Ի՞նչ գտան 16–րդ դարու երեք ճշմարտութիւն–փնտռողներ
«Ի՞ՆՉ է ճշմարտութիւնը»։ Պոնտացի Պիղատոս՝ առաջին դարու Հրէաստանի հռոմայեցի կառավարիչը, այդ հարցումը ուղղեց Յիսուսին, որ իրեն առջեւ կը դատուէր (Յովհաննէս 18։38)։ Անշուշտ Պիղատոս իսկապէս ճշմարտութիւնը չէր փնտռեր. իր հարցումը յայտնեց իր կասկածամտութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, Պիղատոսի համար ճշմարտութիւնը որեւէ բան էր, որուն անհատ մը կ’ընտրէ հաւատալ կամ իրեն կ’ըսուի որ հաւատայ, եւ ճշմարտութիւնը բնորոշելու կերպ մը չկար։ Ներկայիս շատեր նոյնը կը խորհին։
16–րդ դարուն, Եւրոպայի մէջ եկեղեցասէրներ ի՛նչ բան որպէս ճշմարտութիւն ընդունելու առնչութեամբ շփոթած էին։ Անոնք մեծցած էին՝ հաւատալով եկեղեցական ուսուցումներուն, ինչպէս՝ պապին գերակայութիւնը, բայց հետզհետէ նոր գաղափարներու կը հանդիպէին, որոնք բարեկարգութեան կողմէ կը տարածուէին։ Անոնք ի՞նչ բանի պիտի հաւատային։ Ինչպէ՞ս պիտի որոշէին թէ ո՛րն է ճշմարտութիւնը։
Այդ ժամանակամիջոցին, ուրիշներու կողքին, երեք տղամարդիկ վճռեցին ճշմարտութիւնը փնտռելa։ Անոնք ինչպէ՞ս բնորոշեցին թէ ո՛րն է ճիշդը կամ սխալը։ Եւ ի՞նչ գտան։ Տեսնե՛նք։
‘ԹՈՂ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՄԻ՛ՇՏ ԳԵՐԻՇԽԷ’
Վոլֆկանկ Գափիթօ կրօնական խորունկ համոզումներու տէր երիտասարդ մըն էր։ Բժշկութեան, օրինագիտութեան եւ աստուածաբանութեան աշակերտ ըլլալով, Գափիթօ 1512–ին թեմակալ եղաւ, ապա՝ Մայնցի արքեպիսկոպոսին օգնականը։
Սկիզբը, Գափիթօ փորձեց բարեկարգիչներուն նախանձախնդրութիւնը նուազեցնել, որոնք կաթողիկէ հաւատալիքներուն հակառակ եղող պատգամ մը կը քարոզէին։ Սակայն շուտով Գափիթօ սկսաւ բարեկարգութիւնը ջատագովել։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Բազմազան ուսուցումներու դէմ յանդիման գալով, Գափիթօ կը հաւատար թէ «իրենց քարոզչութիւնը դատելու լաւագոյն միջոցը Աստուածաշունչն էր, քանի որ միայն անիկա ստոյգ էր», կը գրէ պատմաբան Ճէյմս Մ. Քիթթլսըն։ Այսպիսով Գափիթօ եզրակացուց թէ գոյափոխութեան հաւատալիքը եւ սուրբերու մեծարումը անաստուածաշնչական էին (նկատի առ «Տե՛ս թէ ‘այս բաները ճի՞շդ են’» շրջանակը)։ 1523–ին, Գափիթօ արքեպիսկոպոսին հետ իր ունեցած երեւելի դիրքը ձգեց ու հաստատուեցաւ Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ, որ այդ ատեն կրօնական բարեկարգութեան մէկ կեդրոնն էր։
Սթրազպուրկի մէջ Գափիթոյի տունը դարձաւ տեղ մը, ուր հերձուածողները կը հանդիպէին եւ անկասկած շատ մը կրօնական նիւթեր ու աստուածաշնչական ուսուցումներ կը քննարկէին։ Թէեւ կարգ մը բարեկարգիչներ տակաւին Երրորդութեան վարդապետութիւնը կ’ընդունէին, սակայն ըստ գիրքի մը, Գափիթոյի գրութիւնները «Երրորդութեան վարդապետութեան նկատմամբ վերապահութիւն» ցոյց կու տան (The Radical Reformation)։ Ինչո՞ւ։ Գափիթօ տպաւորուած էր այն կերպով, որով սպանացի աստուածաբան Միքայէլ Սերվեթոս համարներ գործածեց Երրորդութիւնը հերքելուb։
