Վերադառնանք Ուր Որ Հետաքրքրութիւն Գտանք
1 Մեզմէ շատեր յաջողութիւն ունեցած են պարբերաթերթեր եւ գրքոյկներ բաշխելուն մէջ, անպաշտօն կերպով կամ վերայցելութիւններու ատեն։ Կարեւոր է որ վերադառնանք ու փորձենք յաւելեալ հետաքրքրութիւն շարժել։ Ասիկա յաջողութեամբ ընելը կախեալ է մեր լաւ նախապատրաստութենէն վերայցելելէ առաջ։
2 Յիշեցէք որ պատանիներուն մեծամասնութիւնը մտահոգ է նոյն բաներուն շուրջ որոնք չափահասները կը մտահոգեն։ Զարթի՛րի Մայիս թիւերը յօդուածներ ունին որոնք ընթացիկ խնդիրները կը քննեն պատանիներուն տեսանկիւնէն դիտուած։ Այս յօդուածները ներատեսութիւն կը հայթայթեն որ կրնայ պատանիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն, օգնել որ գնահատեն ինչ որ իսկական արժէք ունի կեանքին մէջ։
3 Եթէ խոստացած էք վերադառնալ բերելով Մայիս 8 «Զարթի՛ր»ը, կրնաք ըսել.
◼ «Վերջին անգամ խօսակցեցանք պզտիկներուն յոյսին մասին։ Մեր դեռատիները ստիպուած են մեծնալ աշխարհի մը մէջ որ չնչին յոյս կը մատուցանէ ապագային նկատմամբ։ Անոնցմէ շատեր իրենց դժգոհութիւնը ցոյց կու տան ըմբոստ ընթացքով։ Բայց կան ոմանք որոնք իրենց հաւասարակշռութիւնը կը պահեն ու բարձր իտէալներու կը կառչին։ Այս ամենավերջին Զարթի՛րը կը բացատրէ թէ ինչպէս աշխարհի պզտիկներուն խնդիրներուն վերջնական լուծումը կը պահանջէ գերմարդկային կարողութիւն մը, զոր միայն Աստուած կրնայ հայթայթել։ Կը խորհիմ որ պիտի գնահատէք այս թիւին բովանդակութիւնը»։
4 Կրնաք Մայիս 15 «Դիտարան»ը ներկայացնել, այս մօտեցումը գործածելով.
◼ «Ես վայելեցի մեր վերջին հակիրճ խօսակցութիւնը Աստուածաշունչին մասին։ Մինչ անհատներ Աստուածաշունչը ունին իրենց տան մէջ, շատեր կը զգան որ ա՛յնքան զբաղած են որ ժամանակ չունին զայն կարդալու։ Սակայն, Բ. Պետրոս 1։21–ին մէջ կը գտնենք գլխաւոր պատճառ մը Աստուածաշունչը կարդալու։ [Եթէ ձեռքի տակ է, ազնուօրէն խնդրեցէք որ իր Աստուածաշունչը բերէ ու համարը ստուգէ։] Ինչ որ ճշմարիտ է Սուրբ Գրոց մարգարէութեան առնչութեամբ, շիտակ է նաեւ Աստուածաշունչին մնացած մասերուն նկատմամբ։ Դիտարանին այս թիւը գեղեցիկ կերպով նկատի կ’առնէ Եհովա Աստուծոյ վեհ խորհուրդները»։
5 Երբ վերադառնաք, թերեւս տեղեկանաք թէ տանտէրը իր կրօնական գրականութիւնը կը ստանայ ու կը զգայ թէ անիկա բաւարար է։ Կրնաք ըսել.
◼ «Ինչ որ ալ ըլլայ մեր կրօնքը, բոլորս ալ ազդուած ենք շատ մը նոյն մտահոգութիւններէն՝ ոճիրէն, լուրջ հիւանդութենէն, միջավայրի խնդիրներէն՝ այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուէք որ մեկնաբանէ։] Կը խորհի՞ք որ որեւէ իրական լուծում մը կայ այս խնդիրներուն։ [Կարդացէք Բ. Պետրոս 3։13։] Շատ անհատներ՝ որոնք Եհովայի Վկաներ չեն՝ հաճոյք կ’առնեն մեր գրականութիւնները կարդալով, անոնց բովանդակած յուսատու պատգամին պատճառաւ որ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած է»։ Եթէ տանտիրոջ ընդառաջումը նպաստաւոր է, բացատրեցէք մեր տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը։
6 Կրնաք այս մօտեցումը որդեգրել.
◼ «Երբ վերջին անգամ հոս էի, խօսակցեցանք մեր աշխարհին ապագայ հեռանկարներուն մասին։ Ի՞նչ կը խորհիք այս տեղեկագրին մասին։ [Յիշեցէք մամուլէն ընթացիկ մտահոգեցուցիչ լուր մը։] Երբ մարդիկ այսպիսի բաներ կը լսեն, հարց կու տան թէ այս աշխարհը դէպի ո՛ւր կ’ընթանայ, այդպէս չէ՞։ Մենք կը հաւատանք որ այսպիսի բաներ ցոյց կու տան թէ կ’ապրինք ‘վերջին օրեր’ուն մէջ որոնք գուշակուած են Աստուածաշունչին մէջ, Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ին մէջ»։ Գլխաւոր կէտեր կարդալէ ետք, կրնաք հարցնել թէ ան տեսա՞ծ է այդ նկարագրութեան յարմարող անհատներ։ Շարունակեցէք նկատի առնելով կէտեր «Վերջին Օրեր» նիւթէն, Պատճառաբանել գրքին մէջ։
7 Եթէ լաւ կերպով նախապատրաստուինք եւ անկեղծ փափաք յայտնենք օգնելու, կրնանք վստահ ըլլալ որ պարկեշտ սիրտ ունեցողները պիտի լսեն։—Յովհ. 10։27, 28