ՏՕՆԱԿԱՏԱՐԵԼ ԱՅՆ ՄԱՀԸ ՈՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՅՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ
1 Ապրիլ 6, 1993–ին, արեւնամուտէն ետք պիտի տօնակատարենք կենաց Առաջնորդին մահը։ (Գործք 3։15) Արդարեւ, մեծապէս յարմար է Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու մահը յիշատակել։ Յաւիտեան ապրելու մեր յոյսը կը վերաբերի Յիսուսին թափած արեան հետ։
2 Յիշատակատօնը կը շեշտէ Քրիստոսի մահուան կարեւորութիւնը Եհովայի նպատակը կատարուելուն մէջ։ Այդ նպատակը կը պարփակէ Ադամի սերունդը փրկելու պէտք եղած կատարեալ մարդկային զոհաբերութիւնը հայթայթել, կարելի դարձնելով միլիառաւորներու որ հաւատք ընծայեն եւ յաւիտեան ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։—Յովհ. 3։16
3 Ճշմարտութիւնը եւ կեանքը սիրողները հաճոյքով կը սպասեն Տիրոջ Ընթրիքը տօնակատարել, հնազանդելով Յիսուսի պատուէրին։ (Ղուկ. 22։19) Ի՞նչ կրնանք անհատապէս ընել Քրիստոսի փրկանքի զոհին հայթայթումին համար մեր երախտապարտութիւնը ցուցաբերելու։ Նկատի առնելով այս տօնակատարութեան կարեւորութիւնը, լաւ կազմակերպուած ըլլալը շատ կարեւոր է։ Ի՞նչ պատրաստութիւններ կը տեսնէք այս մասնաւոր առիթին համար։
4 Նախապատրաստութիւնը Անհրաժեշտ Է. Անշուշտ, վստահ պիտի ըլլանք թէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամը ներկայ պիտի գտնուի։ Պէտք է նաեւ մտովի պատրաստուինք, կարդալով եւ խոկալով Աստուածաշունչի այն մասերուն վրայ որոնք նշուած են 1993–ի Օրացոյցին մէջ, Ապրիլ 1–6–ի ներքեւ։ Յարմար պիտի ըլլայ Ապրիլ 6–էն առաջ մեր անձնական եւ ընտանեկան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ տեղեկութիւններ պարփակել Յիշատակատօնին կարեւորութեան մասին։ Ծրագրեցէք կանուխ հասնիլ եւ կարճ ժամանակ մնալ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը վերջանալէ ետք, այնպէս որ առիթ ունենաք նորեկներուն բարի գալուստ մաղթելու, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուին։
5 Յիշատակատօնէն շաբաթներ առաջ, այս տօնակատարութեան հրաւիրեցէք ձեր ճանչցած բոլոր հետաքրքրուած անհատները։ Ցանկ մը պատրաստեցէք թէ որոնց կ’ուզէք հրաւիրել։ Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ փոխադրութեան միջոցներ ունի՞ն։ Եթէ ոչ, ի՞նչ կրնաք ընել անոնց օգնելու։ Եթէ ձեր ինքնաշարժին մէջ յաւելեալ տեղ ունիք, ինչո՞ւ չհարցնէք երէցներուն եթէ հարկ կայ անհատ մը ձեր հետ առնելու։
6 Քանի որ ասիկա տարուան ամենակարեւոր տօնակատարութիւնն է եւ կ’ակնկալուի որ մեծ թիւով ներկաներ ըլլան, երէցները պէտք է մասնաւոր նախապատրաստութիւններ կատարեն։ (Ա. Կորն. 14։40) Ապրիլ 6–էն մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, երէցները պիտի կարգադրեն մասնաւոր ժողով մը այն եղբայրներուն հետ որոնք պատասխանատուութիւն պիտի վերցնեն տօնակատարութեան ընթացքին, վստահ ըլլալու թէ անոնք կը հասկնան աթոռներու կարգադրութիւնը եւ ինչպէս խորհրդանիշերը պիտի հրամցուին։ Եթէ նշանակուած էք որպէս հիւրընկալ կամ հրամցնող մը տօնակատարութեան ընթացքին, վստահ եղէք այս հարցերուն նկատմամբ երէցներուն տուած ուղղութիւններուն սերտօրէն հետեւելու։ Էջ 7–ին վրայ շրջագիծին մէջ եղած յիշեցնողները նկատի առնելով, երէցները կրնան վստահ ըլլալ թէ առաջուընէ հոգ տարուած է բոլոր կարգադրութիւններուն որոնք կը վերաբերին հիւրընկալներուն, հրամցնողներուն, խորհրդանիշերուն եւ դասախօսին հետ։
7 Քրիստոսի եղբայրներէն միայն մի քանի հոգի մնացած են երկրի վրայ այսօր, եւ մօտ ապագային, Տիրոջ Ընթրիքին տօնակատարութիւնը իր վերջը պիտի գտնէ։ (Ա. Կորն. 11։25, 26) Այնքան ատեն որ մեր առանձնաշնորհումն է այսպէս ընել, թող որ շարունակենք յարմարօրէն տօնակատարել այն մահը որ յաւիտենական կեանքի յոյս կու տայ։