Իրար Կերտենք՝ Ժողովներուն Պատասխաններ Տալով
1 Եբրայեցիս 10։24–ին մէջ մեզի յորդոր կը տրուի որ ‘իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։ Ասիկա կը պարփակէ իրար կերտել ժողովքային հանդիպումներուն իմաստալից պատասխաններ տալով։ Ինչո՞ւ պէտք է պատասխաններ տանք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Որո՞նք կ’օգտուին անկէ։
2 Խորհեցէք այն բազմաթիւ անգամներուն մասին, երբ օգտուեցաք ուրիշներու պարզ, յստակ պատասխանները լսելով, որոնք ձեր հասկացողութիւնը աւելցուցին ու ձեզ հոգեւորապէս զօրացուցին։ Դուք ալ անոնց համար միեւնոյնը ընելու առանձնաշնորհումը ունիք։ Երբ մասնակցութիւն կը բերէք, բոլոր ներկաները քաջալերելու նպաստող ‘հոգեւոր շնորհք մը հաղորդելու’ ձեր փափաքը ցոյց տուած կ’ըլլաք։—Հռովմ. 1։11, 12
3 Ի՛նչպէս Լաւ Պատասխաններ Տալ. Երկար պատասխաններ մի՛ տաք, պարբերութեան պարունակած բոլոր գաղափարները յիշելով։ Երկար պատասխանները սովորաբար բուն պատասխանը շուքի տակ կը ձգեն եւ ուրիշներու մասնակցութեան կրնան արգելք ըլլալ։ Պարբերութեան առաջին պատասխանը հակիրճ, տպուած հարցումին ուղղակի պատասխանը պէտք է ըլլայ։ Երկրորդական պատասխաններ տուողները կրնան նիւթին գործնական կիրարկումը ընել կամ ցոյց տալ համարներուն կապը նիւթին հետ։ Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք–ը, էջ 90-92։
4 Եթէ պատասխանելու գաղափարը ձեզի որոշ մտահոգութիւն կը պատճառէ, նախապէս հակիրճ պատասխան մը պատրաստեցէք, եւ վարիչէն խնդրեցէք որ այդ պարբերութեան պատասխանը ձեզի ձգէ։ Քանի մը ժողովներուն այսպէս ընելէ ետք, մասնակցիլը աւելի դիւրին պիտի դառնայ։ Յիշեցէք որ Մովսէս ու Երեմիա վստահութեան պակաս արտայայտեցին, հրապարակաւ խօսելու իրենց կարողութեան նկատմամբ։ (Ել. 4։10. Երեմ. 1։6) Սակայն Եհովա անոնց օգնեց որ իր մասին խօսին. ան ձեզի ալ պիտի օգնէ։
5 Որո՞նք Պիտի Օգտուին Ձեր Պատասխաններէն. Դուք անձամբ պիտի օգտուիք, քանի որ ձեր պատասխանները ճշմարտութիւնը աւելի զօրաւոր կերպով կը դրոշմեն ձեր մտքին ու սրտին վրայ, հետագային տեղեկութիւնները վերյիշելը աւելի դիւրին դարձնելով։ Ասկէ զատ, ուրիշներ ալ կ’օգտուին ձեր շինիչ արտայայտութիւնները լսելով։ Կը քաջալերուինք երբ բոլորն ալ, ըլլան փորձառուներ, երախաներ, ամչկոտներ կամ նորեկներ, ջանք ընեն իրենց հաւատքը արտայայտելու ժողովներու ընթացքին։
6 Վստահաբար պիտի տեսնէք թէ ‘ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքերը որչա՜փ գեղեցիկ են’, երբ անոնք գործածուին ժողովներու ընթացքին իրար կերտելու համար։—Առ. 15։23