Արժանաւորները փնտռէ
1. Ծառայութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տանք։
1 Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին մեծ ճիգ թափեց, որ հեզերուն մխիթարական բարի լուր հաղորդէ (Եսա. 61։1, 2)։ Որպէս դեսպաններ ու պատուիրակներ, մեր թաղամասին մէջ անխոնջօրէն ու կատարելապէս արժանաւորները փնտռելու մէջ Քրիստոսը ընդօրինակելու թանկագին առանձնաշնորհումը ունինք (Մատ. 10։11. Բ. Կոր. 5։20)։
2. Պօղոսի յարմարելիութիւնը ի՞նչպէս յայտնի էր, եւ ի՞նչ արդիւնք տուաւ։
2 Յարմարող եղիր։ Պօղոս առաքել սովորութիւն ըրած էր՝ նա՛խ ժողովարան երթալ, հրեաներուն եւ նորադարձներուն քարոզելու համար (Գործք 14։1)։ Փիլիպպէի մէջ, ան եւ Շիղա անհատներ փնտռեցին հո՛ն, «ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու»։ Անոնք սկսան խումբ մը կիներու վկայել, եւ անոնցմէ մէկը՝ Լիդիան, շուտով ճշմարտութիւնն ընդունեց (Գործք 16։12-15)։
3. Տունէ տուն քարոզելու կողքին, ծառայութեան ի՞նչ պատեհութիւններ կրնանք վայելել։
3 Տունէ տուն ծառայութեանդ կողքին, կրնա՞ս թաղամասիդ մէջ քարոզել մարդոց, որոնք կը գտնուին փոխադրութեան կեդրոնները, զբօսավայրերը, աշխատանք հայթայթող գրասենեակները, խճողուած փողոցներու անկիւնները, առեւտրական վայրերը եւ վաճառակեդրոնները։ Թերեւս կարենաս նամակով կամ հեռաձայնով վկայել անոնց, որոնք մուտքը արգիլուած շրջաններու եւ յարկաբաժիններու մէջ կ’ապրին։ Թաղամասիդ այլազան կարիքներուն ուշադիր ու յարմարող ըլլալով, ընելիք շատ բան պիտի ունենաս «Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։
4. Եթէ մեր ժողովքին թաղամասը սահմանափակ է, ի՞նչ ընտրանքներ ունինք։
4 Շատ մը հրատարակիչներ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակած են, այլ ժողովք մը փոխադրուելով՝ իրենց երկրին մէջ կամ օտար երկրի մը մէջ։ Ոմանք նոր լեզու մը սորված են, որպէսզի կարենան ուրիշ երկրէ եկած անհատներու քարոզել։
5. Ներկայ ժամանակը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
5 Բոլորս ալ պէտք է ի մտի ունենանք, թէ «արտը աշխարհս է» (Մատ. 9։37. 13։38)։ Իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը մօտ ըլլալով, ամէն ոք լրջօրէն պէտք է նկատի առնէ իր պարագաները, տաղանդները, պատեհութիւնները եւ կարելիութիւնները, որպէսզի իր ծառայութիւնը ընդարձակէ։ Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ եթէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք, մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու մեր անկեղծ ջանքերը պիտի օրհնէ (Մատ. 6։33)։