Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ պէտք է գործածենք
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Աստուած ինչո՞ւ ինքնիրեն անուն մը տուած է։
Անկասկած, կ’ուզես որ մարդիկ անձնական անունովդ քեզ կանչեն, տիտղոսներ գործածելու փոխարէն, ինչպէս՝ «ո՛վ տղամարդ», «պարոն», «տիկին» կամ «ո՛վ կին»։ Անունդ քեզ ուրիշներէ կը զատորոշէ։ Աստուծոյ կ’ակնարկուի կարգ մը տիտղոսներով, ինչպէս՝ «Տէր», «ամենակարող Աստուած» եւ «Ստեղծիչ» (Ծննդոց 15։2. 17։1. Ժողովող 12։1)։ Բայց ան նաեւ ինքնիրեն անուն մը տուած է, մեզի օգնելու որ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն մը հաստատենք։ Հայերէն լեզուով, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (կարդա՛ Եսայի 42։8)։
Թէեւ Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանիչներ Աստուծոյ անունը փոխարինած են «Աստուած», «Տէր» եւ նման բառերով, սակայն այդ անունը շուրջ 7000 անգամ կը գտնուի Աստուածաշունչի վաղեմի եբրայերէն ձեռագիրներուն մէջ։ Յստակ է որ Աստուած կ’ուզէ որ իր անունը ճանչցուի (կարդա՛ Եսայի 12։4)։
2. Աստուծոյ անունը ճանչնալը ինչո՞ւ կենսական է։
Աստուծոյ անունը ճանչնալը զայն պարզապէս արտասանելէ աւելի՛ն կը նշանակէ,– իրեն հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը ունենալ։ Եհովա անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Ատիկա երաշխիք մըն է, թէ Աստուած հարկ եղած ամէն բան պիտի ըլլայ, իր նպատակը իրագործելու համար։ Ուստի, Աստուծոյ անունը ճանչնալը կը պարփակէ հաւատալ՝ թէ Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ (Սաղմոս 9։10)։ Այն մարդոց հաւատքը, որոնք Աստուծոյ անունը գիտեն ու կը գործածեն, զիրենք կը մղէ որ Եհովային վստահին ու զինք իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։ Ան պիտի պաշտպանէ այսպիսի մարդիկ (կարդա՛ Սաղմոս 91։14)։
3. Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր անունը ճանչցուի։
Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ իր անունով զինք ճանչնան, քանի որ ասիկա իրենց կ’օգտէ՝ զիրենք կարող դարձնելով որ իր բարեկամը ըլլան, յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալով։ Զարմանալի չէ որ Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը ճանչցնենք (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3. Հռովմայեցիս 10։13, 14)։
Յիսուս Աստուծոյ անունը ճանչցուց, մարդոց սորվեցնելով Աստուծոյ ճամբաներուն, օրէնքներուն ու խոստումներուն մասին։ Ներկայիս, Յիսուսի հետեւորդները կը շարունակեն բոլոր ազգերուն Աստուծոյ անունը ճանչցնելու գործը։ Անոնք ասիկա կ’ընեն որպէս «իր անուանը համար» միացած ժողովուրդ (կարդա՛ Գործք 15։14. Յովհաննէս 17։26)։
4. Աստուած իր անունը ինչպէ՞ս պիտի փառաւորէ։
Եհովա Աստուած կ’ուզէ իր անունը փառաւորել, քանի որ ատիկա զրպարտուած է։ Օրինակ, ոմանք կ’ըսեն, թէ ան կեանքը չստեղծեց եւ թէ պէտք չունինք իրեն հնազանդելու։ Ուրիշներ կ’ըսեն, թէ ան մեզմով հետաքրքրուած չէ եւ տառապանքին պատճառն է։ Այսպիսիներ Աստուծոյ անունը կը վարկաբեկեն։ Սակայն ո՛չ յաւիտեան։ Աստուած իր անունը անպատուողները պիտի կործանէ (կարդա՛ Սաղմոս 83։17, 18)։
Եհովան իր անունը պիտի փառաւորէ, երբ իր Թագաւորութիւնը մարդկային իշխանութեան վերջ դնէ եւ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատէ մարդկութեան համար (Դանիէլ 2։44)։ Շուտով, ամէն մարդ պիտի գիտնայ թէ Եհովա՛ն ճշմարիտ Աստուածն է (կարդա՛ Եզեկիէլ 36։23. Մատթէոս 6։9)։
Ի՞նչ պէտք է ընես։ Աստուծոյ մօտեցիր իր Խօսքը սերտելով եւ զինք սիրողներուն հետ ընկերակցելով։ Երբ Եհովան իր անունը փառաւորէ, իր հաւատարիմ ծառաները պիտի յիշէ (Մաղաքիա 3։16)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխը։
[Նկար՝ էջ 10]
Աստուծոյ անունը եբրայերէն վաղեմի ձեռագրի մը մէջ