Դաշտի Ծառայութեան Նշանակալից Ժողովներ
1 Ղուկաս 10։1-11–ին մէջ, ժողովի մը արձանագրութիւնը ունինք զոր Յիսուս ըրաւ նոր նշանակուած 70 աշակերտներուն հետ, որպէսզի անոնց օգնէ որ դաշտի ծառայութեան պատրաստուին։ Ան մասնայատուկ հրահանգներ հայթայթեց անոնց օգնելու որ կազմակերպուին, պատրաստեն ինչ որ պիտի ըսեն եւ ձեռք առնեն դժուար պարագաներ։ Կրնանք սորվիլ քննելով այս արձանագրութիւնը։
2 Բացայայտօրէն բոլոր 70 աշակերտները Յիսուսին հետ ժողովին ներկայ էին։ Շատ ժամանակ կը վատնուի դաշտի ծառայութեան ժողովներուն եթէ կարգ մը անհատներ սովորաբար ուշ կու գան։ Անոնց ուշ հասնիլը յաճախ անհրաժեշտ կը դարձնէ ետ կազմակերպել ինքնաշարժի խումբերը ինչպէս նաեւ թաղմասի նշանակումները։ Ասիկա ընդհանրապէս պատճառ կ’ըլլայ որ ամբողջ խումբը ուշանայ։ Բոլորս ալ կրնանք մեր բաժինը կատարել ճիշդ ժամանակին հասնելով եւ պատրաստ ըլլալով որ արագօրէն ուղղուինք դէպի թաղմաս։
3 Յիսուս խումբին տուաւ խօսակցութեան մասնայատուկ բնաբան մը գործածելու համար, այսինքն՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ (Ղուկ. 10։9) Նշանակուած ենք նոյն պատգամը քարոզելու եւ սովորաբար կը գնահատենք օգտակար առաջարկներ մեր ըսելիքին նկատմամբ։ Վարիչը կրնայ Պատճառաբանել գրքին ակնարկել, որ կը ներկայացնէ աւելի քան 40 տարբեր բացումներ եւ յարմար սուրբ գրային համարներ, զորս կարելի է գործածել այլազան պարագաներու մէջ։ Համառօտ վերաքաղ մը մէկ կամ երկու ներկայացումներու, կրնայ մեզի օգնել որ ըսելիք բան մը ի մտի ունենանք, կարելի դարձնելով որ աւելի ինքնավստահ կերպով խօսինք դռներու առջեւ։
4 Յիսուս իր աշակերտներուն ոչ միայն ըսաւ թէ ի՛նչ ըսեն, այլ նաեւ՝ ինչպէ՛ս ըսեն։ (Ղուկ. 10։5, 6) Ծառայութեան Ժողովին յայտագրին մէջ ներկայացուած ցուցադրութիւնները մեզի ցոյց կու տան թէ ինչպէս կրնանք ազդեցիկ կերպով արտայայտուիլ։ Վարիչը կրնայ վերաքաղ ընել ինչ որ ներկայացուեցաւ վերջին ժողովին մէջ եւ թելադրութիւններ տալ թէ ինչպէս կարելի է այդ օրը զայն գործածել ծառայութեան մէջ։ Նախապատրաստուած կարճ ցուցադրութիւն մը սուրբ գրային պարզ ներկայացումի մը մասին, կրնայ մեզի օգնել որ մեր խորհուրդները կեդրոնացնենք ու զանոնք արտայայտենք։
5 Յիսուս նաեւ խրատեց իր աշակերտները իրենց անձնական վարքին նկատմամբ։ (Ղուկ. 10։7, 8) Վարիչը նմանապէս կրնայ մեզի ուղղակի խրատ տալ, մեզի օգնելու որ խուսափինք որեւէ բանէ որ կրնայ մեր գործը նսեմացնել։ Ան կրնայ մեզ զգուշացնել որ փողոցներու անկիւնները չհաւաքուինք կամ հակառակորդներու հետ վիճելով ժամանակ չվատնենք։ Ան թերեւս մեզի վերյիշեցնէ որ պէտք է ճշգրիտ տունէ–տուն արձանագրութիւն մը պահենք։ Ծնողներուն թերեւս վերյիշեցում տրուի որ իրենց զաւակներուն վրայ ուշադրութեամբ հսկեն։
6 Յիսուսի հրահանգներուն հետ 70 աշակերտները համագործակցեցան եւ ետքը «դարձան ուրախութեամբ»։ (Ղուկ. 10։17) Եթէ ընդառաջենք այն ուղղութեան զոր կը ստանանք դաշտի ծառայութեան ժողովներուն, մենք ալ կրնանք յաւելեալ ուրախութիւն ակնկալել Թագաւորութեան պատգամը քարոզելուն մէջ։—Գործք 13։48, 49, 52