Anna Moneymaker/Getty Images
ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Գիտնականները «Դատաստանի ժամացոյց»ին երկար սլաքը առաջ կը տանին. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
24 յունուար 2023–ին, գիտնականները «Դատաստանի ժամացոյց»ինa երկար սլաքը առաջ տարին։ Ասանկով ատիկա աւելի՛ մօտեցաւ կէս գիշերուան ժամը 12–ին, որ կը ներկայացնէ աշխարհի վերջը։
«‘Դատաստանի ժամացոյցը’ կը ներկայացնէ՝ մարդկութիւնը ինքզինք կործանելու վտանգը։ Երեքշաբթի, առաջին անգամ ըլլալով, գիտնականները այդ ժամացոյցին երկար սլաքը շա՛տ մօտեցուցին գիշերուան ժամը 12–ին՝ Ուքրանիայի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին, հիւլէական պատերազմի վախին եւ Երկիր մոլորակին կլիմային վտանգաւոր վիճակին պատճառով» (AFP International Text Wire)։
«Երեքշաբթի օր գիտնականները յայտարարեցին, որ ‘Դատաստանի ժամացոյցին’ երկար սլաքը առաջ տարին եւ հիմա 90 երկվայրկեան կը մնայ որ ատիկա հասնի կէս գիշերուան ժամը 12–ին։ Ասիկա առաջին անգամն է, որ մարդկութիւնը ա՛յսքան կը մօտենայ ինքզինք լման կործանելու վտանգին» (ABC News)։
«Միջազգային գիտնականներու խումբ մը զգուշացուցած է, որ որեւէ ժամանակէ աւելի, շա՛տ հաւանական է որ մարդիկ իրենք զիրենք կործանեն» (The Guardian)։
Արդեօք մարդկութիւնն ու Երկիր մոլորակը մօտ օրէն պիտի կործանի՞ն։ Արդեօք ապագայէն պէ՞տք է վախնանք։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Ապագային ի՞նչ պիտի ըլլայ
Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «երկիրը միշտ կը կենայ» եւ թէ պիտի ըլլան մարդիկ, որոնք «յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Ժողովող 1։4. Սաղմոս 37։29)։ Ուրեմն, մարդիկ Երկիր մոլորակը ո՛չ պիտի կործանեն, ոչ ալ ատիկա անբնակելի վայր պիտի դարձնեն։
Բայց, Աստուածաշունչը կը խօսի՛ վերջի մը մասին։ Օրինակ, ատիկա կ’ըսէ որ ‘աշխարհը կ’անցնի’ (Ա. Յովհաննէս 2։17)։
Գիտնալու համար, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կը խօսի աշխարհի վերջին մասին, կարդա՛ «Աշխարհին վերջը մօ՞տ է։ Ի՞նչ է Աբոքալիբսը» յօդուածը։
Գիտնալու համար, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ գալիք համաշխարհային դէպքերու ժամանակին մասին, կարդա՛ «Աշխարհը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ» յօդուածը։
Դրական մնալ
Աստուածաշունչը կրնայ մեզի օգնել, որ դրական մնանք՝ հակառակ անոր որ ամբողջ աշխարհին մէջ խնդիրներ կան։ Ինչպէ՞ս։
Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Օրինակ, կարդա՛ «Ինչպէ՞ս կրնաս չափէ աւելի չմտահոգուիլ» յօդուածը, տեսնելու համար որ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, որ դրական մնաս՝ հակառակ անոր որ կեանքը խնդիրներով լեցուն է։
Աստուածաշունչը ապագային նկատմամբ կու տայ յոյս մը, որուն կարելի՛ է վստահիլ (Հռովմայեցիս 15։4)։ Ատիկա կը բացատրէ, որ ճիշդ ի՛նչ ակնկալութիւններ կրնանք ունենալ թէ՛ մեր օրերուն եւ թէ ապագային նկատմամբ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ չվախնանք ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն։
Աստուածաշունչէն աւելի՛ն օգտուելու համար, քեզ կը հրաւիրենք որ փորձես Աստուածաշունչի մեր ձրի դասընթացքը։
a «Դատաստանի ժամացոյցը» այլաբանական ժամացոյց մըն է, որ մեզ կը զգուշացնէ թէ որքա՛ն մօտեցած ենք մեր Երկիր մոլորակը կործանելուն՝ մեր հնարած վտանգաւոր թեքնոլոճի–ին պատճառով։ Ատիկա յիշեցում մըն է, որ պէտք է հիմակուան վտանգները լուրջի առնենք, եթէ կ’ուզենք մեր մոլորակին վրայ շարունակել գոյատեւել (Bulletin of the Atomic Scientists)։