Երրորդութիւնը մերժելը կրնար շատ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, ուստի Գափիթօ իր խորհուրդները հրապարակաւ արտայայտելու մէջ զգոյշ էր։ Սակայն, իր գրութիւնները կը թելադրեն, թէ գաղտնաբար Երրորդութեան վարդապետութիւնը հարցականի տակ դրած էր, նոյնիսկ նախքան Սերվեթոսի հանդիպիլը։ Յետագային, կաթողիկէ վարդապետ մը գրեց, թէ Գափիթօ եւ իր ընկերակիցները առանց եկեղեցիին մարտահրաւէր ուղղելու, «առանձնաբար քննարկեցին կրօնքի ամէնէն խորունկ խորհուրդները [եւ] մերժեցին սուրբ Երրորդութեան վարդապետութիւնը»։ Մէկ դար ետք, Գափիթօ դասուեցաւ Երրորդութեան դէմ գլխաւոր գրողներուն առաջինը։
Վոլֆկանկ Գափիթօ կը հաւատար թէ «Աստուածաշունչը անտեսելը» եկեղեցիին ձախողելուն հիմնական պատճառն էր
Գափիթօ կը հաւատար թէ Աստուածաշունչը ճշմարտութեան աղբիւրն էր։ «Թող որ Աստուածաշունչն ու Քրիստոսի օրէնքը աստուածաբանութեան մէջ միշտ գերիշխեն», նշեց ան։ Ըստ դոկտ. Քիթթլսընի, Գափիթօ «շեշտեց թէ միջնադարեան աստուածաբաններուն ձախողելուն հիմնական պատճառը այն էր, որ Սուրբ Գրութիւնները անտեսած էին»։
Երիտասարդ Մարթին Սէլարիուս (նաեւ ճանչցուած որպէս Մարթին Պոռհաուս), որ 1526–ին Գափիթոյի տունը մնաց, նմանապէս մեծ փափաք ունէր Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը սորվելու։
‘ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ’
Մարթին Սէլարիուսի Աստուծոյ գործերուն մասին գրքին անուանաէջը, որուն մէջ եկեղեցական ուսուցումները բաղդատեց Աստուածաշունչին հետ
Ծնած 1499–ին՝ Սէլարիուս աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան ժրաջան աշակերտ էր։ Ան Գերմանիոյ Ուիթենպերկի մէջ ուսուցանելու պաշտօն ընդունեց։ Քանի որ Ուիթենպերկը բարեկարգութեան օրրանն էր, Սէլարիուս շուտով ծանօթացաւ Մարթին Լուտերի եւ ուրիշներու, որոնք կ’ուզէին եկեղեցական ուսուցումները բարեկարգել։ Սէլարիուս ինչպէ՞ս պիտի կարենար զանազանել մարդկային գաղափարները աստուածաշնչական ճշմարտութիւններէն։
Գիրքի մը համաձայն, Սէլարիուս կը հաւատար թէ իսկական հասկացողութիւնը ձեռք կը ձգենք, եթէ «Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն կարդանք, համարները իրարու հետ յաճախ բաղդատենք եւ զղջումով աղօթենք» (Teaching the Reformation)։ Ան Աստուածաշունչը հետազօտելով ի՞նչ գտաւ։
