Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 10/1 էջ 7
  • Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր պաշտօնական ցանցակայքը ծրագրուած է, որ թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները օգտուին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 10/1 էջ 7
[Նկար՝ էջ 7]

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան

Յիսուսի յարութիւնը աշակերտները համոզումով եւ նախանձախնդրութեամբ լեցուց։ Պօղոս առաքեալ Փոքր Ասիա եւ Միջերկրականի կղզիներն ու ափերը ճամբորդեց, ժողովքներ կազմակերպելով եւ քրիստոնեաները զօրացնելով որ բարոյական ճնշումներուն եւ վայրագ հակառակութեան դիմաց հաստատ մնան։ Հակառակ այսպիսի մարտահրաւէրներու, քրիստոնէութիւնը ուռճացաւ եւ տարածուեցաւ։

Յետագային Պօղոս բանտարկուեցաւ։ Բայց նոյնիսկ բանտին մէջ քրիստոնէական ժողովքներուն քաջալերական եւ խրատական նամակներ ուղարկեց։ Ան զանոնք զգուշացուց հաւատուրացութենէ։ Սուրբ հոգիով առաջնորդուած, Պօղոս նախատեսեց թէ ‘ծուռ բաներ խօսող’՝ «յափշտակող գայլեր» անոնց մէջ պիտի մտնէին, «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30)։

Առաջին դարու վերջաւորութեան, հաւատուրացութիւնը սկսած էր։ Այդ ատեն, Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուաւ Յայտնութիւնը, որ խորհրդանշական կերպով ապագան կը յայտնէ։ Ինչպէս Յովհաննէս յետագային գրեց, ո՛չ հակառակորդները եւ ոչ ալ սուտ ուսուցիչները արգելք պիտի հանդիսանային, որ երկրագունդի եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ամբողջովին իրագործուի։ ‘Բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն ու ժողովուրդներէն’ մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի լսէին (Յայտնութիւն 14։6)։ Դրախտը երկրի վրայ պիտի վերահաստատուի, եւ ան որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը ընել, կրնայ զայն վայելել։

Ասոնք ուրա՞խ լուրեր են քեզի համար։ Եթէ այո՛, Աստուածաշունչին միջոցաւ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամին մասին աւելի՛ն սորվէ եւ տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս ներկայիս եւ ապագային օգտուիլ։

[Նկար՝ էջ 7]

Կրնաս Աստուածաշունչը առցանց կարդալ շուրջ 50 լեզուներով մեր կայքէջէն՝ www.jw.org։ Սոյն կայքէջէն կրնաս նաեւ նկատի առնել Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը եւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, ինչպէս նաեւ ա՛յլ հրատարակութիւններ, որոնք կը քննարկեն թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոր գործնական խրատները մեր ընտանիքէն ներս եւ անձնական գետնի վրայ կիրարկել։ Կամ, յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաս Եհովայի վկայի մը հարցումներ ուղղել։

(Աղբիւր՝ Գործք, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս, Կողոսացիս, Փիլիմոն, Ա. Յովհաննէս, Յայտնութիւն)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել