Ծառայութեան Ժողովներ Փետրուար Ամսուան Համար
Փետրուար 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Անգամ մը Եւս Չկրկնուելիք Գործին մէջ Բաժին Բերենք»։ Հարց պատասխանով։ Եթէ ժամանակը թոյլատրէ, պարփակէ կէտեր առնուած՝ Ծանուցանողներ գրքին էջ 714–715, «Շարունակել Արթուն Կենալ—Ի՞նչպէս» յօդուածէն։
20 վյրկ. «Բարի Լուրը Ներկայացնենք Ստիպողականութեան Զգացումով»։ (Պարբերութիւն 1–5) Առաջին պարբերութեան մասին հակիրճ մեկնաբանութիւններ ընելէ ետք, բաժինը ունեցող եղբայրը երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ 2–5–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէ։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն թելադրուած ներկայացումներուն աչքառու կէտերը, ապա ցոյց կու տան թէ ի՛նչու ասոնք կամ նոյնանման ներկայացումներ ազդու կրնան ըլլալ տեղական թաղամասին մէջ։ Հրատարակիչները կարգով ներկայացումները փորձ կ’ընեն։ Ատենապետը կը գովէ զանոնք, ներկայացումները աւելի ազդու ըլլալու համար կերպեր կը թելադրէ ու նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշելու նկատմամբ վերյիշեցումներ կ’ընէ։ Ապա ներկաներէն կը խնդրէ որ ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտին հասնելու մասին կերպեր առաջարկեն։ Ի վերջոյ Գիտութիւն գրքէն ուսումնասիրութիւն մը ի՛նչպէս սկսելու մասին մասնայատուկ գաղափարներ կու տայ։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
10 վյրկ. «Բարի Լուրը Ներկայացնենք Ստիպողականութեան Զգացումով»։ (Պարբերութիւն 6–8) Ցուցադրէ 6–7–րդ պարբերութիւններուն ներկայացումները։ Հո՛ն ուր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, վերայցելութիւն ընելու կարիքը շեշտէ։
30 վյրկ. «100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ կ’Ուզուին»։ Ծառայութեան տեսուչը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ յօդուածը։ Շեշտէ էջ 3–ի շրջագիծը։ Վերաքաղ ըրէ էջ 6–ի յայտագիրներու նմոյշները։ Իւրաքանչիւր մկրտուած հրատարակիչ պէտք է անհատապէս ու աղօթքով նկատի առնէ թէ ինք կարո՞ղ է մէկ կամ աւելի ամիսներ որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Չմկրտուած հրատարակիչներ ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը կրնան ընդլայնել, իւրաքանչիւր ամսուան համար ժամերու իրենց անհատական նպատակակէտը դնելով։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յիշէ ընթացիկ պարբերաթերթերէն հետաքրքրական խօսակցական կէտեր, որոնք այս շաբաթ ծառայութեան մէջ կրնան գործածուիլ։
13 վյրկ. «Յիշատակատօնը—Մե՜ծ Կարեւորութիւն Ունեցող Դէպք մը»։ Հարց պատասխանով։ Քաջալերէ որ ամբողջ Մարտ ամիսը մասնայատուկ ամիս մը դարձնենք, անոր ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայելով։ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերու գործածութիւնը շեշտէ։
22 վյրկ. Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւններ Սկսինք։ Վերջին ամիսներուն, հարիւր հազարաւոր գրքեր տեղաւորուեցան։ Ասիկա աւելի մեծ թիւով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու հիմ մը կը հայթայթէ։ Վերաքաղ ըրէ տեղական ժողովքին իրագործումները՝ գրքեր ու այլ գրականութիւններ տեղաւորելու մէջ։ Քաջալերէ հրատարակիչները որ ամէն ցուցաբերուած հետաքրքրութիւն հետապնդեն։ Խնդրէ մի քանի հրատարակիչներէ որ պատմեն թէ իրենց կողմէ յատկապէս ի՛նչ ջանք պահանջուեցաւ, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Շեշտէ թէ աշակերտելը մեր յանձնարարութեան կենսական մէկ մասն է։ (Մատթ. 28։19, 20) Ասիկա կրնանք ազդուօրէն ընել եթէ ջանանք գործադրել 1996 Յունիս–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականին մէջ յիշուած թելադրութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
18 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծանուցանէ Մարտ ամսուան ընթացքին բոլոր օժանդակ ռահվիրաներուն անունները։ Բացատրէ թէ տակաւին ուշ չէ դիմումնագիր մը ներկայացնելու։ Բոլորը քաջալերէ որ Շաբաթ՝ 1 Մարտին, լիովին մասնակցութիւն բերեն դաշտի ծառայութեան։ Յիշեցուր հաւաքավայրերու յաւելեալ կարգադրութիւնները, որոնք տեղականօրէն պիտի ըլլան Մարտ ամսուան ընթացքին։ Ուշադրութեամբ նկատի առ Հարցումի Տուփը։
12 վյրկ. «Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Մեր Ազգականներուն Մասին»։ Ամուսնացած զոյգ մը յօդուածը միասնաբար նկատի կ’առնէ ու կ’որոշէ թէ ի՛նչ կերպով բարի լուրը պիտի ներկայացնէ անհաւատ ազգականներու։—Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1990, էջ 26–28։
15 վյրկ. Վերաքաղ Ըրէք Մարտ Ամսուան Ընթացքին Ներկայացուելիք Գրականութիւնը՝ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հակիրճօրէն նկատի առ արդի ընկերութեան մէջ ընտանիքի քայքայման ետին գտնուող պատճառները։ (Տես՝ Դիտարան 1 Յունուար 1993, էջ 4–6։) Վերաքաղ ըրէ գրքին բովանդակութիւնը, էջ 3–ի վրայ։ Ներկաները հրաւիրէ որ ընտրեն գլուխներ, որոնք կրնան ներկայացումի մը հիմ հայթայթել։ Ուշադրութիւն հրաւիրէ իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան օգտակար եղող վերաքաղի շրջագծին։ Խնդրէ ատակ հրատարակիչէ մը որ ցուցադրէ ի՛նչպէս գիրքը ներկայացնել։ Բոլորին յիշեցուր որ այս գրքէն օրինակներ առնեն շաբաթավերջին գործածելու համար, ինչպէս նաեւ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշեն զանոնք տեղաւորելու ժամանակ։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։