Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/99 էջ 1
  • Բարի Լուրը Տենչով Քարոզեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարի Լուրը Տենչով Քարոզեցէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քարոզենք եւ Լիակատար Վկայութիւն Տանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • 100,000 Օժանդակ Ռահվիրաներ Կ’ուզուին—Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայ Մը Ըլլալ Մարտին, Ապրիլին, Մայիսին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Կրնա՞նք 2000–ի Ապրիլը Ցարդ Եղած Մեր Լաւագոյն Ամիսը Ընել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Խանդավառութեամբ ծանուցանէ բարի լուրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 4/99 էջ 1

Բարի Լուրը Տենչով Քարոզեցէք

1 «Կը փափաքիմ ձեզ տեսնել . . . յօժարութիւն ունիմ [«կը տենչամ», ՆԱ] ձեզի ալ, . . . աւետարանը քարոզել»։ Պօղոս առաքեալ այս կերպով արտայայտեց ինքզինք, Հռովմի եղբայրներուն ուղղած իր նամակին բացման խօսքերուն մէջ։ Պօղոս ինչո՞ւ կը տենչար զիրենք տեսնել։ Ան ըսաւ. «Որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, . . . վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ . . . փրկութեան համար»։—Հռովմ. 1։11-16

2 Պօղոս առաքեալ նոյնանման տենչ մը ցոյց տուաւ, երբ Եփեսոսի երէցներուն կը խօսէր։ Ան յիշեցուց անոնց. «Առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, . . . բնաւ ետ չկեցայ . . . հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ [«տունէ տուն», ՆԱ] սորվեցնելէ. վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն»։ (Գործք 20։18-21) Պօղոս մտադրած էր իրեն նշանակուած բոլոր թաղամասերուն մէջ այս փրկարար բարի լուրը տարածել եւ Թագաւորութեան պտուղ արտադրել։ Ընդօրինակութեան արժանի ի՜նչ գեղեցիկ հոգի մը։

3 Թերեւս մենք մեզի հարց տանք. ‘Իմ համայնքիս մէջ բարի լուրը յայտարարելու նոյնանման տենչ մը ցոյց կու տա՞մ։ Փոխանակ բարի լուրը քարոզելը պարտականութիւն նկատելու, զայն կարելի եղածին չափ մեծ թուով անհատներու հետ բաժնելու տենչը ունի՞մ։ Աղօթքով անհատական պարագաս նկատի առա՞ծ եմ։ Իմ թաղամասիս մէջ մատչելի եղող ամէն կարելիութիւնները օգտագործա՞ծ եմ, ծառայելով դռնէ դուռ, պողոտաներու վրայ, առեւտրական շրջաններու մէջ, հեռաձայնով եւ անպաշտօն կերպով’։

4 Ապրիլի Ընթացքին Տենչով Մասնակցեցէք. Ապրիլ ամիսը, քարոզչութեան մէջ մեր անձնական մասնակցութիւնը աւելցնելու լաւ ժամանակ մըն է։ Ծառայութեան համար պահանջուած աւելի քիչ ժամերը, շատերուն կարելիութիւն պիտի տան որ օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։ Թերեւս ձեր պարագաները թոյլ կու տան ձեզի, որ Ապրիլին եւ Մայիսին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայէք։ Կամ՝ բարեճշդուած ժամերու պահանջը նկատի ունենալով, թերեւս կրնաք իբրեւ կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։ Եթէ հրատարակիչ մըն էք, այս ամիս եւ անոր յաջորդող ամիսը, սովորականէն աւելի ժամեր կրնա՞ք յատկացնել ծառայութեան, թիկունք կանգնելով անոնց՝ որոնք կրնան ծառայել որպէս ռահվիրայ։ Ասիկա ընելը Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնէ։

5 Պօղոսի նման, բոլոր հրատարակիչներն ալ պէտք է շարունակեն տենչով մասնակցիլ քարոզչութեան գործին։ Ծառայութեան մէջ մեր կարելին ընելը, իսկական ուրախութիւն պիտի պատճառէ մեզի։ Պօղոս առաքեալ իր սրբազան ծառայութեան հանդէպ այս ուրախութիւնը ունէր։ Լաւ է որ իր սքանչելի օրինակին հետեւինք։—Հռովմ. 11։13. Ա. Կորն. 4։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել