Ներկայացումի նմոյշներ
Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մարդիկ զանազան կրօնքներու կը պատկանին, եւ տարբեր կերպերով Աստուած կը պաշտեն։ Քու կարծիքովդ՝ Աստուած ասոր նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ այս նիւթին շուրջ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց»։ Տանտիրոջ տուր Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր թիւը, եւ միասնաբար քննարկեցէք էջ 10–ի առաջին ենթավերնագրին նիւթը եւ առնուազն նշուած համար մը։ Պարբերաթերթը առաջարկէ եւ կարգադրէ վերայցելել, որպէսզի յաջորդ հարցումին պատասխանը նկատի առնես։
Դիտարան 1 սեպտեմբեր
«Երեխաները մինչ փոքր են՝ պէ՞տք է Աստուծոյ մասին սորվին, թէ ոչ նախընտրելի է սպասել մինչեւ որ մեծնան, ապա անոնց թոյլ տալ որ իրենց կրօնական հաւատալիքները ընտրեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը հայրերուն ի՛նչ խրատ կու տայ։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 6։4։] Այս պարբերաթերթը կարգ մը գաղափարներ կու տայ, թէ ծնողներ իրենց զաւակներուն ինչպէ՛ս կրնան Աստուծոյ մասին սորվեցնել»։