Յուլիս 1527–ին, Սէլարիուս իր եզրակացութիւնները հրատարակեց գրքի մը մէջ, որուն խորագիրն էր Աստուծոյ գործերուն մասին։ Ան գրեց թէ եկեղեցական խորհուրդները, ինչպէս՝ գոյափոխութիւնը, լոկ խորհրդանշական էին։ Ըստ փրոֆէսոր Ռոպին Պարնզի, Սէլարիուսի գիրքը նաեւ «բացատրեց աստուածաշնչական մարգարէութիւններ, որոնք կը նշեն թէ համատարած աղէտներու ժամանակամիջոցի մը պիտի յաջորդէր տիեզերական բարեկարգում եւ բաւարարութիւն» (Բ. Պետրոս 3։10-13)։
Մասնաւորապէս ուշադրութեան արժանի էին Յիսուս Քրիստոսի բնոյթին նկատմամբ Սէլարիուսի հակիրճ նշումները։ Թէեւ ան ուղղակիօրէն չժխտեց Երրորդութիւնը, բայց «Երկնաւոր Հայրը» զանազանեց «անոր Որդիէն՝ Յիսուս Քրիստոսէն» եւ գրեց թէ Յիսուս Ամենակալ Աստուծոյ պատկանող բազմաթիւ աստուածներէն եւ որդիներէն մէկն էր (Յովհաննէս 10։34, 35)։
Ռապըրթ Ուալաս իր գրքին մէջ դիտել տուաւ, թէ Սէլարիուսի գրութիւնները չէին հետեւեր 16–րդ դարու Երրորդութեան սովորական վարդապետութեան (Antitrinitarian Biography, 1850)c։ Ուստի շատ մը ուսումնականներ կ’եզրակացնեն, թէ Սէլարիուս Երրորդութիւնը մերժած ըլլալու էր։ Ան նկարագրուած է որպէս Աստուծոյ գործիքներէն մէկը՝ «ճշմարիտ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի մասին գիտութիւն հաղորդելու»։
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՅՈՅՍ ՄԸ
Շուրջ 1527–ին, Ուիթենպերկի մէջ նաեւ հաստատուեցաւ աստուածաբան Եոհաննէս Գամփանուս, որ իր օրուան ամենամեծ ուսումնականներէն մէկը կը նկատուի։ Ան կրօնական բարեկարգումի կեդրոնը գտնուելով հանդերձ, Մարթին Լուտերի ուսուցումներէն դժգոհեցաւ։ Ինչո՞ւ։
Գամփանուս թէ՛ գոյափոխութեան եւ թէ համագոյակցութեան առարկեցd։ Հեղինակ Անտրէ Սեկէննիի համաձայն, Գամփանուս կը հաւատար թէ «Հացը որպէս նիւթ մի՛շտ հաց կը մնայ, բայց որպէս խորհուրդ՝ անիկա Քրիստոսի մարմինը կը խորհրդանշէ»։ 1529–ին, Մարպուրկի ժողովին ընթացքին, որ գումարուեցաւ այս հարցերը քննարկելու համար, Գամփանուսի չարտօնուեցաւ Աստուածաշունչէն իր գիտելիքները բաժնել։ Անկէ ետք, Ուիթենպերկի մէջ իր ընկերակից բարեկարգիչները իրմէ հեռացան։
Իր Վերականգնում գրքին մէջ, Եոհաննէս Գամփանուս Երրորդութեան վարդապետութիւնը հարցականի տակ դրաւ
Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին առնչութեամբ Գամփանուսի հաւատալիքները յատկապէս վրդովեցուցին բարեկարգիչները։ 1532–ին լոյս տեսած Վերականգնում խորագրով իր գրքին մէջ, Գամփանուս սորվեցուց թէ Յիսուս եւ իր Հայրը երկու տարբեր անձեր են։ Ան բացատրեց թէ Հայրը եւ Որդին «մէկ են», միայն այնպէս՝ ինչպէս ամուսինի ու կնոջ համար կ’ըսուի թէ «մէկ մարմին» են,– միացած, սակայն տակաւին երկու անձեր (Յովհաննէս 10։30. Մատթէոս 19։5)։ Գամփանուս նշեց թէ Աստուածաշունչը այս նոյն օրինակը կը գործածէ, ցոյց տալու թէ Հայրը Որդիին վրայ իշխանութիւն ունի. «Կնոջ գլուխը այր մարդն [է] եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կորնթացիս 11։3)։
