Ծառայութեան Ժողովներ Ապրիլ Ամսուան Համար
Ապրիլ 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցական կէտեր յիշէ։
15 վյրկ. «Մեծ Թիւով Հաւատացեալներ Երթալով կ’Աւելնան»։ Հարց պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէ կարգ մը կարեւոր թելադրութիւններ առնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 20-25։
18 վյրկ. «Անփորձ Անհատներուն Օգնենք որ Հասկնան»։ Հարց պատասխանով։ Վերաքաղ ըրէ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին կարգ մը երեսակները. ուսումնասիրութեան պարզաբանուած մեթոտ, այժմէական հարցումներ, գրաւիչ պատկերներ, առատ համարներ։ Ի վերջոյ Գիտութիւն գրքին առաջնորդող ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը շեշտէ։ Թող ատակ հրատարակիչ մը ցուցադրէ, ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, 4–րդ պարբերութեան մէջ յիշուած մօտեցումը գործածելով։ Ժողովքի բոլոր ծնողները քաջալերէ, որ գրքոյկը իրենց զաւակներուն հետ ուսումնասիրեն։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Եթէ ժամանակը ներէ, հակիրճօրէն յիշէ դաշտի ծառայութեան տեղական փորձառութիւններ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը բաշխելու կամ անով սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասին։
15 վյրկ. «Աշակերտները՝ Մեր Անուան Ետին Եղող Կազմակերպութեան Առաջնորդենք»։ (Պարբերութիւն 1-6) Հարց պատասխանով։ Կարդա 5-6–րդ պարբերութիւնները եւ մէջբերուած համարները։ Տեղական փորձառութիւններ պատմէ Աստուածաշունչի աշակերտներուն հակազդեցութեան մասին, երբ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը դիտեցին։
20 վյրկ. «Ուրիշներուն Սորվեցնենք թէ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ»։ Ներկաներուն հետ նկատի առ 1-4–րդ պարբերութիւնները։ Ցուցադրէ 5–րդ պարբերութեան ներկայացումները, գործածելով չորս տարբեր պարագաներ. փողոցը, տունէ տուն, առեւտրական վայրի մը եւ հանրային զբօսավայրի մը մէջ։ Բոլորին յիշեցուր որ դաշտի ծառայութեան համար գրքոյկներ եւ պարբերաթերթեր առնեն ժողովէն ետք, Թագաւորութեան Սրահէն չգացած։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրէ թէ տակաւին շատ ուշ չէ Մայիս ամսուան համար օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր մը ներկայացնելու։ Վերաքաղ ըրէ Հարցումի Տուփը եւ եթէ կարգ մը գրքեր պակաս են Թագաւորութեան Սրահի գրադարանը ամբողջացնելու համար, ժողովքը տեղեակ պահէ։
15 վյրկ. «Աշակերտները՝ Մեր Անուան Ետին Եղող Կազմակերպութեան Առաջնորդենք»։ (Պարբերութիւն 7-14) Հարց պատասխանով։ Ուսուցանելու ատակ հրատարակիչէ մը խնդրէ, որ ցուցադրէ ի՛նչպէս սրտբաց խօսակցութիւն մը ունենալ աշակերտի մը հետ, ժողովներուն յաճախելու կարիքին նկատմամբ։
15 վյրկ. Մեր Գրականութիւնները Լաւագոյն Կերպով Գործածենք։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ (Տես՝ Սեպտեմբեր 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 3-5։) Տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան թէ ժողովքները յաճախ աւելի մեծ քանակով պարբերաթերթեր կ’ապսպրեն քան ինչ որ իրապէս կը բաշխեն իւրաքանչիւր ամիս։ Ասոնց 50 առ հարիւրը բնաւ չի տեղեկագրուիր։ (Ցոյց տուր թէ տեղական ժողովքին վիճակագրութիւնը ի՛նչ ցոյց կու տայ։) Ի՞նչ կը պատահի այս պարբերաթերթերուն։ Անոնցմէ շատերը մէկդի կը դրուին կամ կը նետուին։ Ի՞նչպէս կրնանք ասկէ խուսափիլ։ Իւրաքանչիւր հրատարակիչ ուշադրութեամբ իր կարիքը հաշիւ պէտք է ընէ ու ապսպրէ միայն որքան որ կրնայ բաշխել։ Սովորութիւն դարձուցէք բոլոր մեզի հանդիպողներուն պարբերաթերթեր ներկայացնել։ Թոյլ մի տաք որ հին թիւերը վատնուին։ Կանոնաւորաբար մասնակցեցէք պարբերաթերթի ծառայութեան։ Ի մտի ունեցէք թէ պէտք է նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշենք եւ բոլոր նուիրատուութիւններն ալ շուտով յանձնենք։
Երգեցողութիւն թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուր որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան իրենց տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Մայիս ամսուան ընթացքին օժանդակ ռահվիրաներուն անունները ծանուցանէ։ Յիշէ դաշտի ծառայութեան համար տեղական ժողովքին կարգադրած յաւելեալ հաւաքավայրերը։ Մայիսին, մասնայատուկ ջանք պէտք է թափուի, հետապնդելու համար զանոնք որոնք գրքոյկներ ընդունեցին, ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով։ Հակիրճօրէն թելադրէ կերպեր, որով կրնանք փափկանկատութեամբ խնդրել այն անհատներուն անունը ու հասցէն, որոնց անպաշտօն կերպով վկայեցինք։ Կրնաք նախ ձեր անունը ու հասցէն տալ ապա հարցնել եթէ հեռաձայնի թիւ մը ունին, որով կրնաք իրենց հետ կապ պահել։ Ներկաները հրաւիրէ որ ներկայացնեն ուրիշ թելադրութիւններ, որոնք ազդու եղած են իրենց պարագային։
15 վյրկ. «Անոնք Ինչո՞ւ Ռահվիրայութիւն կ’Ընեն»։ Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք կանոնաւոր ռահվիրաներու հետ։ (Եթէ չկան, գործածէ յաճախ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողները։) Պարփակէ աչքառու կէտեր առնուած՝ «Ռահվիրաները Օրհնութիւններ կը Շնորհեն եւ կը Ստանան» յօդուածէն, Դիտարան 15 Յունուար 1994 (Անգլ.)։ Իւրաքանչիւրը թող բացատրէ թէ ինչո՛ւ ռահվիրայութեան ծառայութիւնը որդեգրած է։ Խնդրէ անոնցմէ որ պատմեն կարգ մը փորձառութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս օրհնուած են ասիկա ընելով։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։ Երէցները կրնան այս ժամանակը գործածել տեղւոյն մասնայատուկ կարիքներուն համաձայն նիւթ մը ներկայացնելով։
Երգեցողութիւն թիւ 77 եւ փակման աղօթք։