Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 2/1 էջ 3-5
  • Հպարտութեան գինը ո՞րքան բարձր է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հպարտութեան գինը ո՞րքան բարձր է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խոնարհութեան Դաս մը
  • Ամբարտաւանութեան Գինը
  • Թոյլ Մի՛ Տաք Որ Հպարտութիւնը Ձեզ Հիւծէ
  • Արժանապատուութիւնը Ինքնահաւանութեան Դէմ
  • Կրնա՛ս Սատանային դէմ պայքարիլ եւ յաղթել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ի՞նչպէս կրնաք իսկական խոնարհութիւն ցոյց տալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ընդօրինակուելու արժանի խոնարհութեան տիպարներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Հպարտ փարաւոնը առանց գիտնալու Աստուծոյ նպատակին կը ծառայէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 2/1 էջ 3-5

Հպարտութեան գինը ո՞րքան բարձր է

ԱՐԴԵՕՔ բնաւ գործ ունեցա՞ծ էք անհատի մը հետ որ փորձած է ձեզ նուաստացնել։ Կրնայ ըլլալ որ տնօրէն մը, գործատէր մը, տեսուչ մը կամ նոյնիսկ ազգական մը ըլլայ ան, որ վերէն նայեցաւ ձեր վրայ եւ շատ արհամարհանքով վարուեցաւ ձեր հետ։ Ի՞նչ զգացիք այդ անհատին հանդէպ։ Անոր անձնաւորութիւնը հաճելի թուեցա՞ւ ձեզի։ Վստահաբա՛ր ոչ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հպարտութիւնը սահմաններ կը դնէ եւ հաղորդակցութիւնը կը խզէ։

Հպարտութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը ուրիշ բոլոր անհատներուն ցած աչքով նայի, որպէսզի ինք միշտ գերադաս նկատուի։ Այսպիսի կեցուածք ունեցող անհատ մը հազուադէպօրէն լաւ բան մը կրնայ ըսել ուրիշի մը մասին։ Անիկա միշտ բացասական նախադասութիւն մը ունի. «Այո, անիկա կրնայ ճիշդ ըլլալ, բայց ան այսինչ խնդիրը, կամ այնինչ թերութիւնը ունի»։

Ոսկեղէն Խորհուրդներ՝ Արծաթեայ Բառերով (Անգլերէն) գրքին մէջ, հպարտութիւնը նկարագրուած է որպէս «միշտ պարտութեան մատնող մոլութիւն մը։ Անիկա անհատը կ’ուտէ, հիանալու համար բան մը չձգելով»։ Զարմանալի՞ է որ ոեւէ մէկը հանգիստ չի զգար հպարտ անհատի մը հետ։ Իրապէս, հպարտութեան գինը յաճախ՝ իրական բարեկամներու նուազութիւնն է։ Բայց նոյն գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Ասոր հակառակը, աշխարհ խոնարհները կը սիրէ, ոչ թէ անոնք որ հպարտ են իրենց խոնարհութեան համար, հապա՝ իրական խոնարհները»։ Տեղին ըլլալով Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի»։—Առակաց 29։23

Բարեկամութեան, կամ մարդոց կողմէ մեծարուելու վրայ անոր ունեցած ազդեցութենէն աւելի, հպարտութիւնը ի՞նչպէս Աստուծոյ հետ մէկու մը յարաբերութեան կ’ազդէ։ Աստուած ի՞նչպէս կը նկատէ հպարտը, բարձրամիտը եւ սնապարծը։ Արդեօք հպարտութիւնը կամ խոնարհութիւնը տարբերութիւն կ’ընէ՞ իրեն համար։

Խոնարհութեան Դաս մը

Առակացի ներշնչեալ գրողը կը նշէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։ Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է»։ (Առակաց 16։18, 19) Այս խօսքերուն իմաստութիւնը իրապէս կը հաստատուի Սուրիացի զօրավար Նէեմանի պարագայով, որ Իսրայելացի Եղիսէ մարգարէին օրերուն կ’ապրէր։

Նէեման բորոտ էր։ Դարմանի ետեւէ ըլլալով, ան Սամարիա գնաց, խորհելով Եղիսէի հետ անձնական տեսակցութիւն մը ունենալ։ Սակայն, մարգարէն անոր ղրկեց իր ծառան, Նէեմանի ըսելու որ երթայ ու Յորդանան գետին մէջ եօթը անգամ լուացուի։ Այս վերաբերմունքը եւ խրատը նախատական թուեցան Նէեմանի։ Մարգարէն ինչո՞ւ անձամբ դուրս գալով իր հետ չխօսեցաւ, փոխանակ իր ծառան ղրկելու։ Իսկ անշո՛ւշտ որ սուրիական որեւէ գէտ շատ աւելի լաւ էր Յորդանանէն։ Իր խնդիրը հպարտութիւնն էր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Բարեբախտաբար ան իրեն տրուած իմաստուն խրատը մտիկ ըրաւ։ «Այն ատեն անիկա իջաւ ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ»։—Դ. Թագաւորաց 5։14

Երբեմն քիչ մը խոնարհութենէն մեծ օգուտներ կը ստացուին։

Ամբարտաւանութեան Գինը

Հպարտութեան մեզմէ պահանջած գինը կարգ մը օգուտներ կամ շահեր կորսնցնելէն շատ աւելի բարձր է։ Հպարտութեան տարբեր աստիճան մը կայ, որ Յունարէն հիվրիս բառին կցորդուած է։ Յունարէնի մասնագէտ Պարգլէյի համաձայն, «հիվրիս–ը հպարտութեան ու անգթութեան խառնուրդ մըն է . . . , ամբարտաւան գոռոզութիւն, որ պատճառ կ’ըլլայ որ անհատ մը իր նմաններուն սիրտը ճզմէ»։

Աստուածաշունչին մէջ այսպիսի չափազանցուած հպարտութեան յստակ օրինակ մը կայ։ Անիկա Ամմոնի թագաւորին, Անոնի պարագան է։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը կը բացատրէ. «Իրեն հանդէպ Նաասի ցուցաբերած ազնուութեան փոխարէն, Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց, որպէսզի Անոնը մխիթարեն իր հօրը կորուստին վրայով։ Բայց անոր իշխանները դրդեցին որ ասիկա պարզապէս պատրուակ մըն էր Դաւիթի կողմէ, որպէսզի քաղաքը լրտեսէր. ան համոզուելով ասկէ, Դաւիթի ծառաները անպատուեց, անոնց մօրուքին կէսը ածիլել ու հանդերձները մինչեւ նստելիք տեղը կտրել տալով, ապա ղրկեց զանոնք»։a Այս դէպքին նկատմամբ, Պարգլէյ կ’ըսէ. «Այս վերաբերմունքը հիվրիս [ամբարտաւանութիւն] մըն էր։ Անիկա միանգամայն անարգանք, նախատանք, հանրապէս նուաստացում մըն էր»։—Բ. Թագաւորաց 10։1-5

Այո, հպարտ անհատ մը կրնայ ամբարտաւան, լիրբ ըլլալ, ուրիշները նուաստացնել։ Ան հաճոյք կը զգայ ուրիշի մը սառնութեամբ ու զգացումները անտեսելով վիրաւորելէ, ապա այդ անհատին անհանգստութիւնը եւ խայտառակութիւնը զմայլանքով կը դիտէ։ Սակայն, ուրիշի մը արժանապատուութիւնը նուաստացնելը կամ քանդելը երկսայրի սուր մըն է։ Անիկա պատճառ կ’ըլլայ որ բարեկամ մը կորսնցնենք եւ շատ հաւանաբար թշնամի մը շահինք։

Ոեւէ ճշմարիտ Քրիստոնեայ ի՞նչպէս կրնայ այսպիսի վնասաբեր հպարտութիւն մը ցուցաբերել, երբ իր Տէրը պատուիրած է որ ան ‘իր դրացին պէտք է սիրէ իր անձին պէս’։ (Մատթէոս 7։12. 22։39) Անիկա ամբողջովին հակառակ է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի նախասիրած բաներուն։ Ասոր շուրջ Պարգլէյ հետեւեալ լուրջ դիտողութիւնը կ’ընէ. «Հիվրիս–ը հպարտութիւն մըն է որ կը ձգէ որ մարդ մը Աստուծոյ ասպարէզ կարդայ»։ Անիկա հպարտութիւն մըն է որ կ’ըսէ՝ «Աստուած չկայ»։ (Սաղմոս 14։1) Կամ, ինչպէս Սաղմոս 10։4–ն կ’ըսէ. «Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր. անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ»։ Այսպիսի հպարտութիւն կամ բարձրամտութիւն, անհատ մը կը հեռացնէ ոչ միայն բարեկամներէ եւ ազգականներէ, այլ նաեւ՝ Աստուծմէ։ Վճարուած գինը ի՜նչ բարձր է։

Թոյլ Մի՛ Տաք Որ Հպարտութիւնը Ձեզ Հիւծէ

Հպարտութիւնը շատ մը երեսակներ կրնայ ունենալ. անիկա կրնայ ազգայնամոլութենէ, ցեղապաշտութենէ, դասակարգի տարբերութիւններէ, ուսումէ, հարստութենէ, համբաւէ եւ հեղինակութենէ ծագում առնել։ Այս կամ այն կերպով, հպարտութիւնը կրնայ ներթափանցել ձեր մէջ եւ հիւծել ձեր անձնաւորութիւնը։

