Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 7/1 էջ 4-6
  • Ինչո՛ւ ոմանք իրենց կրօնքը կը փոխեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՛ւ ոմանք իրենց կրօնքը կը փոխեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դժուար Հարցումներու Պատասխաններ
  • Ի՞նչ Է Կեանքի Նպատակը
  • Կեանքի Խնդիրներուն Հետ Գլուխ Ելլել
  • Աստուծոյ Հետ Սերտ Յարաբերութիւն
  • Շիտակ Կրօնքին Արժէքը Մեծ Է
  • Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Շիտակ կրօնքը գտա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Շիտակ կրօնքը ճանչնալուն հետ պատասխանատուութիւնը կ’ընկերանայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 7/1 էջ 4-6

Ինչո՛ւ ոմանք իրենց կրօնքը կը փոխեն

Շատերու համար, կրօնքը պարզապէս պիտակ մըն է։ Անիկա կրնայ նշել թէ անհատ մը պարբերաբար ո՛ւր կ’երթայ Կիրակի օրերը, ո՛ւր կ’ամուսնանայ եւ ո՛ւր պիտի թաղուի։ Բայց անիկա չ’ըսեր թէ ինք ինչպիսի անհատ մըն է կամ ինչ գիտէ եւ ինչ կը հաւատայ։ Օրինակի համար, փորձագիտանք մը կը յայտնէ թէ դաւանեալ Քրիստոնեաներուն 50 տոկոսը չի գիտեր թէ Լերան Քարոզը ո՛վ տուաւ։ Հակառակ անոր որ Հնդիկ համբաւաւոր առաջնորդ Մոհանտէս Կանտին անգամ, Հինտու մը ըլլալով, ասիկա գիտէր։

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ՞ է որ մարդիկ կրօնքէն քաշուին, երբ անոնցմէ շատեր քիչ բան գիտեն իրենց հաւատալիքներուն մասին։ Ո՛չ։ Ասիկա անխուսափելի ալ չէ։ Անոնք որոնք Աստուածաշունչի մասին գիտութիւն ստանալու համար օգնութիւն ընդունած են, յաճախ ապշած են տեսնելով անոր օգուտները։ Աստուածաշունչը ինք կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17

Իրենց հոգեւոր անօթութեան յագեցում չստացող անհատներ ի՞նչ պէտք է ընեն։ Անոնք պէտք չէ դադրին Աստուծոյ ծառայելէ։ Հապա Աստուածաշունչին պէտք է դիմեն եւ տեսնեն թէ Աստուած ինչ կը մատուցանէ իրենց։

Դժուար Հարցումներու Պատասխաններ

Եօթը տարեկանին, Պէրնթ իր մօրը մահը տեսաւ։a Իր մանկութեան մնացեալ տարիներուն ան հարց կու տար. ‘Մայրս ո՞ւր է։ Ինչո՞ւ առանց մօր պէտք է մեծնամ’։ Իր պատանեկութեան, Պէրնթ եռանդուն եկեղեցի յաճախող մըն էր։ Մարդկութեան տառապանքով հետաքրքրուած ըլլալով, ան ուզեց նուազ բարգաւաճ երկիրներու օժանդակող աշխատաւոր մը ըլլալ։ Սակայն, ան տակաւին հարցումներ ունէր, որոնց իր եկեղեցին չէր կրցած գոհացուցիչ պատասխան մը հայթայթել։

Պէրնթ այս մասին խօսեցաւ դասընկերոջ մը, որ պատահեցաւ որ Եհովայի Վկայ մըն էր։ Այս պատանին Աստուածաշունչէն ցոյց տուաւ Պէրնթի թէ իր մայրը անգիտակից էր եւ մահուան մէջ կը ննջէր։ Պէրնթ ասիկա բացատրող Աստուածաշունչի շատ մը համարներ սորվեցաւ, ինչպէս Ժողովողի 9։5–ը. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ Ուստի, Պէրնթ այլեւս պատճառ չունէր մտահոգուելու թէ իր մայրը քաւարանի կամ աւելի վատ վայրի մը մէջ կը տառապէ՛ր թէ ոչ։ Թէեւ գրեթէ բոլոր կրօնքները կը սորվեցնեն հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը, Պէրնթ Աստուածաշունչէն տեսաւ որ մարդկային հոգին՝ անձը ինքն է։ Երբ անհատ մը մեռնի, հոգին ալ կը մեռնի։ «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։—Եզեկիէլ 18։4

Պէրնթ սորվեցաւ նաեւ մեռելներու հոյակապ ակնկալութեան մասին։ Անձամբ Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց գրքին մէջ կարդաց. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Ան մեծապէս խայտաց, երբ հասկցաւ որ այս յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ հոս երկրի վրայ, զոր Աստուած դրախտի մը պիտի վերածէ։—Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4

Կարճ ժամանակուան մէջ, Պէրնթի հոգեւոր անօթութիւնը յագեցաւ, Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեամբ։ Պէրնթ կրօնքէն ձեռք չքաշեց։ Պարզապէս ձգեց այն եկեղեցին որ իր անօթութեան յագեցում չէր տար եւ պաշտամունքի տարբեր կերպ մը որդեգրեց, որ Աստուածաշունչին վրայ հաստատուած էր։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա 14 տարի առաջ էր եւ այս առած քայլիս համար բնաւ չեմ զղջացած։ Հիմա գիտեմ որ Ստեղծիչը տառապանք չի պատճառեր։ Այս դրութեան աստուածը Սատանան է եւ մեզ շրջապատող պայմաններուն համար ինք մեղադրելի է։ Բայց Աստուած շուտով հատուցում պիտի ընէ Սատանայի աշխարհին կողմէ կատարուած բոլոր վնասներուն։ Մայրս ալ յարութեամբ պիտի վերադառնայ։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ»։

Պատահականօրէն, Պէրնթ ուրիշներուն օգնելու համար օտարութեան մէջ աշխատելու իր նպատակին հասաւ։ Ան օտար երկրի մը մէջ կ’աշխատի, ուրիշներուն օգնելով որ իրենց թշուառութեան իրական լուծումը եղող Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվին։ Պէրնթի նման, միլիոնաւորներ սորված են որ Աստուած շատ շուտով վերջ պիտի դնէ մարդկային տառապանքին։ Անոնք կը հրճուին տեսնելով որ կա՛յ կրօնք մը, որ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գոհացում կու տայ։—Մատթէոս 5։3, ՆԱ։

Ի՞նչ Է Կեանքի Նպատակը

Մինչ Արեւմտեան աշխարհը երթալով աշխարհիկ կը դառնայ, շատեր հարց կու տան. ‘Ի՞նչ է կեանքի նպատակը’։ Ասոր պատասխանը Աստուածաշունչին մէջ պէտք է գտնել, ինչպէս Մայքըլը հասկցաւ։ 1970–ական թուականներու կիսուն, Մայքըլ ուզեց ահաբեկչական խումբի մը միանալ։ Ան կեանքի մէջ մէկ նպատակ ունէր. իր թիրախը դարձնել բոլոր անոնք որոնք դրամատիրական համակարգի անարդարութիւններուն պատասխանատու են։ Ան կ’ըսէ. «Առանց ատրճանակիս տունէն դուրս չէի ելլեր։ Իմ ծրագիրս էր կարելի եղածին չափ երեւելի քաղաքագէտներ եւ դրամատէրեր սպաննել։ Պատրաստ էի կեանքս տալու այս հարցին համար»։

Մայքըլ եկեղեցի յաճախող մըն էր, բայց իր եկեղեցիէն ոեւէ մէկը իրեն չէր բացատրած կեանքի նպատակը։ Ուստի, երբ Եհովայի Վկաները իր տունը այցելեցին եւ Աստուածաշունչէն իր հարցումներուն պատասխանները տուին, Մայքըլ ուշադիր մտիկ ըրաւ։ Ան սկսաւ իր շրջանի Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախել։

Աստուածաշունչի հանդէպ Մայքըլի նոր գտած հետաքրքրութիւնը իր ընկերներուն ուշադրութիւնը գրաւեց։ Մայքըլ անոնց ըսաւ. «Այս Կիրակի ժողովի եկէք։ Քիչ մը կեցէք, եթէ ձեր լսած բաները չհաւնիք՝ կրնաք տուն երթալ»։ Այսպէս ալ պատահեցաւ. 45 վայրկեան սուրբ գրային դասախօսութիւն մը լսելէ ետք, իր ընկերներէն շատերը գացին։ Բայց անոնցմէ մէկը՝ Սիւզանը՝ մնաց։ Այս երիտասարդուհին իր լսած բաներէն հմայուած էր։ Հետագային Մայքըլը եւ Սիւզանը ամուսնացան եւ մկրտուեցան որպէս Եհովայի Վկաներ։ Մայքըլ կ’ըսէ. «Հիմա գիտեմ թէ ինչո՛ւ երկրի վրայ կը գտնուինք։ Եհովան մեզ ստեղծած է եւ կեանքին իրական նպատակն է զինք ճանչնալ ու իր կամքը կատարել։ Ասի՛կա է որ իրական գոհունակութիւն կու տայ»։

Միլիոնաւոր անհատներ Մայքըլի համոզումը կը բաժնեն։ Անոնք Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքերուն սրտանց ուշադրութիւն կ’ընծայեն. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13

Կեանքի Խնդիրներուն Հետ Գլուխ Ելլել

Բոլորս ալ կը տեսնենք Բ. Տիմոթէոս 3։1–ի մարգարէութեան կատարումը. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Ոեւէ մէկը այս «չար ժամանակներ»ու խնդիրներէն չի կրնար խուսափիլ։ Սակայն Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ անոնց հետ գլուխ ելլենք։

