ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ
Այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2017–ին, խումբ մը գիտնականներ յայտարարեցին, որ աշխարհը շատ մօտ ատենէն համաշխարհային գէշ աղէտի մը առջեւ պիտի գտնուի։ Բացատրելու համար թէ որքա՛ն մօտեցած ենք այդ աղէտին, անոնք «Դատաստանի ժամացոյց»ին երկար սլաքը 30 երկվայրկեան առաջ տարին։ Այսպէս, կը մնայ միայն 2,30 վայրկեան, որ ժամը կէս գիշերուան 12–ը ըլլայ։ Վերջին 60 տարուան մէջ ասիկա առաջին անգամն է, որ ա՛յսքան կը մօտենանք համաշխարհային աղէտի մը։
Գիտնականները կը ծրագրեն 2018–ին նորէն աչքէ անցընել, թէ աշխարհի վերջին ո՛րքան մօտեցած ենք։ Արդեօք «Դատաստանի ժամացոյց»ը նորէն ցոյց պիտի տա՞յ, որ շա՛տ մօտեցած ենք համաշխարհային աղէտի մը՝ որ ասկէ առաջ բնաւ չէ պատահած։ Քու կարծիքովդ, այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ։ Թերեւս ըսես, որ դժուար է գիտնալ։ Այսօր նոյնիսկ մասնագէտները այս նիւթին շուրջ տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին։ Ասկէ զատ, ամէն մարդ չի հաւատար որ դատաստանի օր կայ։
Անդին, միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւատան որ մեզի լուսաւոր ապագայ մը կը սպասէ։ Անոնք կ’ըսեն որ փաստեր ունին, որ թէ՛ մարդ արարածը եւ թէ մեր մոլորակը մինչեւ վերջ գոյութիւն պիտի ունենան։ Ասկէ զատ, անոնք կ’ըսեն որ մեր կեանքին որակը պիտի բարելաւուի։ Արդեօք ատոնք վստահելի՞ փաստեր են։ Բոլո՛րս կ’ուզենք գիտնալ. այս աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ։