Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ քեզմէ պահանջուի որ չշարունակես քարոզել։
Կարգ մը պարագաներուն, ոստիկաններ ծառայութեան մէկ երեսակին մասնակցող հրատարակիչներու մօտեցած են, նշած են թէ անոնք օրէնքը կը բեկանեն, եւ պահանջած են որ քարոզելէ դադրին։ Եթէ ասիկա պատահի, անմիջապէս եւ քաղաքավարօրէն թաղամասէն հեռացիր (Մատ. 5։41. Փլպ. 4։5)։ Մի՛ փորձեր հարցը անձամբ լուծել, մեր օրինական իրաւունքներուն մասին վիճելով։ Եթէ կարելի է, փափկանկատօրէն ոստիկանին լանջանշանին թիւը եւ շրջավայրին թիւը առ։ Անկէ ետք, փութով երէցներուն իմացուր, որոնք իրենց կարգին մասնաճիւղը տեղեակ պիտի պահեն այս հարցէն։ Նոյնպէս, եթէ շէնքի մը կամ համալիրի մը պահակը կամ ներկայացուցիչը քեզմէ խնդրէ որ դուրս ելլես, պէտք է անմիջապէս ենթարկուիս եւ երէցներուն իմացնես։ Հեղինակութիւն ունեցողներուն հետ հեզ ու խոնարհ կերպով վարուելով, կրնանք անհարկի դժուարութիւններէ խուսափիլ (Առ. 15։1. Հռով. 12։18)։