Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/95 էջ 2
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Թերթիկներ գործածէ, բարի լուրը տարածելու համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • ՅԻՇԵՑԷՔ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼԸ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • ԹԵՐԹԻԿՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ՕԳՏԱՇԱՏ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ՁԵՌՔ ՁԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 3/95 էջ 2

Հարցումի Տուփ

◼ Վկայելու գործին մէջ մեր գործածած գործիքներուն ի՞նչ ուշադրութիւն պէտք է որ ընծայենք։

1 Թէեւ Սուրբ Գրային յարմար ներկայացում մը ունի իր մտքին մէջ, բարի լուրի հրատարակիչ մը կրնայ անպատրաստ ըլլալ իր գործածած գործիքներուն առնչութեամբ։ Երբ դուռի մը առջեւ է, ան թերեւս ընթացիկ ներկայացուելիք գրականութիւնը չունի։ Անոր վկայութեան պայուսակին մէջ եղած պարբերաթերթերը, գրքոյկները եւ թերթիկները թերեւս ճմռթկուած կամ պատռուած են։ Ան թերեւս չի կրնար գտնել մատիտ մը կամ տունէ–տուն արձանագրութիւնը, քանի որ իր պայուսակը պատշաճօրէն չէ կազմակերպուած։ Կարեւոր է որ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայէք ձեր գործիքներուն դաշտի ծառայութեան մասնակցելէ առաջ։

2 Լաւ զինուած վկայութեան պայուսակ մը ի՞նչ իրեր պէտք է պարունակէ։ Աստուածաշունչ մը անհրաժեշտ է։ Տունէ–տուն արձանագրութիւններէն քանակ մը ներփակեցէք։ Վստահ եղէք որ ունիք այն գրականութիւնը որ ամսուան մէջ պիտի ներկայացուի։ Հարկ կայ նաեւ պարբերաթերթերու ընթացիկ թիւերուն, ինչպէս նաեւ թերթիկներուն եւ գրքոյկներուն։ Պատճառաբանել գիրքը ձեր հետ կրեցէք։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին վերջին թիւը ունենալը թոյլ պիտի տայ ձեզի որ առաջարկուած ներկայացումները վերաքաղ ընէք դուռը զարնելէ առաջ։ Երբ կ’աշխատիք թաղամասի մը մէջ ուր հաւանաբար պիտի հանդիպիք օտար լեզու խօսող անհատներու, լաւ է որ ձեր հետ ունենաք Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար գրքոյկը։ Երիտասարդներու համար ծրագրուած մեր գրականութիւններէն մէկը ունենալը, ձեզի պիտի օգնէ որ պատրաստուած ըլլաք պատանիներու հետ խօսակցելու։

3 Գործածուած ամէն բաները պէտք է կոկիկ կերպով դրուած ըլլան ձեր պայուսակին մէջ։ Պայուսակը ինքնին պայման չէ որ նոր ըլլայ, բայց պէտք է մաքուր ու լաւ վիճակի մէջ ըլլայ։ Ձեր վկայութեան պայուսակը ձեր գործիքներէն մէկն է զորս կը գործածէք բարի լուրը յայտարարելու։ Զանիկա կոկիկ վիճակի մէջ պահեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել