Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/14 էջ 4
  • Ներկայացումի նմոյշներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներկայացումի նմոյշներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 8/14 էջ 4

Ներկայացումի նմոյշներ

Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար

«Շատեր կը հաւատան որ հրեշտակներ գոյութիւն ունի՛ն։ Իսկ դո՞ւք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հրեշտակները շատ զօրաւոր հոգեղէն արարածներ են, բայց կը խորհի՞ք որ անոնք կրնան մեզի օգնել։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ ներկայիս անոնք ինչպէ՛ս մարդկութեան կ’աջակցին»։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթը եւ նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։

Դիտարան 1 սեպտեմբեր

«Կը կարծէ՞ք թէ մարդ արարածը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի ապականէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Թէեւ մարդիկ վնասը չէզոքացնելու կարող չեն, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած կրնա՛յ եւ կը փափաքի՛ այս մէկը ընել։ Նկատի առէք թէ Սաղմոս 65։9–ն ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛։] Դիտարան–ի այս թիւը կը քննարկէ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս երկրագունդին հոգ պիտի տանի եւ ինչպէ՛ս կրնանք այս ապագայ օրհնութիւնները վայելել։ Կրնա՞մ պարբերաթերթը ձեզի տալ, որպէսզի այս նիւթը կարդաք»։

Զարթի՛ր սեպտեմբեր

«Յաւելեալ ժամով աշխատող շատ մը գործաւորներ ճնշուածութենէ կը տառապին։ Մասնագէտներ կ’ըսեն թէ գործերով ծանրաբեռնուիլը կրնայ գործաւորը ճնշել, ինչ որ ֆիզիքական եւ զգացական գետնի վրայ կրնայ իրեն վնասել։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչը կրնայ օգնել անհատի մը, որ հաւասարակշռուած կեանք մը վարէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ահաւասիկ միտք գրգռող համար մը։ [Կարդա՛ Ժողովող 4։6։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ չորս գործնական կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր նախապատուութիւնները ճշդել եւ գործատեղիին ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլել»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել