Հեռաձայնով վկայելը կրնայ ազդու ըլլալ
1. Հեռաձայնով վկայելը ինչո՞ւ մեր ծառայութեան կարեւոր մէկ մասը կրնայ նկատուիլ։
1 Մեր ծառայութեան մէջ հեռաձայնով վկայելու կերպը ինչո՞ւ նկատի կ’առնենք։ Քանի որ անիկա այլ միջոց մըն է ուրիշներուն օգնելու, որ փրկութեան առաջնորդող ճշգրիտ գիտութիւնը ձեռք ձգեն (Բ. Պետ. 3։9)։ Թէեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր գլխաւոր մեթոտը՝ տունէ տուն քարոզչութիւնն է, բայց սիրայօժար կ’օգտագործենք այլ մեթոտներ, տունը չգտնուողներուն հասնելու համար (Մատ. 24։14. Ղուկ. 10։1-7. Յայտ. 14։6)։
2. Հեռաձայնով վկայելը ի՞նչպէս կը կազմակերպուի։
2 Անիկա ի՛նչպէս կազմակերպուած է։ Ինչպէս որ տունէ տուն քարոզչութեան համար դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւններ կան, նոյնպէս հրատարակիչներուն մատչելի են հեռաձայնով վկայելու յատկացուած թաղամասեր։ Անիկա կը կատարուի առանձին կամ երկու կամ երեք անհատներով։ Գործածուած վայրը նպատակին յարմար պէտք է ըլլայ։ Շատեր օգտակար կը գտնեն սեղանի մը առջեւ նստիլ եւ անոր վրայ դնել ի՛նչ որ սովորաբար կը գործածեն, երբ տունէ տուն կը քարոզեն։
3. Հեռաձայնով վկայելու ատեն ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
3 Ի՛նչպէս հեռաձայնով վկայել։ Երբ հեռաձայնով կը վկայենք, մեր ներկայացումը խօսակցական պէտք է ըլլայ։ Սկսնակները կրնան խօսակցական կերպով տանտիրոջ ներկայացում մը կարդալ։ Պատճառաբանել գրքին, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին եւ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկին մէջ գտնուող բացումները կրնան այս առնչութեամբ օգտակար ըլլալ։ Երբ ներկայացումդ կը պատրաստես, բնաբան մը որոշէ, հարցում մը զատէ, եւ պատասխանը տուող քանի մը համարներ ընտրէ։ Ընդհանրապէս պիտի առաջարկես այն հրատարակութիւնները, որոնք տունէ տուն ծառայութեան մէջ կը ներկայացուին։ Նկատի առ հետեւեալ յիշեցումները. հանդարտ եղիր եւ դանդաղօրէն խօսէ։ Քաղաքավար, համբերատար ու բարեկամական եղիր, քանի որ հեռաձայնը կրնայ ասոնք հաղորդել։ Տանտիրոջ կարծիքները մտիկ ըրէ, ապա անոր մեկնաբանութիւնները գնահատէ։ Զգոյշ եղիր որ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը չնշես, որպէսզի հեռաձայնով հանգանակութիւն չնկատուի։
4. Հեռաձայնով վկայելը կ’օգնէ որ մեր նշանակուած թաղամասին նկատմամբ ի՞նչ ընենք։
4 Անհատը, որուն հետ հեռաձայնով կը խօսիս, թերեւս անկարող ըլլալով տունը արգելափակուած է կամ իր գործին պատճառաւ սովորաբար տունը չի գտնուիր, երբ տունէ տուն կը ծառայենք։ Կան ուրիշներ, որոնք մուտքը արգիլուած շրջաններու կամ յարկաբաժիններու մէջ կ’ապրին։ Հետեւաբար, մեր ծառայութիւնը աւելի լիովին եւ ամբողջովին կատարելու համար, գործածէ հեռաձայնով վկայելու ազդու մեթոտը։