Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 փետրուար
«Կը խորհի՞ս թէ աշխարհը աւելի լաւ վայր մը կ’ըլլայ, եթէ ամէն ոք Աստուածաշունչի սա սկզբունքին համաձայն ապրի։ [Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։18–ը, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ Աստուած ինչո՛ւ վաղեմի ժամանակներուն իր ծառաներուն ուղղութիւն տուաւ, որ պատերազմներ մղեն։ Այս յօդուածը Աստուածաշունչի յստակ պատասխանը կը յայտնէ»։ Էջ 12–ի վրայ սկսող յօդուածը ներկայացուր։
Դիտարան 1 մարտ
«Շատեր կը յուսան, որ մահէն ետք երկինք երթան։ Այդ հեռանկարը քեզ կը հետաքրքրէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ բարի մարդոց մեծամասնութեան վարձատրութեան մասին։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։29–ն։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ երկինք գացողներուն եւ անոնց գործունէութեան մասին»։