Գամփանուս ի՞նչ ըսաւ սուրբ հոգիին մասին։ Ան դարձեալ Աստուածաշունչին դիմեց, գրելով. «Ո՛չ մէկ համար թիկունք կը կանգնի այն գաղափարին, թէ Սուրբ Հոգին երրորդ անձն է. . . Աստուծոյ հոգին կը նկատուի որպէս գործող, այսինքն Աստուած ամէն բան կը պատրաստէ եւ կը կատարէ իր հոգեւոր ուժով եւ գործունէութեամբ» (Ծննդոց 1։2)։
Լուտեր Գամփանուսը կոչեց Աստուծոյ հայհոյիչ եւ Աստուծոյ Որդիին ոսոխ։ Ուրիշ բարեկարգիչ մը պահանջեց որ Գամփանուս մահապատիժի ենթարկուի։ Այսուհանդերձ, ան անխախտ մնաց։ Ըստ գրքի մը, «Գամփանուս համոզուած էր թէ Աստուածութեան ու մարդուն նկատմամբ առաքեալներուն եւ աստուածաշնչական այս բուն հասկացողութիւնը կորսնցնելը, Եկեղեցիին ձախողութեան ետին կը կենայ» (The Radical Reformation)։
Գամփանուսի միտումը չէր կրօնական խումբ մը կազմակերպել։ Ան ըսաւ թէ ի զուր ճշմարտութիւնը փնտռեց «աղանդներուն եւ բոլոր հերետիկոսներուն մէջ»։ Ուստի կը յուսար որ կաթողիկէ եկեղեցին, վերականգնումի մը միջոցով, վերահաստատէր ճշմարիտ քրիստոնէական ուսուցումը։ Ի վերջոյ, կաթողիկէ հեղինակութիւնները զինք ձերբակալեցին, եւ հաւանաբար 20 տարի բանտարկուեցաւ։ Պատմաբաններ կ’ըսեն թէ ան մեռաւ շուրջ 1575–ին։
«ՔՆՆԵՑԷ՛Ք ԱՄԷՆ ԲԱՆ»
Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը, Գափիթոյին, Սէլարիուսին, Գամփանուսին եւ ուրիշներու թոյլ տուաւ որ ճիշդը սխալէն զանազանեն։ Թէեւ այս ճշմարտութիւն–փնտռողներուն կարգ մը եզրակացութիւնները Աստուածաշունչին հետ լիովին ներդաշնակ չէին, բայց անոնք խոնարհաբար Աստուածաշունչը հետազօտեցին եւ իրենց սորված ճշմարտութիւնը արժեւորեցին։
Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները յորդորեց. «Քննեցէ՛ք ամէն բան բարի՛ն ամուր բռնեցէք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21, ԱԾ)։ Քեզի օգնելու համար որ ճշմարտութիւնը փնտռես, Եհովայի վկաները հրատարակած են Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ խորագրով գիրքը։
a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունուար 2012 թիւը, էջ 13-14, պարբերութիւն 14-17։
b Միքայէլ Սերվեթոսի մասին տեղեկութիւններ տրուած են Զարթի՛ր–ի մայիս 2006 թիւին մէջ, էջ 18-21 (անգլերէնով), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
c Քրիստոսին ակնարկելու համար Սէլարիուսի գործածած «աստուած» բառին նկատմամբ, գիրքը կ’ըսէ. «Անիկա տպուած է deus եւ ոչ թէ Deus, որ գործածուած է միայն Գերակայ Աստուծոյ ակնարկելու»։
d Ըստ բառարաններուն, գոյափոխութիւն. «Սուրբ Պատարագի հացն ու գինին սրբագործումով կը փոխուին Քրիստոսի մարմինին ու արեան»։ Իսկ համագոյակցութիւն. «Քրիստոսի ներկայութիւնը հաղորդութեան մէջ, ըստ Լուտերի»։