Անփորձ Անհատներուն Օգնենք Որ Հասկնան
1 Աշակերտելու գործին միջոցաւ, մարդոց կը սորվեցնենք թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Ասիկա ընելը հսկայական ջանք կը պահանջէ, ինչ որ կ’իրագործուի համայն աշխարհի մէջ՝ աւելի գան հինգ միլիոն Վկաներու կողմէ։ Յաջողութիւնը չի չափուիր տրամադրուած ժամերով, տեղաւորուած գրականութիւններով կամ սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելով։ Մեր նպատակակէտը իրագործած կ’ըլլանք, երբ մարդիկ հասկացողութիւն ձեռք ձգեն եւ իրենց սորվածին համաձայն գործեն։
2 Ուրիշներու հոգեւորապէս օգնելը իր մէջ կը պարփակէ՝ ‘անփորձները հասկացող դարձնել’։ (Սաղմ. 119։130, ՆԱ) Մարդոց սրտերը կ’ազդուին եւ մղում կ’ունենան միայն երբ ‘միտք առնեն’։ (Մատթ. 15։10) Մինչ մեր գործը կ’ընդարձակուի եւ կ’աւելնայ, հետզհետէ աւելի պարզութեամբ խօսելու եւ սորվեցնելու պէտքը կը զգացուի։ Այս նպատակաւ է որ Ընկերութիւնը Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը հրատարակեց։ Այս գրքոյկը ընդարձակ ուսումնասիրութեան դասընթացք մը կը պարունակէ, որ Աստուածաշունչի հիմնական վարդապետութիւնները կը ծածկէ։ Դասերը կարճ, ոճը պարզ եւ տրուած թելադրութիւնները դիւրահասկնալի են. ինչ որ գրաւիչ կը դարձնէ այս գրքոյկը։
3 Այս գրքոյկը, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին, պարբերաթերթերու հետ միասին պիտի ներկայացնենք։ Կը յանձնարարենք որ երբ ձեր շաբթուան ծառայութեան յայտագիրը կը ծրագրէք, շաբաթ օրերը պարբերաթերթեր ներկայացնէք, բայց այս գրքոյկը շաբթուան մէջ մնացեալ օրերը ներկայացուցէք։ Գրքոյկը տարէք անցեալին յօժարակամութեամբ գրականութիւն ընդունողներուն։ Ի մտի ունեցէք որ այս գրքոյկը մասնաւորապէս օգտակար է մանուկներու եւ տեղական լեզուին լաւ չտիրապետող անհատներու, ինչպէս նաեւ սահմանափակ ուսում ունեցողներու սորվեցնելու համար։
4 Պարզ Մօտեցում մը Գործածեցէք. Երբ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կը ներկայացնէք, երկրորդ էջին ակնարկեցէք, ուր բացատրուած է, որ «այս գրքոյկը պատրաստուած է, Աստուածաշունչի դասընթացք մը կատարելու համար»։ Ակնարկութիւն ըրէք էջ 3–ի 3–րդ պարբերութեան, ցոյց տալու համար թէ անհատը ինչո՛ւ պէտք է Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Իր հետաքրքրութիւնը արթնցուցէք կարգ մը դասերու վերնագրերով, որոնք սուրբ գրային կարգ մը պարզ ճշմարտութիւններ կը յայտնեն։ Ցոյց տուէք թէ այս գրքոյկը ինչպէ՛ս սորվիլը հաճոյք մը կը դարձնէ եւ առաջարկեցէք անձնապէս իրեն օգնել։
5 Յառաջընթաց Ուսումնասիրութիւն մը Վարել. Մեր նպատակը պարզ ուսումնասիրութիւն մը վարելէն աւելին է. կ’ուզենք այնպիսի աշակերտներ պատրաստել, որ ճշմարիտ պաշտամունքի անխախտ համակիրներ դառնան։ Գրքոյկը մի քանի շաբթուան մէջ կրնայ ծածկուիլ ու պէտք է ուղղակի Գիտութիւն գրքին ուսումնասիրութեան անցնիք։ (Տես՝ 31–րդ էջի ստորանիշը։) Սկիզբէն իսկ՝ օգնեցէք ուսումնասիրողին որ Եհովայի կազմակերպութիւնը ճանչնայ։ (Տես՝ Պատճառաբանել էջ 283-284, Անգլերէնով։) Շեշտեցէք ժողովքային հանդիպումներուն կարեւորութիւնը եւ բացատրեցէք որ անոնց ներկայ ըլլալով ճշմարիտ պաշտամունքը ի՛նչպէս գործադրելը աւելի լաւ պիտի հասկնան։—Եբր. 10։24, 25
6 Ապրիլին եւ Մայիսին այս մասնայատուկ գործունէութեան լման մասնակցութիւն բերելը, վստահաբար մեզի ուրախութիւն պիտի պատճառէ, որ անկեղծ անհատներու օգնելէ յառաջ կու գայ, որպէսզի անոնք ‘խոհեմութիւն ստանան’ որ կեանքի կ’առաջնորդէ։—Առ. 4։5