Նկատի առէք զոյգի մը՝ Սթիվընի եւ Ալիվի՝ պարագան։ Երբ անոնք Եհովայի Վկաներու հետ սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, անոնք՝ ինչպէս շատեր՝ ամուսնական խնդիրներ ունէին։ Սթիվըն կը բացատրէ. «Իրարմէ կը հեռանայինք։ Իրարմէ տարբեր նպատակակէտեր եւ հետաքրքրութիւններ ունէինք»։ Ի՞նչ բան օգնեց որ անոնք իրարմէ չբաժնուին։ Սթիվըն կը շարունակէ. «Եհովայի Վկաները մեզի ցոյց տուին թէ ի՛նչպէս կրնայինք Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել։ Առաջին անգամ ըլլալով, սորվեցանք թէ ի՛նչ կը նշանակէ անձնասէր չըլլալ եւ հոգածու ըլլալ։ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը մեզ իրարու հետ շաղախեց։ Հիմա ուրախ ու կայուն ամուսնութիւն մը կը վայելենք»։

Աստուծոյ Հետ Սերտ Յարաբերութիւն

Վերջերս կատարուած Կէլափի փորձագիտանքին համաձայն, Ամերիկացիներուն 96 տոկոսը Աստուծոյ կը հաւատայ, եւ անոնցմէ շատեր կ’աղօթեն ալ։ Սակայն, տարբեր փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ որ յիսուն տարուան մէջ եկեղեցի եւ հրէական ժողովարան յաճախողներուն թիւը նուազագոյնի իջած է։ Ամերիկացիներուն 58 տոկոսը կ’ըսէ թէ ամիսը անգամ մը, կամ անկէ նուազ յաճախ, եկեղեցի կ’երթայ։ Շատ յստակ է որ կրօնքը մարդիկը Աստուծոյ չէ մօտեցուցած։ Իսկ ասիկա միայն Միացեալ Նահանգներու խնդիրը չէ։

Լինտան Պավարիոյ մէջ մեծցած է։ Ան Կաթողիկէ հաւատացեալ մը եւ կանոնաւոր աղօթող մըն էր, բայց միեւնոյն ժամանակ ապագայէն կը վախնար։ Ան ո՛չ մէկ բան գիտէր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին։ 14 տարեկանին, Լինտան Եհովայի Վկաներու հանդիպեցաւ, ուստի ան կը գրէ. «Ինչ որ ըսին՝ հետաքրքրական թուեցաւ, ուստի, Աստուածաշունչ բացատրող երկու գրականութիւն ընդունեցի եւ անմիջապէս կարդացի զանոնք»։ Երկու տարի ետք, Լինտան սկսաւ Եհովայի Վկաներու հետ Աստուածաշունչ ուսումնասիրել։ «Աստուածաշունչէն ի՛նչ որ կը սորվէի Աստուծոյ մասին՝ իմաստալից էր», կ’ըսէ ան։ Լինտան իր եկեղեցիէն հրաժարեցաւ եւ 18 տարեկանին մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի Վկայ մը։

Ի՞նչ բան մղեց որ Լինտա իր կրօնքը փոխէ։ Ան կը բացատրէ. «Իմ եկեղեցիս ինծի օգնեց որ տեսնեմ թէ Աստուած մը կայ եւ սորվեցայ անոր հաւատալ։ Բայց ինծի համար Աստուած հեռաւոր եւ ոչ–անձնական մէկն էր։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, ոչ միայն Աստուծոյ հանդէպ իմ հաւատքս հաստատեց, այլ նաեւ ինծի օգնեց որ զինք ճանչնամ ու սիրեմ։ Հիմա ես Աստուծոյ հետ թանկագին անձնական յարաբերութիւն մը ունիմ, որ որեւէ բանէ աւելի արժէքաւոր է»։

Շիտակ Կրօնքին Արժէքը Մեծ Է

Ձեր կրօնքը ձեզի հոգեւոր ուղղութիւն կու տայ եւ կը ցուցնէ՞ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ օգնել ձեզի որ կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէք։ Անիկա Աստուածաշունչի տուած ապագայի յոյսը կը սորվեցնէ՞։ Անիկա Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած, ձեզ Ստեղծիչին հետ սերտ ու անձնական յարաբերութեան մէջ կը բերէ՞։ Եթէ ո՛չ՝ մի՛ հրաժարիք։ Փոխանակ կրօնքէն ձեռք քաշելու, փնտռեցէք պաշտամունքի ա՛յն կերպը, որ հաստատուած է Աստուածաշունչին վրայ։ Այդ պարագային, Եսայեայ գրքին մէջ մարգարէացուած անհատներուն նման պիտի ըլլաք. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, . . . իմ ծառաներս պիտի խմեն, . . . իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, . . . իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան’»։—Եսայեայ 65։13, 14

[Ստորանիշ]

a Յօդուածին մէջի կարգ մը անունները փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 4]

Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ Աստուած ճանչնանք ու զինք սիրենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել