Ներկայացումի նմոյշներ
Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Ներկայիս, շատեր Յիսուսը կը պատկերացնեն ինչպէս որ էր 2000 տարի առաջ. կա՛մ որպէս մսուրի մէջ մանկիկ մը եւ կամ որպէս տանջանքի ցիցին վրայ կախուած տղամարդ մը։ Սակայն, ի՞նչ կը խորհիք որ Յիսուս այժմ կ’ընէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչ կ’ըսէ»։ Տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր թիւը, ու միասնաբար նկատի առէք էջ 22–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն մէկ համար։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ վերադառնալու կարգադրութիւն մը ըրէ՝ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար։
Դիտարան 1 սեպտեմբեր
«Շատեր հրաշքներու կը հաւատան։ Ուրիշներ կասկածներ ունին։ Կը խորհի՞ք թէ հրաշքները իրապէս կը պատահին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ապագայ հրաշքի մը նկատմամբ սա խոստումը շատերու յոյս տուած է։ [էջ 7–ի վրայ գտնուող համարներէն մէկը կարդա՛։] Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ հրաշքներու վերաբերող երեք առարկութիւններու»։
Զարթի՛ր սեպտեմբեր
«Շատեր կ’ըսեն թէ երկրագունդի վրայ կեանքը օր մը վերջ պիտի գտնէ, թերեւս կորիզային պատերազմով կամ բնական աղէտով, ինչպէս՝ երկնաքար մը կամ աշխարհածաւալ կլիմայի փոփոխութիւն մը։ Կը խորհի՞ք թէ դատաստանի օրուան այսպիսի գուշակումներ հիմ ունին, թէ ոչ կը սեպէք թէ անոնք երեւակայութիւններ են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը սա մխիթարիչ խոստումը կու տայ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։29։] Այս պարբերաթերթը դատաստանի օրուան ենթադրութիւնները կը քննէ, եւ կը ներկայացնէ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ապագային մասին»։