Ամենէն Կարեւոր Դէպքը Մարդկային Պատմութեան Մէջ
1 Յիսուս երկիր եկաւ իր Հօր կողմէ ղրկուելով որպէսզի յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութեան վկայէ։ (Յովհ. 18։37) Անոր հաւատարմութիւնը մինչեւ մահ Եհովան պատուեց, Աստուծոյ անունը սրբացուց եւ փրկանքը հայթայթեց։ (Յովհ. 17։4, 6) Այս պատճառով Յիսուսի մահը ամենէն կարեւոր դէպքն է մարդկային պատմութեան մէջ։
2 Ադամի ստեղծագործութենէն ի վեր, այս երկրագունդին վրայ միայն երկու կատարեալ մարդեր ապրած են։ Ադամ ի վիճակի էր իր անծին սերունդին հոյակապ օրհնութիւններ բերելու։ Փոխարէն, ան անձնասիրաբար ըմբոստացաւ, զանոնք դատապարտելով թշուառ գոյութեան մը որ մահով վերջ պիտի գտնէր։ Երբ Յիսուս եկաւ, կատարեալ հաւատարմութիւն ու հնազանդութիւն ցուցաբերեց, յաւիտենական կեանքի պատեհութիւնը մատուցանելով բոլոր անոնց որոնք հաւատք ի գործ կը դնեն։—Յովհ. 3։16. Հռովմ. 5։12
3 Ուրիշ ոչ մէկ դէպք կարելի է բաղդատել Յիսուսի զոհաբերական մահուան հետ։ Անիկա մարդկային պատմութեան ընթացքը փոխեց։ Անիկա հիմը հայթայթեց միլիառաւոր մեռեալներ յարուցանելու։ Անիկա հիմ դրաւ յաւիտենական Թագաւորութեան մը որ ամբարշտութեան վերջ պիտի դնէ եւ երկիրը դրախտի մը պիտի վերածէ։ Անիկա ի վերջոյ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի ազատագրէ ամէն տեսակ կեղեքումէ ու գերութենէ։—Սաղմ. 37։11. Գործք 24։15. Հռովմ. 8։21, 22
4 Այս բոլորը մեզի կ’օգնէ որ գնահատենք թէ ինչո՛ւ Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ իր մահը յիշատակեն տօնակատարելով Յիշատակատօնը ամէն տարի։ (Ղուկ. 22։19) Գնահատելով անոր կարեւորութիւնը, հաճոյքով կը սպասենք հաւաքուիլ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն հետ համայն աշխարհի մէջ Ուրբաթ օրը՝ Ապրիլ 14–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այդ ժամանակէն առաջ, լաւ է որ ընտանեօք կարդանք Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը Յիսուսի վերջին օրերուն մասին երկրի վրայ եւ ճշմարտութեան համար իր քաջ կեցուածքին մասին։ (Յանձնարարուած մասերը յիշուած են մեր 1995–ի Օրացոյց–ին մէջ, Ապրիլ 9–14։) Ան մեզի օրինակ հանդիսացաւ մեր Ստեղծիչին նուիրուելուն մէջ։ (Ա. Պետ. 2։21) Մեր կրցածին չափ ջանանք հրաւիրել մեր բարեկամները եւ ազգականները, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի աշակերտները եւ ուրիշ հետաքրքրուողները, այս կարեւոր հանդիպումին։ Առաջուընէ բացատրեցէք ինչ որ տեղի պիտի ունենայ եւ խորհրդանիշերուն նշանակութիւնը։—Ա. Կորն. 11։23–26
5 Երէցները պէտք է առաջուընէ ծրագրեն որ վստահ ըլլան թէ Թագաւորութեան Սրահը կոկիկ ու մաքուր է։ Պէտք է կարգադրել որ մէկը խորհրդանիշերը պատրաստէ։ Խորհրդանիշերը հրամցնելը պէտք է լաւ կազմակերպուած ըլլայ։ Դիտարան Փետրուար 15, 1985–ի Անգլերէն թիւին մէջ, էջ 19, օգտակար թելադրութիւններ տրուեցան թէ ինչպէ՛ս կրնանք յարգանք ցոյց տալ Տիրոջ Ընթրիքին հանդէպ։ Շատ յարմար պիտի ըլլայ որ ժողովքը կարգադրութիւն ընէ դաշտի ծառայութեան ընդարձակ գործունէութեան համար Յիշատակատօնէն առաջ ու վերջ եղած մի քանի օրերուն ընթացքին։
6 Անցեալ տարի, համայն աշխարհի մէջ 12,288,917 անհատներ ներկայ եղան այս կարեւոր դէպքին տօնակատարութեան։ Քանի որ անիկա ամենէն կարեւոր օրն է մեր օրացոյցին մէջ, պէտք է բոլորս ալ ներկայ ըլլանք։