Շատեր խոնարհ կը թուին, երբ իրենցմէ գերադաս անհատներու կամ իրենց հաւասար եղող անհատներու հետ գործ կ’ունենան։ Բայց երբ երեւութապէս խոնարհ անհատ մը հեղինակաւոր դիրք մը ունենայ, ի՞նչ կը պատահի։ Յանկարծ ան բռնակալ մը կը դառնայ եւ իր ձեռքին տակ եղողներուն համար կեանքը անտանելի կը դարձնէ։ Ասիկա կրնայ պատահիլ կարգ մը անհատներու, երբ հեղինակութիւն յիշեցնող համազգեստ մը կամ լանջանշան մը հագնին։ Նոյնիսկ կառավարական պաշտօնեաներ կրնան հպարտանալ, երբ գործ կ’ունենան հանրութեան հետ, խորհելով որ հանրութիւնը պէտք է իրենց ծառայէ, եւ ոչ թէ փոխադարձաբար։ Հպարտութիւնը կրնայ ձեզ բիրտ, անզգայ դարձնել, իսկ խոնարհութիւնը՝ հեզահոգի դարձնել։

Յիսուս կրնար իր աշակերտներուն հետ հպարտութեամբ ու կոշտութեամբ վարուիլ։ Ան կատարեալ մարդ մըն էր, Աստուծոյ Որդին, եւ իր գործը անկատար, անխոհեմաբար վարուող, անշրջահայեաց հետեւորդներու հետ էր։ Սակայն, ան ի՞նչ հրաւէր տուաւ իրեն մտիկ ընողներուն։ «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30

Ջանք կը թափե՞նք որ միշտ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։ Թէ ոչ կը նկատենք որ կոշտ, անթեք, բռնատիրական, անգութ եւ հպարտ ենք։ Յիսուսի նման, փորձեցէք ուրիշները հանգստացնել եւ ոչ թէ ճնշել։ Հպարտութեան հիւծող ազդեցութեան դէմ դրէք։

Վերոյիշեալ բաներուն ի տես, արդեօք ամէն տեսակ հպարտութիւն սխա՞լ է։

Արժանապատուութիւնը Ինքնահաւանութեան Դէմ

Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան–ի համաձայն, հպարտութիւնը «արժանիքներու գիտակցութիւն, արժանապատուութեան զօրաւոր զգացում» ալ է։ Արժանապատուութիւն կը նշանակէ ձեր անձին հանդէպ յարգանք ունենալ։ Անիկա կը նշանակէ որ դուք հոգ կ’ընէք թէ ուրիշներ ձեր մասին ի՛նչ կը խորհին։ Ձեր երեւոյթին եւ ձեր համբաւին հոգ կը տանիք։ Սպանական առած մը կ’ըսէ. «Ըսէ թէ որու հետ կը քալես, ըսեմ քեզի թէ դուն ո՛վ ես»։ Եթէ նախընտրէք ընկերակցիլ այնպիսի անհատներու հետ, որոնք թափթփած, ծոյլ, անճոռնի են ու աղտոտ բերան ունին, այդ պարագային դուք ալ անոնց պիտի նմանիք։ Անոնց շարժուձեւէն պիտի վարակուիք եւ անոնց նման, դուք ալ ձեր արժանապատուութիւնը պիտի կորսնցնէք։

Անշուշտ կայ միւս ծայրայեղութիւնը. հպարտութիւն մը որ ինքնահաւանութեան կամ սնապարծութեան կ’առաջնորդէ։ Յիսուսի օրերուն, դպիրներն ու Փարիսեցիները իրենց աւանդութիւններով եւ չափազանց կրօնական երեւոյթով հպարտ էին։ Յիսուս անոնց դէմ զգուշացուց. «Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները [աւելի բարեպաշտ երեւնալու համար]. ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։ Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ»։—Մատթէոս 23։5-7

Պատշաճ հպարտութիւնը, ուրեմն, հաւասարակշռուած կեցուածք մըն է։ Յիշեցէք նաեւ որ Եհովան սրտին կը նայի եւ ոչ թէ դրսերեւոյթին։ (Ա. Թագաւորաց 16։7. Երեմեայ 17։10) Ինքնարդարացումը Աստուծոյ արդարութեան հետ չի համեմատիր։ Բայց հետեւեալ հարցը կը ծագի. Ի՞նչպէս կրնանք իսկական խոնարհութիւն մշակել եւ հպարտութեան բարձր գինը վճարելէն խուսափիլ։

[Ստորանիշ]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկար՝ էջ 4]

Քիչ մը խոնարհութիւնը Նէեմանի մեծ օգուտներ բերաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել