Անոնք Ինչո՞ւ Ռահվիրայութիւն Կ’ընեն
1 Յիսուսի մասին նախագուշակուած էր. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։ (Սաղմ. 69։9) Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին նախանձախնդրութիւնը մղեց Յիսուսը որ ծառայութիւնը առաջին տեղը դնէ։ (Ղուկ. 4։43. Յովհ. 18։37) Ճշմարտութեան համար վկայելու այս նոյն նախանձախնդրութիւնը կ’արտացոլացուի այսօր, Եհովայի Վկաներու ծառայութեան մէջ։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ միջին հաշուով 645,509 անհատներ ամէն ամիս ռահվիրայական ծառայութեան մէկ երեսակին մասնակցեցան։ Աստուծոյ ըրած մեր նուիրումին ի տես, ամէն մէկս աղօթքով նկատի պէտք է առնենք թէ կարելի՞ է մեր պարագաները կարգի դնել, որպէսզի կարենանք որպէս օժանդակ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։—Սաղմ. 110։3. Ժող. 12։1. Հռովմ. 12։1
2 Անձնասիրութեամբ յատկորոշուած այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ, շատեր չեն հասկնար թէ ինչո՛ւ անհատ մը ծառայութեան մէջ ծանր աշխատի, առանց նիւթական որեւէ շահու, կամ՝ փառք ստանալու։ Ռահվիրաները ինչո՞ւ ասիկա կ’ընեն։ Ռահվիրաները կը գիտակցին թէ իրենք կեանք փրկող գործի մը կը մասնակցին։ Եհովայի եւ իրենց ընկեր արարածներուն հանդէպ խոր սէրէ մղուած, անոնք զօրաւոր՝ անձնական պարտաւորութիւն մը կը զգան կեանքեր փրկելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու։ (Հռովմ. 1։14-16. Ա. Տիմ. 2։4. 4։16) Ռահվիրայ զոյգ մը, ասիկա լաւ ամփոփեց, ըսելով. «Ինչո՞ւ ռահվիրայութիւն կ’ընենք։ Եթէ չընէինք, պիտի կարենայի՞նք Եհովայի դիմաց մենք մեզ արդարացնել»։
3 Ուրիշ քոյր մը հետեւեալը գրեց ռահվիրայութեան սկսելու իր որոշումին մասին. «Ես եւ ամուսինս ծրագրեցինք մէկ եկամուտով ապրիլ, այսինքն՝ հրաժարիլ անհրաժեշտ չեղող բաներէն։ Այսուհանդերձ, Եհովա առատօրէն օրհնեց մեզ, երբեք աղքատութեան կամ կարօտութեան մէջ չձգելով։ . . . Ապրելու իրական պատճառ մը գտած եմ. հոգեւորապէս կարօտեալ եղողներուն օգնել, գիտնալով որ ճշմարիտ Աստուածը զինք փնտռողներէն հեռու չէ»։ Ժամանակի ստիպողականութեան ի տես, ռահվիրաները կեանքի անհրաժեշտութիւններով կը բաւարարուին, մինչ՝ անկեղծօրէն հոգեւոր գանձեր կը փնտռեն, որոնք յաւիտեան պիտի գոյատեւեն։—Ա. Տիմ. 6։8, 18, 19
4 Եթէ ձեր անձնական պարագաները կը ներեն, ինչո՞ւ չմիանալ ձեր հարիւր հազարաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք համայն աշխարհի մէջ իբրեւ ռահվիրաներ կը ծառայեն եւ այս կերպով անոնց ունեցած ուրախութիւնը վայելել։