Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 7/1 էջ 3
  • Անոնք ինչո՞ւ կրօնքը կը ձգեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնք ինչո՞ւ կրօնքը կը ձգեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մարդիկ Ինչո՛ւ կը Մերժեն Կրօնքը
  • Կրօնքը ի՞նչ օգուտներ ունի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 7/1 էջ 3

Անոնք ինչո՞ւ կրօնքը կը ձգեն

ՏԱՍՆԻՆՆԵՐՈՐԴ դարու կիսուն, գրեթէ լսուած բան մը չէր որ Փրուսիոյ (ներկայիս հիւսիսային Գերմանիա) բնակիչներէն մէկը ըսէր որ ինք մասնայատուկ կրօնքի մը չէր պատկաներ։ Արդարեւ, երբ անհատ մը գլխաւոր կրօնքէ մը զատուելով այլադաւան եկեղեցիի մը հետեւէր, ոստիկանութեան հսկողութեան ենթակայ կ’ըլլար։ Ժամանակները որքա՜ն փոխուած են։

Ներկայիս, մեծ թիւով Գերմանացիներ կը հրաժարին եկեղեցիներէն։ Տեղեկագրութեան համաձայն, չորսէն մէկը կը դաւանի որեւէ կրօնքի չպատկանիլ։ Նոյն հոսանքը կը տեսնուի Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ։ Եթէ կրօնքի մը կենսարիւնը անոր անդամակցութիւնն է, ուրեմն, Գերմանացի գրող Ռէյմըր Կրօնէմայըրի արտայայտութեան համաձայն, «Եւրոպայի եկեղեցիները մահացու կերպով արիւն կը կորսնցնեն»։

Մարդիկ Ինչո՛ւ կը Մերժեն Կրօնքը

Ինչո՞ւ շատեր կը մերժեն աւանդական կրօնքները։ Յաճախ, նիւթական պատճառներով, մասնաւորաբար այն երկիրներու մէջ, ուր անդամներէն պահանջուած է եկեղեցական տուրք վճարել։ Շատեր կ’ըսեն. ‘Ծանր աշխատանքով շահած վաստակս ինչո՞ւ եկեղեցիին պիտի երթայ’։ Ոմանք եկեղեցիին հսկայական հարստութեան եւ հեղինակութեան ի տես կ’ընդվզին։ Անոնք շատ հաւանաբար համաձայն են Գերմանիոյ Գոլոնյը քաղաքի Կարդինալ՝ Եոագիմ Մէյսնէրի՝ խօսքերուն հետ, թէ եկեղեցիին հարստութիւնը պատճառ եղած է որ անիկա շատ աւելի ուշադրութիւն ընծայէ նիւթական բաներու եւ «բաւական լուրջի չառնէ Քրիստոսի հաւատք ընծայելը»։

Կարգ մը անհատներ եկեղեցին կը ձգեն, քանի որ զանիկա անհամ, անհետաքրքիր, եւ իրենց հոգեւոր անօթութիւնը յագեցնելու անկարող կը գտնեն։ Անոնք Ամովս մարգարէին նախագուշակած սովէն կը տառապին. «Ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը»։ (Ամովսեայ 8։11) Քանի որ անոնք իրենց կրօնքէն շատ քիչ սնունդ կը ստանան, անոր համար զայն կը լքեն։

Թէեւ մարդոց դիմագրաւած խնդիրները վաւերական են, բայց շիտա՞կ է բոլոր կրօնքներէն ձեռք քաշել։ Երեւակայեցէք անօթի մարդ մը, որ կը կարծէ հացի նկանակ մը տեսնել։ Երբ փորձէ ուտել, կը տեսնէ որ անիկա սղոցուքով շինուած է։ Ուտելու ու իր անօթութիւնը յագեցնելու գաղափարէն պիտի հրաժարի՞։ Ո՛չ, ուրիշ իրական ուտելիք պիտի փնտռէ։ Նոյն կերպով, եթէ կրօնք մը իր անդամներուն հոգեւոր անօթութիւնը չի յագեցներ, անոնք կրօնքէն ամբողջովին ձե՞ռք պէտք է քաշեն։ Իմաստութիւն պիտի չըլլա՞ր իրենց հոգեւոր անօթութիւնը յագեցնելու այլ կերպ մը փնտռել։ Շատեր ասիկա ըրած են, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել