վիճակ պիտի ունենայ։ Ասկէ զատ, անիկա մարգարէացած էր, որ մարդիկ լուսաւո՛ր ապագայ պիտի ունենան։ Պէտք չէ շուտով թեթեւի առնենք Աստուածաշունչին ըսածը, քանի որ ինչ որ մարգարէացած է՝ մանրամասնօրէն կատարուած է։
Օրինակ, նկատի առ Աստուածաշունչի այս մարգարէութիւնները.
«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Մատթէոս 24։7)։
«Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4)։
Այս մարգարէութիւնները կը նկարագրեն աշխարհ մը, որ ինչպէս կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, գլուխը առած՝ գացած է։ Այո՛, մեր աշխարհը ձեւով մը հակակշռէ դուրս է։ Բայց որո՞ւն հակակշռէն։ Մարդո՛ց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ մարդիկ պէտք եղած իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը չունին, որ աշխարհի խնդիրները մնայուն կերպով լուծեն։ Նկատի առ այս համարները ի՛նչ կ’ըսեն.
«Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առակաց 14։12)։
«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։
«Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։
Եթէ մարդ արարածը շարունակէ իր գլխուն փչածը ընել, անկասկած աշխարհը դէպի համաշխարհային աղէտ պիտի սուրայ։ Բայց ո՛չ. ատանկ բան պիտի չըլլայ։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ.
Աստուած «հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։
«Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, բայց երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։
«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
«Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ» (Սաղմոս 72։16)։
Ուրեմն, Աստուածաշունչը յստակ պատասխաններ կու տայ։ Մարդ արարածը պիտի չմեռնի ապականութենէն, ոչ ալ պիտի մեռնի վարակիչ հիւանդութիւններու կամ ուտելիքի եւ ջուրի պակասին պատճառով։ Իսկ աշխարհը հիւլէական ռմբակոծումով պիտի չկործանուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ մեր մոլորակին ապագան Աստուծոյ ձեռքն է։ Ճիշդ է որ Աստուած մարդոց ազատ կամք տուած է եւ մարդիկ իրենց առած որոշումներուն հետեւանքները պիտի քաշեն (Գաղատացիս 6։7)։ Բայց աշխարհը չի նմանիր շոգեկառքի մը, որ վարորդ չունի եւ դէպի աղէտ կը սուրայ։ Աստուած սահման դրած է այն վնասին, որ մարդ արարածը կրնայ ինքն իրեն պատճառել (Սաղմոս 83։18. Եբրայեցիս 4։13)։
Ասկէ զատ, Աստուած «խաղաղութեան առատութիւն» պիտի բերէ (Սաղմոս 37։11)։ Այս յօդուածին մէջ ինչ դրական կէտ որ յիշուեցաւ, քեզի գաղափար մը կու տայ այն լուսաւոր ապագային մասին, որ միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ սորված են՝ Աստուածաշունչը սերտելով։
Եհովայի վկաները ամբողջ աշխարհի մէջ կը գտնուին։ Անոնք տարբեր տարիքի պատկանող տղամարդիկ ու կիներ են եւ տարբեր ենթահողերէ կու գան։ Անոնք կը պաշտեն միակ ճշմարիտ Աստուածը, որուն անունը Եհովա է,– ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ։ Անոնք ապագայէն չեն վախնար, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։
Տեսանք որ Աստուածաշունչը ինչ կը սորվեցնէ երկրագունդին եւ մարդոց ապագային մասին։ Աւելի տեղեկութիւններու համար, տե՛ս Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկին 5–րդ գլուխը, որ հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ մատչելի է www.pr418.com/hy-latn կայքին վրայ։
Կրնաս նաեւ դիտել Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց երկիրը վիտէոն www.pr418.com/hy-latn կայքին վրայ (տե՛ս ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՏԵՍԱԵՐԻԶՆԵՐ)։
-