Ի՞նչպէս կրնաք իսկական խոնարհութիւն ցոյց տալ
ԻՍԿԱԿԱՆ խոնարհութիւնը մեծ արժէք ունի Աստուծոյ աչքին։ Յակոբոս գրեց. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Յակոբու 4։6) Հոս, Յակոբոս հաւանաբար ակնարկութիւն կ’ընէր, Եբրայերէն Գրութիւններու մէջ արտայայտուած կարգ մը մտքերուն։ «Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ»։ «Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ»։ «Յիրաւի Անիկա [Աստուած] ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Սաղմոս 138։6. Եսայեայ 2։11. Առակաց 3։34
Պետրոս առաքեալ ալ խոնարհութիւնը քաջալերեց։ Ան գրեց. «Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. Պետրոս 5։5
Քրիստոսի Խոնարհութեան Օրինակը
Կրնաք հարցնել, խոնարհ ըլլալուն մէջ ի՞նչ առաքինութիւն կամ առաւելութիւն կայ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեայ ըլլալու ջանք թափող անհատի մը համար ասոր պատասխանը հիմնական է. խոնարհ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի նման ըլլալ։ Յիսուս իր խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ ընդունելով երկնային ոլորտէն երկիր գալու անզուգական նշանակումը. ան խոնարհ մարդ մը եղաւ՝ հրեշտակներէն ցած։ (Եբրայեցիս 2։7) Թէեւ ինք Աստուծոյ Որդին էր, ան կրօնական թշնամիներուն կողմէ իր վրայ տեղացած նուաստացումներուն տոկաց։ Ան փորձութեան ժամանակ իր հանդարտութիւնը պահեց, հակառակ անոր որ կրնար լեգէոն մը հրեշտակներ օգնութեան կանչել։—Մատթէոս 26։53
Վերջապէս, Յիսուս անարգական կերպով տանջանքի ցիցին վրայ կախուեցաւ, բայց իր Հօրը հաւատարիմ մնաց։ Հետեւաբար, Պօղոս կրցաւ իր մասին գրել. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։—Փիլիպպեցիս 2։5-8
Ուստի, մենք ի՞նչպէս կրնանք իսկական խոնարհութիւն ցոյց տալ։ Գործնական կեանքի մէջ, ի՞նչպէս կրնանք խոնարհօրէն եւ ոչ թէ հպարտօրէն հակազդել։
Խոնարհ Անհատ մը Ի՛նչպէս կը Հակազդէ
Հիմա խոնարհութեան գործնական կողմերը նկատի առնենք, ըլլայ գործի մէջ կամ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ Գործ մը գլուխ հանելու համար, անհրաժեշտ է որ տեսուչներ, տնօրէններ եւ վերակացուներ ըլլան. մէկը որ որոշումներ պէտք է կայացնէ։ Ի՞նչպէս կը հակազդէք։ Արդեօք դուք ձեզի կ’ըսէ՞ք. «Ինք ո՞վ է որ ինծի ըսէ թէ ինչ պիտի ընեմ։ Ես իրմէ աւելի հին եմ այս գործին մէջ»։ Այո, եթէ հպարտ էք, ենթարկուիլը ձեզի պիտի նեղացնէ։ Իսկ միւս կողմէ, խոնարհ անհատ մը ‘բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով չ’ըներ, հապա խոնարհութիւնով ուրիշները իր անձէն լաւ կը սեպէ’։—Փիլիպպեցիս 2։3
Ի՞նչպէս կը հակազդէք, երբ թելադրութիւնը գայ ձեզմէ երիտասարդ մէկէ մը, կամ կնոջմէ մը։ Եթէ խոնարհ էք, գոնէ նկատի պէտք է առնէք զայն։ Եթէ հպարտ էք, պիտի ընդվզիք, կամ անմիջապէս պիտի մերժէք։ Կը նախընտրէք գովաբանութիւնը եւ շողոքորթութի՞ւնը որ ձեզի կործանումի կ’առաջնորդէ, թէ ոչ օգտակար խրատներ՝ որոնք ձեր կերտումին կը նպաստեն։—Առակաց 27։9. 29։5
Հակառակութեան մարտահրաւէրին կը տոկա՞ք։ Խոնարհութիւնը ձեզ կարող պիտի ընէ, որ դժուար պարագաներու տոկաք եւ համբերէք, Յոբի նման։ Եթէ հպարտ էք, պիտի ընդվզիք եւ թերեւս վշտալի պարագաներու եւ ենթադրեալ անարգանքներուն դիմաց պիտի ըմբոստանաք։—Յոբայ 1։22. 2։10. 27։2-5
Խոնարհ Անհատ մը Սիրալիր եւ Ներող Է
Կարգ մը անհատներ չեն կրնար ըսել՝ «Կը ներես, սխալեցայ։ Իրաւունք ունիս»։ Ինչո՞ւ։ Շա՛տ հպարտ են։ Սակայն, շատ յաճախ անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրելով ամուսնացած զոյգերու միջեւ վէճը կրնայ դիւրութեամբ վերջ գտնել։
Երբ մէկը ձեզ վիրաւորէ, կ’ուզէ՞ք ներել, թէ ոչ հպարտութեամբ ոխ կը պահէք, թերեւս օրերով ու ամիսներով, մերժելով խօսիլ այդ ենթադրեալ վիրաւորողին հետ։ Արդեօք նոյնիսկ վրէժի մասին կը մտածէ՞ք, նոյնիսկ ջանալով փոխադարձել ըրածը։ Կարգ մը վրէժխնդրութիւններու մէջ մարդիկ մեռած են։ Ուրիշներու մէջ, անհատին վարկը կորսնցնելու կերպեր գործածուած են։ Ասոր հակառակը, խոնարհ անհատ մը սիրալիր եւ ներող է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սէրը իրեն եղած վնասին հաշիւը չի պահեր։ Եհովա պատրաստ էր Իսրայելացիներու ներելու, եթէ անոնք իրենց հպարտութիւնը մեռցնէին։ Յիսուսի հետեւող խոնարհ անհատ մը սիրայօժար կերպով կը ներէ, նոյնիսկ կրկնուած սխալներու։—Յովելեայ 2։12-14. Մատթէոս 18։21, 22. Ա. Կորնթացիս 13։5
Խոնարհ անհատ մը ‘պատուելու մէջ առաջ կը նետուի’։ (Հռովմայեցիս 12։10, Երուսաղէմ) Անթիլիասի Թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ. «Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք»։ Ուրիշները կը գովէ՞ք եւ անոնց կարողութիւնները եւ տաղանդները կը գնահատէ՞ք։ Թէ ոչ անոնց վրայ միշտ թերութիւն մը կը գտնէք, որպէսզի անոնց համբաւը աւրէք։ Այո, կարո՞ղ էք անկեղծօրէն ուրիշները գովել։ Եթէ այս ուղղութեամբ դժուարութիւն ունիք, թերեւս ձեր խնդիրը անապահովութիւնը եւ հպարտութիւնն է։
Հպարտ անհատ մը անհամբեր է։ Խոնարհ անհատ մը համբերատար եւ երկայնամիտ է։ Ձեր մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Որեւէ աննպաստ վերաբերմունքի դիմաց անմիջապէս կը կճուի՞ք։ Այսպիսի վերաբերմունք մը, երկայնամիտ ըլլալուն հակառակն է։ Եթէ խոնարհ էք, դուք ձեր վրայ շատ մեծ համարում պէտք չէ ունենաք։ Յիշեցէք թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, երբ Յիսուսի աշակերտները իրենք իրենց վրայ շատ մեծ համարում ունեցան. անոնք տաք վիճաբանութեան բռնուեցան թէ իրենցմէ ո՛վ ամենակարեւորն էր։ Անոնք մոռցան որ բոլորն ալ «անպիտան ծառաներ» էին։—Ղուկաս 17։10. 22։24. Մարկոս 10։35-37, 41
Ֆրանսացի գրող Վոլթէր, խոնարհութիւնը կը նկարագրէ որպէս «հոգիի համեստութիւն . . . հպարտութեան հակաթոյնը»։ Այո, խոնարհութիւնը՝ հեզաբարոյ ըլլալ է։ Խոնարհ անհատ մը հեզահոգի է եւ ոչ՝ հպարտ։ Ան խոր կերպով յարգալից եւ բարեկիրթ է։
Ուստի, ինչո՞ւ պէտք է ջանանք խոնարհ ըլլալ։ Քանի որ Աստուած կը հաճի խոնարհութեան եւ անիկա մեզի կ’օգնէ որ աստուածային առաջնորդութիւնը ունենանք։ Մասամբ Դանիէլի խոնարհութեան պատճառաւ էր որ Եհովա այս մարգարէն նկատեց «սիրելի», եւ հրեշտակի մը միջոցաւ իրեն տեսիլք մը ղրկեց։ (Դանիէլ 9։23. 10։11, 19) Խոնարհութիւնը շատ մը վարձատրութիւններ կը բերէ։ Անիկա ձեզ սիրող իրական բարեկամներ կու տայ։ Ասկէ աւելին, անիկա Եհովայի օրհնութեան կ’արժանացնէ։ «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առակաց 22։4
[Նկար՝ էջ 7]
Ներողութիւն հայցող խոնարհ բառ մը կեանքը աւելի կը դիւրացնէ